Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական (page 5)

Քաղաքագիտական

ԼԻԶՊՈՆԻ ՄԱՐՏԻՐՈՍՆԵՐԸ

ՅԻՇԵԼՈՎ ԼԻԶՊՈՆԻ ՄԱՐՏԻՐՈՍՆԵՐԸ 27 Յուլիս 1983. Լիզպոնի Հինգին գերագոյն զոհաբերութիւնը Հայ Դատի պայքարին 27 Յու­լի­սը, 1983 թուա­կա­նին, մե­ծա­խոր­հուրդ դար­ձա­կէտ մը ար­ձա­նագ­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին ու պատ­մու­թեան մէջ: Յու­լի­սի այս օրը, 28 տա­րի առաջ, Լիզ­պո­նի մէջ, թր­քա­կան դես­պա­նու­թեան հա­մա­լիր շէն­քը արիւ­նա­լի թա­տե­րա­բե­մը դար­ձաւ հայ­կա­կան իւ­րօ­րի­նակ Ող­ջա­կիզ­ման: Լիզ­պո­նի գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գրո­հը իրա­գոր­ծե­ցին …

Read More »

15 ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

15 ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ Միջազգային քաղաքականութեան էութիւնն ու կառուցուածքը Միջազգային քաղաքականութիւնը [ՄՔ] մարդկային հասարակութիւններու կենսագործունէութեան բնագաւառներէն մէկն է, որ կ՛ընդգրկէ պետական եւ ոչ պետական կազմակերպութիւններու միջպետական գործունէութիւնները: ՄՔ-ի ակունքները ունին պատմական խորութիւն, որու ընթացքին թէեւ պարզունակ, սակայն ձեւաւորուած են անոր ձեւաչափերը: Այդ մասին կը վկայեն հին ժողովուրդներու յուշագրութիւններու մէջ պահպանուած միջպետական …

Read More »

14 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔՈՆՖԼԻՔԴՆԵՐ (ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)

14 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔՈՆՖԼԻՔԴՆԵՐ (ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ) Անհամաձայնութիւններու ծագումն ու էութիւնը Անհամաձայնութիւնները (այլ հասկացութեամբ՝ հակասութիւնները) կողմերու միջեւ (պետութիւններ, կազմակերպութիւններ, եւայլն) որոշակի հասարակական անհամատեղելի յարաբերութիւններ են, որոնք անպայման կը յանգեցնեն պայքարի, հակառակորդ կողմերու միջեւ: Անհամաձայնութիւններու ուսումնասիրութեամբ մարդկութիւնը սկսած է զբաղիլ շատ հին ժամանակներէն, որպէս բնութեան կամ նիւթի անբաժանելի իւրայատկութիւններէն մէկը: Այդ մասին կը վկայեն …

Read More »

13 ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

13 ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Ազգային քաղաքականութեան սկզբունքները Ազգի բնորոշումը.-Ազգը պատմութեան ընթացքին ձեւաւորուած հասարակական կայուն ընդհանրութիւն է, որ ունի տարածքային, ծագումնային, լեզուական, հոգեկան կերտուածքի իւրայատուկ ընդհանրութիւններ, իսկ հասարակական զարգացման որոշակի մակարդակով՝ ձեռք բերած է նաեւ հասարակադասակարգային, տնտեսաքաղաքական եւ գաղափարական ընդհանրութիւններ: Մարդկային հասարակութիւնները պատմական զարգացման ընթացքին անցած են տոհմ, ցեղ, ազգ եւ …

Read More »

12 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

12 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ Քաղաքական գործընթացի [քգ] բնութագիրը ՔՀ-երու մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու բնութագրման համար կարեւոր է իմանալ նաեւ քաղաքական գործընթաց [քգ] կաթեկորիան [հասկացութիւնը]: ՔԳ կը նշանակէ՝ քաղաքական համակարգի կազմաւորման, գործընթացի եւ այլ քաղաքական համակարգերու հետ անոր յարաբերութիւններու ընթացքին քաղաքական ենթականերու կողմէ կատարուող գործողութիւններու ամբողջութիւնը: Քաղաքական գործողութիւնները կ՛ընդգրկեն քաղաքական ենթակաները, քաղաքական …

Read More »

11 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ

11 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ Քաղաքական մշակոյթ հասկացութիւնը եւ բովանդակութիւնը Մշակոյթ հասկացութիւնը բազմանշանակ է  եւ կ՛ընդգրկէ մարդկային կեանքի բոլոր բնագաւառները, առ այդ, գոյութիւն ունի ինչպէս հոգեւոր մշակոյթ, տնտեսական մշակոյթ, իրաւական մշակոյթ, կառավարման մշակոյթ եւայլ հասկացութիւնները, այնպէս ալ քաղաքական մշակոյթ հասկացութիւնը: Քաղաքական մշակոյթ [քմ], որպէս հասարակական երեւոյթ, գոյութիւն ունեցած է շատ աւելի առաջ, …

Read More »

ԿՐԷԿՈՐԻ ՍԹԱՆԹՈՆԻ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒԹԸ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐԸ»

«Ցեղասպանութիւն կը նկատուի հետեւեալ արարքներէն որեւէ մէկը, որ կը գործադրուի նպատակ ունենալով ամբողջապէս կամ մասամբ քանդելու ազգային, էթնիք, ցեղային կամ կրոնական հաւաքականութիւն մը: Արարքներն են՝ հաւաքականութեան անդամներու սպանութիւնը, անոնց պատճառել մարմնային եւ հոգեկան ծանր վնասներ, դիտաւորեալ ձեւով ազդել հաւաքականութեան կեանքի պայմաններուն վրայ, ի նպաստ անոր ամբողջական կամ մասնակի Ֆիզիքական ոչնչացման, …

Read More »

10 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼԻՏԵՐՈՒԹԻՒՆ [առաջնորդութիւն]

10 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼԻՏԵՐՈՒԹԻՒՆ [առաջնորդութիւն] Քաղաքական առաջնորդութեան հիմնահարցը Քաղաքական առաջնորդութեան հիմնահարցը բազմակողմ երեւոյթ է, որովհետեւ անով կը զբաղին քաղաքագիտութիւնը, քաղաքական հասարակագիտութիւնը եւ քաղաքական հոգեբանութիւնը: Եթէ  քաղաքագիտութեան համար կարեւոր է պարզաբանել թէ որո՞ւ կարելի է համարել քաղաքական առաջնորդ, ի՞նչ են անոր պարտականութիւնները, ինչպիսի՞ դեր պէտք է ան խաղայ հասարակութեան զարգացման համար, եւայլն, …

Read More »

9 ՄԱՐԴԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

9 ՄԱՐԴԸ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Մարդը որպէս քաղաքական գործունէութեան ենթակայ Քաղաքականութեան մէջ մարդու դերի մասին, պատմութեան ընթացքին ձեւաւորուած են երկու ուղղութիւններ՝ ա.-Առաջին ուղղութիւնը քաղաքականութեան գործընթացը կապած է էլիտարի՝ ազնուախաւի հետ: բ.-Երկրորդ ուղղութիւնը նսեմացուցած է անհատի դերը քաղաքականութեան մէջ: Յամենայնդէպս, մեր թուարկութեան սկիզբները, մարդն անուանած են քաղաքական էակ, միջին դարերուն՝ կրօնական էակ, …

Read More »

8 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՌԵԺԻՄՆԵՐ [վարչաձեւեր-վարչակարգեր]

8 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՌԵԺԻՄՆԵՐ [վարչաձեւեր-վարչակարգեր] Քաղաքական վարչակարգի էութիւնը Քաղաքական վարչակարգը միջոցներու եւ մեթոտներու ամբողջութիւն է, որոնց օգնութեամբ կ՛իրականացուի քաղաքական եւ պետական իշխանութիւնը: Քաղաքական վարչակարգը կը ստեղծուի հասարակական եւ քաղաքական համակարգերու առկայութեամբ, որոշակի պայմաններու տակ, ինչպիսիք են՝ կառավարող քաղաքական վերնախաւի կողմէ առաջադրուած խնդիրները, նպատակներն ու անոնց իրագործման եղանակները, հասարակական ուժերու յարաբերակցութիւնը, երկրի …

Read More »