Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / 7 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

7 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

7

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Քաղաքական կուսակցութիւններ հասկացութիւնը

Մարդկութեան յայտնի են դեռ ճորտատիրական կարգերու օրերուն, շահագործուած դասակարգերու որոշակի կազմակերպուածութեամբ մը տեղի ունեցած  յեղափոխական ելոյթները ընդդէմ ճորտատէրերուն:

Կուսակցութիւն [party] անուանումը առաջացած է լատիներէն pars=մաս բառէն, զոր կը նշանակէ մասնագիտական այնպիսի խումբեր, որոնք կը պայքարին իրարու դէմ, իրենց խմբային շահերու պաշտպանութեան նպատակով, ինչպէս Ֆրանսայի արիստոկրատական քարիերիստները (ազնուապետական ասպարէզասէրները), անգլիոյ ակումբները (club), Ֆրանսական յեղափոխութեան շրջանի Յակոբականները, եւայլն:

Մասսայական՝ մեծամասնական կուսակցութիւններ, որոնք տարած են լուսաւորչական, դաստիարակչական, մշակութային եւ քաղաքական  գործունէութիւններ, հանդէս եկած են 19րդ կէսերուն: Անոնցմէ առաջինները կը համարուին 1861թ. հիմնադրուած, Անգլիոյ ազատական կուսակցութիւնը, 1863 թ. Գերմանիոյ բանուորական կուսակցութիւնը:

Այսօրուան դրութեամբ, աշխարհի երեսին  տարբեր հասարաքաղաքական նպատակներով կը գործեն շուրջ 1000  քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: Այդ իսկ պատճառով, կուսակցութիւններու գործունէութեամբ զբաղող ընկերաբաններ եւ հոգեբաններ, կը դժուարանան միանշանակ սահմանում տալ կուսակցութիւն բառին: Ամենայնդէպս կուսակցութիւնները կը համարուին հասարակական քաղաքական համակարգի կարեւորագոյն տարր, հասարակական առաւել ակտիւ, գիտակից եւ կազմակերպուած հատուած,սոցիալ-դասակարգային, քաղաքատնտեսական, կուլտուր-ազգային եւ այլ շահերով միաւորուած հաւաքականութիւն:

Միջազգային հասարակագիտութիւնը սակայն տուած է իր որոշակի սահմանումները եւս.-

1 Աւանդական սահմանում.- Կուսակցութիւնը ընտրողներու այն կամաւոր խումբն է, որ գործնականօրէն կը մասնակցի ընտրութիւններուն եւ կը ձգտի յաղթել, հսկողութիւն սահմանելու համար պետութեան արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւններուն վրայ: Առ այդ, ան անպայմանօրէն իր թեկնածուները կ՛առաջադրէ ընտրական համապատասխան տեղերուն համար, ժամանակին կ՛որոշէ իր առնելիք ռազմավարական քայլերը:

 

2 Երկրորդ սահմանումը ելակէտ ունի՝

ա- Կուսակցութեան կառուցուածքային առանձնայատկութիւնները (կուսակցութեան մշտական կապը տեղական եւ համազգային մարմիններուն հետ, ղեկավարութեան վճռակամութիւնը, եւայլն):

բ- Կուսակցութեան գործունէութեան տեւողութիւնը:

գ- Զանազան գործօններ:

 

3ժամանակակից սահմանումը նկատի ունի հասարակութեան քաղաքական համակարգի մէջ կուսակցութեան գրաւած տեղն ու դերը:

 

Քաղաքական կուսակցութիւններու պարտականութիւնները

1-Քաղաքական նպատակներու եւ համապատասխան ռազմավարութեան սահմանում:

2-Հասարակական կարծիքի ինդեկրացում, ուղղում, մշակում եւ դաստիարակում:

3- Հասարակական շահերու միաւորում եւ հրապարակում:

4- Հասարակութեան ակտիւացում (աշխատունակացում):

5-Կուսակցութեան շարքերէն կուսակցական եւ պետական ղեկավարներու առաջադրում:

6- Կուսակցութեան շարքերու համալրում:

7- Հասարակայնութեան եւ հասարակական այլ հաստատութիւններու վրայ ազդելու զանազան միջոցներու որոնում:

8- Գործունէութեան ընթացքին առաջացող դժուարութիւններու արագ հարթում կամ վերացում:

9- Կառավարական մեքենայի գործունէութեան կայունացում:

10- Քաղաքական իշխանութեան ձգտում:

11-Ակտիւ մասնակցութիւն պետութեան քաղաքական ծրագրի մշակման եւ իրականացման:

 

 

3- Կուսակցութիւններու դասակարգումը

Կուսակցութիւններու դասակարգման հիմք կը ծառայեն անոնց պարտաւորութիւններն ու կազմակերպչական յատկանիշները: Առ այդ կը տարբերակեն՝

ա- Աւանկարդային կուսակցութիւններ,որոնք շատ արագ մաս կը կազմեն երկրի քաղաքական գործունէութեան եւ կը ձգտին անպայման հասնիլ պետութեան ղեկավարման:

բ-Կուսակցութիւններ,որ կը գործեն միայն ընտրական ժամանակաշրջաններու ընթացքին, թեկնածուներուն զանազան ձեւերով աջակցելու եւ ընտրութիւնները շահելու նպատակով, այնուհետեւ չմասնակցելով ներքին կամ արտաքին քաղաքական գործունէութեան:

գ-Բարլամենդական (ազգային ժողովին մասնակից) կուսակցութիւններ, որ ունին բարլամենդական գործունէութիւն (ընտրութիւններու համար թեկնածուներու առաջադրում, ընտրարշաւի ռազմավարութեան ընտրութիւն եւ ընտրարշաւի կազմակերպում, հասարակական կարծիքի ուսումնասիրում, եւայլն):

Ըստ Դուվերժէի, կուսակցութիւնները կը բաժնուին քատրային եւ մասսայական կուսակցութիւններու:

Հեղինակներու մեծամասնութիւնը կը գտնէ, որ քատրային կուսակցութիւնները կը բնորոշուին՝

ա- Քատրերու սակաւութեամբ:

բ-Կուսակցութեան մէջ հեղինակային, կազմակերպչական եւ տնտեսական կարողութիւններու տէր անձնաւորութիւններու առկայութեամբ:

գ-Անդամներու անջատուածութեամբ:

դ-Կուսակցութեան շարքերու համալրման համար սահմանուած կարգավիճակներու բացակայութեամբ:

ե- Անդամավճառի բացակայութեամբ:

զ-Որոշակի եւ մշտական անդամակցութեան բացակայութեամբ:

է- Պարտաւորութիւններու կատարման ազատութեամբ:

ը- Ընտրական ժամակաշրջանի գործունէութեամբ:

 

Իսկ մասսայական կուսակցութիւնները կը բնորոշուին՝

ա-Քատրերու խտութեամբ:

բ-Պարտադիր անդամավճառի առկայութեամբ:

գ-Անդամներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր եւ մշտական կապով:

դ-Ներկուսակցական կեանքի խիստ կարգուկանոնի առկայութեամբ:

ե-Գաղափարադաստիարակչական գործունէութեամբ:

զ-Պարտաւորութիւններու պարտադիր կատարմամբ:

է-Կուսակցութեան շարքերէն հեռանալու սահմանափակութեամբ:

ը-Ընտրութիւններու ակտիւ մասնակցութեամբ:

թ-Արհեստագիտական քաղաքական գործիչներու ղեկավարութեամբ:

 

Մասնագիտական գրականութիւնը կը տարբերակէ նաեւ՝  ժողովրդավարական համայնապետական կամ մենաշնորհական, ամբողջատիրական, փակ, բաց, ինդեկրատիւ, ներկայացուցչական, գաղափարական, գործնականապաշտական,ազգային, տեղական, կրօնական, աշխարհական, յեղափոխական  կուսակցութիւններ:

 

Կուսակցական համակարգերու դասակարգումը

Խօսքը պետութիւններու ղեկավարման հասած կուսակցութիւններու մասին է: Նման կուսակցութիւններու դասակարգման համար, նկատի առնուած են  քաղաքական կուսակցութիւններու դիրքն ու ազդեցութիւնը հասարակական տարբեր խմբաւորումներու (երիտասարդական, արհեստակցական, մշակութային, մարզական եւ այլ կազմակերպութիւններ), պետութեան եւ քաղաքական կառուցուածքներու նկատմամբ:

Մասնագիտական գրականութիւնը առանձնացուցած է կուսակցական համակարգերու հետեւեալ խումբերը՝

ա-Միակուսակցական համակարգ, երբ բացառուած է այլ կուսակցութիւններու գոյութիւնը:

բ-Միակուսակցական համակարգ, երբ ամբողջատիրական հսկողութիւն սահմանուած է պետութեան եւ հասարակութեան նկատմամբ:

գ-Ձեւական բազմակուսակցական համակարգ, երբ պետութեան ղեկավարութիւնն ու քաղաքական կեանքի առանցքային դիրքերը փոխնիփոխ կը զբաղեցնեն երկու կուսակցութիւններ:

դ- Բազմակուսակցական համակարգ, երբ պետութեան ղեկավարումն ու ընդդիմութիւնը կ°ընթանան բազմակուսակցական քուալիցիաներով (միակցումներով):

ե-Բազմակուսակցական համակարգ բազմահասարակական կողմնորոշմամբ:

Միակուսակցական եւ բազմակուսակցական համակարգերու առաջացումը ունի պատմական դրդապատճառներ՝

ա-Հասարակական ուժերու դասաւորուածութիւնն ու յարաբերակցութիւնը:

բ- Կուսակցութիւններու նկատմամբ հասարակութեան դիրքորոշումը:

գ-Քաղաքական կուսակցութիւններ ստեղծելու հասարակական խումբերու ցանկութեան ու գործունէութեան աստիճանը:

դ- Քաղաքական ազատութիւններու մակարդակը:

ե- Հասարակութեան քաղաքական կուլտուրայի մակարդակը:

զ-Ժողովրդավարական սովորութիւններու առկայութիւնը կամ բացակայութիւնը:

 

Ո՞րն է դրական, պետութեան ղեկավարման միակուսակցակա՞ն թէ բազմակուսակցակա՞ն սիստեմը:

Հասարակագէտները կը հաստատեն, որ միակուսակցական համակարգը նպաստաւոր է յետամնաց, հասարակաքաղաքականապէս ոչ հասուն հասարակութիւններուն համար, ուր դեռեւս չէ զարգացած ժողովրդավարութիւնը:

Նման երկիրներու մէջ, պետութեան ղեկավարման հասած կուսակցութիւնը ընդհանրապէս կը ձուլուի պետական կառոյցներուն հետ, առաջացնելով իւրայատուկ կուսակցութիւն-պետութիւն, միանձնեայ գերիշխանութեամբ, հակառակ պահպանուած որոշակի պատկեր կուսակցութիւններու առկայութեան:

Միակուսակցական ռեժիմի կողմնակիցներ կը մատնանշեն, որ բազմակուսակցական համակարգը, հասարակութիւնը կը տկարացնէ իրարու դէմ պայքարող կուսակցութիւններու պատճառով, հետեւաբար կը խանգարէ համազգային համախմբումը եւ համընդհանուր խնդիրները լուծելու  ջանքերը:

Իսկ բազմակուսակցական համակարգի կողմնակիցները կը պնդեն, որ միակուսակցական համակարգը կը ստեղծէ գրասենեակային հրամայական ռեժիմ, որ կ՛արգելակէ հասարակութեան բնական զարգացումը, սահմանափակելով, այնուհետեւ քայքայելով տնտեսական նախաձեռնութիւնները, կեդրոնացած հսկողութեան տակ կ՛առնէ տնտեսութեան բնագաւառի բոլոր ճիւղերը, կը դանդաղեցնէ ժողովրդավարութեան անցման գործընթացը, կ՛օտարացնէ հասարակութիւնը քաղաքական կեանքի նկատմամբ, հոգեմտաւոր բնագաւառը կ՛ողողէ մէկ գաղափարախօսութեամբ, գաղափարայնացնելով հասարակութեան մեծամասնութիւնը, որ շատ յաճախ հետապնդման, յետաքննութեան, բռնութեան, տանջանքի եւ զանգուածային ահաբեկչու թեան կ՛ենթարկէ իր ազգակիցները:

Միակուսակցական համակարգէն բազմակուսակցական համակարգի անցումը կը կարօտի որոշակի հասարակա-քաղաքական գործընթացներու աստիճանական զարգացման՝

ա-Հասարակական բոլոր ոլորտներու ժողովրդայնացում:

բ-Հասարակութեան քաղաքացիական իրաւունքներու նուաճում:

գ-Սահմանադրականօրէն կարգ ու կանոնի հաստատում, օրէնքներու գերակայութիւն, եւայլն:

դ-Հասարակութեան գիտակցութեան մէջ քաղաքական բարձր մշակոյթի ձեւաւորում:

ե-Միջ-կուսակցական անհիմն պայքարներու վերացում:

զ-Պետութեան միակուսակցական ղեկավարման միտումներու վերացում:

է-Կուսակցութիւններու ուժերու միաւորում հասարակական դժուարութիւններու առջեւ:

ը-Ընդդիմութեան ձեւաւորում, քանի որ ընդդիմադրութիւնը երաշխիք է չարաշահումներու եւ անիրաւութիւններու վերացման:

About talar

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …

Leave a Reply