Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (page 4)

Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՊԵՏՐՈՍ ՍԵՐԵՄՃԵԱՆ

            Բնիկ Էտիրնեցի, յետոյ Ֆիլիպէ հաստատուած, բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ: Ազգային վարժարանը աւարտելէ վերջ, կը յաճախէ պուլկար երկրորդական վարժարանը, աւելի ետք կ՛աւարտէ պահեստի սպաներու դպրոցը: Մանուկ հասակէն աշխոյժ եւ յանդուգն էր: Պուլկար յեղափոխական գրականութիւնը իր վրայ խոր ազդեցութիւն ձգած էր. կը ցաւէր, որ իր հայրենիքը դեռ Սուլթանի տիրապետութեան տակ գերի էր: …

Read More »

ԹՈՐԳՈՄ (ԹՈՒՄԱՆ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆՑ)

«Թորգոմը արդէն կազմակերպող էր, կենդանի գործի մարդ: Ջրաբերդի շրջանում (Կարսի կուսակցական տեղանունը) չմնաց մի գիւղ, ուր Թորգոմը մտած չլինէր: Մինչեւ Թորգոմը՝ Ջրաբերդի շրջանում կար մանսակի եւ անկանոն կազմակերպութիւն. Թորգոմի օրով էր, որ խմբական կազմակերպութիւնը դառնում է համայնական, գիւղի ամբողջ համայնքն է մասնակցում կուսակցական գործին»: Արամ Մանուկեանի այս վկայութիւնը լաւագոյնս կը …

Read More »

ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ ՄՈՒՐԱՏ

ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ ՄՈՒՐԱՏ Պաքուի գորշ երկինքին տակ, անծանօթ դամբարանի մը մէջ կը հանգչի «հայ մարտական կազմակրպութեան ամենաընտիր նժոյգներէն» Սեբաստացի Մուրատ: Ան, որուն կեանքը անհաշիւ արիւնալի արկածներու շարք մը եղաւ Սեբաստիայէն Սասուն, Սամսուն, Երզնկա, Պոլիս, Զանգեզուր, Պոնտոս եւ մինչեւ Պաքու: Հ.Յ.Դաշնակցութեան ‎ֆետայական փաղանգի ընտրեալագոյն ներկայացուցիչներէն էր Սեբաստացի Մուրատը: 4 Օգոստոս 1918ին, ան …

Read More »

Հ.Յ.Դ. եւ Ընկերվարութիւն

Հ.Յ.Դ. եւ Ընկերվարութիւն Ծրագիր, Աշխարհայեացք, Պատմափիլիսոփայութիւն Ամէն քաղաքական կուսակցութիւն կ՛ունենայ իր ծրագիրը, ուր կը ճշդէ իր աշխահայեացքը, այսինքն  մարդկութեան պատմութեան հոլովոյթին իր ըմբռնումը, կը սահմանէ ու կը հիմնաւորէ իր նպատակը, կը պարզէ իր ռազմագիտութիւնն ու ռազմավարութիւնը, եւ կը թուէ իր նպատակէն ու աշխարհայեացքէն բխող անմիջական պահանջները: Ամէն ծրագիր կ՛ունենայ իր …

Read More »

ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ

ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ Ժողովուրդի ծոցէն ելած, ժողովուրդին մէջ սնած եւ իմաստաւորուած, իր ամբողջ կեանքը ժողովուրդին նուիրած յեղափոխական բացառիկ տիպար է Հրայր Դժոխքը: Հրայր Դժոխք, բուն անունով՝ Արմենակ Ղազարեան, ծնած է Սասունի Խուլբ գաւառի Ահարոնք գիւղը, 1866ին: Ինք տակաւին մանուկ էր, երբ ընտանիքով կը փոխադրուին Մշոյ դաշտի Ղըզըլաղաճ գիւղը: Հայրը ուսումնասէր քահանայ …

Read More »

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՒՆԴԸ. ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ. ՂԵԿԱՎԱՐ ԴԷՄՔԵՐԸ

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՒՆԴԸ. ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ. ՂԵԿԱՎԱՐ ԴԷՄՔԵՐԸ Ա.Հ.Յ.Դ.-ի ծնունդը -1890 1890-ական թուականներու եռուզերը Թի‎ֆլիսի մէջ Շարժում դէպի գաւառներ Ծնունդ Հ.Յ.Դ.-ի Մուտք Հնչակեան կուսակցութեան Հ.Յ.Դ.-էն ներս (քանի մը շաբաթ միայն) Կուկունեանի արշաւանքը Բ.Առաջին Տարիները Գործունէութիւն Թուրքիոյ եւ Պասկաստանի մէջ Հ.Յ.Դ.-ի առաջին գործարանի հիմումը Քաղաքական գործունէութիւն եւ մամուլ (թռուցիկ թերթերով) Հ.Յ.Դ.-ի մանիֆեստը 1890 …

Read More »

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑԻ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ Ներածական Մեր յեղափոխական-ազատագրական շարժումը ստեղծող դէմքերէն անդին, պէտք է միշտ յիշել այն ժողովներն ու կազմակերպական մարմինները, որոնք կազմեցին դաշնակցութեան ենթակառոյցը: Արագ ձեւով պիտի ներկայացնենք այդ կազմակերպական կառոյցը իր պատմական հոլովոյթին ընդմէջէն: Սակայն փաստաթուղթերու մեծ մասը չէ հրատարակուած տակաւին եւ կամ գոյութիւն չունի, մանաւանդ մեր կուսակցութեան սկզբնական …

Read More »

ԴՐՕ (ԴՐԱՍՏԱՄԱՏ ԿԱՆԱՅԵԱՆ)

ԴՐՕ (ԴՐԱՍՏԱՄԱՏ ԿԱՆԱՅԵԱՆ) 1884 – 1956 Դրաստամատ Կանայեան որ մեր ազատագրական շարժման եւ Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան մէջ իր պատուաւոր տեղը գրաւած է ԴՐՕ անունով: Ծնած է Արարատեան դաշտի Սուրմալու գաւարի Իգդիր աւանին մէջ, 1884 թուին Մայիս 31-ին: Դրոյի հայրը՝ Մարտիրոս Կանայեան խելացի, ուժեղ կամքով, հարուստ, ազդեցիկ եւ ժողովուրդի մէջ յարգանք …

Read More »

ՊԷՅՊՈՒՏ ԽԱՆ ՃԻՒԱՆՇԻՐԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԸ

ՊԷՅՊՈՒՏ ԽԱՆ ՃԻՒԱՆՇԻՐԻ casino bonus online ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԸ Երբ Պաքուն պաշտպանող Հայկական ուժերը այլեւս անկարող դարձան քաղաքը պաշտպանելու Թրքական կանոնաւոր բանակին եւ բազմահազար պաշըպօզուքներու դէմ, Պաքուն պաշտպանելը անկարելի համարելով, անոնք ալ նաւերով հեռացան դէպի Պարսկաստան, քաղաքի հայութեան մեծ մասը ձգելով իր ճակատագրին հետ: Այս արարքին վրայ ամբողջ շաբաթ մը տեղական եւ …

Read More »

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ (Բ. ՄԱՍ)

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ (Բ. ՄԱՍ) Հայ Թաթարական Պատերազմ 1.1.   Ներածական 1.2.   Պատճառներ 1.3.   Դաշնակցութեան Ղեկավարութեամբ Մղուած Կռիւներ Ամբողջ Կովկասի Մէջ եւ Դաշնակցութեան Յաղթանակը 1.4.   Հաշտութիւն Թաթարներու Հետ` Ռուս Կառավարութեան «Միջնորդութեամբ» 1.5.   Այս Պատերազմին ունեցած անդրադարձը, Հայ եւ Թաթար Ժողովուրդներու Վրայ: Ձարական Հակազդեցութիւնը Եւ «Դաշնակցութեան Դատը» 2.1.   Ռուս Ցեղասպաններու Նահանջը եւ …

Read More »