Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՎԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՆՈՒԱՐՍԱԿԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՎԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՆՈՒԱՐՍԱԿԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՎԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՆՈՒԱՐՍԱԿԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ

Ա.ՎԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄՆ ՈՒ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ

Հայկական լեռնաշխարհի հարաւը կը բնակէր Ուրուատրի ցեղախումբը, որ բաղկացած էր ութ ցեղերէ:

Անոնց մասին առաջին գրաւոր տեղեկութիւնները կու տայ Ասորեստանի Սալմանասար Ա. թագաւորը, որ Ք.Ա. 16-րդ դարուն կ’արշաւէ անոնց դէմ: Ասորեստանեան սեպագիր աղբիւրներու վկայութեամբ Ուրուատրին 9-րդ դարուն կը դառնայ Ուրարտու պետութիւն:

Այդ պետութիւնը կոչուած է տարբեր անուններով: Ասորեստանցիները կը կոչէին Ուրարտու, իսկ տեղաբնիկներն իրենց երկիրը կը կոչէին Բիայնիլի՝ ամենամեծ Բիա ցեղին անունով:

Ք.Ա. 859 թուականին այդ պետութեան թագաւոր կը յիշատակուի Արամէն: Պատմութեան յայտնի յաջորդ թագաւորը Սարդուրի Ա. է, որ Ուրարտուի մայրաքաղաք՝ Տուշպայի ( Վանի) հիմնադիրն է եւ այդ մասին ձգած է սեպագիր արձանագրութիւն:

Սարդուրի Ա.-ին յաջորդած է անոր որդին՝ Իշպուինին ( Ք.Ա. 825-810), որ հրաժարելով ասորեստանեան գրերէն, կը ստեղծէ Ուրարտական գիրը:

Իշպունիի որդի՝ Մենուա թագաւորի  օրոք ( Ք.Ա. 810-786 թթ) կը սկսի Ուրարտական պետութեան վերելքն ու հզօրացումը: Նոր թագաւորը կը գրաւէ նորանոր երկիրներ եւ արշաւանքներ կը ձեռնարկէ Ասորեստանի դէմ:

Ան կը հասնի մինչեւ Արաքսի ափերը եւ պետութեան՝ դէպի Արարատեան դաշտ ծաւալուելու համար  կը ստեղծէ յենակէտ՝ Մասիսի հիւսիսային փեշերուն հիմնադրելով Մենուախինիլի քաղաքը: Ան կը նուաճէ նաեւ Վանայ լիճէն դէպի արեւմուտք Ուրմէ (Տարօն), Արխի (Հարք), Ծուփա (Ծոփք) եւ Մելիդ (Մալաթիա) հայկական իշխանութիւնները:

Մենուայի օրով զարկ կը տրուի գիւղատնտեսութեան: Կը կառուցուին ոռոգիչ ջրանցքներ: Անոր կառուցած ամենայայտնի ջրանցքի մինչեւ օրս գործող 72 ք.մ. երկարութեամբ Վանի ջրանցքն է, որուն պատերուն վրայ թագաւորը ձգած է սեպագիր արձանագրութիւններ: Ժողովուրդը այդ ջրանցքը կոչած է Շամիրամի ջուր, անոր կառուցումը վերագրելով Ասորեստանի Շամիրամ թագուհիին:

Բ.-ՎԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԳԻՇՏԻ ԱՌԱՋԻՆԻ ԵՒ ՍԱՐԴՈՒՐԴԻ ԵՐԿՐՈՐԴԻ ՕՐՈՎ

Ուրարտական պետութեան վերելքը շարունակուեցաւ Մենուայի յաջորդաց Արգիշտի Ա.-ի օրով ( Ք.Ա. 756-764):

Անոր դէմ կ’ապստամբեն Ուրմէն ( Տարօնը) եւ անոր դրացի Տաւարածներու հովիտ կոչուած երկիրը: Ան կ’արշաւէ ու կ’աւերէ այդ երկիրները եւ հազարաւոր գերիներ կը վերցնէ:

Արգիշտի Ա.-ի կ’անցնի նաեւ Արաքս գետը եւ կը գրաւէ Արարատեան դաշտը: Ք.Ա. 782 թուականին ան այնտեղ կը հիմնադրէ Էրեբունի քաղաքը ներկայիս՝ Երեւանը: Այս մասին ան արձանագրութիւն ձգած է, ուր կը նշէ, որ քաղաքը կառուցած է «Ի բարօրութիւն Բիայնիլի երկիրներուն, ի տապալումն՝ թշնամական երկիրներուն»:

Պետութեան ռազմական եւ տնտեսական վերելքը կը շարունակուի Արգիշտի Ա.-ի որդի՝ Սարդուրի Բ.-ի օրով ( Ք.Ա. 764-735):

Վանի թագաւորութիւնը, որ ռազմական բռնի ուժով ստեղծուած պետութիւն էր, Ք.Ա. 580-ական թուականներուն դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ:

Գ.-ՎԱՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՐԳԸ

Վանի թագաւորութեան մէջ պետութեան գլուխը կանգնած էր թագաւորը: Անոր իշխանութիւնը անսահմանափակ էր եւ ժառանգական:

Պետութիւնը բաժանուած էր մեծ մարզերու:

Վանի թագաւորութեան բանակը կազմուած էր հետեւեալ մասերէ.-

1-Հետեւակ

ա.-Տէգաւորներ
բ.-Կացինակիրներ
գ.-Աղեղնաւորներ

2-Հեծելազօր

3-Մարտակառք

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …