Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / Հայ Դատ-Ցեղասպանութիւն (page 3)

Հայ Դատ-Ցեղասպանութիւն

ՃԷՅՄՍ ԲՐԱՅՍ «ԿԱՊՈՅՏ ԳԻՐՔ»

Ծիծեռնակաբերդի յիշատակի պատի պահոցներուն մէջ յաւերժական հանգիստ գտած տասնմէկ երեւելիներու մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Ճէյմս Բրայսը: 1838ին Իրլանտայի Պել‎ֆաստ քաղաքին մէջ ծնած շոտլանտական ծագումով անգլիացի Ճէյմս Բրայսը, եղած է իր ժամանակուան ճանչցուած գործիչներէն մէկը, իրաւաբան եւ պատմաբան, անգլիական խորհրդարանի անդամ, դիւանապետ, դեսպան ԱՄՆ-ի մէջ, փոխնախարար եւ նախարար, արժանացած է …

Read More »

ԲԵՆԵԴԻԿՏՈՍ 15

fat loss program for men ՀԱՅԸ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀՈԲ ԵՐԱՆԵԼԻՆ Վերջերս կաթոլիկ եկեղեցին ունեցաւ նոր հովուապետ: Հակառակ սպասուածի, պապ ընտրուելով, կարտինալ Յոզէ‎ֆ Ռայտցինգերը ընդունեց ոչ թէ իր մեծ նախորդի Յովհաննէս-Պօղոս անունը, այլ կոչուեցաւ Բենեդիկտոս 16: Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ պապի անուանակոչութիւնը խորհուրդ ունի. այդ կը նշանակէ, որ նորընծան իրեն կը համարէ այն …

Read More »

ԱՐՄԻՆ ՎԻԳՆԵՐ «ՃԻՉ ԱՐԱՐԱՏԻՑ»

            Հայոց ցեղասպանութեան իննսուն ամեակին նուիրուած գիտաժողովին մասնակցած էր նաեւ Միքելէ Վեգները՝ Արմին Թէո‎ֆիլ Վեգների որդին: Ան Հայաստան բերած էր Արմին Վեգների լուսանկարներու մեծագիր վերատպութիւնները, որոնք ցուցադրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործաց նախարարութեան մէջ: Այդ լուսանկարները մեզի համար նորութիւն չէին: Սակայն տպաւորութիւնը, ինչպէս միշտ, սահմռկեցուցիչ էր: Ցուցադրութեան ընթացքին կազմակերպուած էր նաեւ …

Read More »

ՀԵՆՐԻ ՄՈՐԿԵՆԹԱՈՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ԱՆՈՒՂՂԵԼԻ ԵՆ

Ծիծեռնակաբերդի Յիշատակի պատին արձանագրուած ամենայայտնի անուններէն մէկը Հենրի Մորկենթաուն է: Ան ազգութեամբ հրեայ է, ծնած է1854 թուականին (մահացած է 1946ին) Գերմանիոյ Մաննհէյմ քաղաքին մէջ: Մորկենթաուը այնուհետեւ բնակութիւն հաստատած է ԱՄՆի մէջ, ստացած իրաւաբանական կրթութիւն, աշխատած որպէս դիւանագէտ: 1913-1916 թուականներուն եղած է ԱՄՆ-ի դեսպանը Թուրքիոյ մէջ: Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ներկայացած …

Read More »

ՀԵՏՈՒԻՔ ՊԻՒԼ «ԻՄ ՍԻՐՏԸ ՀԱՅ Է»

ՀԵՏՈՒԻՔ ՊԻՒԼ «ԻՄ ՍԻՐՏԸ ՀԱՅ Է» 1981 թուականի աշնան, Գերմանիոյ Հայգելբերգ քաղաքին մօտ գտնուող Վալդուիմերսբախ գիւղին մէջ՝ աւետարանական միսիոններներու ծերանոցին մէջ, դանդաղ կը հանգչէր ծերունազարդ կին մը: Կեանքի վերջին օրերուն ան սիրով, հոգածութեամբ եւ խնամքով շրջապատուած էր: Սակայն ոչ մէկը չէր հասկնար անոր վերջին մրմունջը, ոչ մէկուն խօսքը չէր հասներ …

Read More »

ԼԻԶՊՈՆԻ ՄԱՐՏԻՐՈՍՆԵՐԸ

ՅԻՇԵԼՈՎ ԼԻԶՊՈՆԻ ՄԱՐՏԻՐՈՍՆԵՐԸ 27 Յուլիս 1983. Լիզպոնի Հինգին գերագոյն զոհաբերութիւնը Հայ Դատի պայքարին 27 Յու­լի­սը, 1983 թուա­կա­նին, մե­ծա­խոր­հուրդ դար­ձա­կէտ մը ար­ձա­նագ­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին ու պատ­մու­թեան մէջ: Յու­լի­սի այս օրը, 28 տա­րի առաջ, Լիզ­պո­նի մէջ, թր­քա­կան դես­պա­նու­թեան հա­մա­լիր շէն­քը արիւ­նա­լի թա­տե­րա­բե­մը դար­ձաւ հայ­կա­կան իւ­րօ­րի­նակ Ող­ջա­կիզ­ման: Լիզ­պո­նի գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գրո­հը իրա­գոր­ծե­ցին …

Read More »

ԿՐԷԿՈՐԻ ՍԹԱՆԹՈՆԻ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒԹԸ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐԸ»

«Ցեղասպանութիւն կը նկատուի հետեւեալ արարքներէն որեւէ մէկը, որ կը գործադրուի նպատակ ունենալով ամբողջապէս կամ մասամբ քանդելու ազգային, էթնիք, ցեղային կամ կրոնական հաւաքականութիւն մը: Արարքներն են՝ հաւաքականութեան անդամներու սպանութիւնը, անոնց պատճառել մարմնային եւ հոգեկան ծանր վնասներ, դիտաւորեալ ձեւով ազդել հաւաքականութեան կեանքի պայմաններուն վրայ, ի նպաստ անոր ամբողջական կամ մասնակի Ֆիզիքական ոչնչացման, …

Read More »

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՑՈՂ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ, ՕՐԷՆՍԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐ, ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԲԱՆԱՁԵՒԵՐ ԵՒ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՑՈՂ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ, ՕՐԷՆՍԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐ, ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԲԱՆԱՁԵՒԵՐ ԵՒ ՕՐԷՆՔՆԵՐ           ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ           –1965ի Ապրիլ 20ին Սենատի եւ ներկայացուցիչներու պալատի բանաձեւ « Հայ նահատակաց օր»:             -2004ին այս մասին օրէնք:             ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ             -1975ի Ապրիլ 9ին Ներկայացուցիչներու պալատի միացեալ բանաձեւ:             -1981ի Ապրիլ 22ին, նախագահ …

Read More »

ՖՐԱՆՑ ՎԻԿՏՈՐ ՎԵՐՖԵԼ

Աւստրիացի գրող եւ հումանիստ: Սորված է Պրահայի, Լայպցիգի եւ Համբուրգի համալսարաններուն մէջ: Ի սկզբանէ մերժած է բռնութիւնը եւ պայքարած անոր դէմ: Դեռ վաղ երիտասարդութեան տարիներուն՝ 1912-ին աւստրիական բանակին մէջ ծառայութեան ժամանակ ելոյթներ ունեցած է  երկրին մէջ տիրող ռազմամոլական մթնոլորտին դէմ եւ այդ պատճառով բանտարկուած: Մասնակցած է համաշխարհային առաջին պատերազմին, ապա՝ …

Read More »

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԼԵՓՍԻՒՈՒՍ 1858-1926

  Յովհաննէս Լեփսիւուսը բողոքական պատուելի էր, փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դոկտոր: Յովհաննէսի հայրը յայտնի եգիպտագէտ էր, Պեռլինի համալսարանի եգիպտական թանգարանի տնօրէն: Ան քանի մը տարի անցուցած է Երուսաղէմի մէջ, յետոյ վերադարձած է Գերմանիա եւ բնակութիւն հաստատած ՖրիզդորՖ լեռնային գիւղին մէջ եւ այնտեղ իր միջոցներով հիմնած է գորգագործարան: 1895-ին ՖրիզդորՖի մէջ տեղի …

Read More »