Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԸՆԿԵՐԸ

ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԸՆԿԵՐԸ

ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԸՆԿԵՐԸ

Ուսանողական էջը, յետայսու, իր յօդուածներուն կողքին պիտի աւելցնէ «Լաւգոյն Ընկերը» սիւնակով: Սիւնակին մէջ ուսանողներ պիտի ներկայացնեն զանազան գիրքեր, զանոնք ընթերցասէր հանրութեան ներկայացնելու նպատակաւ: Յոյսով ենք, որ մեր շարքը պատճառ կը դառնայ գրադարաններու մէջ կուտակուած գիրքերուն վրայի փոշիէն մաս մը մաքրելու:

«Ուսանողական Էջ»ի խմբագրութիւն

«Ութը Հազար Խաղաղութեան Դաշինքներ»

Եւ

Կորսուած Խաղաղութիւնը

 

«Ութ Հազար Խաղաղութեան Դաշինքներ» (Huit Mille Traitռs De Paix) վերնագիրը կը կրէ Ֆրանսացի պատերազմագէտ «Կասթոն Պութուլ»ի (Gaston Bouthoul)  գիրքը: Ան լոյս տեսած է Փարիզ՝ 1948-ին:

Կասթոն Պութուլ (1896- 1980) ընկերաբան, Փարիզի իրաւաբանական դպրոցի եւ «Ընկերային Գիտութիւններու Բարձրագոյն Ուսման Կեդրոն»ի ուսուցիչ, իր աբողջ կեանքը նուիրած է պատերազմի եւ խաղաղութեան վերաբերող ուսումնասիրութիւններուն: Ան առաջին գործածողն էր «Polemologie» (բառացի թարգմանութեանմբ՝ «Պատերազմաբանութիւն») արտայայտութեան: «Փոլեմոլոճի»ին կ՛ուսումնասիրէ պատերազմը իբր ընկերային երեւոյթ՝ իր պատճառներով, արդիւնքներով, ձեւերով եւ կատարած դերակատարութեամբ, ի տարբերութիւն ռազմագիտութենէն, որ պատերազմը կ՛ուսումնասիրէ զուտ ռազմական տեսանկիւնէ:

1948-ին գրուած այս գիրքը իր մէջ ունի Համաշխարհային Բ պատերազի ազդեցութիւնները:

Վերնագիրը հեղինակը քաղած է հետաքրքրական ուսումնասիրութենէ մը, որուն մասին կ՛ըսէ հետեւեալը՝ « Համբերատար պատմաբան մը հաշուած է 1500 Ք.Ա.- 1896 Յ.Ք., այսինքն մօտ 3000 տարուայ մէջ ստորագրուած խաղաղութեան դաշինքները եւ գտած է աւելի քան 8000 դաշինք, որոնք ստորագրուած են հաստատելու համար հաւիտենական խաղաղութիւն»: Այս նախադասութեան հեգնանքը բացատրութեան պէտք չունի: Ութը հազար խաղաղութեան դաշինք չեն կրցած մարդկութիւնթը պաշտպանել պատերազմէն: Հակառակ այս վերնագրին, գիրքը յիշեալ դաշինքներու վավերագրական ուսումնասիրութիւնը չէ: Հեղինակը աւելի տեղ տուած է «Խաղաղութեան Տեսութեան»: Հատորը բաժնուած է 16 գլուխներու: Առաջին գլուխը կը կոչուի «Ութը Հազար Խաղաղութեան Դաշինքներ». երկրորդ գլուխէն մինջեւ տասներրորդ գլուխ, հեղինակը կը խօսի խաղաղութեան զանազան տեսութիւններուն մասին: Տասնչորրորդ գլուխը յատկացուած է պատերազմին ընկերութեան մէջ կատարած դերակատարութեան, տասնհնգերորդը՝ պատերազմ պատճառող մարդկային թիւի աճին, իսկ տասնվեցերորդ եւ վերջին գլուխին մէջ հեղինակը կ՛ուսումնասիրէ Համաշախարհային Բ պատերազմին յաջորդող եւրոպական ընկերութիւնը եւ անոր անյոյս մօտեցումը:

Խաղաղութիւնը, ըստ Կասթոն Պութուլին, դէպի պատերազմ ուղղող ճամբան է: Աւելին, ան կը նկատէ, թէ բոլոր պատերազմները կը կատարուին խաղաղութեան անուան տակ, իսկ խաղաղութեան դաշինքներուն ճակատագիրը ոտնակոխումն ու նոր պատերազմն է: Այս իրականութեան կը վկայեն 3000 տարուայ ընթացքին ստորագրուած 8000 դաշինքները եւ անոնց յաջորդող անվերջ պատերազմները:

Այս հատորը կարդացողը չի կրնար չնկատել ներկայ քաղաքական իրավիճակի անհեթեթունը: Ի՞նչ կարելի է ակնկալել անհաւասարակշիռ կողմերու միջեւ հապճեպով կնքուած դաշինքէ մը: Եթէ պատերազմէն քարուքանդ ելած կողմերու ստորագրած դաշինքներուն ճակատագիրը ոտնակոխումն է, ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ առանց պատերազմի պառտութիւն յատարարած եւ ըստ այնմ դաշինք ստորագրած երկրի մը ճակատագիրը… Պարզ հարցումներ են, որ կ՛անցնին ժամանակաից իւրաքանչիւր հայու միտքէն: Հարցումներ, որոնց պատասխանները այնքան ալ քաջալերող չեն թուիր ըլլալ:

Հոս կ՛արժէ յիշել, թէ հեղինակը գիրքին էջերուն մէջ կ՛անդրադառնայ Հայկական Ցեղասպանութեան, իբր ցեղասպանութեան քաղաքականութեան ցայտուն օրինակ: Յօդուածը վերջացնենք այս գաղափարին առնջուող երկու մէջբերումներով:

«Վերջին օրինակը ասիական հին բռնակալութեան դասական մարմնացումն էր: Այսպէս, երբ Սուլթան ԱպտուլՀամիտը, որ ճանչցուած էր «Կարմիր Սուլթան» անունով, գահընկեց եղաւ, ամբողջ Եւրոպան ուրախութեան բացականչութիւններ արձակերց, կարծելով, թէ հայերու սպանդները վերջ գտած էին, բայց… Արդեոք պէ՞տք է յեշել պատմութեան շարունակութիւնը…»

«… Ինչ կը վերաբերի թուրքերուն, հայերը «Մաքրագործել»ով աւելի լաւ դիրքի մը մէջ չգտնուեցան, մանաւանդ սկսեալ այն վայրկեանէն, երբ փռկուած հայերը հաւաքուեցան եւ սկսան բարձրաձայն սպառնալ ու պահանջել իրենց վրէժը»:

 

 

Յուշիկ Ղազարեան

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …

Leave a Reply