Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ԱՒԱՐԱՅՐԻ ԿԱՄ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

ԱՒԱՐԱՅՐԻ ԿԱՄ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ


 

 

 

 

ԱՒԱՐԱՅՐԻ ԿԱՄ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Հայաստանի մէջ Արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք 428 թ.-ին, Պարսկական արքունինքին վարած քաղաքականութեան հետեւանքով երկիրը կը սկսի կորսնցնել ներքին ինքնուրոյնութիւնը եւ նմանիլ պարսկական սորվորական նահանգի: 449 թուին Պարսից արքունիքի յատուկ հրովարտակով հայերէն կը պահանջեն հրաժարիլ քրիստոնէութենէն եւ ընդունիլ պարսկիկներուն կրօնը՝ զրադաշտականութիւնը (կրակապաշտութիւնը): Պարսիկ Հազկերտ թագաւորին այդ հրովարտակին պատասխանելու համար, Արտաշատի մէջ յատուկ ժողովի կը հրաւիրուին կաթողիկոս Յովսէփ Վայոցձորեցին, մարզպան Վասակ Սիւնին, սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան եւ այլ նախարարներ ու հոգեւորականներ: Այս ժողովը վճրականապէս կը մերժէ դաւանափոխութեան պահանջը: Հազկերտը զայրացած Տիզբոն կը կանչէ անուանի նախարարներուն եւ կը պահանջեն կամ դաւանափոխ ըլլալ եւ կամ մահապատիժի ենթարկուիլ: Հայոց մեծերը կ’որոշեն առերես ընդունիլ կրակապաշտութիւնը սակայն ծածուկ հաւատարիմ մնալ քրիստոնէութեան, որովհետեւ միայն այս ձեւով անոնք կրնային փրկուիլ մահէն եւ վերադառնալ հայրենիք: Այդ որոշման դէմ էր Վարդան Մամիկոնեանը, սակայն մեծ ջանքեր թափելէ յետոյ նախարարները որոշեցին համոզել անոր: Հազկերտը կը հրամայէ մէկ տարուան ընթացքին տարածել նոր կրօնը եւ զօրքի ու մոգերու ընկերակցութեամբ նախարարներուն կը ղրկէ Հայաստան: Լիովին չվստահելով նախարարներուն Հազկերտը պատանդ կը պահէ Վասակ Սիւնիի որդիներուն եւ Գուգարքի բդեշխ Աշուշային:

450թ.-ի աշնան հայ նախարարները պարսկական մոգերու ուղեկցութեամբ կը հասնին Բագրեւանդ գաւառի Անգղ աւանը ու կը փորձեն մեհեանի վերածել տեղի եկեղեցին, բայց ռամիկները Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ կը յարձակին մոգերուն վրայ եւ կը հալածեն անոնց: Զարեհաւան գիւղաքաղաքին մէջ զայրացած բազմութիւնը կը կործանէ նորակառոյց մեհեանը եւ կը սպաննէ մոգերուն: Ժողովուրդի այս ցասումը կը ոգեւորէ նախարարներուն, որոնք կը վերադառնան հայրենի հաւատին եւ կը միանան ապստամբներուն:

Այդ դէպքը շատ զայրացուց պարսիկ թագաւորը եւ մղեց, որ պատերազմ յայտարարէ հայերուն դէմ:

Հայոց ղեկավարները հայկական ուժերը բաժնեցին երեք մասի: Մէկ մասին Ներշապհուպ Արծրունիի գլխաւորութեամբ ուղարկեցին սահմանային Հեր եւ Զարեւանդ գաւառները պարսիկներու անակնկալ յարձակման պարագային անոնց դիմակայելու համար: Երկրորդ մասը՝ Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ շտապեց Աղուանքի օգնութեան ( Աղուանքի հազարապետն ու եպիսկոպոսը եկած էին օգնելու հայերուն), իսկ երրորդ մասը՝ մարզպան Վասակի գլխաւորութեամբ մնաց երկրին մէջ: Վարդանի զօրագունդը թշնամիին հանդիպեցաւ Խաղխաղ (Ղազախ) քաղաքին մօտ: Պարսիկները պարտութիւն կրեցին եւ շուտով քշուեցան Աղուանքի բերդերէն: Վարդանը հասաւ մինչեւ Ճորա Պահակի ( Դերբենդ) ամրութիւնները եւ դաշինք կնքեց հոներու հետ, որպէսզի անոնք օգնեն հայերուն պարսիկներուն դէմ պայքարին:

450-451թ.- ձմեռն էր: Սպառեր էին պարէնի պաշարները: Սպարապետը կը ցրէ ջոկատները գարնան նորէն հաւաքուելու պայմանով:

Պարսկական բանակը Հայաստան կ’արշաւէ 451-ի գարնան: Հայոց զօրքերը կը հաւաքուին Աւարայրի դաշտը եւ եւ կը շարժուին դէպի հարաւ-արեւելք: Հայերուն նպատակն էր ճակատամարտ տալ եւ սահմանին եւ թոյլ չտալ թշնամիին, որ մտնէ եւ ասպատակէ երկիրը, սակայն այս մտայղացումը կարելի չըլլար իրականացնել, որովհետեւ պարսիկները Մուշկան Նիսալաւուրտի հրամանատարութեամբ արդէն մտած էին Հայաստան:

Թշնամիին բանակը ուժեղացած էր ընտիր հեծելազօրով: Անոնք հասան Վասպուրականի Արտազ գաւառը եւ բանակ դրին Տղմուտ գետի աջ ափին Աւարայրի դաշտին մէջ: Այստեղ հասաւ նաեւ հայոց բանակը եւ ամրացաւ գետի միւս ափին: Ճակատամարտի նախօրեակին Վարդանը իր 66 հազարանոց բանակը բաժնեց երեք մասի եւ առանձնացուց պահեստազօրը:

Թուապէս հայերուն երեք անգամ գերազանցող թշնամին իր գլխաւոր ուժերը կեդրոնացուցած էր աջ թեւին: Ճակատամարտէն առաջ Վարդան Մամիկոնեանը, Յովսէփ Կաթողիկոսը եւ Ղեւոն Երէցը թշնամիին դէմ քաջաբար մարտնչելու կոչ ըրին: 451-ի Մայիսի վաղ առաւօտեան հայոց հեծելազօրը անցաւ Տղմուտ գետը եւ մխրճուեցաւ թշնամիի մարտակարգին մէջ: Պարսկական որոշ գունդեր նահանջեցին: Վարդանը շրջանցեց թշնամին եւ հարուածեց պահեստազօրքին: Թշնամիի շարքերուն մէջ խուճապ սկսաւ, սակայն պարսիկները շուտով վերադասաւորեցին իրենց ուժերը եւ շրջապատեցին սպարապետի փոքրաթիւ զօրամասը: Անհաւասար կռուին ինկաւ Վարդան Մամիկոնեանը եւ անոր հետ բազմաթիւ նշանաւոր նախարարներ: Ճակատամարտին հայերը տուին 1000-էն աւելի զոհ, իսկ թշնամիին զոհերը երեք անգամ շատ էին:

Ճակատամարտէն յետոյ հայերը ամրացան անառիկ վայրերու մէջ եւ սկսան արիւնաքամ ընել թշնամիին: Պարսկաստանի որոշ շրջաններ ենթարկուեցան հոներու յարձակման: Պարսիկ արքունիքը սկսաւ հայերուն սիրաշահելու քաղաքականութիւն վարել: Անոնք հրաժարեցան կրօնափոխութեան պարտադրանքէն: Հայոց այրուձին վերադարձաւ հայրենիք:

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …