5
ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Պետութիւնը որպէս քաղաքական համակարգի հիմնական հաստատութիւն
Պետութեան կոնցեպցիան [հասկացութիւնը]
Պետութեան հասկացութեան, բովանդակութեան, պարտականութիւններու, խնդիրներու, ծագման դրդապատճառներու եւ զարգացման օրինաչափութիւններու հարցերը, ի սկզբանէ զբաղեցուցած են համայն մարդկութիւնը: Այսօրուան դրութեամբ, մարդկութիւնը հետաքրքրող հարցերը պետութեան զարգացման ուղղութիւնն ու ապագայի դրսեւորման հարցերն են:
Պետութիւնը, ծնունդն է աշխատանքի հասարակական բաժանման, եւ մասնաւոր սեփականութեան առաջացման, յատկապէս տնտեսական ուժեղ խմբաւորումներու առաջացման: Իսկ անոր զարգացման օգնած են հասարակական, տնտեսական, քաղաքական, հոգեւոր, ռազմական, ազգային եւ աշխարհագրական գործօնները:
Պղատոնը, պետութեան առաջացման պատճառը համարած է մարդկանց աշխատանքային բաժանման ընթացքին առաջացող դասակարգային տարբեր խումբերը [բանուորներ, արհեստաւորներ, կառավարողներ, զինուորներ, եւայլն]:
Արիստոտէլի կարծիքով, պետութեան առաջացումը պայմանաւորուած է մարդու բնութեամբ:
Կրօնական նուիրապետութիւնները, պետութեան եւ իշխանութիւններու առկայութիւնը կ՛ընդունին որպէս աստուածային կամքի արտայայտութիւն:
16-17րդ դարերու մտածողներու կողմէ ան ընդունուած է որպէս հասարակական դաշինք, բնական անարխիայի՝ անիշխանութեան սահմանափակման նպատակով:
19րդ մտաւորականները զայն ընդունած են խումբ մը մարդկանց կողմէ այլոց վրայ իշխելու եւ ստրկացնելու միջոց:
Մարքսիզմի ներկայացուցիչները պետութիւնը դիտած են որպէս որոշակի հասարակութեան գոյութեան, անոր պետական, քաղաքական եւ տնտեսական անվտանգութիւններու պաշտպանման միջոց:
Լատինամերիկեան հասարակագէտներ, պետութիւնը համարած են իրաւական չափանիշներով հասարակութեան անդամներու վարկագծի հարկադիր կարգաւորման միջոց:
Այսօր, պետութիւնը իր բովանդակութեամբ կը նշանակէ՝
ա-Պետականօրէն կազմակերպուած հասարակութիւն:
բ- Ներհասարական կապերու որոշակի ամբողջութիւն:
գ- Հրապարակային իշխանութեան ինստիտուտներու [հաստատութիւն ներու] եւ նորմերու համակարգ, որ կը վերաբերի միայն քաղաքական վերնախաւին:
Պետութիւնը քաղաքական համակարգի գլխաւոր հաստատութիւնն է, որու միջոցով արդիւնաւէտօրէն հնարաւոր է կազմակերպել երկրի քաղաքական, տնտեսական, հասարակական, մշակութային, պաշտպանական եւ այլ ծրագիրներն ու իրականացնել համապատասխան ռազմավարութիւնները:
Պետութիւնը կը համարուի երկրի քաղաքական միջուկը, որու շուրջ կը հաւաքուին եւ կը գործեն քաղաքական կուսակցութիւններն ու տարբեր կազմակերպութիւնները, որոնք կը ձգտին մասնակցիլ պետութեան կազմին կամ ձեռք անցնել պետութիւնը:
Պետութեան միջոցով, քաղաքական համակարգի բոլոր հաստատութիւնները կ՛իրականացնեն իրենց ծրագրային եւ ռազմավարական նպատակները: Պետութեան ինքնուրոյնութիւնն ալ կախուած է այդ հաստատութիւններու յարաբերակցութենէն: Ինքնուրոյն պետութիւնը կ՛աշխատի իրականացնել այդ հաստատութիւններու իրաւական, քաղաքական ու գաղափարական շահերը:
Ընդհանուր շահերու պաշտպանման կողքին սակայն, պետութիւնը հարկաւոր է իրականացնել նաեւ բնակչութեան վարչատարածքային բաժանումը, հասարակութեան կազմակերպման յատուկ ապարատներու ստեղծումը, հասարակական կարգ ու կանոնի պահպանումը, պետական տարածքի եւ կառուցուածքի պահպանումը, պետութեան անվտանգութեան ապահովումը եւ զարգացումը, քաղաքացիներու ցեղային խմբաւորումներու միջեւ համերաշխութիւնը:
Պետութիւններու դասակարգումը
Պետութիւններու դասակարգման հիմքը կը կազմէ մարդկութեան քաղաքակրթական եւ հասարակական զարգացումները:
Հարկաւոր է տարբերել պետութեան տեսակներն ու ձեւերը:
Պետութեան տեսակը պայմանաւորուած է անոր տնտեսական, հասարակական եւ հոգեւոր զարգացման մակարդակէն, որ բաւականին կայուն երեւոյթ է:
Պետութեան ձեւը՝ պետական իշխանութեան կառուցուածքը (իշխանութեան տարածքային կառուցուածք եւ կառավարման ձեւ) պայմանաւորուած է անոր ներքին (ներքին քաղաքական ուժերու յարաբերակցութիւն) եւ արտաքին (միջազգային ուժերու յարաբերակցութիւններ) շարք մը պատճառներէ, որոնք շարժունակ են:
Տարածքային կառուցուածքի առումով պետութիւնները կ°ըլլան՝
Ունիտար՝ միացեալ պետութիւն, մէկ ամբողջութիւն կազմող պետութիւն (Աւտրիա, Անգլիա, Ֆրանսիա,Իտալիա, եւայն), որ կ՛ունենայ պետական իշխանութիւններու բարձրագոյն միասնական համակարգ, սահմանադրութիւն, վարչատարածքային կազմաւորումներ, ուր ազգային փոքրամասնութիւնները չունին ինքնավար կազմաւորումներ:
Դաշնութիւն՝ [Ֆեդերացիա] ինքնուրոյն պետութիւններու միութիւն (ԱՄՆ, Ռուսիա, Գերմանիա, Գանատա, Հնդկաստան եւայլն), ուր տարբեր տարածքներ ունին իրնեց լեզուն, օրէնքները, եւայլն, սակայն միայն դաշնային պետութիւնը կրնայ հրապարակել իրաւական ակտեր, ուր որոշ խնդիրներու լուծման կրնան մասնակցիլ ոչ կեդրոնական ենթակաները:
Համադաշնութիւն՝ [կոնՖեդերացիա], քանի մը ազատ պետութիւններու միութիւն (ԱՊՀ): Ան կը ստեղծուի համապատասխան պետութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ, միջազգազին պայմանագրերու հիման վրայ ստորագրուած համաձայնութեամբ, որտեղ կը նշուին նախատեսուող ընդհանուր նպատակները, աշխատանքային լիազօրութիւնները:
Համադաշնութիւնը չունի իշխանութիւն, կենդրոնական մարմիններ, միասնական սահմանադրութիւն, միասնական քաղաքացիութիւն: Ֆինանսական միջոցները կը ստեղծուին մասնակից պետութիւններու վճառումներով, զինուած ուժերը, չնայած ընդհանուր հրամանատարութեան առկայութեան, իւրաքանչիւր մասնակցի բանակ, կը գտնուի իր հրամաններուն տակ: Օրէնսդիր մարմինները նոյնպէս կազմուած կ՛ըլլան իւրաքանչիւր կողմէ հաւասար մասնակիցներով: Միջազգային քաղաքականութիւնը կ՛ընթանայ համաձայնեցուած, չբացառելով ինքնուրոյն դիրքորոշումներու հնարաւորութիւնը:
Բ.Համաշխարհային պատերազմէն ետք, ամբողջ աշխարհով մէկ սկսած է պետութիւններու ձեւաւորման երկու գլխաւոր ուղղութիւններ՝
ա.- Ազգային սուվերէն պետութիւններու ամրապնդում եւ կազմութիւն:
բ.- Մայր-ցամաքային պետութիւններու խմբաւորում:
Պետութեան Ֆունկցիաները [պարտականութիւնները]
Ա- Ներքին պարտականութիւններ
Պետութեան ներքին հիմնական պարտականութիւններն են՝ պետական ապարատի կատարելագործումն ու անարգել գործունէութիւնը, բնակչութեան բոլոր տեսակի կենսապայմաններու ապահովումը՝ տնտեսական զարգացումը, բարեկեցութիւնը, հասարակական բնական յարաբերութիւնները, սոցիալական տարբեր խումբերու հասարակական շահերը, հասարակական անհաւասարութեան վերացումը, խղճի եւ խօսքի ազատութիւնը, քաղաքի եւ գիւղի բնակչութեան բնատարածքներու ապահովումն ու բարելաւումը, հասարակութեան գիտամշակութեային կեանքի ապահովումն ու զարգացումը, հասարակական կեանքի պաշտպանուածութիւնը հասարակական բացասական երեւոյթներէն, հասարակական տարբեր հաստատութիւններու կապուածութիւնն ու սահուն գործընթացքը:
Բ- Արտաքին պարտականութիւնները
Պետութեան արտաքին պարտականութիւններ են՝ այլ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու հետ փոխշահաւէտ փոխգործակցութիւնները, երկրի տարածքային ամբողջականութեան պահպանումն ու պաշտպանուածութիւնը: