Home / Ա / Նիւթեր (page 4)

Ա / Նիւթեր

ՁԱՐԱԿԱՆ ՌՈՒՍԻՈՅ ՆՈՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ¬ԹԱԹԱՐԱԿԱՆ ԿՌԻՒՆԵՐԸ

Համիտեան ջարդերու դժնդակ վէճերը չէին բաւեր կարծես, երբ Անդրկովկասին մէջ հայութեան համար յառաջացաւ նոր իրավիճակ, որ կարելի է սահմանել որպէս ձարական ռեժիմի կողմէ կիրարկուած «ոստիականական դիւանակալութիւն»: Ալեքսանդր Գ.ձարին կողմէ ի գործ դրուած այս դիւանակալութիւնը կը հետապնդէր ոչ ռուս տարրեը լուծել ռուսական ցեղին կամ ազգին մէջ: Այս ռեժիմը կը բնորոշուէր կեդրոնաձիգ …

Read More »

ՀԱՄԻՏԵԱՆ ՋԱՐԴԵՐԸ 1864-1896

Դէպքերը սկսան 1894ի Օգոստոսին, Սասունի մէջ, ուր Սասունի մէջ ծագած ապստամբութիւն մը զսպելու պատրուակով՝ Համիտեան գունդերը կանոնաւոր բանակին հետ մտան Սասուն եւ սպաննեցին 3500 հայ: Վանի անգլիացի հիւպատոսի տեղեկագիրը ցոյց կու տայ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ դէպքերու դասաւորուած եւ ծրագրուած ըլլալը: Անգլիացի, ռուս եւ Ֆրանսացի դեսպաններու միջամտութիւնները սուլթանին մօտ ապարդիւն եղան: …

Read More »

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ 1878ԷՆ ԵՏՔ

Մինչեւ Պերլինի ժողովը հայութեան վատ վիճակը օսմանեան կայսրութեան ներքոյ արդիւնք էր կայսրութեան ընդհանուր վիճակին: 1878էն ետք Թուրքիա վախնալով, որ հայկական հարցը կրնայ պատուհաս ըլլալ կայսրութեան համար եւ առիթ՝ արտաքին միջամտութիւններու (օրինակ ունենալով յոյներու եւ Պուլկարիոյ անկախութեան երեւոյթները), իր տարածքին մէջ ապրող հայութեան նկատմամբ որդեգրեց նոր քաղաքականութիւն: Այս նոր քաղաքականութիւնը կը …

Read More »

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ 1878-1894

Տեսանք թէ ինչպէս Պերլինի Վեհաժողովին Անգլիան կրցաւ պարտադրել Ռուսաստանին՝ թրքահայաստանին պարպումը՝ նախքան բարենորոգումները իրականացնելը: Անգլիան այնուամենայնիւ փորձ մը կատարեց հայութեան պայմաններու բարելաւման համար՝ Ռուսիոյ ձեռքէն առնելու այն պատրուակը, որուն համար Ռուսիան նոր միջամտութիւններ կրնար կատարել: Վերոյիշեալ բարեկարգումները ասպարէզ նետեց՝ Անգլիոյ արտ.գործ նախարար՝ Լորտ Սալսպըրի Տիզրայէլտ: Այդ բարեփոխումները կարելի է ամփոփել …

Read More »

ՍԱՆ ՍՏԵՖԱՆՈՅԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ, ՊԵՐԼԻՆԻ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ

1877-1878ին, Ռուս-թրքական պատերազմը աւարտեցաւ Ռուսիոյ յաղթանակով: Պատերազմի ընթացքին հայկական նահանգներու հայութիւնը ենթարկուեցաւ կոտորածներու. հայութիւնը վատ վիճակի մէջ էր: Թուրքիոյ պարտութեան լոյսին ներքեւ՝ օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններուն միջեւ ստորագրուեցաւ Սան ՍտեՖանոյի դաշնագիրը՝ 1878ի Մարտ 3ին: Այս դաշնագրին որպէս արդիւնք անկախացաւ Պուլկարիան: Հայ ազգին եւ Հայաստանին վերաբերող հարցերուն՝ Սան ՍտեՖանոյի դաշնագիրը անդրադարձաւ …

Read More »

Հայկական հարցը եւ Արեւելեան հարցը, Ռուսական Կայսրութեան երեւումը Անդրկովկասի մէջ

Արեւելեան հարց ըսելով պէտք է հասկնալ 18-19 րդ դարերուն Ռուսական Կայսրութեան եւ Աւստրօ-հունգարական կայսրութիւններու ուժի ընդարձակման եւ զօրացման հետ զուգահեռ, Օսմանեան Կայսրութեան տկարացման երեւոյթը՝ թէ՛ զինուորական, քաղաքական առումներով, թէ՛ քաղաքակրթական առումով: Այդ օրերուն արդի աշխարհը չէր ուզեր ընդունիլ այլեւս Օսմանեան Կայսրութեան նման յետամնաց եւ վայրագ կայսրութեան մը տիրապետումը աշխարհագրական հսկայ …

Read More »

ԱԶԳԱՅԻՆ ԶԱՐԹՕՆՔԸ

18րդ դարու կէսէն մինչեւ 19րդ դարու սկիզբը ականատես պիտի ըլլանք հայ ազգային գիտակցութեան զարթօնքի մը: Ի՞նչ էին այդ զարթօնքին պատճառները: ա-Օսմանեան կայսրութեան ճնշուածութիւնը Աւստրօ Հունգարիա¬Ռուսաստան հակամարտութեան որպէս արդիւնք: բ-Արեւմուտքի դերը եւ Ռուսիոյ երեւումը Անդրկովկասի մէջ: գ-Հայ Եկեղեցւոյ դերը: դ-Հայ մտաւորական շարժումը եւ կրթական հաստատութիւնները: ե-Մխիթարեան շարժումը: ա.Արեւմուտքի դերը 18րդ դարուն …

Read More »

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

16րդ դարէն սկսեալ Հայաստան անցաւ Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան տակ: Օսմանեան թուրքերը կիրարեցին Բիւզանդիոնի Վարչական դրոյթները, սակայն անոնց նման հանդուրժող չեղան: Անոնց վարչական դրոյթը բնորոշուեցաւ անհանդուրժողականութեամբ եւ փտածութեամբ: Այս մէկը շատ ծանր կշռեց մանաւանդ քաղաքակրթութիւն ճանչցած ժողովուրդներուն համար, որոնք ենթարկուեցան այս լուծին (օրինակ Հայաստանը): Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան տակ հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ …

Read More »

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՆԵՐՈՒ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ 10ՐԴ ԴԱՐ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԸ՝ ԱՆԻ

Այս շրջանին Հայաստան պատուար մըն էր Բիւզանդական կայսրութեան (արեւմուտքէն) եւ Պարսկական Կայսրութեան (Արեւելքէն) միջեւ: 10րդ դարուն նոր երեւոյթ մը եկաւ շրջելու ամբողջ շրջանի պատմութիւնը: Այդ եղաւ թուրանական ցեղերու արշաւանքները դէպի Փոքր Ասիա եւ Միջագետք (սելճուք թուրքեր, մոլկոլներ, օսմանցի թուրքեր, թիւրքմէններ): Սելճուք թուրքերը 1040 թուին տիրացան Պարսկաստանին՝ Մարւի ճակատամարտով, սակայն չկրցան …

Read More »

ՀԱՅ ԴԱՏԸ

Հայ Դատը՝ հայ ազգի կողմէ իր պատմական հայրենիքին մէջ, իր սեփական պետականութեամբ, ինքնիշխան եւ ազատ ապրելու համար մղուող պայքարն է, նուիրագործելու համար իր քաղաքակրթական առաքելութիւնը ազգերու ընտանիքին մէջ: -Ազգը մարդկային հաւաքականութիւններու կամ խումբերու ամենակազմակերպուած եւ զարգացած մակարդակն է: Մարդկութիւնը անցած է երկար ճանապարհէ, հասնելու համար «ազգ»ին (տոհմ, ցեղ, եւ այլն): …

Read More »