ԱՅՍ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ
Նոր տարուայ շեմին նոր կoշիկ, նոր տաբատ, նոր հագուստներ կը գնուին, «հինը թափէ որ նորը հագnիս» յաճախ կը լսենք, ու կ՛ընկերանանք կեանքի բնական ընթացքին ու տեղի տալով կ՛ընենք այն ինչ որ նոր է այն ինչ որ գեղեցիկ, այն ինչ որ աւելի հաճելի, ու վերջապէս տարբեր նուէրներ գնելով նուիրելու ու յաճախ նուէր ստանալու հոգեբանութեամբ կը սպասենք երազուած 12-ին եւ ահա աղօթքներ, ուրախութիւն, երգ ու արդէն ժամանեց Կաղանդ Պապան, ետքը այդ սպասուածի հոգեբանութեան յագեցումը:
Սովորական պատկերով մը ներկայացուցի մեր կեանքի բնականոն ընթացքի Նոր Տարուայ անցուդարձը, սակայն մտադիր չեմ լրատուամիջոցի աշխատակիցներու նման ազատ փողոցներու մէջ կատարուածին տեղեկանք փոխանցելու, կրնայի այդ մէկը կատարել եթէ ուրախ, զուարթ, անհոգ ազգի զաւակ ըլլայի, նոյնը կ՛ընէի, եթէ ազգովին ուրախ ըլլայինք գոնէ, սակայն խղճիս հետ հարազատ զրոյցներուս որպէս արդիւնք, տարբեր եզրակացութեան հանգեցաւ, որովհետեւ՝
Անցնող տարին սովորական տարի չեղաւ ՄԵԶԻ համար :
Սովորական չեղաւ, որովհետեւ յաճախ պարտութիւններու դիմաց յաղթանակներ արձանագրող Հայ ազգի 2009 տարեթիւի պարտութիւնները եղան կրկնակի ու յաճախակի, իսկ արդիւնքը ահաւոր բեկումնային:
Առաջին պարտութիւնը կրեցինք մարզաքաղաքական դաշտի վրայ ու հռչակուեցանք տարուայ լաւագոյն մարզական ոգի ունեցող:
Երկրորդ պարտութիւնը շարունակութիւնն էր առաջինին, սակայն վայրի փոփոխութեամբ միայն, կրեցինք պարտութիւն մը եւրոմիութեան ընտանիքին առջեւ ու մեզ զօրակցող ազատ աշխարհի առջեւ խայտառակ, գլխիկոր մնացինք:
Երրորդ պարտութիւնը եղաւ ու կը շարունակուէ տակաւին, իր աւերը հետզհետէ աւելցնելով պատուհասի կոչնակներ հնչեցնելով, բայց ի զուր, երբ ձմրան մթնոլորտի ծանրութիւնը գիտականօրէն թոյլ չի տար ձայնի արագ տարածման հետեւաբար այստեղ է որ պէտք կը զգացուի Ազգային գիտակցութեան շտեմարանները բանալ ու անգամուայ մը համար նայիլ , տեսնել, թէ ինչ վիճակի մէջ եւ ինչ քանակութեամբ ապրանք ապրանք մնացած է:
Երրորդ պարտութիւնը ամէն օր կը կրենք երբ կը շարունակուին վերեւ յիշուած նոր կօշիկն ու տաբատը կամ նոր վայելքի վայրերը, հիւսիսային սահմանէն անդին բռնագրաւուած հողի վրայ (ժամանակին դրախտ կոչուած) գորշ գայլերու արտադրած թունաւոր-հրապուրիչ վաճառանիշերը ու տեղանունները կրել: Մենք ազգովին ամէն օր կը պարտուինք դեռ ամէն այցելուի հետ ամէն սահման անցնողի: Հակառակորդի քսակներուն հետզհետէ ուռճացման հետ մենք ալ ազգովին կը նուաստանանք, կը խեղճանանք:
Խիղճս ուղարկեցի գիտակցութիւնս քննելու, երկուքն ալ ափի բերան մնացած իրարմէ ամչցած ու չգործած յանցանքի մեղադրեալի նման աւելի ճնշեցին մտքիս ծալքերը, փնտռելով պատասխաններ յանդգնութեան պակասէն չհնչած հարցումներու:
Այս Նոր Տարին իր հրճուանքով ու զուարթութեամբ կեղծիքն ու ամօթը թաքցնելու սովորոյթներ ալ բերաւ իրեն հետ, վերեւ յիշուած իւրաքանչիւր «հինը թափէ»-ին հետ թշնամին հարստացուցինք, մենք մեր ինքնութիւնը կեղծեցինք, սահման անցնելով թէեւ ժամանակաւոր զուարճացանք, սակայն հակառակորդի իւրաքանչիւր արտադրանքի ու պտոյտի տոմսակի գնումով, բիծ մը եւս աւելցուցինք հայու մաքրամաքուր գիտակցութեան վրայ ու տակաւին անամօթի նման երբեմն թաքուն կը կատարենք ազգովին մերժուած յանցագործութիւնը, իսկ երբեմն աներեսի հպարտութեամբ կը յայտարարենք գեղեցիկ վայրերու համադամ ճաշերը, մեծ վաճառատուներու շլացուցիչ վաճառանիշով իրերը, ճամբու հեզասահ ու դիւրին ըլլալն ու այս բոլորը կ՛ոլորենք նոյն կեղծիքի«Պատմական Հայրենիք» այցելութեան նուէրաթուղթով ու կը շարունակենք նուիրել ասդին ու անդին:
Չէ՞ որ նոր տարի է:
Այսօր երբ ազգեր իրենց պատմութիւնը կը կրկնեն նորանոր յաղթանակներով, ողջ աշխարհը կը հիացնեն իրենց կազմակերպուածութեամբ ու վճռակամութեամբ, մենք տակաւին հինը չմոռցած նոր պատմութիւնը հինին նման կը շարունակենք: Ինչպէ՞ս կրնանք օտարի նման ոտք դնել այն հողին վրայ որուն կը պատկանինք, ամէն առիթի սիրտ խոցող սրբավայրերու ախոռի ու բաղնիքի վերածուած ըլլալը տեսնելով անոնց երեսն ի վար թքնելու փոխարէն մեր նախնիներու անէծքն իսկ անհոգ շալկած կերպասին ու հաճոյքին գինը կը հակաճարենք, մեզմէ գողցուածթը գնելով ու վայելելով անգամ մը եւս կը գողցուինք արանց գիտակցելու որ կորուստի կը մատնուինք:
Եդեմի պարտէզին մէջ ճիշդ նոյնը կատարեցին Ադամն ու Եւան, այսօր մենք նոյնը կը կատարենք երկրի վրայ: Իմաստութեան ծառի պտուղը արգիլուած էր անոնց համար, դրախտը լայն բացուած՝ անոնց առջեւ: Հակառակորդի հետ գործակցիլը արգիլուած է մեզի համար, հայրենիքը լայն բացուած մեր առջեւ: Անոնք քմահաճութեամբ ու կեղծաւորութեամբ անմտօրէն վարուեցան, արդիւնքը եղաւ Աստուծոյ մարդկութեան տուած արժանի պատիժը ու ողջ դրախտը կորսնցուցին: Միթէ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ այդքա՞ն ալ տհաս ենք որ արքիլուածը ունենալուն վնասակար ըլլալը չենք կրնար հասկնալ: Եթէ այդտեղ երկուքը վտարուեցան, ետքը անոնց շարաւիղները ապաշխարհելով սխալը սրբագրեցին, այսօր մենք ազգովին դար մը հայրենիքէն տեղահան ըլլալով, կը շարունակենք, նոյն հանկերգը չենք աշխատիր սխալ մտայնութիւնը սրբագրել, որուն արդիւնքով վտարուածի պատկեր սկսանք ունենալ, ու պիտի կորսնցնենք մերը:
Ընկերային միջավայրի պարզ տրամաբանութեամբ նոյնիսկ, թշնամին ու հակառակորդը կը մնան մերժելի ու անոր հետ գործակցիլն ու սեղան նստիլը, կամ նոյնիսկ անուղղակի փոխ հարաբերութիւնը, ինչ մակարդակի ալ ըլլան, կը մնան անթոյլատրելի, այնքան ատեն, որ հակառակորդ կողմը գործուած յանցանքը կամ եղած տարակարծութիւնը կը փորձէ շրջանցել կամ աղաւաղել ու անարգանք կուղէ յիշեալ ընկերութեան: Միթէ մեր դարաւոր Ազգը որ միջազգային հասկացողութեամբ ազգի բնորոշիչ բոլոր տուեալները կը վայելելէ այս պարզ տրամաբանութեա՞ն պակասը ունի: Եթէ ընկերային միջավայրեր գոնէ երբեմն վճռակամութիւն կը ցուցաբերէն այս հարցի նկատմամբ, մենք ազգ ըլլալով կը զիջինք տեղի տալով առաւել անարքանքի:
Հայոց պատմութեան ընթացքին յաճախ զոհ դարձանք նոյն օտարամոլութեան, յաճախ ճաշակեցինք նոյն անմտութեան բերած աւերները, հրամցուածը դիւրաւ կլեցինք ու ետքը գլխէն հարուած ստացանք: Դեռ հարիւրամեակ մը առաջ կոտորածներէ ետք նոյն այսօրուայ մտայնութեամբ եւ ուրախութեամբ չէ որ դիմաւորեցինք իշխանափոխութեամբ եկողները: Եղբայրութիւն, արդարութիւն երգեցինք, քաջալերեցինք, անոնց հետ նարտի խաղցանք ու ետքը:
Այո, ազգային դաստիարակութեամբ սորված ենք ու պիտի սորվեցնենք, թէ թշնամիին շահերը աւելցնելը մեր ազգային դրամագլուխէն դաւաճանութիւն է, ով հայ ժողովուրդ: Վարդագոյն երազներով ապրիլը, կոյր վստահութիւնը, նոր կարմիր էջերու ճամբան կը տանի ով հայորդիներ: Քանի գիրքով, հազար ստորագրութեամբ ու ներողութեամբ մը մեզ կը խափեն: Երբ իրենց պատկանելիութիւնը մոլեռանդութեամբ մը բարձր կը դասեն անոնց բնազդը չի փոխուիր, երկու ժպիտով, աժան գիներով անգամ մը եւս կը կոտորուինք, Աստուած սիրէք, հասկցէք ով հայ ժողովուրդ:
Խղճիս հետ ունեցած զրոյցներուս եզրակացութիւններուն բարենպաստ կողմը այն էր, որ մենք ունինք ազգային պատկանելիութիւն, ունինք հաւատք, ունինք կրօնք, սակայն ահաւոր կողմը որ այս երրորդութիւնը որ հակարկորդ կողմը ամէն գիշեր իր որջը մտած կ՛երազէ մենք ունինք, բայց չենք համադրած համապատասխան գիտակցութեամբ: Մեր հայեցի դաստիարակութիւնը ներկայ է մեր առօրեային մէջ, սակայն աղաւաղուած պատմական եսասիրութեամբ: Մեր լեզուն կը գործածենք, սակայն Մեսրոպեան տառերով այդ թունաւոր վաճառանիշերը կարտասանենք երբեմն ալ իւրացուածի նման:
Այո՛, հաստատակամ կ՛ըսեմ ու կը շեշտեմ, մենք իրաւունք չունինք ազգի հաշւոյն քմահաճ ու եսասէր ըլլալու, անձնական հաճոյքի ու վայելքի համար ազգը չնուաստացնելու գիտակցութիւնն ալ գէթ մեր հակառակորդէն սորվինք:
Եզրակացութիւն՝, եթէ այդ կատարուած բոլոր շրջապտոյտները, շուկայական գնում կատարելու փոխարէն ոճրագործին պատուհասի ժամը մօտենալն յիշեցնելն ըլլար, փառք հայ ժողովուրդին:
Եթէ այդ շրջապտոյտները մեր դեռատի մանուկներուն մտքերուն մէջ իրենց երեխայի օրրանի օրերէն իսկ անոնց աւերուած մայրենի հողին կապելնէ (ինչպէս կը ծնին ու կը տեսնեն բջիջային ու համակարգիչը) ու զայն իրատես ու գործնական հանգամանքներով դաստիարակելն է հազար փառք Հայ ազգին:
Եթէ կատարուած բոլոր քաղաքական գործունէութիւններն ու որոշումները ի մտի ունենան ծրագրաւորուած կերպով ու մէկը միւսը ամբողջացնելու տրամադրութեամբ իրարու հետ ձեռք ձեռքի ու այդ նոյն միասնութեան շուրջպարին նման հակառակորդը խեղդելն է Հազար ապրի մեր ազգը:
Միտքս, խիղճս ու գիտակցութիւնս իրարու հետ մէկտեղած Նոր Տարուայ նախօրէի տօնական օրուայ մը գիշերուան մթութեան մէջ, երեխայի նման համեստ հոգիով, երազկոտ պատանիի հրճուանքով եւ վերջապէս հասուն տղամարդի վճռակամութեանբ, գրիչս թուղթին յանձնեցի ու իբրեւ մաղթանք, իբրեւ բաղձանք, իբրեւ զգաստութեան հրաւէր գրեցի :
Կաղանդ Պապա, այս տարի,
Գիտակցութիւն բեր Մեզի,
Որ Հայ Ազգը դարեր ապրի,
Մեր շէն օճախը չմարի:
Թող 2010-ն քիչ մը աւելի յոյս, հաւատք, ու ազգային միասնակամութիւն պարունակէ իր օրերուն մէջ: Թող հայորդիներ տարի մը եւս հասակ առնեն, սակայն ազգային արժէքներու իւրացումի անզիջող յամառութեամբ: Թող որ այս նոր տարին ըլլայ յաղթանակի տարի հին երազներու իրականացմամբ, նոր հանգրուան թեւակոխելու :
Ռազմիկ Տունկեան
Հալէպ 26/12/2009