ՏԻԳՐԱՆ Բ. ՄԵԾ

 

ՏԻԳՐԱՆ Բ. ՄԵԾ

Տիգրան Բ.-ը Արտաշէս Ա.-ի սերունդէն Տիգրան Ա.-ի որդին էր: Ան մօտաւորապէս 30 տարի պարթեւներուն մօտ պատանդ պահուած էր: Պարթեւական ուժը, որ լուրջ ազդակ չէր ներկայացներ, Միհրդատ Բ.-ի օրով կը սկսի մտահոգիչ ուժ դառնալ:

Հայերը մեծ ատելութեամբ կը լեցուին Միհրդատ Բ.-ի դէմ մանաւանդ երբ պարթեւական հեծելազօրքը մուտք կը գործէ Հայաստան: Տիգրան ինք եւս մեծ ատենլութեամբ լեցուած էր Միհրդատ դէմ, բայց 30 տարի մնալով պարթեւական արքունի մէջ լաւապէս ուսումնասիրած էր պարթեւական քաղաքական ու վարչական կառուցուածքը, բանակն ու իշխանները:

Տիգրանի հիացմունքի առարկան դարձած էր յատկապէս Միհրդատ Բ.-ի զինուորական ուժը:

Հայաստանի համար հասած էր այն ժամանակը, ուր հայկական գահը կարիքը ունէր աշխարհակալ թագաւորի մը, որ իր նուաճումներով պիտի ընդարձակէր երկրի սահմանները եւ պիտի իրականցնէր իր անցեալի երազը:

95 թուին հայկական գահին կը բաձրանայ Տիգրան Բ.:

ՏԻԳՐԱՆ Բ.-Ի ՆԵՐՔԻՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Տիգրան յեղաշրջելով երկրի բանակի ներքին դրութիւնը, անոր ողնայարը կը նշանակէ հեծելազօրքը: Ան կառավարութեան բնորոշ ձեւ մը կ’որդեգրէ՝ երկրին կողմերը կը նշանակէ կողմնակալներ կամ բդեշխներ, որոնց առաջնակարգ պարտականութիւնն էր հսկել պետութեան սահմանները:

Մշակութային գետնի վրայ Տիգրան Բ.-ի սիրահար մըն էր հելլենիզմի եւ այս պատճառով արքունիքը ամբողջութեամբ լեցուն էր յոյն արուեստագէտներով եւ գիտնականներով:

Ան քաղաքին մէջ կը կառուցէ թատրոն մը եւ հեռակայ երկիրներէն յոյն դերասաններ բերել կու տայ: Այս շրջանին յունական չաստուածները կը սկսին մուտք գործել հայկական պանթէոնէն ներս: Սակայն այս բոլորով հանդերձ Տիգրան չէր մոռցած  ազգային սկզբունքը, որ առանց հայեցի դաստիարակութեան կարելի չէ հայկական հզօր պետութիւն մը երեւակայել:

Տիգրան Բ. իր կայսրութեան սահմանները ընդարձակելու գծով անհրաժեշտ կը գտնէր Ծոփքի միացումը, որուն կը տիրանայ 94 թուին:

Ծոփքի միացումը Մեծ Հայքի համար մեծ նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ միջազգային տարանցիկ առեւտուրի հիմնական մայրուղին էր եւ ռազմավարական կարեւոր դիրք ունէր յատկապէս հիւսիսային Ասորիքի եւ Կապատովկիոյ մէջ:

Տիգրան Բ.-ի յաջորդ քայլը եղաւ իր հայեացքը ուղղել դէպի Պարսկաստան, ուր այլեւս չկար Միհրդատ Բ.-ը: Ան կը վերադարձնէ 70 հովիտները, կը գրաւէ անոնց մայրաքաղաքը եւ , ինչպէս նաեւ պարթեւներու թագաւորէն՝ արքայից արքայ տիտղոսը:

ՏԻԳՐԱՆԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐԸ

Ինչպէս յիշեցինք Տիգրան Մեծը պարթեւներէն կը վերադարձնէ «70 Հովիտները»:

88-85 թուականներուն Տիգրան Մեծը կը կատարէ շարք մը նուաճումներ: Տիգրանի նպատակն էր իր նուաճումներով տիրանալ Ասորիքին եւ Փիւնիկիէին, որոնց ճամբով կարելի էր հասնիլ մինչեւ Միջերկրականի ափերը:

Ան առաջին հերթին  կը գրաւէ Աթաբէնը, ապա հիւսիսային միջագետքէն Կորդուած աշխարհը, կը գրաւէ նաեւ Կոմմագէնը, դաշտային Կիլիկիան եւ կ’անցնի Ասորիք գրաւելով անոր հիւսիսային բաժինը  եւ իր զէնքերը կ’ուղղէ դէպի Անտիոք: Ան գրաւելով Անտիոքը այդ կը դարձնէ իր պետութեան հիմնական կեդրոններէն մէկը:

Տիգրան կը յաջողի մեծ զօրքով պաշարել Փիւնիկէի հարաւը:

Զօրքը սարսափ կը պատճառէ Փիւնիկէի սահմանակից Պաղեստինին (Հրէաստանին), որուն թագուհին  վախնալով հայկական զօրքի ներխուժումէն մեծաքանակ նուէրներ կը ղրկէ Տիգրանին եւ կ’ընդունի անոր գերիշխանութիւնը ամբողջ 25 տարի:

Տիգրան 71 թ.-ին արդէն ընդարձակած էր պետութեան սահմանները, որ կը տարածուէր Կասպից Ծովէն մինչեւ Միջերկրականի ափերը, Կովկասեան լեռներէն մինչեւ Եգիպտոս:

Հայկական կայսրութիւնը կառավարելու համար Տիգրան Մեծը շարք մը ձեռնարկումներ կը կատարէ, որոնցմէ ամենակարեւորն էր մայրաքաղաքի կառուցումը: Արտաշատը եւ Անտիոքը  իբրեւ մայրաքաղաքներ կը գտնուէին հիւսիսային եւ հարաւային սահմաններու վրայ, հետեւաբար չէին կրնար մայրաքաղաքի լրիւ դերը կատարել, այս պատճառով ան կը հիմնէ Տիգրանակերտը: Հետագային ան շարք մը այլ քաղաքներ եւս կը կառուցէ եւ անոնք կը կոչէ Տիգրանաւան կամ Տիգրանակերտ, օրինակ՝ Հալէպէն Եփրատ գացող ճամբուն վրայ կը կառուցէ Տիգրանակերտ մը, Ուտիքի մէջ կը կառուցէ Տիգրանաւանը, Ուրմիոյ լիճի շրջակայքը կը կառուցէ՝ Տիգրանակերտը:

Տիգրանակերտ մայրաքաղաքի կառուցումը կը կատարուի ռազմագիտական որոշ սկզբունքներու հիման վրայ, անոր շուրջ կը կառուցուին ամրակուռ ու բարձր պարիսպներ՝ 50 մ. բարձրութեամբ: Պարիսպներուն միջեւ կը կառուցէ միջնաբերդը, իսկ միջնաբերդէն դուրս կը կառուցէ իր թագաւորական պալատը:

Տիգրանի բարեկարգումներուն մէջ կարեւոր տեղ կ’ունենայ նաեւ զինուորական գործը: Տիգրան Բ.-ի օրով բանակը ունէր՝ առաջապահ, վերջապահ, երբեմն նաեւ աջ եւ ձախ թեւեր, պահեստային զօրքեր:

Տիգրանի ժամանակ բանակի թիւը հասած է մօտաւորապէս 300.000-ի:

Տիգրանը իր նուաճած երկիրներէն կը վերցնէ մեծ թիւով հարստութիւններ նաեւ բազմահազար գերիներ ու ստրուկներ, որոնք հետագային պիտի նպաստեն Հայաստանի տնտեսական կեանքի ընդհանուր վերելքին:

Այսպիսով Տիգրան կը ստեղծէ հայկական այն տէրութիւնը, որ կը դառնայ առաջաւոր Ասիոյ ամենահզօր պետութիւններէն  մէկը:

ՀԱՅ-ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ 69-66 Թ.

Այն ժամանակ երբ Տիգրան Բ. Արեւելքի մէջ եւ Միջերկրականի ափերուն սկսած էր իր նուաճումներուն, իր աները՝ Միհրդատ Պոնտացին նոյնպէս հասած էր մեծ յաջողութիւններու, գրաւած էր ամբողջ Փոքր Ասիան, մտած էր Պալքանները եւ հասած մինչեւ Յունաստան, այսպիսով անհանգստացնելով Հռոմը:

Հռոմ կը որոշէ պատերազմիլ Միհրդատի դէմ եւ 73 թ. արեւելք կը ղրկէ Լուկլլոս անունով զօրավար մը: Այս պատերազմին Միհրդատ կը յաղթէ յառաջանալով Մարմարա ծովու ափէն մինչեւ Տարտանէլի նեղուցները:

Հռոմէական բանակի կրած ծանր պարտութենէն տարի մը ետք, Հռոմը նորէն պատերազմ կը յայտարարէ եւ այս անգամ պարտութեան կը մատնէ Միհրդատին: Միհրդատ պատերազմը շարունակելու համար օգնութիւն կը խնդրէ Տիգրանէն:

Տիգրան երկու անգամ կը մերժէ Միհրդատի օգնութեան խնդրանքը:

Միհրդատ կը պարտուի եւ կը փախի Հայաստան:

Լուկլլոս իր դեսպանը կը ղրկէ Հայաստան Տիգրանի մօտ, որպէսզի Միհրդատը յանձնէ իրեն:

Տիգրան կը մերժէ յանձնել Միհրդատը եւ այս մերժումը որպէս յարմար առիթ կը ներկայանայ Հռոմին պատերազմելու համար հայերուն դէմ:

Լուկլլոս առանց պատերազմ յայտարարելու կը ներխուժէ Հայաստան եւ առանց դժուարութիւններու կը գրաւէ Ծոփքը եւ կամաց-կամաց կը փորձէ մօտենալ Տիգրանակերտի: Այդ ժամանակ Տիգրանը իր բանակով կը գտնուէր Պաղեստին եւ այս պատճառով կը յաջողի խանգարել Լուկլլոսի յառաջխաղացը:

Լուկլլոս շատ արագ կ’ուզէր տիրանալ Տիգրանակերտին, որ խիստ հսկողութեան տակ էր եւ շրջապատուած հեծեալ զօրքերով, այսուհանդերձ հռոմէացիները կը յաջողին պաշարել Տիգրանակերտը՝ շնորհիւ պարիսպ քանդող մեքենաները:

Տիգրանակերտ քաղաքը յամառ դիմադրութիւն ցոյց կու տայ, նոյն ժամանակաշրջանին Տիգրանի հեծելազօրէն մէկը կը փորձէ պաշարուած գօտիէն ներս մտնել եւ մայրաքաղաքէն դուրս բերել Տիգրանի կանանոցը եւ պետական ամբողջ գանձը:

Երբ լուրը կը հասնի Տիգրանին անմիջապէս կ’ընդհատէ իր նուաճողական արշաւանքները եւ կը հասնի Տիգրանակերտ, որ արդէն պաշարուած կը գտնէ:

Ան իր մօտ կը կանչէ Միհրդատը:

Միհրդատ խորհուրդ կու տայ Տիգրանին, որ խուսափի հռոմեացիներուն դէմ պատերազմելէն, որովհետեւ Միհրդատ լաւ գիտէր, որ հայերը եթէ այս վիճակով պատերազմին անպայման պարտութիւն պիտի կրեն:

Հետեւաբար Տիգրան կ’որոշէ պատերազմի նախապատրաստական աշխատանքներուն սկսիլ: Հայերը կ’ուզէին լաւապէս պատրաստուած զօրաբանակով պատերազմիլ Լուկլլոսի դէմ:

69 թ.-ին Լուկլլոս կը շարժի հայկական բանակէն առաջ եւ կը գրաւէ անոր թիկունքը օգտագործելով այդ տեղի բոլոր բլուրները: Թէեւ Տիգրան Մեծի բանակը մեծ էր, բայց ռազմական առումով տակաւին կազմակերպուած չէր: Տիգրանակերտի ճակատամարտի անյաջողութենէն ետք  Տիգրան կը քաշուի դէպի Հիւսիս: Միհրդատ, որ Պոնտոս կը գտնուէր լսելով Տիգրանի պարտութեան մասին անմիջապէս կը վերադառնայ Հայաստան եւ երկուքով ծրագիրներ կը մշակեն ապագայի համար:

Լուկլլոս ինք եւս թոյլ կու տայ ճակատագրական սխալի մը երբ փոխանակը Տիգրանը հետապնդելու կը շարունակէ Տիգրանակերտի պաշարումը:

69-ի վերջաւորութեան քաղաքի օտար բնակիչները ապստամբութիւն կը բարձրացնեն, կը բանան քաղաքի դարպասները եւ Լուկլլոսի բանակը մտնելով Տիգրանակերտ կ’աւերէ ու կը թալանէ քաղաքը եւ որովհետեւ եղանակը Աշուն էր եւ սկսած էր հետզհետէ ցրտանալ Լուկլլոս կ’որոշէ ձմեռել Մծբինի մէջ:

Մինչ Տիգրան կարճ ժամանակի մէջ կը կազմէ նոր բանակ, որ բաւական զինուած էր, 68թ.-ի գարնան Լուկլլոս կը սկսի իր արշաւանքը դէպի Աշտիշատ: Լուկլլոս յոյս ունէր, որ վճռական ճակատամարտով պիտի ջախջախէր Տիգրանի բանակը եւ այլեւս պատերազմներու վերջ պիտի տայ: Տիգրան պարթեւներու թագաւորին նամակ մը կը գրէ, որպէսզի միասին դաշինք կնքելով պատերազմին հռոմէացիներուն դէմ, սակայն անպատասխան կը մնայ:

Տիգրանի բանակը բաժնուած էր երկու մասի, Տիգրան իր հրամանատարութեան տակ կ’առնէ հեծելազօրքը իսկ Միհրդատ՝ հետեւակը եւ հեծելազօրքէն շատ փոքր բաժին մը:

Գարնան Լուկլլոս կը սկսի արշաւել երկրի խորերը երբ կ’անցնի հայկական Տաւրոս եւ կը մտնէ Տարօնի դաշտը:

Հայկական բանակը խոյս տալով վճռական ճակատամարտէ անընդհատ կը նահանջէ դէպի երկրին խորերը, իսկ գիշերները անսպասելիօրէն կը յարձակի Լուկլլոսի բանակի վրայ եւ ծանր կորուստներ կը պատճառէ, այսպիսով Լուկլլոս չյաջողիր ջախջախել Տիգրանի բանակը, ընդհակառակը ինք ծանր կորուստներ կ’ունենայ:

Սեպտեմբերին Արածանիի մօտ տեղի կ’ունենայ ճակատամարտ մը Տիգրանի եւ Լուկլլոսի միջեւ, որուն ընթացքին ամբողջապէս կը բնաջնջուի հռոմէական բանակը եւ շատ քիչերու միայն կը վիճակուի փրկուիլ:

Այսպիսով Հռոմ ստիպուած կ’ըլլայ նոր բանակ եւ նոր զօրավար ղրկելու Արեւելք: Ան կը ղրկէ նշանաւոր զօրավար Գնէոս Պոմպէոս:

Գնէոս կը գրաւէ Պոնտոսը 67-ին: Պոնտոսի թագաւոր Միհրդատը օգնութիւն կը խնդրէ Տիգրանէն եւ այս անգամ եւս կը մերժուի: Միհրդատ Տիգրանէն մերժուելէ ետք փախուստ կու տայ:

Հռոմէական զօրքերը Պոմպէոսի գլխաւորութեամբ կը շարժին դէպի Մեծ Հայք: Տիգրան կրտսեր, որ պարտութիւն կրած էր Արտաշատի մատոյցներէն կը փորձէ ապաստան գտնել Միհրդատի մօտ, բայց լսելով անոր պարտութեան մասին անմիջապէս կը ներկայանայ Հռոմի զօրավարին եւ վերջինս զինք կը ճանչնայ իբրեւ Հայաստանի թագաւոր:

Մեծն Տիգրանի եւ պոմպէոսի հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Արտաշատի մէջ, ուր երկուքին միջեւ համաձայնութիւն մը կը կնքուի:

Տիգրան Մեծ իր կեանքի վերջին տարիներուն առաւելաբար կը զբաղի խաղաղ շինարարական աշխատանքներով, ան կը սկսի քաղաքներ կառուցել եւ նախքին կառուցած ամրոցները ամրացնել:

Տիգրան Մեծի կեանքին վերջին տարիներուն անոր Աթոռակից կը դառնայ Արտաւազ Բ.-ը (զաւակը), որուն վստահուած էր արտաքին քաղաքականութիւնն ու երկրի պաշտպանութիւնը:

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …