2
ՔԱՂԱՔԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Քաղաքագիտութեան ձեւաւորումը
Քաղաքագիտութիւնը ձեւաւորուած ու զարգացած է շնորհիւ այլ գիտութիւններու առկայութեան յատկապէս՝ իմաստասիրութեան (ութոպիստական-երազային հայեցակարգերու առաջացման հետ), պետականագիտութեան, փորձարարական հոգեբանութեան եւ սոցիոլոգիայի՝ ընկերաբանութեան: Որոշ հեղինակներ կը պնդեն, որ քաղագիտութեան զարգացման օգնած են նաեւ գրականութեան եւ գեղարուեստի զարգացումները:
Յամենայնդէպս, քաղաքագիտութիւնը որպէս ինքնուրոյն գիտութիւն, վերջնականապէս առանձնացած ու սահմանազատուած է Բ. աշխարհամարտէն ետք, անջատուելով յարակից այլ գիտութիւններէն, սակայն մշտական կապի եւ փոխազդեցութեան մէջ գտնուելով անոնց հետ:
Որեւէ գիտութիւն, բնականաբար կարիքը ունի թուային տուեալներու, կարենալ զանոնք հաւաքելու եւ ստոյգ չափումներու ենթարկելու, վերլուծութիւններ ու կանխագուշակումներ կատարելու համար: Քաղաքագիտութեան որոշակի տարրեր, ինչպիսին են հասարակական կարծիքները, ընտրութիւններու արդիւնքները, եւայլն, հնարաւոր է ենթարկել թուային ուսումնասիրութիւններու եւ վերլուծութիւններու: Սակայն կան բաներ, զորս կարելի չէ թուային հսկողութեան ենթարկել, ինչպէս օրինակ՝ կառավարութիւններու լեկիդիմութիւնը, թեկնածուներու յաղթանակի ձգտումը կամ քաղաքական կուսակցութիւններու կազմաւորումը: Նման պարագաներուն Քաղաքագիտութիւնը կը դիմէ հետազօտուող երեւոյթներու նախատիպերուն, որոնց ընդհանրացումներուն հիման վրայ կը կատարէ ենթադրութիւններ եւ կանխատեսումներ:
Մեծագոյն քաղաքագէտներու կարծիքով, Քաղաքագիտութիւնը նոյնիսկ բարդ գիտութիւն է, քանի որ ունի հետազօտութեան ինքնուրոյն դաշտեր, ինչպիսին են՝
ա- Իմաստասիրական հարցեր:
բ- Տեսաբանական հարցեր:
գ-Քաղաքական հաստատութիւններու եւ իշխանութեան գործունէութիւն:
դ-Տարբեր քաղաքական ուժերու, կուսակցութիւններու, ընտրութիւններու վերլուծութիւն:
ե-Արտաքին քաղաքականութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու գործունէութեան հետազօտութիւններ:
Քաղաքագիտութեան յարակից գիտութիւնները:
Ինչպէս բոլոր այլ հասարական գիտութիւնները, Քաղաքագիտութիւնը ըլլալով իմաստասիրութեան, ընկերաբանութեան եւ հոգեբանութեան ծնունդը, միաժամանակ ինքը ծնած է՝
Ա- Քաղաքագիտական իմաստասիրութիւն
Բ- Քաղաքագիտական ընկերաբանութիւն
Գ- Քաղաքական հոգեբանութիւն
Այս ուսմունքները եւս ունին իրենց ինքնուրոյն մասնագէտները:
Այսօրուան քաղաքական իմաստասիրութիւնը կը հետազօտէ՝
ա.- Քաղաքական արժէքներու ամբողջ համակարգ մը, որ կ՛ընդգրկէ
1- Ազգային անվտանգութեան եւ անկախութեան հարցեր:
2- Հասարակական բարօրութեան հարցեր:
3- Քաղաքական ազատութիւններու հարցեր:
բ.-Քաղաքական կեցութեան եւ քաղաքական գիտակցութեան փոխյարաբերութիւնները:
Քաղաքական գիտակցութիւնը կը դրսեւորուի որպէս՝
1- Պետական 2- Վարչական 3- Հասարակական գիտակցութիւններ եւ փոխյարաբերութիւններ:
Քաղաքագիտութեան հետազօտութեան եղանակները եւ դերը
Մեծ է դերը Քաղաքագիտութեան Հետազօտութեան յատկապէս հասարակական բոլոր շերտերուն համար, մանաւանդ որ անոնք կը պարզաբանեն արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան բոլոր հիմնահարցերը, կը կանխատեսեն անոնց զարգացման ուղղութիւնները եւ արդիւնաւէտութիւնները, եւայլն:
Քաղաքագիտութիւնը ունենալով հանդերձ չափումներու չենթարկուող կամ դժուար ենթարկուող ուսումնասիրման բնագաւառներ, յամենայնդէպս Քաղաքագիտութեան Հետազօտութիւնը կ՛ընթանայ.-
ա.- Դասական՝ հիմնուած փորձի, ներշնչման եւ ինքնատիպութեան հիմքերու վրայ:
բ.-Մաթեմաթիքական բանաձեւերու հիմքի վրայ,որու նպատակը ուսումնասիրուող երեւոյթի մէջ, անտրամաբանական ազդակներէն եւ կանխակալ հայեացքներէն ձերբազատումն է :
Բոլոր քաղաքագետներն ալ համաձայն են, որ Քաղաքագիտութեան Հետազօտութիւնները ընթանան օգտուելով ընկերաբանական հետազօտութեան, վիճակագրութեան, փորձաբանական, խաղային եւայլ մեթոտներէն :
Քաղաքագիտութեան հետազօտման ամենատարածուած եղանակներն են.-
Ա- Համակարգային Վերլուծութիւնը, որ ունի երեք համակարգային փոխկապակցուած մօտեցումներ.-
ֆ1-Ֆունկցիոնալ կառուցուածքային հետազօտութիւն, երբ հետազօտողի ուշադրութիւնը կենդրոնացած է քաղաքական համակարգի բաշխման եւ գործունէութեան վրայ:
2-Ներ կամ Արտամուտքային հետազօտութիւն, երբ հետազօտողի ուշադրութիւնը կենդրոնացած է ներքին կամ արտաքին ազդակներու ազդեցութեան տակ գտնուող համակարգի կայունութեան վրայ:
3- Յետադարձ կապի հետազօտութիւն, երբ համակարգի տարրերը իրար հետ կապուած են ներդաշնակօրէն եւ կ՛արձագանգեն ամենափոքր ներքին եւ արտաքին փոփոխութիւններուն:
Բ- Համեմատական մեթոտ, որ հնարաւորութիւն կու տայ օգտուելու տարբեր քաղաքական համակարգեր իրար հետ բաղդատելու եւ անոնց ձեռքբերումները կիրարկելու, քաղաքական սխալները նուազագոյնի հասցնելու նպատակով:
Այս մեթոտի արդիւնաւէտութիւնը պատճառ հանդիսացած է Համեմատական քաղաքագիտութեան զարգացման եւ տարածման, յատկապէս արեւմտեան պետութիւններու մէջ:
Համեմատական քաղաքագիտութիւնը կ՛ուսումնասիրէ.-
ա.- Պետութիւններու արդիականացման ուղղութիւնները:
բ.-Ռեժիմներու (կառավարութիւններու) իւրայատկութիւնները:
գ-Դեմոկրատիայի (ժողովրդավարութեան) անցման հնարաւորութիւնները:
Գ- Սիմուլիատիւ մեթոտ [ձեւական, կեղծ կամ կապկային մեթոտ],այլ խօսքով քաղաքական մոտելի առաջացման մեթոտ, որ կ՛ընթանայ.-
ա.- Փոքր թիւով մարդկանց մէջ խաղերու կազմակերպման միջոցով:
բ.- Համակարգիչի միջոցով:
գ.- Երկուքի զուգորդումով:
Դ- փորձային սոցիոլոգիական [ընկերաբանական]մեթոտ:
Ե- Վերաբերմունքային մեթոտ, որ կ՛ուսումնասիրէ քաղաքական ղեկավարներու, հասարակական խումբերու վարքագծերը, անոնց հեղինակութեան աստիճանները, մարդկանց նախաընտրական տրամադրութիւնները, եւայլն: