Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (page 2)

Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԿՈՏՈՅԻ ՀԱՃԻ

Տարօնցի դաշնակցական ղեկավար եւ ‎ֆետայի-խմբապետ Կոտոյի Հաճին կամ Յակոբ Կոտոյեան ծնած է Մուշ, 1868ին, ճակտի արդար քրտինքով բարեկեցիկ կեանք մը ապահոված ներկարար Գէորգի խաղաղ տան մէջ, որ կը նկատուէր թաղին առաջնակարգ բնակարաններէն մէկը: Յակոբի իսկական դաստիարակութիւնը կը սկսի Հայաստան աշխարհի ազատատենչ դպրոցին մէջ, երբ որսորդութեան սիրահար պատանին դիպուածով Արաբոյի ծանօթանալէ …

Read More »

ՊԻԹԼԻՍՑԻ ՄՈՒՇԵՂ

«Սերոբի ընտիր զինուորներուն կարծես վիճակուած էր մէկիկ-մէկիկ հետեւելու իրենց վարպետին: Կառավարութիւնը մասնաւորապէս կը հետապնդէր Մուշեղը, որ պիթլիսցի լինելով, շարունակ կ՛երթար կու գար այդ քաղաքը: «Եթէ այդ յանդուգն մարդը մէջտեղէն վերնար, այլեւս չափազանց դժուար պիտի ըլլար քաղաքին մէջ կազմակերպութիւնը պահպանել: Բացի այդ՝ Մուշեղը ժողովրդական հերոս էր եւ երկրորդ Սերոբ մը դառնալու …

Read More »

ԿՈՒԿՈՒՆԵԱՆԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ

Հայ Յեղափոխութեան պատմութեան մէջ Կուկունեանի արշաւանքը զէնքի միջոցով հայ ժողովուրդին պատիւը պաշտպանելու իր տեսակին մէջ առաջին փորձը կը հանդիսանայ: Այս յանդուգն փորձը արդիւնքը կարելի է նկատել 1880ական թուականներու մարտաշունչ խանդավառութեան, յատկապէս՝ Կովկասի հայութեան եւ ռուսական համալսարաններու հայ ուսանողութեան մօտ: Արդէն իսկ ծնունդ առած էին յեղափոխական միութիւններ, ինչպէս՝ «Միութիւն Հայրենասէրների»ն Ս.Փեթերսպուրկի …

Read More »

ԲԱԼԱՊԵԽ ԿԱՐԱՊԵՏ

Բալապեխ Կարապետ` Սերոբ Աղբիւրի ամէնէն նշանաւոր ֆետայիներէն մէկը, ահարկու կռուող էր եւ աններող հայութեան թշնամիներուն ու Դաշնակցութեան հակառակորդներուն հանդէպ: Հայաստան աշխարհի ամեհի լեռներուն պէս ըմբոստ, սարսափազդու, վճռական եւ ազնուական ֆետայի մը, այլ խօսքով՝ զտարիւն հայ մը եւ նոյնքան զտարիւն հաւատացեալ մը, որ մանուկի մը պէս կ՛ըլլար հեզ ու խոնարհ Սերոբի …

Read More »

ԽԱԹԱՒԻՆԻ ԵՒ ՋԱՂԱՑՔԻ ԿՌԻՒՆԵՐԸ

19րդ դարու ‎ֆետայակաան շարժումի հերոսական դրուագներու շարքին կը պատկանին Խաթաւինի եւ Ջաղացքի կռիւները, որոնք հիմնովին յեղաշրջեցին քիւրտերու մօտեցումը հայկական յեղափոխութեան եւ ֆետայութեան հանդէպ: 1898ի աշնան մղուած այս կռիւներէն ետք, քիւրտերը տեսան, թէ անկարելի է ողջ-ողջ ձեռք ձգել հայ ֆետային: Անոնք անդրադարձան, որ դժուար է պարտութեան մատնել հայ ֆետային առանց բազմապատիկ …

Read More »

Գ.ԽԱԺԱԿ (ԳԱՐԵԳԻՆ ՉԱԳԱԼԵԱՆ)

Հմուտ ընկերաբան, անուանի հռետոր եւ մանկավարժ՝ Գարեգին Խաժակ, ծնած է Ալեքսանդրապոլ 1868ին: Կանուխէն կը կորսնցնէ իր հայրը, իսկ մայրը չարքաշ աշխատանքով, իբրեւ լուացարարուհի կը հոգայ ընտանիքի ծախսերը, ապահովերլով զաւակին կրթութիւնը: Խաժակ նախնական ուսումը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, կը յաճախէ Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը՝ մինչեւ 6րդ դասարանը: Նիւթական կարելիութիւն չ՛ունենար աւարտելու ճեմարանական …

Read More »

ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ

18 Փետրուար 1921… Հայկական համաժողովրդային շարժումը ապստամբութեան դրօշը կը բարձրացնէր պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ, որ մարդկային ու ազգային ոչ մէկ արժէք կը դաւանէր: Բանտերը խճողուած էին քաղաքական գործիչներով, մտաւորականներով, շարքային քաղաքացիներով եւ գիւղացիներով, որոնք դատապարտուած էին կամ քրէական յանցանքներով եւ կամ հասարակական կարգը խախտելով, ունեցուածքը չյանձնելու եւ երկրի տէրերուն չհնազանդելու յանցանքով: …

Read More »

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ (ԷԼԼԷՆ)

             Քրիստափոր հայ յեղափոխական շարժման առաջնորդն է: Կարելի է ըսել, որ ան կերտեց մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքը: Տիրապետեց իր շրջապատին, մէկ դրօշի ներքեւ հաւաքեց ազատատենչ հայ մտաւորականութիւնը եւ մարտիկները: hives treatment Քրիստափորը ծնած է Գողթան պատմական գաւառի Վերին Ագուլիս աւանը, 1859 Հոկտ. 18ին: Հայրը սիրուած էր բոլոր գիւղացիներէն, որոնք զինք …

Read More »

Է.ԱԿՆՈՒՆԻ (ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՄԱԼՈՒՄԵԱՆ)

Ակնունի ծնած է 1863ին Մեղրի, բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ: Աւարտած է Թի‎ֆլիսի Ներսէսեան վարժարանը: Իր երիտասարդական շրջանի մասին տեղեկութիւններ կը պակսին: Նախքան Դաշնակցութիւնը՝ Կովկասահայերու ազգային ձգտումներու արտայայտիչն էր Գր. Արծրունիի «Մշակ»ը, որուն շուրջ հաւաքուած էր յառաջդիմասէր մտաւորականութիւն մը: Խաչատուր Մալումեան կու գար այդ շրջանակէն, կրելով անոր անմիջական ազդեցութիւնը: Ակնունին թէեւ մասնակցած …

Read More »

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳՈՅՔԵՐՈՒ ԳՐԱՒՈՒՄԸ

Թէեւ մեր յեղափոխական շարժումի սկիզբէն մեր գլխաւոր դատը թրքական Հայաստանի ազատագրումն էր, բայց հայ ժողովուրդը գանգատներ ունէր նաեւ ռուսական բռնակալութեան դէմ, որ բացառիկ օրէնքներու ենթարկեր էր հայ տարրը, կը հալածէր հայ մշակոյթը՝ դպրոց, լեզու, մամուլ, գրականութիւն, մանաւանդ այն օրէն, երբ կովկասեան կառավարչապետի պաշտօնով Թի‎ֆլիսի մէջ բազմացաւ մոլեգին հայատեաց մը՝ իշխան …

Read More »