Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / 4 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐ

4 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐ

4

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐ

Քաղաքական համակարգի հասկացութիւնը

Համակարգ [system] կը նշանակէ՝ մէկը միւսի հետ սերտ առնչութիւն ունեցող մասեր, որ միասին կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն: մէ

Քաղաքական համակարգ կը նշանակէ՝ քաղաքական գործընթացներ, միտումներ, ինստիտուտներ, անհատներ, հաւաքականութիւններ, կազմակերպութիւններ [քաղաքական կամ հասարակական], իրենց այն ակտիւութիւններով, որոնք որոշակի ազդեցութիւններ ունին քաղաքական ընթացքի վրայ:

Քաղաքական առողջ համակարգ մը, հակառակ իր բարդ կառուցուածքին, կրնայ ապահովել հասարակութեան ինտեգրացումը՝ ամբողջականացումը, երկրի ընդհանուր՝ ներքին եւ արտաքին ծրագիրներու եւ նպատակներու իրականացման մէջ, ապահովելով երկրի եւ հասարակութեան կայունութիւնն ու կենսունակութիւնը, քանի որ համակարգը իր մէջ գործող հասարակական քաղաքական համապատասխան մեքանիզմներով, կ°օգնէ լուծելու հասարակական հակասութիւններն ու կոնՖլիքտները, ներդաշնակելով հասարակական յարաբերութիւնները, կը բարձրացնէ ընդհանուր նպատակներու իրականացման հնարաւորութիւնները:

 

Որեւէ քաղաքական համակարգ ունի.-

Ա-Կառուցուածքային տարրեր

Բ-Կառուցուածքային կապեր

 

Ա- Կառուցուածքային տարրեր կը համարուին.-

ա.-Քաղաքական ինստիտուտները (քաղաքական իշխանութիւն, քաղաքական սուբյեկտներ, հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններ եւ կուսակցութիւններ, ԶԼՄ-եր, քաղաքական շարժումներ):

բ.-Քաղաքական կապերը կամ յարաբերութիւնները

գ.-Քաղաքական նորմեր եւ սկզբունքներ

դ.- Քաղաքական գիտակցութիւնը եւ կուլտուրան՝ մշակոյթը, որոնց մակարդակները կ՛արտայայտուին հասարակական կարծիքի ընդմէջէն, որմէ մեծ չափով կը զգուշանան իշխանութիւնները:

Կառուցուածքային տարրերը ունին փոփոխական մեծութիւն, որոնց շարժումներն ու զարգացումները ունին տարբեր արագութիւններ՝ քանի մը ամիսէն մինչեւ տասնամեակներ տեւողութեան:

Բոլոր տարրերն ալ ունին հասարակութեան ինտեգրացման նպատակ:

Բ- Կառուցուածքային կապեր կամ յարաբերութիւններ

ա.-Հորիզոնական կապեր՝  դասակարգերու, ազգերու եւ պետութիւններու միջեւ:

բ.- Ուղղահայեաց կապեր՝ տարբեր խմբակցութիւններու միջեւ, որտեղ կողմերէն մէկը քաղաքական կազմակերպութիւն է:

գ.-Կապեր քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու միջեւ:

Որեւէ քաղաքական համակարգ անպայմանօրէն ունի հասարակական բովանդակութիւն եւ անպայման կ՛արտայայտէ հասարակական խումբերու արմատական շահերը:

Համակարգերը կրնան ըլլալ ամբողջական, երբ համակարգի կառուցուածքային տարրերու միջեւ կայ համագործակցութիւն, այլապէս համակարգը կը կոչուի գումարային:

Քաղաքաքական համակարգի Ֆունքցիաները՝ պարտականութիւնները

Քաղաքագէտներու մեծամասնութիւնը սահմանած են քաղաքական համակարգի երկու Ֆունկցիաներ՝ Մուտքի, որ կը նշանակէ շրջակայ միջավայրի ազդեցութիւն տուեալ համակարգի վրայ եւ Ելքի, որ կը նշանակէ տուեալ համակարգի ազդեցութիւն նոյն միջավայրին վրայ:

Ըստ Գ. Ալմոնդի, մուտքի պարտականութիւնները կը բաղկանան՝

ա.- Քաղաքական հասարակայնացումէ եւ հաւաքագրումէ

բ-  Շահերու արտաբերումէ

գ- Շահերու միագումարումէ

դ- Քաղաքական հաղորդակցումէ

 

Իսկ ելքի պարտականութիւնները կը բաղկանան.-

ա.- Կանոնաստեղծ պարտականութիւններէ:

բ.-Կանոններու եւ չափանիշներու օգտագործման պարտականութիւններէ:

գ.-Կանոններու եւ չափանիշներու պահպանման եւ հսկողութեան պարտականութիւններէ:

Փաստօրէն նշուածները կը համընկնին օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններուն:

Քաղաքական համակարգը արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ երբ կառավարող էլիտայի քաղաքական գործունէութեան ուղղուածութիւնը կը համընկնի հասարակութեան զարգացման եւ բարգաւաճման ուղղուածութեան հետ, զորն ինքնին սահմանափակում է անարխիզմին եւ սուբյէկտիվիզմին:

 

Քաղաքական համակարգի դասակարգումը

Քաղաքական համակարգի բնոյթը, պայմանաւորուած է տուեալ երկրի քաղաքական, տնտեսական, հասարակական եւ մշակութային կեանքի առանձնայատկութիւններով, անոնց պատմական արժէքներով, բնակչութեան ազգային կազմով եւ նկարագրով, հոգեւոր կերտուածքով:

 

Ըստ Գ. Էքստայնի՝ ենթակարգումը, որու չափանիշը ազգային ցեղային կառոյցն է, կը տարբերակէ՝

ա-Վերազգային քաղաքական համակարգ՝ կայսրութիւն, դաշնութիւն, համադաշնութիւն:

բ-Ազգային քաղաքական համակարգ՝ դաշնային, ունիտար՝ միացեալ պետութիւններ:

գ-Սուբերազգային [գերազգային] քաղաքական համակարգ՝ գիւղական համայնքներ, շրջանային ընդհանրութիւններ, ցեղային միութիւններ, քաղաքներ:

 

Ըստ Ժ. Բլոնդելի ենթակարգումին, որու չափանիշը քաղաքական ռեժիմներն են, կը տարբերակէ՝

ա-Լիպերալ-դեմոկրատական՝ ազատական-ժողովրդավարական քաղաքական համակարգ:

բ-Կոմունիստական՝ համայնավարական քաղ. համակարգ:

գ-Աւանդական քաղաքական համակարգ:

դ- Զարգացող երկիրներու քաղաքական համակարգ:

ե- Աուտորիտար [ինքնիշխան]-պահպանողական քաղաքական համակարգ:

 

Ըստ քաղաքական համակարգի կազմակերպման եւ քաղաքական ընտրանիի համբերատարութեան վրայ հիմնուած դասակարգումին կը տարբերակէ՝

ա-ժողովուրդավարական քաղաքական համակարգ:

բ- Աուտորիտար քաղաքական համակարգ:

գ-Դոդալիտար [ամբողջատիրական] քաղաքական համակարգ:

 

Ըստ արեւմտեան քաղաքագէտներու, կը տարբերակեն՝

ա-Անգլոամերիկեան քաղաքական համակարգ,որ կը յենի բանական հաշուարկներու վրայ, քաղաքացիներու եւ քաղաքական ընտրեալներու համբերութեան վրայ եւ կ՛իրականացնէ իշխանութիւններու բաժանման սկզբունքը:

բ-Ամբողջական տիպի քաղաքական համակարգ, ուր իշխանութիւնը կենդրոնացած է փոքրաթիւ քաղաքական բիւրոկրատիայի՝ [գրասենեանկային] ձեռքերուն մէջ:

գ-Եւրոպական մայրցամաքային քաղաքական համակարգ [Ֆրանսա, Իտալիա, Գերմանիա, եւայլն], որ կը բնորոշուի հին ու նոր մշակոյթներու եւ քաղաքականութեան չափանիշներու պահպանմամբ եւ փոխազդեցութեամբ:

Ինչպիսին ալ ըլլան չափանիշները, ամենակարեւորը սակայն, համակարգի կառուցուածքային տարրերու միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերու բնոյթն է, ըստ որու կը տարբերին ժողովրդավարական եւ ոչ ժողովրդավարական քաղաքական համակարգեր:

 

Ոչ ժողովրդավարական քաղաքական համակարգին կը պատկանին միապետութիւնները՝ բացարձակ միապետութիւններ, տուալիստական [երկիշխան] միապետութիւններ (ուր խորհրդարանը մեկուսացուած է գործադիր իշխանութենէն), սահմանադրական միապետութիւններ, դասային ժողովրդավարութիւն, ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւն:

Ժողովրդական քաղաքական համկարգերը կը բաժնուին՝ նախագահական հանրապետութիւններու եւ խորհրդարանական հանրապետութիւններու: Խորհրդարանական համակարգը նախագահականի ժողովրդավարական այլընտրանքային ձեւն է, ուր օրէնսդիր մարմիններու կողմէ նշանակուած վարչապետի կուսակցութիւնը, խորհրդարանի մեծամասնութիւնը կը կազմէ: Ժողովրդավարական համակարգի ամենատարածուած ձեւը, ներկայացուցչական ժողովրդավարութիւնն է:

 

Խորհրդարանական վարչակարգի երեք հիմնական ձեւերը

1-Միակուսակցական մեծամասնութեան խորհրդարանական վարչակարգ:

2-Քոալիցիոն [համաձայնական] խորհրդանական վարչակարգ:

3-Կոնսենսուալ [մենաշնորհային] խորհրդանական վարչակարգ:

About talar

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …