Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ԱՆՅԱՅՏ ՀԵՐՈՍՆԵՐ

ԱՆՅԱՅՏ ՀԵՐՈՍՆԵՐ

ԱՆՅԱՅՏ ՀԵՐՈՍՆԵՐ

Անյայտ… ներկայ դարու բառարանէն կորսուելու վտանգի տակ գտնուող բառերէն մէկը, զոր փոխարինած են ցուցամոլութիւնը, եսասիրութիւնը, աթոռապաշտութիւնը, պաշտօնամոլութիւնը …

Հերոս .. վաղամեռիկ ածական մը, փոխարինուած ծակ փիլիսոփաներով:

Սիրելի՝ ընթերցող, եթէ շինիչ գաղափարներ ունիս եւ փափաքդ է զայն գործնականացնել գաղութի մակարդակին, դուն կը գտնուիս սխալ մոլորակի վրայ, սխալ հաւաքականութեան անդամ ես, որովհետեւ երկիր մոլորակը իր մեծամասնութեամբ ունի ծակ փիլիսոփաներ:

 

Ժամանակի ընթացքին մեր համոզումները փոփոխութեան ենթարկուած ըլլալուն պատճառով, մեր մօտեցումն ալ փոփոխութեան ենթարկուած է որոշ հարցերու շուրջ: Եթէ անցեալին ունէինք ոգեւորուած հայրենասէր երիտասարդներ, որոնք առանց մտածելու մահուան ճամբան կը բռնէին, ներկայի երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը միայն խօսքով է որ կը բռնէ նուիրումի ճամբան: Արժէ պահ մը մենք մեզի մտածենք թէ ինչ է  այս տարբերութեան պատճառը եւ ներքուստ անդրադառնանք մեր սխալներուն:

Ներկայ ժամանակներու նշանաւոր հիւանդութիւնները դարձած են ցուցամոլութիւնը եւ աթոռապաշտութիւնը:

Անցեալին երբ նպատակը աշխատանքն էր, ներկայիս դարձած են պաշտօնը եւ աթոռը:

 

Ներկայիս ամենափոքր պաշտօն ստանձնած անձէն ամենամեծ պաշտօն ստանձնող անձի հիմնական մտազբաղութիւնն է, թէ ինչպէ՞ս չկորսնցնել իր աթոռը, ինչպէս գոհացնել իրեն այդ պաշտօնին արժանի տեսած մարմնի անդամները: Այս մոլութեան ոտնակոխ կ՛երթան անոնք, որոնք կամաւորապէս նուիրումով կ՛աշխատին նոյն խմբակին մէջ:

Շատերու մտայնութեամբ 21-րդ դարը կը պահանջէ ըլլալ ցուցամոլ եւ ոչ՝ անյայտ նուիրեալ:

Եթէ նոր սերունդը դաստիարակողներու մեծամասնութիւնը կը տառապի այս հիւանդութիւններէն, ինչպէ՞ս կը յուսանք որ ապագային պիտի ունենանք կայուն պահպանողական հայ գաղութ մը, մշակուած երիտասարդներով, որոնք վարժ ըլլան աշխատիլ անյայտ եւ գաղտնապահօրէն եւ որոնք ստանձնեն ազգին ղեկավարութիւնը իր բոլոր մարզերով:

 

Սիրելի ընթերցող, քանի ընտրեալ երիտասարդներ խրչած են ապարդիւնութենէ, նոյնիսկ հրաժարած են իրենց պաշտօնէն այս մոլի երեւոյթներու պատճառով, քանիներ եղած են անյայտ հերոսներ իրենց տարած գործերով, սակայն այդ բոլորը կամ սեպուած են ուրիշներու եւ կամ երբեք նկատի չէ առնուած իրենց տարած աշխատանքը…

Սակայն օրը պիտի գայ, որ այս ծակ փիլիսոփաները պիտի անդրադառնան իրենց անմտութեան եւ պիտի սրբագրեն իրենց կատարած սխալները:

Գաղութը երբեք կարիքը չունի ճարտասաններու, որոնք միայն բեմերու վրայէ խօսելու մասնագիտութիւն ունին, այլ՝ նուիրեալ անյայտ հերոսներու, որոնք թեւ ու թիկունքն են հայութեան:

Արդ՝ բոլորս մեր կեղծ դիմակները մէկդի դնելով լսենք մեր խղճին ձայնը, աշխատինք հաւաքականութեան համար եւ ոչ ի ցոյց մարդկանց:

Լուսին Քէլէշեան

 

 

 

 

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …

Leave a Reply