Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / «Օ՜ֆֆֆե եղեր

«Օ՜ֆֆֆե եղեր

«Օ՜ֆֆֆե եղեր

Այս «սիրելիե արտայայտութիւնը, որ օրական կարելի 10 անգամէն աւելի կը լսենք, առաջնորդեց ինծի կատարելու որոնում մը մեր ազգին կողմէ այս բառին գործածութեան շուրջ: Ա՜խխ Պր.Մեսրոպ, Դուն որ մեզի շնորհեցիր 36 աննման տառեր, տառեր որոնց մէջ ոչ պարապ կլոր «Օեն կար ոչալ  շւարած «Ֆեն.չկար որովհետեւ այն ատեն հայը պարզապէս չեր գործածեր  «Օ՜ֆֆեը, չեր փջէր պարապ-սարապ ամէն մէկ պզտիկ դժգոհանքի. առկախ անոր որ այն ատեն Հայաստանը այնքան ալ լաւ վիճակի մէջ չեր: Երանի մի այն մէկ օր դառձեալ կեանքի կոչուի այն «խելացինե որ ուզեց բարիք մը ընել հայ լեզուին եւ 11-րդ դարուն աւելցուց Օ-ն եւ Ֆ-ն որպէսի հայը կարողանայ(Ֆրանսա) մը քոնէ ըսել,վստահ եմ որ չեր ենթադրեր թէ այս անիծեալ արտայայտութիւնը այսքան ընդհանրանայ մեր ազգին մէջ:

Կրնայ ըլլալ որ հայը 11-րդ դարէն առաջ «ախխ՜ե, «վա՜շշե, եւկամ «վա՜յյե կ’ըսեր, բայց վստահ «Օ՜ֆֆե չեր ըսեր. եւ այս խօսքը ունի իր հոգեբանական բացատրութիւնը, «Օ՜ֆֆեին մէջ կայ յանցնուելու, յուսահատութեան եւ վերջակէտի զգացմունքներ որովհետեւ քու ներսի ուժդ դուրս կը պարպես, իսկ միւս արտայայտութիւններուն մէջ կան պայքարելու, վրեժխնդրութեան եւ տոկալու փափաքներ որովհետեւ նոյնիսկ ներսի շունչդ չես ուզեր յանցնել: Փորձէ՛ եւ տե՛ս:

Սիրելիներ,մենք կանչուած ենք գործածելու եւ զարգացնելու մեր Հայկական իւրայատուկ  ուղեղը, որուն ճամբան է հայու պէս մտածել.այսինքն հայերէն լեզուով մտածել,արտայայտուիլ եւ աշխատիլ……..

Այո, երկար աշխատանքէ մը ետք  չկայ ոչ մի աղուոր արտայայտութիւն քան «Օօօ՜՜Ֆֆֆեը, բայց նոյնքան ալ չկայ աւելի տգեղ արտայայտութիւն երբ աշխատանքի մը սկսինք, կամ ըլլանք անոր ընթացքին մէջ եւ մեր լեզուին վրայ անդադար կայ «օֆեը:

 

Մովսէս Ինճէճիկեան

 

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …