ԱՐՏԱՇԱՏ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒՄԸ ԵՒ ԱՐՏԱՇԷՍԻ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐԸ
Հին դարաշրջաններուն թագաւորները իրենց հզօրութիւնը ցոյց տալու համար կը կառուցէին քաղաքներ, մայրաքաղաքներ եւ կը կոչէին իրենց անունով: Այդպէս Արտաշէս Ա.-ը հիմնադրեց Արտաշատ քաղաքը, որ շուտով դարձաւ հին աշխարհի կարեւոր կեդրոններէն մէկը: Որոշ տեղեկութիւններու համաձայն քաղաքի կառուցման տեղը ընտրելու եւ քաղաքի յատակագիծը կազմելու գործին մէջ հայոց թագաւորին օգնած է կարթագենացի նշանաւոր զօրավար Հաննիպալը: Քաղաքը կառուցուած է Արարատեան դաշտին մէջ, Արաքս գետի ձախ ափին: Ստրաբոնի վկայութեամբ Արտաշատը եղած է մեծ բնակչութիւն ունեցող քաղաք: Անոր պարիսպները երեք կողմէն ողողուած են Արաքսի ջուրերով, իսկ չորրորդ կողմէն քաղաքը պաշտպանուած եղած է պատուարով եւ խրամով: Արտաշատի մէջ տաճար մը կառուցուած է, որտեղ դրուած է հայոց աշխարհի հովանաւոր չաստուածուհիի Անահիտի արձանը եւ անոր կողքին Արտաշէս Ա.-ի նախնիներու քանդակները:
Արտաշէս Ա.-ի գահակալման տարիներուն երկիրը ներքին փոփոխութիւններու խիստ կարիք ունէր: Երկրի ներքին կայունութիւնը կը խաթարէր այն հանգամանքը, որ մշտական վէճեր կը ծագէին մասնաւոր տնտեսութիւններու, դաստակերտներու, ագարակատէրերու եւ գիւղական համայնքներու միջեւ: Արտաշէս Ա.-ի հրամանով կ’որոշուի անոնց հողային սահմանները եւ խախտումները կանխելու համար կը դրուին հողաբաժան սահմանաքարեր: Հայաստանի տարածքին մէջ յայտնաբերուած են Արտաշէս Ա.-ի ձգած բազմաթիւ սահմանաքարեր արամերէն արձանագրութիւններով:
Արտաշէսի օրով կը վերակառուցուին երկրի զինուած ուժերը: Պետութեան կառավարումը դիւրացնելու նպատակով անոր ամբողջ տարածքը կը բաժնուի 120 գաւառներու: Արտաշէսի օրով բարեփոխուեր է նաեւ տոմարը օրացոյցը: Ճշգրտուած են ամիսները, շաբաթները, տարուան եղանակները: Հայաստանի գետերու եւ լիճերու վրայ կազմակերպուած է նաւագնացութիւն: Իր մեծ եւ բարի գործերուն համար Արտաշէս Ա.-ի վաստակած է «բարեպաշտ» ածականը:
Արտաշէս առաջին կը մահանայ Ք.Ա. 160 թ.-ին: Անոր մահը կ’ողբայ ամբողջ հայ ժողովուրդը:
Արտաշէս Ա.-ի աշխարհաշէն գործունէութիւնը հող նախապատրաստեց անոր փառաւոր թոռնիկին՝ Տիգրան Բ. Մեծի գործունէութեան համար: