Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ՍԵՒ ԾԱԿԵՐԸ THE BLACK HOLES

ՍԵՒ ԾԱԿԵՐԸ THE BLACK HOLES

ՍԵՒ ԾԱԿԵՐԸ
THE BLACK HOLES

Անտեսանելի Աստղեր

«Սեւ Ծակ»երը տիեզերքին մէջ գտնուող մարմիններ են, որոնք արդիւնքն են ձգողութեան ուժին: Այս մարմինները լաւապէս ըմբռնելու համար, պէտք է բաժին առ բաժին անդրադառնալ երեւոյթին գիտական սիւնը կազմող գաղափարներուն եւ անոնց պատմական զարգացման եւ այդ ժամանակաշրջաններու գիտական նուաճումներուն, որոնք ենթահողը դարձան ապագայ մեր ըմբռնումներուն:

Երբ կ՛ըսենք «Ձգողութեան Ուժ», մեր միտքը անմիջապէս կու գայ «Նիութըն»ը եւ իր «Ձգողութեան Ընդհանուր Օրէնքը», որուն կ՛ենթարկուին տիեզերքի բոլոր մարմինները՝ անխտիր: Մինչեւ օրս չէ գտնուած ուժ մը այսքան ընդհանրական ազդեցութեամբ: Ան կ՛ազդէ մանրէներուն, բջիջներուն, հիւլէներուն եւ նոյնիսկ լոյսին վրայ… Նիութըն կռահած է, թէ լոյսը կը ձգուի դէպի խիտ մարմինները:

Ֆրանսացի գիտնական՝ «Փիեր Լափլաս»ը (1749- 1827), եղաւ առաջին գիտնականը, որ հիմնուելով միայն Նիութընի օրէնքին վրայ փաստեց, թէ Արեւուն եւ մոլորակներուն շարժումները կը կատարուին ձգողութեան ուժերու փոխյարաբերութիւններուն շնորհիւ եւ հաստատեց, թէ ամբողջ տիեզերքին վրայ կը տիրապետէ միայն մէկ ուժ՝ ձգողութիւնը:  Այս իրականութենէն մեկնելով, Լափլաս գուշակեց անտեսանելի աստղերուն գոյութիւնը: Ան ենթադրեց, թէ եթէ աստղի մը ձգողութիւնը ըլլայ շատ բարձր, նոյնիսկ լոյսը չի կրնար ձերբազատուիլ անկէ. հետեւաբար աստղը կ՛ըլլայ անտեսանելի:

Լափլաս իր ենթադրութիւնը հիմնեց «Տիեզերական Երկրորդ Արագութեան» տեսութեան վրայ: Տեսութիւնը կ՛ըսէ, թէ որեւէ մարմին պէտք է ունենայ յարմար սկսնական արագութիւն, որպէսզի կարենայ ձերբազատուիլ տուեալ մոլորակին, կամ աստղին ձգողութեան միջոցէն, իսկ եթէ այդ արագութեան չհասնի, ձգողութիւնը զինք կը վերադարձնէ դէպի ձգողական ուժի կեդրոնը: Մեր մոլորակի պարագային, տիեզերական երկրորդ արագութիւնը 11 ք.մ./երվայրկեան- է, լուսնինը՝ 2.4 ք.մ./ երկվայրկեան, իսկ «Նիութընի Աստղեր»ուն վրայ, որոնց խտութիւնը մօտաւորապէս մեր արեւին խտութեան հաւասար է եւ տրամագիծը՝ 10 ք.մ., տիեզերական երկրորդ արագութիւնը կը հասնի 150.000 ք.մ./երկվայրկեան արագութեան. այսինքն՝ լոյսի արագութեան կէսին:

Ըստ Լափլասին, որպէսզի աստղ մը ըլլայ անտեսանելի, պէտք է ամբողջացնէ հիմնական երկու պայմաններ. առաջինը՝ լուսաւոր աստղին խտութիւնը պէտք է ըլլայ մեր մոլորակի խտութեան չափ: Երկրորդ՝ տրամագիծը մեր արեւուն տրամագիծէն 250 անգամ մեծ պէտք է ըլլայ: Այս երկուքը կը նշանակեն, թէ աստղը ունի չափազանց զօրաւոր ձգողութեան ուժ, որմէ չի կրնար ձերբազատուիլ նոյնիսկ լոյսը, եւ աստղը կը մնայ մութ ու անտեսանելի:

Լափլասի աշխատանքը դրական արձագանգ չձգեց օրուայ գիտական շրջանակներուն մէջ: Այդ օրերուն գիտնականները կը հաւատային, թէ կան մարմիններ, որոնք կրնան լոյսի արագութենէն աւելի արագ շարժիլ, ուրեմն կրնան ձերբազատուիլ նոյնիսկ նշուածին չափ բարձր խտութիւն ու ձգողութիւն ունեցող աստղերէ: Բայց, Լափլասէն մօտ   տարի անց, Ալպերթ Այնշթայն () իր տեսութեամբ փաստեց, թէ ոչ մէկ բան տիեզերքին մէջ կրնայ լոյսի արագութենէն աւելի բարձր արագութեան հասնիլ: Այս յայտնութեամբ Լափլասի գուշակած «Մութ Աստղեր»ը, որոնք յետագային կոչուեցան «Սեւ Ծակեր», ապրեցան ճակատագրական անկիւնադարձ մը եւ դարձան տիեզերագէտներու ուշադրութեան կեդրոնը…

Շար.Քրիստափոր Հապոյեան

 

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …