ԱՐՏԱՒԱԶԴ Ա. ԵՒ ՏԻԳՐԱՆ Բ.
Արտաշէս թագաւորին յաջորդեց անոր որդին՝ Արտաւազդ Ա.-ը: Այդ նոր թագաւորի օրոք Մեծի Հայքի թագաւորութիւնը հարկադրուած ընդունեց օրէօր հզօրացող պարթեւներու գերիշխանթիւնը: Արտաւազդը, որ տղայ զաւակ չունէր, ստիպուած էր իր եղբօր որդուն՝ Տիգրանին պատանդութեան յանձնել պարթեւներուն: Տիգրան Ա.-ի մահէն յետոյ Հայաստանի «Եօթանասուն Հովիտներ» կոչուած վայրի դիմաց Տիգրանին արտօնուեցաւ վերադառնալ հայրենիք: Ք.Ա. 95 թուականին Տիգրանը գահակալեց Տիգրան Բ. կամ Տիգրան Մեծ անունով: Անոր գահակալութեան տարիներուն ( Ք.Ա. 95-55) Հայաստանը նոր հողեր նուաճեց, եռապատկելով իր տառածքները եւ դարձաւ Առաջաւոր Ասիոյ հզօր տիրութիւններէն մէկը: Այդ դարաշրջանին մասին կը պատմեն յունահռոմէական պատմիչները եւ պատմահայր՝ Մովսէս Խորենացին:
Տիգրանը իր գահակալութեան 2-րդ տարին գրաւեց Ծոփքը եւ Մեծ Հայքի 15 նահանգները միաւորեց մէկ թագաւորութեան մէջ:
Տիգրանի յետագայ նուաճումները կը խանգարէր Հայաստանի արեւելեան դրացի՝ Պարթեւաստանը:
Ք.Ա. 87 թուին հայոց զօրքերը ներխուժեցին Ատրպատական, ապա Պարթեւաստան: Անոնք յաղթանակները տանելով հասան մինչեւ պարթեւական արքունի ամարանոցը՝ Էքբատան քաղաքը: Պարթեւներու նոր թագաւորը շտապեց հաշտութիւն կնքել եւ յօգուտ Տիգրանի հրաժարեցաւ Ատրպատականէն եւ հիւսիսային Միջագետքի իշխանութենէն:
Տիգրան Մեծը որպէս յաղթող իւրացուց նաեւ պարթեւ թագաւորին պատկանող ԱՐՔԱՅԻՑ ԱՐՔԱՅ տիտղոսը:
Տիգրան Մեծը իր յաջորդ արշաւանքներուն գրաւեց այլ քաղաքներ, որոնց շարքին Միջագետքի նշանաւոր քաղաքներէն՝ Մծբինը:
Այս նուաճումներէն յետոյ Տիգրանը մօտեցաւ սելեւկեաններու պետութեան սահմաններուն:
Սելեւկեանները կորսնցուցած էին իրենց հզօրութիւնը եւ ուժ չունէին ապահովելու երկրի կառավարումը: Տիգրան Մեծի զօրքերը շարունակեցին իրենց ճամբան եւ գրաւեցին Կոմմագենէն: Ասորիքը կամովին յանձնուեց եւ վերացաւ Սելեւկեան թագաւորութիւնը: Ք.Ա. 83 թ.-ին Տիգրան Մեծը Սելեւկեաններու մայրաքաղաք՝ Անտիոքի մէջ բազմեցաւ անոնց գահին: Տիգրանը նուաճեց նաեւ Կիլիկիան: Հայկական զօրքերը շարժուեցան հարաւ եւ գրաւեցին Փիւնիկիան՝ հասնելով Պաղեստինի սահմանները:
-ՏԻԳՐԱՆ Բ.-Ի ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԱԾՔՆ ՈՒ ԲՆՈՅԹԸ
Տիգրան բ.-ի ստեղծած իշխանութիւնը կը տարածուէր Միջերկրական Ծովէն ու Եգիպտոսէն մինչեւ Կասպից Ծով եւ Կուր գետէն մինչեւ Միջագետք: Անոր գերիշխանութեան տակ էին անոր դրացի աւելի թոյլ երկիրները՝ Վրաստանը եւ Աղուանքը՝ հիւսիսային կողմը, արաբական ցեղերը հարաւային կողմը:
Անոր ստեղծած իշխանութեան մէջ կը խօսէին 15-էն աւելի լեզուներ:
Նուաճուած երկիրներէն ամէնազարգացածը Ասորիքն էր (Սուրիան): Այստեղ կը գտնուէին սելեւկեաններու ռազմական գլխաւոր ճամբարը, նաւահանգիստներն ու մայրաքաղաք Անտիոքը: Միջերկրական Ծովի արեւելեան ափին կը գտնուէր Փիւնիկեան իր նշանաւոր քաղաքներով: Մեծ էր անոնց դերը յատկապէս արեւելքի եւ արեւմուտքի միջեւ իրականացուող առեւտուրի բնագաւառին մէջ:
-ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒՄԸ
Տիգրան Բ.-ի կատարած նուաճումներէն յետոյ Հայաստանի հին մայրաքաղաք՝ Արտաշատը մնացած էր իշխանութեան հիւսիսային ծայրամասին մէջ: Անհրաժեշտ էր հիմնադրել նոր մայրաքաղաք, որ գտնուեր ամբողջ իշխանութեան կեդրոնը եւ միաժամանակ ըլլար Հայաստանի մէջ:
Թագաւորի հրամանով Տիգրիսի վերի հոսանքի՝ Աղձնիք նահանգի մէջ կառուցուեցաւ Տիգրանակերտ քաղաքը:
Տիգրանակերտը շրջապատուեցաւ պարիսպներով, որոնց բարձրութիւնը կը հասնէր 25 մեթրի: Պարիսպները այնքան լայն էին, որ անոնց մէջ ներսէն ախոռներ եւ պահեստներ կառուցուած էին:
Տիգրանակերտը շքեղ կառուցուածքով քաղաք էր, իր թատրոնով, պալատներով, արքայական դղեակներով ու պարտէզներով:
Ք.Ա. 68թ.-ին Արածանի գետի ափին տեղի ունեցաւ Ճակատամարտ հայերուն եւ հռոմէացիներուն միջեւ:
Ճակատամարտին հռոմէացիները մեծ պարտութիւն կրեցին: Անոնք ստիպուած եղան նահանջել, սակայն այս յաղթանակին ուրախութիւնը չամբողջացաւ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ սկսան ծագիլ ներքին պառակտումներ: Տիգրան Մեծի որդի՝ Տիգրան Կրտսերը հայոց գահին տիրանալու համար ապստամբեց հօրը դէմ, որ պարտութիւն կրելով փախաւ պարթեւներուն մօտ, որոնք ընդունեցին անոր մեծ ուրախութեամբ, յուսալով, որ Հայաստանի մէջ գահակալի փոփոխութեան միջոցաւ դուրս կու գան այն ծանր վիճակէն, որուն մէջ անոնց ձգած էր Տիգրան Մեծը:
Տիգրան Մեծի յաջորդեց անոր որդին՝ Արտաւազդը Բ.-ը: Արտաւազդ բ.-ին յաջորդեց անոր որդին՝ Արտաշէսը, անոր օրով Հայաստանը վերականգնեց իր անկախութիւնը, որ կորսնցուցած էր իր հօր օրերուն:
Ան վերականգնեց նաեւ «Արքայից Արքայ» տիտղոսը եւ իր օրերուն երկիրը ապրեցաւ խաղաղ կեանքով:
Ան դաւադրութեան զոհ գնաց հռոմի կայսրին: Անոր յաջորդեց եղբայրը՝ Տիգրան Գ.-ը, որ մահամերձ վիճակին, հակառակ հռոմի ցանկութեան, հայոց թագը կտակեց իր որդիին Տիգրանին, որ գահակալեց իր քրոջը՝ Էրատոյի հետ միասին: Տիգրան Դ. կը կրէր «Արքայից Արքայ» տիտղոսը եւ ինքնիրենց Հռոմէն անկախ յայտարարած էր, սակայն մէկ թուին ան կը սպաննուի հիւսիսէն ներխուժած ցեղերու դէմ մղուած պատերազմին եւ այսպէս վերջ կը գտնէ Արտաշէսեան հարստութիւնը Հայաստանի մէջ: