Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ԱՐՇԱԿՈՒՆԵԱՑ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

ԱՐՇԱԿՈՒՆԵԱՑ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

ԱՐՇԱԿՈՒՆԵԱՑ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

Տրդատ Ա.-ով (66-88) Արշակունեաց հարստութիւնը սկիզբ կ’առնէ հայաստանի մէջ:

Տրդատ Ա.-ի գործունէութեան մասին մեզի քիչ տեղեկութիւններ հասած են: Անոր օրով զգալի շինարարական աշխատանքներ կը կատարուին Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ: Անոր գահակալութեան 11-րդ տարին կը վերակառուցուի Գառնի ամրոցը եւ այնտեղ կը կառուցուի տաճար մը արեւի աստուած Միհրի պատուին:

Տրդատ շարք մը պատերազմներ վարած է: Յայտկապէս յայտնի է անոր պատերազմը հիւսիսէն ներխուժած ալան ցեղերու դէմ:

Հայ ժողովուրդը ընդունած եւ սիրած է Տրդատին անոր տալով իր սիրած թագաւոր Արտաշէս անունը:

Տրդատ Ա.-ին կը յաջորդէ Սանատարուկ թագաւորը ( Ք.Ա. 88-110 թ.), իսկ Սանատրուկի կը յաջորդէ Վաղարշ Ա.-ը, անոր օրով կը հիմնադրուի Վաղարշապատ քաղաքը, որ շուտով կը դառնայ մայրաքաղաք:

Վաղարշ Ա.-ին կը յաջորդէ Վաղարշ Բ.-ը, իսկ Վաղարշ Բ.-ին կը յաջորդէ անոր որդին՝ Խոսրով Ա.-ը:

Վաղարշ Բ.-էն եւ Խոսրով Ա.-էն սկիզբ կ’առնէ հայ Արշակունիներու հարստութիւնը:

Մինչ այդ հայոց թագաւորները կը նշանակուէին մեծամասնութեամբ պարթեւ Արշակունիներու տոհմի ներկայացուցիչներէն եւ կը հաստատուէին Հռոմի կողմէն: Իսկ անոնց օրով թագաւորութիւնը կը սկսի անցնիլ ժառանգաբար հօրմէն որդւոյն: Հռոմէացիները դէմ ըլլալով այս կարգին Խոսրով Ա.-ին բանտ կը նետեն, որտեղ ան կը մահանայ: Սակայն հայոց զօրքերը հռոմէացիներուն ծանր պարտութեան կը մատնեն եւ անկէ յետոյ թագաւոր կը կարգուի Խոսրովի որդին՝ Տրդատ Բ.-ը (216-252 թ): Հռոմի կայսրը Տրդատին կը ճանչնայ հայոց թագաւոր եւ բանտէն կ’ազատէ անոր մօրը, որ ձերբակալուած էր Խոսրով Ա. թագաւորի հետ:

226 թուին պարսիկ իշխաններէն մէկը՝ Արտաշիր Սասանեանը կը տապալէ պարթեւ Արշակունի Արտաւան Ե.-ին եւ կը տիրանայ անոր գահին: Հայաստանը կը դառնայ անոր գլխաւոր թշնամիներէն մէկը, որովհետեւ այնտեղ կ’իշխէին Արշակունիներու հայկական ճիւղը:

Տրդատ Բ.-ը իր շուրջ կը համախմբէ Հայաստան փախած պարթեւ Արշակունիներուն եւ կը փորձէ տապալել Սասանեաններուն: Տրդատին բացի պարթեւներէն կ’օժանդակէին վրացիներու եւ աղուաններու ռազմաջոկատները: Օգնութիւն ցոյց կու տար նաեւ Հռոմը:

Արտաշիրը պատերազմի կ’ելլէ Հռոմի եւ Հայաստանի դէմ, սակայն կը պարտուի Տրդատ Բ.-ի զօրքերէն: Միայն 252 թուին Պարսկաստանի ռազմատենչ  արքա՝ Շապուհ Ա.-ը կը նուաճէ Հայաստանի մեծ մասը, իսկ Տրդատ կը հեռանայ Հռոմ: Շապուհ իր որդին՝ Որմիզ-Արտաշիրին կը կարգէ Հայաստանի թագաւոր:

Հայաստանի երեւմտեան բաժնին մէջ հռոմէացիներուն օգնութեամբ գահ կը բարձրանայ Տրդատի որդին՝ Խոսրով Բ.-ը ( 252-287 թ.): Սակայն ան շուտով կը սպաննուի պարսիկ թագաւորի ուղարկած պարթեւ իշխան Անակի կողմէ: Անոր որդին Տրդատի փրկելով կը տանին Հռոմ: Շուտով նոր պատերազմ կը սկսի Պարսկաստանի եւ Հռոմի միջեւ եւ պարսիկները պարտութիւն կրելով կը հեռանան Հայաստանէն: Միաւորուած Հայաստանի մէջ կը թագաւորէ Խոսրովի որդի՝ Տրդատ Գ. Մեծը:

Միջագետքի Մծբին քաղաքին մէջ կնքուած հաշտութեամբ Հայաստանը դուրս կու գայ Սասանեաններու գերիշխանութենէն: Անկէ յետոյ կը հաստատուի քառասունամեայ խաղաղութեան շրջան:

Հայոց Տրդատ Գ. Մեծ թագաւորի օրով ( 298-330 թ.) Հայաստանը դարձաւ աշխարհի առաջին երկիրը, որ ընդունեց Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն:

Քրիստոնէութիւնը Հայաստան սկսած էր թափանցել առաջին դարուն՝ Թադէոս եւ Բարդեղոմէոս առաքեալներու ( Յիսուս Քրիստոսի աշակերտներ) քարոզչութեան միջոցաւ: Այդ պատճառով ալ մեր եկեղեցին կը կոչուի Առաքելական եկեղեցի:

Հեթանոս Տրդատ Գ.-ը սկիզբը հալածանքներու կ’ենթարկէ եւ Խոր Վիրապի բանտը կը նետէ քրիստոնէութեան եռանդուն քարոզիչ Գրիգորին եւ դաժանօրէն կը պատժէ Քրիստոնէութիւնը դաւանողներուն:

Վաղարշապատի մէջ քրիստոնէութիւն քարոզող Գայիանէն, Հռիփսիմէն եւ միւս կոյսերը նոյնպէս զոհ կ’երթան Տրդատ Գ.-ի հալածանքներուն:

Սակայն շրջան մը ետք երբ Տրդատ կը հիւանդանայ եւ կը բուժուի Գրիգորի ձեռքով կը փոխէ իր վերաբերմունքը Քրիստոնէութեան նկատմամբ: Ան կը զղջայ կատարածներուն համար:

301 թուին թագաւորը եւ արքունիքը ապա նաեւ ժողովուրդը մկրտութիւն ստանալով կը դառնան Քրիստոնեայ:

Հայոց եկեղեցւոյ գլուխն կը կանգնի Գրիգոր Լուսաւորիչը՝ որպէս առաջին կաթողիկոս:

Տրդատ Գ. Մեծին կը յաջորդէ անոր որդին՝ Խոսրով Գ.-ը: Անոր գահակալութեան առաջին տարիներուն նախարարական տոհմերուն միջեւ պատերազմներ կը սկսին: Թագաւորը զօրք կը ղրկէ անոնց դէմ: Վաչէ Մամիկոնեան սպարապետ կը կոտորէ ըմբոստ տոհմերու արական սեռի բոլոր անդամներուն, իսկ հողերը կը տրուի եկեղեցւոյ: Խոսրովի օրով Արաքս գետը Արտաշատի մօտ կը փոխէ իր հունը եւ այդտեղ ճահճուտներ կը յառաջանան եւ բնակչութեան համար կը ստեղծուի վատառողջ միջավայր: Այդ պատճառով Խոսրովը Արտաշատէն ոչ հեռու՝ Դուին կոչուող բլուրի վրայ կը հիմնէ Դուին մայրաքաղաքը: Դուինի շուրջ ժողովուրդի ջանքերով կը տնկուին երկու անտառներ:

Խոսրով Գ.-ի մահէն յետոյ 338 թ.-ին պարսիկները նորէն կ’արշաւեն Հայաստան: 338 թ.-ի աշնան, Հռոմի կայսրը անձամբ առաջնորդելով իր զօրքը կը մտնէ Հայաստան եւ գահ կը բարձրացնէ Խոսրով Գ.-ի որդին՝ Տիրանին (338-350թ.):

Նոր թագաւորի օրով կը շարունակուի պայքարը արքային եւ նախարարական տուներու միջեւ: Շուտով վէճ կը ծագի Տիրանի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի Թոռ՝ Յուսիկ Կաթողիկոսին միջեւ, որ կը սպաննուի թագաւորի հրամանով: Կաթողիկոսութիւնը կը խլուի Լուսաւորիչի տոհմէն:

Տիրանին կը յաջորդէ անոր որդին Արշակ Բ.-ը (350-368թ.): Ան կը ձգտի համերաշխութիւն հաստատել թագաւորի, նախարարներու  եւ եկեղեցւոյ միջեւ: Կաթողիկոսութիւնը կը վերադարձուի Գրիգոր Լուսաւորիչի տոհմին: Կաթողիկոս կը ձեռնադրուի Յուսիկի Թոռը՝ Ներսէս Մեծը, որ մինչ այդ զինուորական էր: Կաթողիկոսի ջանքերով երկրին մէջ կը բացուի հիւանդանոցներ, աղքատանոցներ, օտարներու համար իջեւանատուներ (պանդոկներ): Կը հիմնադրուին նոր դպրոցներ:

354 թուին Տարօնի Աշտիշատ գիւղին մէջ կը հրաւիրուի հայկական առաջին եկեղեցական ժողով, ուր եկեղեցական եւ կենցաղային բնյոթի շարք մը օրէնքներ կ’ընդունուին:

Թագաւորը պետութեան համար նոր յենարան ստեղծելու նպատակով Մասիսի հարաւային ստորոտին մէջ կը հիմնադրէ Արշակաւան քաղաքը եւ կը հրաւիրէ բոլոր ցանկացողներուն գալ եւ բնակիլ այնտեղ: Սակայն 350 թուականներու վերջերուն երկրի ներքին խաղաղ կեանքը կը խաթարուի:

Արշակի եղբօրորդիի Գնելի նկատմամբ հռոմի կայսրի յատուկ համակրանքը կասկածներ կը յառաջացնէ արքային մօտ: Թագաւորի հրամանով Գնելը կը սպաննուի:

Արշակը կ’ամուսնանայ Գնելի այրիին՝ Փառանձեմին հետ: Շարք մը նախարարներ՝ Վահան Մամիկոնեանը, Մերուժան Արծրունին կ’անցնին Պարսիկ Շապուհ Բ. արքային կողմը: Նոր պատերազմ կը սկսի Հռոմի եւ Պարսկաստանի միջեւ եւ պարսիկները կը ներխուժեն Հայաստան: Այդ ժամանակ Արշակի ընդդիմադիր նախարարները օգտուելով արքան երկրէն դուրս ըլլալու կացութենէն կը յարձակին եւ հիմնայատակ կ’աւերեն Արշակաւանը:

Պարսիկները նոր պատերազմ կը սկսին հայերուն հետ, որ կը տեւէ չորս տարի՝ 364-368թ.:

Արարատեան դաշտին մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտին հայերը սպարապետ Վասակ Մամիկոնեանի հրամանատարութեամբ կը ջախջախեն թշնամին:

Շապուհը համոզուելով, որ զէնքի ուժով դժուար է ճնշել հայերուն, կը դիմէ նենգութեան: Ան Արշակին կը հրաւիրէ Պարսկաստանի մայրաքաղաք՝ Տիզբոն: Թագաւորը եւ սպարապետը կը մեկնին Շապուհի մօտ: Շապուհ կը հրամայէ Վասակ Մամիկոնեանին մորթազերծ ընել, իսկ Արշակին նետելԱնյուշ բերդը, ուր ան կը մահանայ:

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …

Leave a Reply