Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / Համբերանքը Յաղթանակի Կը Տանի՞ (Շարք)

Համբերանքը Յաղթանակի Կը Տանի՞ (Շարք)

Համբերանքը Յաղթանակի Կը Տանի՞ (Շարք)

Երրորդ մաս «Ամերիկեան եւ Ռուսական Շահերը Զիւրիխի Ստորագրութենէն »

Զիւրիխի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթերը պատմական աննախընթաց դէպք էր երկու կողմերուն համար, բայց ան կը ներկայացնէ, նաեւ հազուադէպ առիթ մը համաշխարային քաղաքականութեան բեմին վրայ: Զիւրիխի ստորագրութիւնը յատկանշուեցաւ աշխարհի մեծ ուժերէն երեքին՝ Եւրոպայի, Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ համակարծիք կեցուածքով: Այսպիսի երեւոյթներ շատ քիչ կը պատահին, մանաւանդ երբ աչքէ անցնենք քսաներորդ դարու քաղաքական իրադարձութիւնները, կը տեսնենք, թէ Ա.Մ.Ն.-ի եւ Ռուսիոյ (նախապէս Խորհրդային Միութիւն) շահերը գտնուած են անընդհատ բախման վիճակի մէջ: Այս բախումները աշխարհին ծանօթ են «Պաղ Պատերազմ» անունով, որ դադրած էր Սովետ միութեան փլուզումով: Վերջին տարիներու դէպքերը եկան փաստելու, թէ այդ բախումը վերջնականապէս չէր վերջացած, հակառակ անոր ներկայիս ներկայացուցած թեթեւ արտաքինին, որ չի հասնիր Պաղ Պատերազմի սրութեան:

Այս իրականութիւններէն մէկնելով, կարելի է նկատել Զիւրիխի ստորագրութեան կարեւորութիւնը համաշխարհային քաղաքական բեմին վրայ: Ուսումնասիրենք այս կարեւոր դէպքը:

Ամերիկայի շահն է՝

–       Հայաստանը հեռացնել Ռուսիոյ ուղղակի հովանաւորութենէն

–       Նոր եւ աւելի ձեռնտու ճամբայ մը ունենալ Կասպից ծովու վառելանիւթն ու բնական կազը հասցնելու, նկատի առնելով, որ Հայաստան- Թուրքիա սրուածութիւնը այս ճամբան անապահով լուծումի մը կը վերածէ: Այդ սրութեան վերացումը կը նպաստէ այս նպատակին:

–       Ապագայի հաշուով այսպիսի համաձայնութիւն մը կրնայ գործածուիլ իբր ճնշում Իրանի վրայ եւ կրնայ աւելի պաղ բնոյթ մը տալ Հայաստան- Իրան ներկայի սերտ կապերուն:

Այս շահերուն սիրոյն Ամերկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար՝ Տիկ. Հիլըրի Քլինթն, ճիգ չխնայեց իրականացնելու փաստաթուղթերու ստորագրութիւնը, որոշուած թուականին, թեկուզ երեք ժամ ուշացումով: Հոս կ՛արժէ յիշել, թէ նոյն պատճառաւ Միացեալ Նահանգները ճնշումներ բանեցուց իր հին բարեկամին՝ Թուրքիոյ վրայ զիջելու Արցխեան հիմնախնդրէն: Թուրքիոյ կառավարութիւնը տեղի տուած է այդ ճնշումներուն, հակռակ ժողովրդական մերժումին: Էրկէնէքոնը, Կլատիոնը եւ այլ թրքական ազգայինական ծայրայեղ շարժումներ ներկայիս երկրին մէջ շատ աւելի ժողովրդական են, քան կառավարութիւնը շնորհիւ «Թուրքերն ու ազերիները մէկ ազգ են, երկու երկիրներու մէջ» լօզունքին:

Ռուսիոյ դերը, ինչպէս յիշեցինք, մերծ կառեւորութիւն ուներ, նկատի առնելով, թէ ան Հայաստանի հիմնական ու հզօր դաշնակիցն է եւ երկու երկիրներուն փոխյարաբերութիւնը անվիճելի է: Ռուսիոյ յիմնական նպատակն է այս ստորագրութեան միջոցաւ լայնցնել իր ազդեցութեան օղակը, անոր մէջ ներառելով շրջանի Ամերիկայի մեծագոյն բարեկամը՝ Թուրքիան:

Յստակ է, երեւութապէս երկու երկիրներուն շահերուն համընկնող փաստաթուղթը իրականութեան մէջ շրջանին վրայ առաւելագոյն չափով ազդելու փորձեր են: Ո՞ր կողմը յաղթականը պիտի ըլլայ… Միայն ժամանակը կրնայ պատասխանել…

Այս բախումներուն եւ գերակշռող ուժերու մէնամարտին մէջ, ու՞ր են ստորագրող երկու կողմերը… Այս հարցումին ալ միայն ապագան կրնայ պատասխանել:

Հայաստանի մէջ որեւէ կառավարական որեւէ կեցուածքի փոփոխութիւն կարելի է պարտիլ ժողովրդական մերժումին, որուն գլուխը անցած է Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր յաստատ սկզբունքներով, գերադասելով ընդհանուր հայութեան շահերն ու հայրենիքի ազգային ապահովութիւնը:

Իսկ Թուրքիան… 2011-ի ընտրութիւնները կ՛որոշեն յաջորդ յանգրուանը…

Նժդեհ

 

 

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …