Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / 3 ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

3 ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

3

ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Քաղաքական իշխանութիւն

Իշխանութիւն [Ի] բառը յունարէնով arcke, կը նշանակէ կառավարել եւ սկսիլ: Լատիներէնով՝ potestas կը նշանակէ ուժ, կարողութիւն, հզօրութիւն: Անգլերէնով power ուժ կամ հզօրութիւն կամ authority հեղինակութիւն: Հայերէնով՝ իշխել, այսինքն՝ տիրել կամ տիրապետել:

Նման թեթեւակի ստուգաբանումն ալ կը հաստատէ, որ Իշխանութիւնը բարդ եւ բազմաշերտ հասկացութիւն է, կախուած իշխանաւորներու տնտեսական, իրաւական եւ այլ իրաւասութիւններէն:

Քաղաքագիտութեան գրականութեան մէջ կը նշուին իշխանութեան կենսաբանական, հոգեբանական, հասարակական եւ իմաստասիրական դրդապատճառային մեկնաբանութիւնները:

Կենսաբանական մօտեցումը հիմնուած է հաւաքականութիւններու առաջնորդման կամ ղեկավարման բնական ընտրութեան վրայ, ինչպէս կենդանական աշխարհի մէջ:

Հոգեբանական եւ հասարակական դրդապատճառները կախուած են մարդկային ընկերութիւններու հաւաքական եւ անհատական հոգեբանական դրսեւորումներէն՝ վարքաբանութենէն եւ ձգտումներէն, որոնք սերտօրէն կապուած են նաեւ երկրի տնտեսամշակութային զարգացման աստիճանէն:

Իշխանութեան վարքաբանական մեկնաբանները կը գտնեն, որ հաւաքականութեան որոշակի անդամներ միտում ունին իշխելու, իսկ ուրիշներ՝ ենթարկուելու:

Իշխանութեան իմաստասիրական մօտեցումը կը գտնէ, որ

ա.-Իշխանութիւնը հասարակական հասկացութիւն է, որովհետեւ արդիւնք է հասարակական յարաբերութիւններու:

բ.-Իշխանութեան ակունքները պայմանաւորուած են հասարակութեան նիւթատնտեսական իրավիճակով:

գ.-Քաղաքական իշխանութիւնը կը հանդիսանայ հասարակական իշխանութեան յատուկ՝ բարձր ձեւ:

դ.-Քաղաքական իշխանութեան էութիւնը եւ բովանդակութիւնը կը ձեւաւորէ իշխող դասի կամքը:

Գոյութիւն ունի նաեւ Իշխանութեան համակարգային եւ կառուցուածքաբանական մեկնաբանութիւններ:

Ըստ համակարգային մեկնաբանութեան, Իշխանութիւնը համակարգի հաւաքական նպատակները իրականացնելու միջոց է:

Ըստ կառուցուածքաբանական մեկնաբանութեան, Իշխանութիւնը հասարակական կարգը, դիրքը եւ գործունէութիւնը որոշող միջոց է:

Իշխանութիւնը մարդկային համակեցութեան բոլոր մակարդակներուն մէջ (ընտանիք, միութիւն, կազմակերպութիւն, կուսակցութիւն եւայլն) ընդհանուր երեւոյթ է, իսկ քաղաքականութեան մէջ հիմնային հարց է:

Չկայ քաղաքականութիւն առանց իշխանութեան եւ չկայ իշխանութիւն առանց քաղաքականութեան:

 

Ըստ լեհ քաղաքագէտ Վլիուտլի, գոյութիւն ունին իշխանութեան բնորոշման 6 տեսակներ.-

1-Պիհեւիորիստական՝ վարքաբանական, ըստ որու, Իշխանութիւնը կը հանդիսանայ վարքաբանութեան յատուկ տեսակ:

2-Նպատակաբանական, ըստ որու,Իշխանութիւնը որոշակի նպատակներու նուաճում է:

3-Գործիքային, ըստ որու, Իշխանութիւնը որոշակի միջոցներու օգտագործման հնարաւորութիւն է:

4-Կառուցուածքային, ըստ որու, Իշխանութիւնը կառավարողի եւ կառավարուողի միջեւ յատուկ տեսակի յարաբերութիւն է:

5-Իշխանութիւնը ազդեցութիւն է:

6-Բախումնաբանական, տարաձայն իրավիճակներու ժամանակ յարաբերութիւնները կարգաւորող միջոցառում է:

 

Փաստօրէն, Իշխանութիւնը հասարակական յարաբերութիւն է, որ կ՛ենթադրէ.-

ա.- Երկու եւ աւելի ենթականեր, որոնք իշխանութիւն կը բանեցնեն, սակայն կրնան ըլլալ իրար հաւասար, անկախ եւ ազատ:

բ.- Երբ ենթականերէն մէկը կը հրամայէ եւ միւսները կը գործադրեն անպայման կիրարկման սպառնալիքով:

գ.- Երբ կողմերէն մէկը հպատակն է միւսին:

դ.-Երբ կողմերու համար, հրամանի արձակումն ու գործադրումը հաստատուած է օրէնքներով:

Քաղաքական իշխանութեան լեկիդիմութիւնը  [օրինականութիւնը]

Հասարակական հոգեբանական երեւոյթ է, որ կը նշանակէ քաղաքացիներու կողմէ օրինական իշխանութեան եւ իշխողներու կառավարելու իրաւունքի ճանաչում եւ անոնց հպատակելու համաձայնութիւն, միւս կողմէ՝ կառավարողներու մօտ իրենց իշխանութեան իրաւունքի գիտակցում:

Իշխանութեան մը օրինականութիւնը կ՛որոշուի իշխանութեան նկատմամբ տուեալ  ժամանակաշրջանի հասարակական ըմբռնումներով:

Իշխանութիւն մը օրինական է, եթէ ան կ՛արձագանգէ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն, հաւաքական արժէքներուն եւ հասարակական նորմերուն:

Օրինականութիւնը պէտք չէ շփոթել կարգ ու կանոնի պետութիւն հասկացութեան հետ, քանի վերջինս կը հաստատուի եւ կը պահպանուի միայն ուժով, ընդհանուրի շահերը ենթարկելով անհատական շահերուն:

Օրինականութիւն հասկացութիւնը հարկաւոր է տարբերակել նաեւ լեկալութենէն, որ կը նշանակէ օրինական՝ օրէնքի համաձայն:

Ցանկացած իշխանութիւն կրնայ առանց օրինականութեան եւ հասարակութեան համակրանքը վայելելու, իրականացնել օրէնքներու կիրարկում եւ հակառակը:

 

Օրինականութեան տեսակները

ա.- Աւանդական օրինականութիւն.- Հիմնուած է աւանդոյթներու վրայ, քաղաքակրթութեան որոշակի մակարդակի վրայ, հասարակութեան եւ կառավարողներու վարքաբանութեամբ ամրագրուած իշխանութեան ենթարկուելու հոգեբանութեան վրայ: Նման իշխանութեան հիմքը, նահապետական յարաբերութիւններու մէջ մեծերուն անվերապահօրէն ենթարկուելու հոգեբանութիւնն է:

Նման օրինականութիւնը բաւականին հաստատուն է, քանի որ կառավարման համակարգի մէջ իւրաքանչիւր փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ միապետի (նահապետի) ցանկութեամբ եւ հսկողութեամբ, որ կ՛աշխատի հասարակութեան գոյապահպանութեան նպատակով, չխախտել աւանդական մշակութային արժէքներն ու հասարակական ընդունուած նորմերը (չափանիշները):

բ- Հարիզմաթիկ [աստուածային, մարգարէական] օրինականութիւն.- Հիմնապէս յեղափոխութիւններէ ետք, մէկ անձի աստուածացումով եւ պաշտամունքով ընթացող  իշխանութիւններն են:

Իշխանութեան նման էութիւնը, մասսաները հոգեբանօրէն կը դարձնեն եզրային արժէքներու եւ միՖերու կրողներ եւ ստեղծողներ: Նման իրավիճակ կրնայ տասնամեակներ շարունակուիլ, մինչեւ նորմալ հասարակական յարաբերութիւններու նպատակով տեղի ունենալիք փոփոխութիւնները գան վերնախաւէն:

 

գ- Ռացիոնալ [շահադիտական]-իրաւական կամ արտօնեալ օրինականութիւն.- Բնորոշ է ժողովրդավարական պետութիւններուն, ուր քաղաքացիներ իրենց սահմանադրական իրաւունքներու եւ պարտականութիւններու գիտակցումով կ՛ենթարկուին իշխանութիւններուն, սակայն փոխյարգանքի եւ փոխվստահութեան հիմունքներով:

Բացի այդ, գոյութիւն ունի նաեւ արժութային համակարգի քաղաքականութեամբ պայմանաւորուած օրինականութիւն, ուր որոշիչը հասարակութեան արժութային համակարգի տարբեր շերտերն են:

 

Քաղաքական իշխանութեան կառուցուածքը, աղբիւրները եւ իրականացման մեքանիզմները

Իշխանութեան կառուցուածքային բաղադրամասերն են՝

Ա- Օբյէկտը՝ առարկան, Բ- Սուբյէկտը՝ ենթական, Գ- Աղբիւրները եւ Դ- Քաղաքական գործընթացը: Բոլորը միասին կը կազմեն իշխանութեան իրականացման մեքանիզմը:

Քաղաքականութեան օբյէկտի՝ առարկայի եւ սուբյէկտի՝ ենթակայի, տարանջատումը պայմանական է, քանի որ անոնք կրնան ներկայանալ հակառակ դիրքերու մէջ:

Ա- Իշխանութեան օբյեկտները՝ առարկաները

Իշխանութեան առարկաները կրնան հանդիսանալ անհատները, հաւաքականութիւնները, կազմակերպութիւնները, կուսակցութիւնները, ազգերը, պետութիւնները, եւայլն, որոնք որոշակի պայմաններու տակ կրնան հանդէս գալ նաեւ որպէս սուբյէկտներ՝ ենթականեր:

 

Առարկաները կրնան իշխանութեամբ զբաղիլ՝

ա.-Քաղաքական դերի տարերային կատարումով, երբ առարկան միայն հրամաններ կատարող է, մտային սահմանափակ կարողութեան տէր:

բ.- Քաղաքական դերի լիովին գիտակցումով, երբ առարկան լրիւ կը գիտակցի իր պարտականութիւններուն, սակայն չունի իշխանութեան կառուցուածքի վրայ ազդելու կարողութիւն եւ քաղաքական կենցաղավարութիւն:

գ.- Ոչ միայն գիտակցումով, այլեւ քաղաքական նորովի մշակումներով:  Այլ խօսքով՝ առարկային էութեամբ պայմանաւորուած է տարբեր տեսակի իշխանութիւններու ընթացքը:

 

Իշխանութիւնները կրնան ըլլալ.-

ա.-Մեկա մակարդակի՝  միջազգային կազմակերպութիւններ:

բ.- Մաքրօ մակարդակի՝  պետական կեդրոնական մարմիններ:

գ.- Մեզօ մակարդակի՝ կեդրոնին ենթակայ շրջանային կամ մարզային մարմիններ:

դ.-Միքրօ մակարդակի՝ իշխանութեան սկզբնական կազմակերպութիւններ եւ հասարակական փոքր խումբեր:

 

Առանց ենթակայի  հպատակեցման չկայ իշխանութիւն: Հպատակեցումը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ առարկայի կողմէ, ժամանակի ընթացքին, համակարգուած ձեւով, իշխանութեան նկատմամբ հասարակութեան օտարացման ճանապարհով, կամաց-կամաց զայն պատուաւոր քաղաքացիէն  վերածելով իրի:

Իշխանութիւններու կողմէ ենթակայի օտարացումը եւ Իրի վերածումը կ՛արտայատուի հասարակական կեանքի աղաւաղումով՝ գողութիւններու, պոռնիկութիւններու, հարբեցողութիւններու, մարդասպանութիւններու, եւայլնի շատացումով:

 

Ենթակայի հպատակութիւնը առարկայէն կախուած է՝

ա.-Ենթակայի անհատական որակէն:

բ.-Անոր պահանջներու բնոյթէն:

գ.-Քաղաքական իրավիճակի ընկալման մակարդակէն:

Ենթակայի հպատակութիւնը առարկային, կ՛իրականացուի ուժի միջոցով, որ կրնայ դրսեւորուիլ վախի, շահի, սովորոյթի, հեղինակութեան ձեւերով:

Առողջ հասարակարգի մը կառավարումը կ՛իրականացուի մի միայն համամարդկային արժէքներու իրականացման միջոցով եւ բոլոր այն իշխանութիւնները, որոնք հիմնուած են միմիայն յանուն իշխանութեան սկզբունքի վրայ, ստեղծած են հոգեւոր արժէքներէ պարպուած հասարակութիւն, որ հպատակեցման միակ միջոցն է:

Ինչպիսին ալ ըլլայ իշխանութիւններու մօտեցումը Քաղաքականութեան նկատմամբ, հասարակական բարօր կեանքի ապահովման համար, հարկաւոր է շատ ճշգրիտ քաղաքագիտական տուեալներու եւ հիմունքներու վրայ վարել ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնները, այլապէս հասարակական կեանքն ու  մթնոլորտը կը դառնան անտանելի, կ՛առաջանան հասարակական զանազան չարիքներ՝ գործազրկութիւններ, տնտեսական դժուարութիւններ, կենսամակարդակի անկում, նույնիսկ՝ պատերազմներ, որոնք հասարակական կեանքի զարգացումը ոչ միայն կը կասեցնեն, այլ տասնամեակներ կը յետշրջեն:

 

Երկրի մը քաղաքականութիւնը ճիշդ ընթացքի մը մէջ պահելու համար, հարկաւոր է գրեթէ ամէնօրեայ ուսումնասիրութեան եւ վերլուծութեան ենթարկել քաղաքականութեան ներքին եւ արտաքին բաղադրիչները:

Բ- Իշխանութեան սուբյեկտները   [ԻՍ] [ենթակաները]

Ենթականերու էութիւնն ու հիմնական խումբերը

Իշխանութեան ենթակաները դարեր շարունակ եղած են քաղաքագէտներու, իմաստասէրներու, պատմաբաններու եւ օրէնսդիրներու ուշադրութեան առարկան:

Մարդկային հաւաքական կեանքի սկզբնական շրջանին, հասարակական կեանքի վերիվայրումներու դրդապատճառները, մեկնաբանուած են մութ ուժերու միջամտութիւններով կամ աստուածային կամքով, ինչը հազարամեակներ խոչընդոտած է հասարակագիտութեան եւ քաղաքագիտութեան զարգացումները: Միայն վերջին քանի մը դարերու ընթացքին է, որ մարդիկ հասկցած են հասարակական երեւոյթներու զարգացման մէջ իրենց ունեցած կարեւոր դերը:

Քաղաքականութեան ստեղծման հարցերու քննարկումներու ընթացքին, անպայմանօրէն քնննարկուած եւ վերանայուած են, քաղաքակրթութեան սկիզբէն ի վեր իշխանութեան ձեւերն ու իշխանաւորներու քանակը՝ թագաւորութիւն է թէ միապետութիւն է, արիստոկրատիա [ազնուապետութիւն] է թէ ժողովրդավարութիւն, պլուտոկրադիա [հարստապետութիւն] է թէ օլիգարխիայ [սակաւապետութիւն]:

Ընդհանրապէս, պետական կամ ոչ պետական հաստատութիւնները կը տարբերին իրենց ձեւերով ու եղանակներով եւ յատկապէս քաղաքական որոշումներու ընդունման մէջ իրենց ունեցած դերերով:

Այսօրուան դրութեամբ քաղաքական ենթակաները կը համարուին անհատները, մարդկային խմբաւորումները, կուսակցական եւ կրօնական  կազմակերպութիւնները,  էթնիք ու ազգային հաւաքականութիւնները: Ըստ այնմ, Իշխանութեան Ենթակաները կրնան ըլլալ.-

ա-էթնիքաքական [ցեղային] խումբեր, որոնց քաղաքական հայեացքները, պահանջքներն ու գործունէութիւնները կախուած են տուեալ պետութեան կողմէ իրենց տրուած ազատութիւններէն եւ համապատասխան օրէնքներէն եւ ըստ այնմ ունին իրենց քաղաքական գործունէութեան իւրայատկութիւնները:

բ-Հասարակական խումբեր, որոնք կը ձեւաւորուին հաւաքականութիւններու բնապատմական զարգացման ընթացքին, պայմանաւորուած հասարակա-տնտեսական հանգամանքներով, որոնց քաղաքական հայեացքները, պահանջքներն ու գործունէութեան ձեւերը, նոյնպէս կը տարբերին համաձայն ներքաղաքական կեանքի դրուածքին:

գ- Զանգուածային խումբեր, որոնք կ՛ընդգրկեն տարբեր տեսակի խումբեր, որոնք ունին միանման կամ միեւնոյն հասարակական դժուարութիւններ եւ համապատասխան պահանջքներ: Նման խումբեր կը կազմակերպուին կուսակցութիւններու միջոցով կամ իրենք կը հիմնադրեն կուսակցութիւններ, եւ ընդհանրապէս իրենց պահանջքներու բաւարարումէն ետք կը կասեցնեն քաղաքական պայքարը:

դ-Հասարակական-քաղաքական հաստատութիւններ, կազմակեր- պութիւններ կամ միաւորումներ:

 

Իշխանութեան ենթականերուն կարգավիճակը կ՛որոշուի անոր քաղաքական գործունէութեամբ, որ տարարժէք է: Ան կրնայ ըլլալ.-

ա-Արդարացի կամ անարդար:

բ-Օրինացուած կամ ապօրինի:

գ-Օրինական կամ ոչ օրինական, (օրինականութիւնը կ՛որոշուի ըստ անոր գործունէութեան սոցիալական պահանջքներուն համապատասխանութեան եւ հասարակութեան կողմէ անոնց ընդունման):

իշխանութեան առարկաները (պետութիւն եւ պետական կառոյցներ) յարաբերաբար ինքնուրոյն ու ինքնիշխան են: Սակայն կարեւոր է, որ անոնք նոյնպէս ապահովեն հասարակութեան բազմաշերտ համակարգի ձեւաւորումը, որպէս գրաւականը հասարակական կեանքի ժողովրդականացման, քաղաքական ազատ մրցակցութեան եւ ընդդիմութեան ձեւաւորման: Այլապէս հասարակական կեանքը կը վերածուի դժոխքի:

Իշխանութեան ենթականերու կազմը, գործունէութեան բնոյթը, ուղիներն ու ձեւերը, կը փոխուին իշխանութեան առարկաներու որդեգրած քաղաքական տարատեսակ ու տարաբնոյթ ուղղութիւններուն զուգահեռ:

 

Ենթականերու տեսակները

Իշխանութեան ենթակաները կ՛ըլլան՝ հիմնական, յարակից, օժանդակ, խմբային եւ անհատական:

Նման դասակարգումը հնարաւորութիւն կու տայ հասկնալու եւ գնահատելու անոնց իւրաքանչիւրին տեղն ու դերը իրենց գործունէութեան ընթացքին:

Հիմնական ենթակաները (անհատներ, մարդկային խումբեր, կազմակերպութիւններ) վճռական դեր ունենալով հանդերձ, պատասխանատու են իրենց գործունէութեան հետեւանքներուն համար:

Յարակից ենթակաները վճռական դեր չունին եւ նաեւ պատասխանատու չեն իրենց գործունէութեան հետեւանքներուն համար:

Խաղաղ պայմաններուն մէջ, եթէ հնարաւոր է սահմանել քաղաքական գործունէութեան պատասխանատու ենթակաները, ապա պատերազմական եւ արտակարգ պայմաններուն մէջ այդ մէկը հնարաւոր չէ: Յամենայնդէպս, ճիշդ ալ չէ, բացասական երեւոյթներուն ետեւ միշտ ալ փնտռել օրուան ղեկավարները:

Հիմնական ու յարակից ենթակաները երբեմն կը փոխեն իրենց դիրքերը, ըստ ընդհանուր գործունէութեան մէջ իրենց ունեցած խնդիրներուն:

Օրինակ, քաղաքական ուղղութիւններու ընտրութեան, օրէնքներու սահմանման եւ կիրարկման, իրաւական հարցերու որոշման պարագաներուն,  իշխանութեան օրէնսդիր մարմինները կը համարուին քաղաքականութեան հիմնական ենթակաները, մինչ գործադիր մարմինները նման պարագաներուն կը համարուին յարակից ենթականեր, սերտ առնչութիւն ունենալով հանդերձ օրէնսդիր մարմիններուն հետ: Իսկ օրէնքներու գործադրութեան պարագային կը համարուին հիմնական ենթականեր:

Օժանդակ ենթականեր (որոնք միաժամանակ խմբային ենթականեր են) կը համարուին խորհրդատուները, փորձագէտները, փաստահաւաք կառոյցները, հետախուզական եւ տեղեկատուական մարմինները, օրէնքներու ուսումնասիրման եւ մշակման մարմինները, ԶԼՄ-ներու աշխատողները, իշխանական ապարատի ծառայողները եւայլն:

Օժանդակ ենթակաները, որոնց ե°ւ թուաքանակը ե°ւ տնտեսական օժանդակումը քանի մը անգամ կը գերազանցէ հիմնական եւ յարակից ենթականերու քանակն ու տնտեսական ծախսերը, խորքին մէջ կը ծառայեն միմիայն հիմնական եւ յարակից ենթակներու քաղաքական գործունէութիւններու իրականացման:

Ենթականերու գործունէութիւնը

Իշխանութեան ենթականերու գործունէութիւնը տեղի կրնայ ունենալ անմիջական կամ ներկայացուցչական հիմունքներով:

Անմիջական գործունէութեան իրաւասութիւնը կ՛որոշուի օրէնքով: Ներկայացուցչական գործունէութեան իրաւասութիւնը դարձեալ կ՛որոշուի օրէնքով եւ տեղի կ՛ունենայ պատգամաւորներու, պատուիրակութիւններու, յանձնաժողովներու, պաշտօնատար կամ լիազօրուած անձանց միջոցով:

Միեւնոյն քաղաքական գործունէութիւնը կրնայ հանդէս գալ ե°ւ որպէս անմիջական ե°ւ որպէս ներկայացուցչական հիմունքներով ընթացող գործունէութիւն, կախուած մեր դիտարկման անկիւնէն:

Տարբեր հիմունքներով ձեւաւորուած (ընտրուած կամ նշանակուած) ներկայացուցչական մարմինները, պաշտօնատար կամ լիազօրուած անձիք, երբեմն ձեռք կը բերեն ինքնուրոյն քաղաքական միաւորի արժէք  որպէս քաղաքական անմիջական ենթակայ:

Քաղաքականութեան անհատական ենթակաները չունին քաղաքական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու սահմանփակումներ. անոնք քաղաքական առումով գործունակ եւ իրաւունակ անհատներ են՝ իրաւական ենթականեր:

Գոյութիւն ունին նաեւ ոչ իրաւական ենթականեր՝ մաՖիոզ միաւորումներ, յանցաւոր գործունէութեան խումբեր, լոպիստական կազմակերպութիւններ, մասոնական օթեակներ, եւայլն, որոնք երբեմն կը ծառայեն իշխանութիւններու որոշակի ծրագիրներու իրականացման:

Յաճախ անհատ ենթականեր կը գործեն անյայտ ձեւով կամ ձեւական ենթականերու անուններով, որոնք իրաւունակ ըլլալով հանդերձ, քաղաքական կեանքի համար գործունակ չեն, կամ ունին ձեւական բնոյթ, եւ կը կոչուին  մարիոնէթային՝ տիկնիկային իշխանութիւններ:

Անյայտ ենթակաները յաճախ կը ծառայեն ապակողմնորոշելու հասարակական կարծիքները, վերնախաւի անօրէն զանազան գործունէութիւնները ծածկելու նպատակով:

Գոյութիւն ունին նաեւ կեղծ ենթականեր, որոնք չունենալով համապատասխան լիազօրութիւններ, կը ներկայանան որպէս լիազօրուած անձեր, դարձեալ քաղաքական մութ խաղերու նպատակով:

 

Ենթականերու դասակարգումը

Ներհամակարգային ենթականերու գործունէութիւնը եւ փոխյարաբերութիւնները կ՛ընթանան տուեալ նուիրապետական սանդղակին բնորոշ ենթակայութեան [ստորակայութեան] եւ համադասութեան [հաւասարազօրութեան] կամ իրաւահաւասարութեան կարգով:

Համադասութեան սկզբունքը յատկապէս միջազգային փոխյարաբերութիւններուն մէջ ունի կարեւոր արժէք եւ նշանակութիւն, Ան անոնք կ՛որոշուին համատեղ համաձայնութիւններով, որոշումներով, պայմանագրերով եւ պարտաւորութիւններով:

Միջհամակարգային յարաբերութիւններու քաղաքական գործունէութիւնը կ՛իրականացուի համադասութեան հիմունքներով, քանի որ ենթակաները որպէս կանոն կ՛ըլլան միեւնոյն մակարդակի անձեր, միատեսակ իրաւասութիւններով եւ լիազօրութիւններով:

Գ- Իշխանութեան ռեսուրսները [աղբիւրները]

Իշխանութեան աղբիւրներ կը հանդիսանան այն ամէնը, ինչ կրնայ օգտագործուիլ ուրիշներու վրայ իշխանութիւն բանեցնելու նպատակով:

Աղբիւրները շատ բազմազան են եւ փոխպայմանաւորուած, յամենայնդէպս զանոնք կարելի է խմբաւորել տնտեսական, հասարակական, քաղաքական, հոգեմշակութային, լրատուական՝ ԶԼՄ, նոյնիսկ դեմոգրաՖիական [ժողովրդագրական] աղբիւրներու, իրենց իրաւական եւ փաստացի դրսեւորումներով: Բոլոր աղբիւրները շարժման մէջ դնողը սակայն մարդն է, որ միաժամանակ  իշխանութեան ե°ւ առարկան է ե°ւ ենթական:

Ա. Էտցիոն Իշխանութեան Ռեսուրսները վերահսկողութեան ենթարկելու նպատակով բաժնած է.-

ա- Օգտապաշտական աղբիւրներ.- Անոնք են, որոնք կը բաւարարեն մարդկանց առօրեայ պահանջքները, ուստի հնարաւորութիւն կու տան գնելու հասարակութեան մեծամասնութիւնը, կամ խրախուսելու եւ կամ պատժելու համար հասարակութիւնը:

բ- Հարկադրական աղբիւրներ.- Այս աղբիւրները կ՛օգտագործուին որպէս հասարակական ազատութիւններու սահմանափակման միջոց:

գ- Կանոնակարգային աղբիւրներ.- Մարդկանց ներաշխարհին վրայ ազդելու միջոցներ են, որոնց միջոցով հնարաւոր է փոփոխութեան ենթարկել հաւաքականութեան արժէքային կողմնորոշումները:

Իշխանութեան տեսակները ըստ իշխանութեան ռեսուրսներու

Տնտեսական իշխանութիւն.- Սա փաստօրէն տնտեսական մենաշնորհում է, որու միջոցով կարելի է հասնիլ նաեւ ցանկացած նպատակի:

Հասարակական իշխանութիւն.- Սա ներկայի ժողովրդավարական երկիրներու վարած քաղաքականութիւնն է, ուր պետութիւններ ժողովրդականութիւն ձեռք բերելու նպատակով, կ՛աշխատին բարձրացնել հասարակութեան տնտեսական կենսամակարդակը:

Հարկադրական իշխանութիւն.- Սա ուժային միջոցներով [բանակ, ոստիկանութիւն, ներքին հետախուզութիւն եւայլն] հաւաքականութեան վրայ Ֆիզիքական սպառնալիքի կիրարկում է: Երբեմն հարկադրական իշխանութիւնը կը նոյնացնեն քաղաքական իշխանութեան հետ, որ ճիշդ մօտեցում չէ, քանի որքաղաքական իշխանութիւնը հասարակական յարաբերութիւնները համակարգող գործառնութիւն է եւ կը բնութագրուի՝

ա.-Ընդունուած որոշումներու եւ հրամաններու պարտադիր կատարման բնոյթով:

բ.- Անհատական եւ խմբային շահերու նկատմամբ, հանրային շահերու պաշտպանութեամբ:

գ.-  Ընդհանուր շահերը համակարգող որոշում ներու ընդունմամբ:

դ.- Տարբեր աղբիւրներու օգտագործման համակարգուած գործառնութեամբ:

About talar

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …