Home / Ա / Նիւթեր (page 2)

Ա / Նիւթեր

Մարքս եւ Ընկերվարութեան Առաջնորդող Ուղին

           Մարքսի իմաստասիրական աշխարհահայացքէն՝ տրամախոհական նիւթապաշտութեան տեսութենէն կը բխի ընկերվարութիւնը առաջնորդող ուղին Մարքսի պատկերացումը:             Ամէն ընկերվարական հոսանք անպայման չի բաժներ տրամախոհական նիւթապաշտութեան մարքսական տեսակէտերն ու հիմնաւորումները: Ոմանք ամբողջութեամբ կը հակադրուին անոնց:             Աւելին ընկերվարութեան առաջնորդող ուղիին, իրենց պատկերացման մէջ, անոնք յաճախ կը հակադրուին մարքսի պատկերացումին:             Պատմական նիւթապաշտութիւնը, որ …

Read More »

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս հազարամեակներ: Հնդեւրոպացիներու մայր լեզուն կրող ցեղէն անջատուած հայկական ցեղերը տնտեսական եւ քաղաքական գործօններու ազդեցութեամբ համախմբուած եւ կազմաւորուած են իբրեւ ժողովուրդ, ըստ երեւոյթին, մ.թ.ա. երրորդ – երկրորդ հազարամեակներուն: Հասկնալի է, որ հայ ժողովուրդը կազմաւորուած է ոչ …

Read More »

Հայ Ժողովուրդի Կազմաւորումը՝ Հայ ու Օտար Առասպելներուն Մէջ

           Գիտնականները ուսումնասիրելով ժողովուրդներու պատմութիւնն ու լեզուները հասած են այն համոզումին, որ անոնց առանձին խումբերու մէջ կան էական նմանութիւններ: Ուստի, մասնագէտները լեզուները պայմանականօրէն բաժնած են խոշոր լեզուաընտանիքներու եւ անոնց մէջ դասակարգած՝ նաեւ առաւել մօտիկ լեզուները, իբրեւ տուեալ լեզուաընտանիքի առանձին լեզուաճիւղերը:           Աշխարհի խոշոր լեզուաընտանիքներէն մէկը կ’անուանեն հնդեւրոպական, որովհետեւ անոր մէջ …

Read More »

Ազգի Ըմբռնումը

          Ազգը մարդկային պատմութեան ամէնահին շրջաններուն իսկ գոյութիւն ունեցած երեւոյթ մըն է, սակայն ընկերաբանները չեն անդրադարձած անոր եւ որեւէ վերլուծումներ կամ ուսումնասիրու-թիւններ չեն ըրած 19րդ դարէն առաջ:          Կարգ մը ընկերաբաններու կողմէ ազգ կամ ժողովուրդ ըմբռնումները ժխտելի դարձած են իսկ՝ ուրիշներու քով անհասկնալի, իսկ ոմանք բացատրած են որպէս հոմանիշներ, սակայն …

Read More »

Հայ Ժողովուրդը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Ընթացքին

Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը (1914-1918)       Եւրոպական պետութիւններու յարաբերութիւնները լարուած էին՝ հողային եւ տնտեսական մրցակցութեան պատճառով. իւրաքանչիւր պետութիւն գաղտնաբար պատերազմի կը պատրաստուէր, զինակցութիւններ կը կազմէր: Զինակցած էին Գերմանիա, Աւստրիա, եւ Իտալի.   համաձայնած էին Ռուսիա, Անգլիա, եւ Ֆրանսայ:         Եւրոպա այս գրգռուած վիճակին մէջ էր, երբ 1914 Յունիսին Պոսնիոյ մայրաքաղաք՝ Սարայեւոյի մէջ …

Read More »

Ինքնաօտարացումն ու Քաղաքականութիւնը

           Ինքնօտարացումը հոգեկան հիւանդութիւն է, որ պատճառ կը դառնայ մարդու կողմէն օտար յատկանիշներն ընդունելու ու ընկալելուն որպէս իր էութիւնը:             Ինքնաօտարացած մարդը այն անհատն է, որ հեռացած է իր մարդկային արմատներէն: Այդ կը կատարուի այն ժամանակ, երբ մարդը կրօնական, տնտեսական, քաղաքական եւ կամ մշակութային պատճառներով այլեւս ինքնիր հետ կախում չունի …

Read More »

Հայ Ազգի Հոլովոյթը 7-րդ Դարէն Ետք

Հայաստանը՝ Արաբական Ազդեցութեան Շրջանին.- 7-րդ դարու կէսերէն սկսեալ՝ Արաբները մուտք գործեցին Հայկական բարձրավանդակ եւ այնուհետեւ շուրջ չորս դար, Հայաստանը մնաց ենթակայ արաբական ազդեցութեան: Աւելի ճիշդ՝ ան կռուախնձոր հանդիսացաւ բիւզանդական եւ արաբական կայսրութեան միջեւ: Մէկ բան որոշ է սակայն, այն՝ որ Արաբները, որոնք իրենց քաղաքակրթութեան, Կրօնքին, երբեմն նաեւ ենթարկեցին բազմաթիւ հզօր …

Read More »

Հայ Ազգի Հոլովոյթը Մինչեւ 7-րդ Դար

1.- Հայ Ժողովուրդի Կազմաւորման Շրջանը.- Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակի կէսերէն մինչեւ Ուրարտուի պետութեան անկումը երկարող շուրջ երկու հազար տարուան շրջանը, հայ ժողովուրդի աստիճանական կազմաւորման շրջանն է: Հայկական Բարձրավանդակի, Տիքրիսի եւ Եփրատի վերին հովիտներուն, ինչպէս նաեւ Փոքր Հայքի զանազան շրջաններուն մէջ միաժամանակ ապրած կամ իրարու յաջորդած ցեղային միութիւնները, ոմանք ազիանիկ ծագումով, ոմանք …

Read More »

Հայ Ժողովուրդի Նիւթական Կորուստները Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակ

      Հայ Ժողովուրդին դէմ իրականացուած յանցագործութիւնը տակաւին Թուրքիոյ կողմէ պատասխանի կը սպասէ՝ ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչցուի եւ վնասները պիտի հատուցուին:           Ասոնք իւթոփիական նպատակներ չեն: Որպէս Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ, թրքական պետութիւնը ունի միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններ: Համաձայն միջազգային իրաւունքի, յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութիւնը կ’ինայ զանոնք իրականացուցած երկրի վրայ, ինչպէս նաեւ, ըստ շարունակականութեան եւ …

Read More »

«Անկարելին» Միայն Զոհաբերութեամբ եւ Հաւատքով… Կարելի Կը Դառնայ

                Երբ գերման, աւստրօ, հունկար, պուլկար եւ թուրք դաշնակիցները անձնատուր եղան 1918-ի աշնան, կասկածէ դուրս կը նկատուէր, որ յաղթական մեծ պետութիւնները Հայաստանի ապահովէին այն արդարութիւնն ու հատուցումները, որոնց իրաւատէրն էր ինք:         Իրենց դատը պաշտպանելու համար, հայերը խաղաղութեան վեհաժողովին Փարիզ ղրկեցին երկու պատուիրակութիւններ, մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, …

Read More »