Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / 1 ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

1 ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Քաղաքականութիւն  բառի հասկացութիւնը

Քաղաքականութիւն [Ք] բառը ծագած է յունարէն politica [քաղաք- պետութիւն] բառի ածանց՝ politicos բառէն, որ կը նշանակէ՝ գիտութիւն քաղաք-երկրի քաղաքացիներու, հաւաքական կեանքի կազմակերպման եւ ղեկավարման մասին:

Պղատոն Քաղաքականութիւնը համարած է մարդկանց համատեղ ապրելու արուեստ:

Ամերիկեան աղբիւրները՝ ձգտում եւ հաստատում իշխանութեան:

Մարքսը՝ դասակարգային տիրապետութեան հաստատում:

Սովետական հեղինակները՝ ընտրախաւի իշխանութիւն:

Իսկ Ֆրոյնդ Շմիտ զայն համարած է գիտութիւն, քոնՖլիքդային [տարաձայնութիւն] իրավիճակներու լուծման մասին:

Քաղաքագիտական դպրոցներու մեծամասնութիւնը Ք [politica] կը դիտէ որպէս քաղաքային՝ հասարակական կեանքի եւ իշխանութեան մասին ուսմունք, ուրիշներ կ՛առանձնացնեն Ք-ն [politicos] իշխանագիտութենէն՝ kratologia էն [kratos = ուժ, իշխանութիւն, logos = ուսմունք, գիտութիւն, տեսութիւն]: Ոմանք ալ Ք-ը կը համարեն միջազգային յարաբերութիւններու գիտութիւն:

Նշուածներէն ենթադրելի է, որ սահմանումը կախուած է հետազօտողներու քննարկուող հարցի մօտեցման տեսանկիւնէն: Հետեւաբար փորձել միանշանակ սահմանում տալ քաղաքագիտութեան, անիմաստ է, քանի որ ան բազմաշերտ հասարակական երեւոյթ է, սակայն ընդհանուր առմամբ անոր կարելի է տալ երկու գլխաւոր սահմանում՝

Ա-Քաղաքականութիւնը գիտութիւն է հասարակական խումբերու փոխյարաբերութիւններու կարգաւորման մասին, որ կ՛ընդգրկէ հասարակութեան մը տնտեսական, գաղափարախօսական, իրաւական, պաշտպանական, հոգեմշակութային եւ այլ ենթահամակարգերը:

Բ-Քաղաքականութիւնը գիտութիւն է իշխանութեան հասնելու մասին:

Վերոյիշեալ ենթահամակարգերէն կարեւորագոյնը կը հանդիսանայ տնտեսութիւնը, որ կրնայ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն ազդել երկրի որդեգրած քաղաքականութեան վրայ:

Քաղաքականութիւնը նաեւ արուեստ է քաղաքական լիտերի համար, եթէ ան կը տիրապետէ քաղաքական ճատրակախաղի կանոններուն, լուրջ քաղաքականութեան պարագային գիտէ օգտագործել քաղաքագիտութեան մեթոտներն ու ռազմավարութիւնը:

Քաղաքականութեան մէջ մեծ առաւելութիւն ունի ուժի առկայութիւնը, որ կ°ընդգրկէ տուեալ երկրի տնտեսութիւնը, տարածքը, բնակչութեան թիւը, ռազմավարական ծրագիրներն ու անոնց կատարման պատրաստուածութիւը:

Ամերիկացի քաղաքագէտ Յապլոնսկին վերոյիշեալը բանաձեւած է հետեւեալ կերպ՝ Pp= [C+E+M] * [S+W], որտեղ Pp [perceived power] հաշուարկուող հզորութիւնն է, C [critical mass, population + territory] որոշիչ զանգուած, բնակչութիւն + տարածքն է,  E [economic capacity] տնտեսական կարողութիւնն է,  M [military capability] ռազմական կարողութիւնն է, S [strategic purpose] հեռագնայ ռազմավարական նպատակն է, W [will to purscue national strategy] հեռագնայ ռազմավարական նպատակը հետապնդելու կամքն է:

Գերպետութիւններ ընթացիկ կերպով կը փորձեն պարզել այլ գերպետութիւններու Pp-ն, զոր նիւթական հսկայական կարողութիւններու կը կարօտի շատ յաճախ:

Քաղաքագիտութեան զարգացման պատմական ընթացքը

Ժամանակակից քաղաքագիտութիւնը ունի զարգացման պատմական արմատներ: Ան հիմնապէս սկսած է քաղաքային կեանքի զարգացման եւ հասարակական կեանքի կարգաւորման զուգահեռ:

Այս մասին առաջին տեղեկութիւնները քաղուած են Պղատոնի [մթա 427-347] «Պետութիւն»,«Քաղաքականագէտը» եւ «Օրէնքները» աշխատութիւններէն, որ կը բնորոշուի իտէալական պետութեան մը բնութագրումով եւ կրնայ ապահովել հասարակական կեանքի կայուն վիճակ մը, կրնայ իրականանալ քանի մը արիստոկրատ անձնաւորութիւններէ կազմուած ղեկավարութեամբ մը, բացարձակ դէմ ըլլալով օլիգարխիական, մենատիրական, նոյնիսկ դեմոկրատական ղեկավարման ձեւերուն:

Քաղաքագիտութեան զարգացման մեծ նպաստ մատուցած է յատկապէս Արիստոտէլը «Աթէնցիներու պետութիւն թագաւորութեան մասին» իր աշխատութիւնով: Ան կառավարման յարմարագոյն ձեւեր համարած է միապետութիւնը եւ արիստոկրատիան, բացարձակ դէմ գտնուելով օլիգարխիային, դեմոկրատիային եւ մենատիրութեան՝ բռնատիրութեան, պայմանաւ, որ կառավարումը կատարեն ոչ հարուստ, ոչ ալ աղքատ դասակարգի մարդիկ, այլապէս հարուստ դասակարգի ներկայացուցիչներով ղեկավարումը անպայմանօրէն կը հասցնէ օլիգարխիայի կամ բռնատիրութեան:

Քաղագիտութեան զարգացումին մեծ նպաստ բերած են նաեւ վերածնունդի լուսաւորիչները, յատակապէս Նիքոլօ Մաքիավելլին՝ պետական գործիչ, գրող եւ պատմաբան[1469-1527] իր «Միապետը» «Պատերազմի   արուեստը» եւ «խորհդածութիւններ» աշխատութիւններով:Ան՝

ա.-Առաջինն է, որ ցայտուն կերպով առանձնացուցած է քաղաքագիտութիւնը աստուածային միջամտութիւններէն:

բ.-Առանձնացնելով կառավարման վեց ձեւեր, առաջին երեքը՝ բռնապետութիւնը, օլիգարխիան եւ օխլոկրադիան, անուանած է կառավարման յիմար, այլանդակ ձեւեր, իսկ միապետութիւնը, արիստոկրատիան  եւ  դեմոկրատիան՝ լաւ ձեւեր. չնայած վերջիններս որոշակի պայմաններու տակ, ըստ իրեն, նոյնպէս կրնան վերածուիլ այլանդակութիւններու:

գ.- Մարդը դիտած է որպէս խելքով եւ կամքով օժտուած անձ, որ պատրաստ է պայքարելու իր կեանքին եւ գաղափարներուն համար:

դ.-Քաղաքականութիւնը անջատած է իրաւունքէն եւ բարոյականութենէն, նկատի ունենալով, որ իրաւունքի հիմքը ուժն է եւ ոչ թէ բարոյախօսութիւնները, իսկ ուժի միջոցները կը հանդիսանան դիւանագիտական ճարպիկութիւնները, խորամանկութիւնները եւ բրտութեան միջոցները:

 

Քաղաքագիտութեան յաջորդ մեծ հեղինակը համարուած է անգլիացի Թոմաս Հոպսը [ 1588-1679 ], որ պետութեան եւ իրաւունքի ծագումը կապած է մարդկային բնութեան հետ: Ան «ԼեւիաՖան» աշխատութեան մէջ հաստատած է, որ մարդը իր բնութեամբ ընչաքաղց է ու վախկոտ եւ պատրաստ է իր ընչաքաղցութիւնը բաւարարել ամէն գնով. ուստի մարդը մարդուն գայլ է, իսկ պետութիւնը միակ միջոցն է մարդը իր տեսակէն պաշտպանելու համար: Նոյն առումով՝ տիրակալը համարած է այն ուժեղագոյն անձը, որ կրցած է իրեն ենթարկել հասարակութիւնը իր բոլոր ենթակառոյցներով:

Հոպսի ամենայայտնի ընդդիմախօսը  համարուած է Ճոն Լոկը [1632-1704], ըստ որու կեանքը ոչ թէ ամէնքի պատերազմն է ամէնքին դէմ, այլ՝ կեանքը  խաղաղութիւն, բարի կամեցողութիւն, փոխադարձ օգնութիւն եւ հաւաքական պաշտպանուածութիւն է, քանի որ իւրաքանչիւր անհատ արարչային բնութեամբ տէր է ազատութեան եւ հասարակական իրաւունքներու, ուստի պետութեան դերը այդ ազատութիւնն ու իրաւունքները պաշտպանելու մէջ է:

Ըստ Լոկի, բացարձակ կառավարումը ապօրինի է: Այդ առումով ան առաջարկած է իշխանութիւններու բաժանումը օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու միջեւ:

18դ.Ֆէոտալական հասարակարգի ճգնաժամի օրերուն, քաղաքագիտու թեան մէջ առաջ եկած են նոր հասկացութիւններ, որոնց մեծամասնութիւնը արգասիքը եղած են Շարլ Մոնդեսքիոնի [1689-1755] առաջադրած միտքերուն: Ան իր «Օրէնքներու ոգիի մասին» գիրքով փորձած է ապացուցել, որ գոյութիւն ունեցող բացարձակ իրաւական եւ քաղաքական վատ համակարգերը, հետեւանք են ժողովուրդներու աշխարհագրական եւ կլիմայական վատ պայմաններուն: Ան առաջ քաշած է ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան սկզբունքները, որպէս գրաւականը հասարակութիւններու բարօրութեան:

Ան համարուած է սահմանադրութեան հայր, քանի որ անոր առաջ  քաշած դրոյթները, հիմք հանդիսացած են այսօրուան սահմանադրական վարչակարգերուն: Ան նոյնպէս համաձայնած է իշխանութեան վարչական բաժանումին՝ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու, սակայն միաժամանակ առաջարկած է հասարակական տարբեր ուսումնարաններու (ինստուտներու) առկայութիւնը, որպէս իշխանութիւններու գործունէութիւնը վերահսկող հաստատութիւններ: Ան համարուած է օրէնքով սահմանուած ազատութիւններու մեծագոյն պաշտպանը:

 

Քաղաքագիտութեան զարգացման մեծ նպաստ բերած է նաեւ Ֆրանսացի Ալեքսիս Տի Թոկվիլը [1805-1859] , որ իր «Դեմոկրատիայի մասին՝ Ամերիկայի մէջ» գիրքին մէջ մանրամասն վերլուծութեան ենթարկած է ամերիկեան դեմոկրատիան, բացայայտելով անոր դրական եւ բացասական կողմերը:

 

Մաքս Վեպերը [1864-1920] արմատական մօտեցում մտցուցած է քաղաքականութիւն հասկացութեան մէջ, սահմանազատելով եւ միաժամանակ բացայայտելով իշխանութեան, տնտեսութեան եւ հասարակական արժէքներու փոխկապակցութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբերակելով իշխանութիւն եւ գերիշխում հասկացութիւնները: Մեծ ներդրում ունեցած է բիւրոկրատիայի առաջացման եւ յատակապէս անոր կանխման միջոցառումներու պարզաբանման  մէջ:

 

Քաղաքականութեան զարգացման մէջ մեծ նպաստ ունեցած է նաեւ Վ.Պարետոն [1848-1923], որ իր «Ընդհանուր սոցիոլոգիայի մասին» աշխատութեան մէջ հաստատած է, որ հասարակութիւնը պէտք է անպայման կառավարուի Էլիտայի կողմէ, որ կառավարելու բնածին հոգեբանական գիծերով, արդէն իսկ կը տարբերին հասարակ մարդոցմէ:

 

Իսկ Ք.Մարքս քաղաքական յարաբերութիւններու միակ հիմքը գտած է տնտեսական յարաբերութիւնները եւ տնտեսապէս գերիշխող դասակարգին ձեռքերուն մէջ ուզած է տեսնել քաղաքական ղեկավարումը:

Հայկական քաղաքագիտութեան զարգացման ընթացքը

Քաղագիտութիւնը իր զարգացման գործընթացները ունեցած է ընդհանրապէս բոլոր ազգերու եւ ժողովուրդներու քով: Մեզ կը հետաքրքրէ ընդհանրապէս արեւմտեան եւ յատկապէս հայկական քաղաքագիտութեան զարգացման ընթացքը:

Արեւմտեան քաղաքագիտութիւնը իր այսօրուան ձեւաւորման  հասած է հիմնապէս Ֆրանսական, իտալական, անգլիական եւ ամերիկեան քաղաքագիտութիւններու զարգացումներու ձեռքբերումներով:

Հայկական քաղաքականութեան զարգացումը ըստ հեղինակներու ունեցած է զարգացման հինգ փուլեր՝

1-5րդ դարու քաղաքագիտութիւնը, որ կը բնորոշուի նախընթաց դարերու քաղաքական կեանքի ձեռքբերումներու հաւաքումով, երբ Փաւտոս Բիւզանդը, Մովսէս Խորենացին, Եզնիկ Կողբացին եւ ուրիշներ սկսած են մշակել հայրենիքի ազատութեան, ազգային պետականութեան, ազգային միասնականութեան եւայլ մարդասիրական գաղափարները:

Փ. Բիւզանդը ընդգծած է ազգային պետականութեան, տիրակալութեան, ասպետական վեհանձնութեան ու ազգային արժանապատուութեան գաղափարները:

Մ.Խորենացին իր «Հայոց պատմութիւն» երկին մէջ ներկայացուցած է անձի, քաղաքական գործիչի, ազգի եւ պետական ինքնիշխանութեան իրագործման հարցերը, միաժամանակ քննադատած՝ խստասիրտ ու չարագործ հայ թագաւորները, տմարդի, խաբեբայ եւ կաշառակեր իշխանաւորներն ու դատաւորները, փողասէր ու կեղծաւոր կրօնականները:

Ան հայ ժողովուրդը հրաւիրելով ազգային պետականութեան պահպանման, միաժամանակ պահանջած է պետութենէն, ազգին համար ստեղծել հասարակական կեանքի առողջ միջավայր, որպէսզի ազգի զաւակները կարենան ստեղծագործել եւ զարգացնել հայրենիքը:

 

2-6-16րդ դարերուն հայոց միջնադարի քաղաքագիտութիւնը.- Այս այն ժամանակաշրջանն է, երբ Հայաստանը կորսնցուցած էր իր ազատութիւնը եւ գտնուած է արաբական [428-885], սելճուկեան [1065-1120], թաթար-մոնկոլական [1240-1450], թուրք-պարսկական [16-18դդ] տիրապետութիւններու եւ հայ Ֆէոտալական դրածոյ թագաւորներու (որոնց ձեռքերուն մէջ կը գտնուէին օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնները) եւ եկեղեցւոյ լուծին տակ:

Յատկապէս արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք, հայ ազգը հիմնապէս մնացած է հայաստանեաց եկեղեցւոյ տնօրինման տակ: Երբ Բիւզանդական կայսրութիւնը փորձած է Հայաստան լրիւ ենթարկել իրեն: Հայաստանեաց եկեղեցին ամբողջութեամբ մերժած է այդ նպատակով կազմակերպուած Քաղկեդոնեան ժողովի որոշումները եւ վերածուած  ազգային եկեղեցւոյ, հայութեան ազատագրական պայքարը սկսած է ստանալ դաւանաբանական բնոյթ: Սկսած են լոյս տեսնել բազմաթիւ գիրքեր, զոր դաւանաբանական հարցերու քննարկումներու կողքին սկսած են քննարկել գաղափարական, քաղաքական եւ տնտեսական հիմնահարցեր: Հայ եկեղեցին ազգային կեանքի կազմակերպման նպատակով սկսած է առնել աշխարհիկ որոշումներ, որ 8րդ դարուն Յովհաննէս Օձնեցի կաթողիկոսի կողմէ հաւաքուած ու «Կանոնագիրք հայոց»ի վերածուած է եւ համաշխարհային իրաւագիտութեան մէջ համարուած է gorpus juris ganonici եւ որն յետագային ամբողջացուելով վերածուած է եկեղեցական, ազգային եւ քաղաքացիական կեանքի կարգաւորման միակ օրինագիրքի:

Յետագային Մխիթար Գօշ իր «Հայոց դատաստանագիրք» ով եկած է ամբողջացնել ազգային իրաւաքաղաքական միտքը, դառնալով հայութեան քաղաքական ինքնագիտակցութեան զարթօնքի արշալոյսը, ազգային անկախութեան ռահվիրաներ՝ Զագարեաններու մտաւոր ակունքը:

Գօշը առաջինն է եղած հայոց իրաւագիտութեան մէջ, զոր արծածած է ազգային պետականութեան (այդ օրերուն՝ թագաւորութեան), միջպետական խաղաղ գոյակցութեան եւ սոցիալական հաւասարութեան հարցերը, միաժամանակ սահմանելով թագաւորի իշխանութեան եւ իշխանափոխութեան օրինական սահմանները, երբ այդ մասին եւրոպացիք խօսած են 16 դարուն միայն:

Իսկ Սմբատ սպարապետի «Դատաստանագիրքը» հանդիսացած է հայոց Կիլիկիոյ թագաւորութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմունքը:

 

3-17-18րդ դարերուն վերածնունդի դարաշրջանի  քաղաքագիտութիւնը

Հայաստան գտնուած է թուրք-պարսկական լուծի տակ: Այդ ժամանակաշրջանին, համաեւրոպական ազգային ազգատագրական գաղափարախօսութիւններու ազդեցութեան տակ, հայ ժողովուրդի մօտ նոյնպէս սկսած է ձեւաւորուիլ ազգային ազատագրական պայքարի, ազգային միասնութեան գաղափաները, որոնց գաղափարակիրներն ու ռահվիրաները հանդիսացած են Ի. Օրին, Յ. Էմինը, Շ. Շահամիրեանը եւ ուրշներ, որ իսլամական շրջապատման եւ քաղաքական ճնշումներէն ձերբազատուելու միակ ուղին գտած են ուժեղ պետութիւններու հետ համագործակցութեան եւ դաշինքի մէջ:

Ի.Օրիի եւրոպական օգնութեան ճիգերու ձախողութենէն ետք, Շ. Շահամիրեան, Յ.Էմին եւ ուրիշներ, փորձած են հայ-վրացական ջանքերով ազատագրուիլ շրջակայ իսլամական տիրապետութիւններէն, որու համար այնքան կարեւոր եղած է Ռուսաստանի անմիջական աջակցութիւնները:

Ազգային ազատագրական պայքարի առումով շատ կարեւորուած է համազգային պատրաստուածութիւնը: Այդ առումով լոյս տեսած են բաւականին մեծ թիւով գիրքեր, որոնք շօշափած են ազգային ազատագրական պայքարի կազմակերպման, ազգային պետականութեան վերականգման, սահմանադրական, իմաստասիրական եւ այլ հարցեր:

4-19-20 դդ. քաղաքագիտութիւնը

1878 թ. Սան Ստե Ֆանոյի համաձայնագիրէն մինչեւ 1918 թ. Մայիսի ֆ18-ը ինկած քառասնամեակը,չափազանց քաղաքականացուած ժամանակաշրջան եղած է, որ բնորոշուած է ռազմաքաղաքական բուռն իրադարձութիւններով ու անդառնալի կորուստներով, որ սկսած է Սան ՍտեՖանոյի յուսադրող որոշումներով, սակայն աւարտած է Պերլինի վեհաժողովի յուսախաբող որոշումներով:

Այնուհետեւ դէպքերու ընթացքը եղաւ այսպէս՝ 1915ի Մեծ Եղեռն, ռուսական բանակի կողմէ արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասի ազատագրում, Սայքս-Պիքոյի [1916] եւ Բրեստ-Լիտովսկի [1918] հիմքի վրայ Պաթումի համաձայնագրերու ստորագրութիւն, Սեւրի դաշնագիր [1920], Մոսկուայի համաձայնագիր [ֆ1921]: Փաստօրէն հայ ազգը կորսուած էր միջազգային մութ ու խրթին դիւանագիտական որոգայթներու մէջ:

Այս ժամանակաշրջանին, ազատութեան գաղափարներով տոգորուած մտաւորականները, մերժելով ռեՖորմիստական եւ լիպերալիստական ազատագրական բասիւ գործելակերպերը, առաջարկած են զինուած ազատագրական պայքար, որու ռահվիրաներն հանդիսացան Արմենական, Հնչակեան ու Հ.Յ.Դ. կուսակցութիւնները:

Սակայն միջազգային քաղաքական հսկաներու աղուէսախաղերու հետեւանքով, հայութիւնը ոչ միայն չէ կրցած ազատագրուիլ, այլ՝ ենթարկուած է եղեռնի, իսկ Արեւելահայաստանի մէկ աննշան տարածքին վրայ հաստատուած են խորհուրդային կարգեր:

5- Արդի փուլը.- Սա 1918էն մինչեւ մեր օրերը ինկած՝ երեք հանրապետութիւններու իրարայաջորդման ժամանակաշրջանն է, որու պատմական անցուդարձերը ձեր բոլորին ծանօթ է:

About talar

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …

Leave a Reply