Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ղեկավարութիւն կը նշանակէ անհատի ազդեցութիւնը ուրիշ անհատի մը վրայ, որպէսզի վերջինս իր մասնակցութիւնը բերէ այն կազմակերպութեան աշխատանքներուն յաջողութեան, որուն ինք մաս կը կազմէ:

Ղեկավարութիւն բառը տարբեր լեզուներու մէջ տարբեր իմաստներ կը ստանայ: Օրինակ զինուորական ղեկավար, քաղաքական ղեկավար կամ ընդհանրապէս այլ խմբակներ առաջնորդողի իմաստ:

Ղեկավարները իրաւունք չունին ծախելու կամ գնելու ղեկավարութիւնը, ընդհակառակը՝ պէտք է առաջնորդը իր դիրքերը հաստատէ իրեն պատկանող խմբակի անդամներուն մտքին ու սրտին մէջ:

ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ՏԵՍԱԿՆԵՐԸ

Ղեկավարութիւնը կրնայ ըլլալ պաշտօնական կամ անպաշտօն, անուանական կամ գործնական:

Ղեկավարութեան տեսակներն են.-

1-Իշխանութեան մէջ եղող ղեկավարութիւն, ինչպէս՝ նախագահը:

2-Փորձառութիւն ունեցող, որոշ դիրքի մը վրայ գտնուող ղեկավար:

3-Բանակի մէջ ծառայող ղեկավար:

4-Ազնուական խաւի ղեկավար:

 

Տարբեր մշակոյթներ, մանաւանդ անոնք որոնք կը յարգեն տարիքի եւ իմաստութեան գործօնները, ղեկավարութիւնը անհատականութեան չափանիշ կը համարեն:

Ընկերութեան զարգացման հանգրուաններուն, դասակարգերը որպէս ղեկավարութեան աստիաճանաւորում ընդունուած են,  ինչպէս՝ տեղակալ, հազարապետ, գնդապետ, զօրավար, եւայլն:

Ընդունուած համոզմունք է, որ զօրաւոր անհատականութեան ու հեղինակութեան տէր ղեկավարները կրնան հրաշքներ գործել:

Ղեկավարի մը ազդեցութեան մակարդակը որոշելու ամենապարզ ձեւը հետեւորդներու քանակի արժեւորումն է:

ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1-Կարողութիւն ունենայ առաջնորդելու իր հետեւորդներ:

2-Ըլլայ տաղանդաւոր մարդ:

3-Ըլլայ նախաձեռնող մարդ:

4-Ուրիշներուն վրայ ազդելու, անոնց ներշնչելու եւ պարտականութիւն յանձնելու կարողութիւններ ունենայ:

5-Յատուկ ըմբռնում ունենայ իր նպատակներուն ու գործելաձեւին նկատմամբ:

6-Հետեւողական աշխատանք ունենայ:

7-Լաւատես ըլլալ:

8-Հաւատք ընծայէ մարդոց կարողութիւններուն վրայ:

9-Ինքնաճանաչ ըլլայ:

10-Ինգնագիտակից ըլլայ:

11-Ուրիշին լսելու կարողութիւնը ունենայ:

12-Մտապատկերացում ունենայ:

13-Ինքազոհողութեան եռանդ ունենայ:

14-Յատկանշուի վստահութեամբ, վճռակամութեամբ եւ յարատեւութեամբ:

15-Արտաքնապէս ներկայանալի ըլլայ:

16-Հաղորդակցութեան կարողութիւն ունենալ նաեւ զգացական եւ հոգեկան մակարդակով:

17-Հետեւորդներու ծառայողական աշխատանքի մղելու կարողութիւն ունենայ:

 

ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ ՄՏԱՊԱՏԿԵՐՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ

 

Ղեկավարին մտապատկերումը պէտք է ըլլայ.-

1-Պարզ

2-Հեռանկարային

3-Ներկան ու ապագան ամրջող

 

ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Ղեկավարութիւնն ու կարողութիւնը բառերը հոմանիշներ չեն իրարու:

Ղեկավարութիւնը համաձայն կարողութեան կրնանք բաժնել.

1-Կեդրոնացեալ

2-Ապակեդրոն

3-Ուրիշէ կախեալ

4-Անկախ

 

ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ  ՏՆՕՐԷՆԻՆ  ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐԻՆ ՄԻՋԵՒ

1-Տնօրէնը կը մատակարարէ, իսկ ղեկավարէ կը նորարէ:

2-Տնօրէնը հարց կու տայ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ, իսկ ղեկավարը՝ ի՞նչ եւ ինչո՞ւ:

3-Տնօրէնը կը պահպանէ իսկ ղեկավարը կը զարգացնէ:

4-Տնօրէնը կը հսկէ, ղեկավարը վստահութիւն կը ներշնչէ:

 

ԽՄԲԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կարգ մը կազմակերպութիւններ անհատ ղեկավարութեան փոխարէն կը նախընտրեն խմբական ղեկավարութեամբ ընթանալը: Այսինքն՝ մէկէ աւելի անհատներ ուղղութիւն տալու կարողութիւն կ՛ունենան:

Կազմակերպութիւնները այս ձեւին կը դիմեն մէկ կողմէն ստեղծագործական կարողութիւնները զարգացնելու, միւս կողմէն ծախսերը նուազեցնելու, որովհետեւ անհատական ղեկավարութիւնը ծախսալից կը համարեն:

ՂԵԿԱՎԱՐԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ

Ղեկավարը կը յաջողի իր գործին մէջ երբ ինքզինքն ու իր ղեկավարած կազմակերպութիւնը կը միաձուլէ:

About talar

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …

Leave a Reply