«ՏԱՏՐԱԳՈՄԻ ՀԱՐՍԸ»
ԵՒ
«ՏԱՏՐԱԳՈՄԻ ՀԱՐՍՆԵՐ»Ն
ԱՅՍՕՐ
Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի Հարսը» գործը կը ներկայացնէ Տարօն աշխարհի ֆետայիներէն Յովանի կնոջ՝ Սանանի բարոյական սայթաքումը, ֆետայիներու պատուախնդրութիւնը, ապա Սանանի դատաստանն ու մահավճիռը: Այս դրուագին կը հանդիպինք նաեւ Ռուբէն Տէր Մինասեանի «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները» շարքի 4-րդ հատորին մէջ (էջ 278):
«Ֆետայիներու կիներն ալ պիտի տանջուին ոչ միայն աղքատութենէն, այլ նաեւ ժուժկալութենէն. անոնք պարտական են կոյսի կեանք վարել:
Բայց Յովանի կինը կը թուլանայ. եւ հայու հետ անհնար ըլլալով կապ հաստատելը՝ կը բարեկամանայ քիւրտ երիտասարդի մը հետ, որուն կը սիրահարի: Երկուքը միասին կը փախչին Մուշ քաղաք, ազատելու համար ֆետայիներու վրէժխնդրութենէն»:
Այստեղ կը տեսնենք, թէ բարոյական սայթաքումը բոլոր ժամանակներուն ու բոլոր շրջապատներուն մէջ ալ կը պատահէր վաղուց: Ահաւասիկ ֆիտայական վերապահ ու փակ շրջապատի մէջ, Սանան, ֆետայիի մը կինը ըլլալով հանդերձ, իր ամուսնութիւնը սրբապղծող կապ կը հաստատէ քիւրտի մը հետ: Անվիճելի իրականութիւն է, թէ բարոյական սայթաքումը ամէն պարագայի աններելի ու խիստ դատապարտելի մեղք է, սակայն տուեալ պարագային այդ երիտասարդին թշնամի քիւրտ մը ըլլալը առաւել եւս կը բորբոքեցնէ հայ ֆետայիները:
«Այս դէպքը անսովոր եւ խիստ վարկաբեկիչ կը համարուէր ոչ միայն ֆետայիներու, այլ նաեւ հայ ժողովուրդին համար: «Ինչպէ՞ս ֆետայու կնիկ մը շուն քիւրտ փախցնէ»: Ասկէ մեծ սրբապղծութիւն չկար Տարօնի աշխարհին մէջ: Նամուսի հարց էր»:
Պարզ է արդէն: Սանանի գործած արարքը ոչ միայն կ՛ոտնահարէ իր ամուսնոյն պատիւը, այլ կը վարկաբեկէ բոլոր ֆետայիներուն եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի պատիւը: Ուրեմն՝ անհատի մը անբարոյական կեցուածքը կ՛աղաւաղէ ամբողջ հաւաքանութեան բարոյական նկարագիրը: Պարզ համեմատութիւն մը ընելով պիտի տեսնենք, թէ, ցաւօք, այսօր եւս մեր շրջապատի մէջ գտնուող «Տատրագոմի հարսներ»ը կը նպաստեն -մանաւանդ օտարներու զրոյցներու ընթացքին- «հայ» անուան կողքին հնչեցնելու ինչ-ինչ սահմռկեցուցիչ ու գարշելի ածականներ:
Սակայն այն մարդը, որ ինքզինքը կը նուաստացնէ մինչեւ անբարոյութեան աստիճանը, բնականաբար պիտի չմտածէ ո՛չ ընտանիքին, ո՛չ ալ աւելի մեծ հաւաքականութեան բարոյական դիմագիծը բարձր պահելու մասին, որովհետեւ մարդ նախ եւ առաջ բարոյական սկզբունքները կը պահէ իր սեփական պատուին համար, ու յետոյ՝ հաւաքականութեան: Հետեւաբար կու գանք այն եզրակացութեան, թէ բարոյական նկարագրի բարձր պահպանումը անմիջակնօրէն կ՛առնչուի անհատի բարոյական գիտակցութեան: Իսկ բարոյական գիտակցութիւնն ու սկզբունքները մարդ կը ստանայ դեռ վաղ տարիքէն՝ ընտանեկան դաստիարակութեամբ, յետոյ այդ սկզբունքները կը իւրացնէ միայն առողջ տրամաբանութեամբ, խորաթափանց մտածելակերպով եւ կայուն հոգեվիճակով: Անհրաժեշտ է այստեղ նշել, թէ երիտասարդին շրջապատն ու մանաւանդ ընկերները նաեւ մեծ դեր կը կատարեն իր բարոյական վարքին մէջ:
Վերադառնալով մեր դրուագին՝ անդրադառնանք նաեւ Սանանի դատաստան-մահավճիռին. «®Յովան կ՛առնէ կինը եւ իր երկու ընկերներուն հետ ճամբայ կ՛իյնայ իբրեւ թէ դէպի Տատրագոմ: Ճանապարհին, երբ մութը կ՛իյնայ, կը քաշէ խենչալը եւ կ՛ուզէ մխել կնոջ սիրտը: Կը վիրաւորէ, բայց ուժ չ՛ունենար մահացնելու, եւ ուշաթափ, կ՛իյնայ գետին: Ընկերները կը լրացնեն Յովանի գործը»:
Մեկնաբանելն արդէն աւելորդ է:
Կը մնայ պատասխանել այս ամենակարեւոր հարցին. ըսինք, թէ նման արարքներ միշտ ալ գործած են պիղծ մարդիկ եւ այսօր ալ կը գործեն: Այսօր ալ ամէն բան շատ նման կրնայ ըլլալ «Տատրագոմի Հարսը» դրուագին: Ամէն բան անփոփոխելի է կարծէք, բացի մէկ բանէ, որ խորքին մէջ միակ անփոփոխելին պէտք էր ըլլար. ԴԱՏԱՍՏԱՆն ու ՎՃԻՌը: Ակնյայտ է արդէն, որ մեր դիրքորոշումը բարոյականութենէ զուրկ մարդոց հանդէպ հետզհետէ կը թուլանայ: Այդ թուլութիւնն իսկ պատճառ կը դառնայ մեր օրերուն այս ախտի համեմատաբար լայնածաւալ տարածումին: Ահա այս է ամենակարեւոր հարցը. Արդեօք պէտք չէ ՞, որ այդպիսի մարդոց դատաստանն ու դատավճիռն ալ մնան նոյնքան անողոք, որքան Սանանինը: Արժէ մտածել:
*Չակերտեալ մէջբերումները քաղուած են Ռուբէնի «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները» շարքի 4-րդ հատորէն:
Նարինէ Գոնճայեան