Home / Ա / Նիւթեր / Գաղափարական / ՉԷ ԳԷՎԱՐԱՅԻ ՖՕՔՕԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ

ՉԷ ԳԷՎԱՐԱՅԻ ՖՕՔՕԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ

 Չէ Գէվարայի Ֆօքօի Տեսութիւնը

Լատին Ամերիկայի յեղափոխութեան մեծ հերոս Էոնէսթօ Չէ Գէվարան ծնած է 1928-ին, Արգենթինա՝ Բոլիվիայի սահմանին մօտիկ շրջան մը: Մասնագիտութեամբ բժիշկ, Գէվարան եղած է նաեւ հասարակագէտ, տնտեսագէտ, քաղաքականագէտ ու մանաւանդ Կէրիլլական (արձակազէն) կռուի տեսաբան-մասնագէտ:

Չէ Գէվարան ղեկավար մասնակցութիւն ունեցած է Քուպայի յեղափոխութեան մէջ: 1956-ին Դեկտեմբերին յեղափոխական 80 հոգինոց խումբի մը հետ գիշերով մտած է Քուպա:

Երկարատեւ ու արիւնալի կռիւներու ընթացքին, յեղափոխականներու խումբը, Չէ Գէվարայի զինուորական ղեկավարութեամբ, վերջապէս պարտութեան մատնած է Քուպայի բռնապետ Բատիստայի զօրքերը ու յեղափոխական միւս ուժերու հետ յաղթական մտած է Քուպայի մայրաքաղաք Հաւանա, 1959 թուի սկիզբին:

Քուպայի ազգային-ազատագրական յեղափոխութեան յաղթանակէն յետոյ, Չէ Գէվարան զբաղած է զինուորական ու պետական գործերով եւ ընդունած է ազգային բանակի նախագահի եւ արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնները:

Իր յեղափոխական համոզումներու բարձր գիտակցութեամբ ու մարտական խառնուածքի զօրաւոր մղումներով, Գէվարան հեռացած է Քուպայէն, Լատին ամերիկեան երկիրներու մէջ յեղափոխական շարժումներ կազմակերպելու մտադրութեամբ:

1966-ի Նոյեմբերին անցած է Բոլիվիա: Իր մի քանի Քուպացի յեղափոխական զինակիցներէն ու տեղացի մարտիկներէն կազմակերպած է Բոլիվիոյ Ազգային-Ազատագրական Բանակը, կռուելու համար Բոլիվիայի բռնապետական ռեժիմի եւ իմպերիալիստական ուժերու դէմ:

1967-ի Հոկտեմբերին, Բոլիվիայի Ազգային-Ազատագրական բանակի 17 մարտիկները, Չէ Գէվարայի ղեկավարութեամբ, աննպաստ դասաւորումներու հետեւանքով, ինկած են Բոլիվիոյ հազարաւոր զօրքերու (որոնք յատուկ մարզուած էին Ա.Մ.Նահանգներու մասնագէտներու կողմէ) պաշարման շղթային մէջ: Այս արիւնալի բախումին մէջ յեղափոխականները պարտուած են ու ձերբակալուած: Վիրաւորուած ու գերուած է նաեւ Չէ Գէվարան, միւս օրն ալ բանտի մէջ գնդակահարուած՝ հարբած սպայի մը ձեռքով:

Չէ Գէվարան իր տարիներու յեղափոխական գործունէութեան փորձառութիւններն ու մտածումները գրի առած է բազմաթիւ աշխատութիւններու մէջ: Իր գլխաւոր գործերն են «Կերիլլական Կռիւ», «Բոլիվական Օրագրութիւն», «Քուպայի Յեղափոխական Կռիւի Յիշատակները», «Մարդն ու Սոցիալիզմը Քուպայի Մէջ», «Նօթագրութիւններ Քուպայի Յեղափոխական Գաղափարախօսութեան Համար» նաեւ շարք մը բանախօսութիւններ եւ գրութիւններ:

Թէեւ այս մեծ յեղափոխականի վերջին փորձերը անյաջող անցան, սակայն անոր ձգած հարուստ փորձառութիւնն ու յեղափոխականի հերոսական տիպարի՝ մտային ու մարտական ներշնչման հսկայ աղբիւր կրնան ըլլալ բոլոր ժողովուրդներու յեղափոխական շարժումներու համար, ու  մասնաւորաբար հայ յեղափոխական շարժման համար, որուն այնքան նմանութիւններ ունին Էրնեսթօ Չէ Գէվարայի մօտեցումները:

Յեղափոխական տեսութիւններու մեծ մասը, մանաւանդ դասական մարքսեան կամ ոչ մարքսեան տեսութիւնները, բոլորն ալ, այն կարծիքին են, որ Յեղափոխական Դրութիւն յառաջանալու համար անհրաժեշտ է որոշ առարկայական ու ենթակայական նախապայմաններու գոյութիւնը:

Էրնէսթօ Չէ Գէվարայի ինքնատիպ ու մեծ ծառայութիւնը յեղափոխութեան գործին այն է, որ ցոյց տուաւ թէ այս նախապայմանները կարելի է յառաջացնել ու ստեղծել պայքարի միջոցով:

Գէվարան իր յեղափոխական փայլուն գործունէութեան ու փորձառութեան համար, կը նկատուի որպէս 20-րդ դարու կրէլլական կռուի լաւագոյն տեսաբան-մասնագէտներէն մէկը:

Գէվարան կ՛ընդունի, որ որոշ նուազագոյն պայմաններ հարկաւոր են առաջին կայծերը յառաջացնելու համար: Ան կ՛ընդունի, որ երբ հասարակութիւնը տառապանքի ու նեղութեան մէջ է ու անոնցմէ չի կրնար ազատիլ սովորական եւ օրինաւոր միջոցներով, միայն այդ ժամանակ պէտք է դիմել բռնի միջոցներու:

ՖՕՔՕ

Յեղափոխական տեսութիւններուն Գէվարայի բերած գլխաւոր նպաստը եղած է Ֆօքօի տեսութիւնը: Ըստ այս տեսութեան Յեղափոխական Դրութիւն կարելի է յառաջացնել, շատ լաւ դաստիարակուած Կրէլլական խումբի մը միջոցով: Այս խումբը կը կոչուի Ֆօքօ ու մէջտեղ կու գայ գիւղական երկրամասերու մէջ:

Ըստ Գէվարայի, նուազագոյն երեք պայմաններ պէտք է գոյութիւն ունենան, որոնցմէ երեքը միայն Ֆօքօի միջոցով կարելի կ՛ըլլայ երկրի մէջ յառաջացնել յեղափոխական դրութիւն: Այդ երեք նախապայմաններն են՝

ա.-Պարտադրեալ վերնախաւը իր անօրինական կառավարութիւնը հաստատած է երկրին մէջ:

բ.-Երկրի մէջ գոյութիւն ունին ճնշումներ, որոնցմէ կարելի չէ ազատիլ օրէնքի օգնութեամբ:

գ.-Դրութիւնը բերեփոխելու բոլոր օրինական ճանապարհները փակ են:

Սակայն, վերի երեք նախապայմաններուն գոյութիւնը, ինքնին, չի երաշխաւորեր Ֆօքօի յաջողութիւնը, այլ անոնք այն հասարակական-քաղաքական միջավայրը կը պայմանաւորեն, որուն մէջ Ֆօքօն կրնայ ներազդող գործօն ըլլալով, ստեղծել յեղափոխական դրութիւն: Ֆօքօն իր այս գործին մէջ կը յաջողի կամ ոչ՝ կապ ունի նաեւ շարք մը այլ ազդակներու հետ:

Այժմ տեսնենք ըստ Գէվարայի, իր մանրամասնութիւններուն մէջ, ի՞նչ ազդակներ տեղի պիտի ունենան Ֆօքօի գործը յաջողցնելու համար:

ՈՎՔԵՐ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ՖՕՔՕին

Ֆօքօին մասնակցող կերիլլան իրեն ամբողջովին կը նուիրէ գործի մը՝ քանդելու անարդար հասարակարգը եւ փոխարինելու զայն արդար կարգով մը:

Իտէալական կերիլլան պիտի ունենայ ճգնաւորի կեանք, անշեղ բարոյականութիւն, խիստ ինքնազսպում եւ կատարէ հասարակական բարեկարգումները սկսելով իրմէ:

Ամբողջական նուիրում ունենալու համար կերիլլան պէտք է գաղափարական այնպիսի ամուր համոզմունքներու տէր ըլլայ, որոնց առանցքին մէջ գտնուին հասարակական արդարութիւնն ու ազատամտութիւնը:

Կերիլլական  խումբի մէջ կեանքը խիստ է եւ ունի երկարատեւ դաստիարակչական բնոյթ:

Ֆօքօի մէջ կը տիրէ շատ ուժեղ կարգապահութիւն: Չենթարկուողը, լքողը կամ պարտուողական ոգի ցուցաբերողը ՄԱՀՈՒԱՆ ՊԱՏԻԺ ունի: Դաւաճանները, մատնիչները եւ աւազակները նոյնպէս մահուան կը դատապարտուին:

Ան, որ հրացան կը կրէ, մէջքին կապոց կը կապէ, գիշերները անապաստան ու բացօթեայ կը քնանայ եւ ոստիկանութեան կողմէ կը հետապնդուի, ան դեռ կերիլլան չէ: Այսպիսի վիճակի մէջ են նաեւ աւազակները:

Կերիլլան ունի այլ յատկութիւններ: Կեանքը կերիլլական Ֆօքօին կերիլլային կու տայ այն պատեհութիւնը, որ ան ստանայ երկու խստութիւններ՝ ըլլայ յեղափոխական եւ ըլլայ մարդ: Ով որ չի կրնար ըլլալ թէ՛ մարդ եւ թէ միւսը, լաւ կ՛ըլլայ, որ չմտնէ կերիլլական աշխարհը:

ՖՕՔՕի ԿԱՌՈՅՑԸ

Ֆօքօն բաղկացած է 25-էն 35 մարդէ, որոնք կը գտնուին կերիլլայի մը քաղաքական զինուորական հրամանատարութեան ներքեւ: Ան Ֆօքօի ամբողջ գործունէութիւններու պատասխանատուն է:

Ֆօքօն ինքնանպատակ չէ, այլ միայն միջոց մը յեղափոխական դրութիւնը յառաջացնելու համար: Սակայն, քանի որ յեղափոխական գործի արագացման  համար անհրաժեշտ է Ֆօքօի գոյութիւնը, հետեւաբար երբեմն անոր գոյապահպանումը կը դառնայ ինքնանպատակ: Այս պարագան կը պատահի մանաւանդ այն ժամանակ երբ Ֆօքօն դեռ նորակազմ է, կերիլլաները ծանօթ չեն շրջապատին, ու գիւղացիութեան մէջ դեռ Ֆօքօի նկատմամբ համակարգ չէ ստեղծուած: Այս պայմաններու մէջ Ֆօքօի գործառութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ թշնամիի վրայ յարձակիլը, գիւղացիներու պաշտպանելը կամ հողային բարեկարգումները կատարելը պիտի չկատարուին եթէ պիտի վտանգուի  Ֆօքօի գոյութիւնը:

Ֆօքօի հասարակական կազմը պիտի նմանի տեղացի ազգաբնակչութեան կազմութեան: Այսինքն, անդամներու մեծ տոկոսը գիւղացիներ պիտի ըլլան: Կերիլլական խումբին համար շատ արժէքաւոր աջակից է շրջապատող բնութիւնը, ընդդէմ թշնամուն որ անհամեմատ աւելի զօրեղ է թէ՛ թիւով, թէ՛ զէնքով: Սար մաքլցիլը կամ անտառի մէջ վազելը շատ դժուար է քաղաքացիներու համար եւ առհասարակ գիւղացիները աւելի լաւ զինուորներ են: Սակայն կղզիացած կեանքի ու յետամնացութեան պատճառով, գիւղացիները չեն կրնար կառավարել Ֆօքօն: Ուսանողները, բանուորներն ու մտաւորականները կոչուած են ղեկավարելու Ֆօքօն, բայց գիւղացիութիւնը կը ներկայանայ ազատագրական բանակի զանգուածը:

ՖՕՔՕԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յեղափոխական Ֆօքօի յառաջացումը բացորոշ մարտահրաւէր մըն է ուղղուած թէ՛ կառավարութեան օրինականութեան դէմ եւ թէ անոր բացարձակ իրաւունքին դէմ, որուն համաձայն, ան ուժ կը բանեցնէ պահպանելու համար կայունութիւնը: Ֆօքօն սկսած է կռուիլ բռնակալ ուժի սարքաւորումներու, յատկապէս բանակին դէմ: Երբ կը պակսի կառավարութեան բռնանալու կարողութիւնը, անոր հետ միասին կ՛աւելնայ Ֆօքօի գործի վարկը: Հետեւաբար Ֆօքօի առաջնակարգ պարտականութիւնն է նուազագոյնի հասցնել, չէզօքացնել ու վերջ տալ կառավարութեան կարողութեան, որուն միջոցով ան կը ճնշէ ժողովուրդին ու կը պահպանէ իր կայունութիւնը: Այսպիսով կառավարութեան զինեալ ուժերը կը հանդիսանան կերիլլական խումբի թիւ մէկ թիրախը:

Այս դժուար գործին մէջ, – զէնքով ու զօրքով շատ աւելի ուժեղ թշնամիին դէմ,- Գէվարան կարեւոր կը գտնէ ունենալ մնայուն շարժականութիւն, մնայուն արթնամտութիւն եւ մնայուն ուշադրութիւն:

Ռազմավարութեան ու մարտավարութեան որոշման մէջ, Ֆօքօն նկատի պէտք է ունենայ, որ թշնամիին դէմ ուղղուած բարոյական ու հոգեբանական հարուածները աւելի սպանիչ են քան թէ լոկ ֆիզիքական արժէք ունեցող հարուածները: Պատերազմի վերջաւորութեան, երբ կառավարական զինեալ ուժերը յուսալքուած ու անբարոյացած են, եւ Ֆօքօն աճելով ստացած է ապստամբ բանակի մը ամբողջ ձեւը, միայն այդ ժամանակ, պէտք է կանոնաւոր ու ընդհանուր պատերազմի մէջ մտնելով տալ ֆիզիքական վերջնական հարուածը:

Ինչքան շատ ըլլայ Ֆօքօի յաջողութիւնը, դրութիւնը պահպանող ուժերուն չէզօքացնելու գործին մէջ, այդ համեմատութեամբ Ֆօքօն կը դառնայ շարժումը ամբողջացնող ու միացնող կեդրոն:

Ի՞նչ կը պատահի քաղաքին մէջ: Քաղաքի մէջ ոստիկանութիւնը կը սաստկացնէ իր ճնշումները՝ կտրելու համար Ֆօքօի պարենաւորման ու հաղորդակցութեան գիծերը: Այսպիսով ճնշումը, վախն ու անկանոնութիւնը կը բազմապատկուին քաղաքներու մէջ եւ քաղաքական բարդութիւններու խաղաղ լուծում տալու ճանապարհները կը փակուին: Այս պայմաններուն մէջ պետութեան հակառակորդներուն կը մնայ երկու բան՝ կա՛մ երկիրը ձգել ու երթալ արտասահման, կա՛մ ալ լեռներու մէջ ապաստան գտնել:

Միւս կողմէ գաւառական շրջաններու մէջ, գիւղացիները որոնք շարունակաբար ճնշուած, ահաբեկուած ու թալանուած են պատահական զօրքերու կողմէ, ինքզինքնին կը գտնեն Ֆօքօի կողքին: Այս պայմաններու մէջ գիւղացիները կը սկսին համագործակցիլ կերիլլաներու հետ, անոնց տալով պարէն ու յատկապէս տեղեկութիւններ՝ բանակավայրի, ճանապարհներու, գիւղերու, գետերու, թշնամիի զօրքին մասին եւ այլն: Պետական զօրքը պատժելու համար գիւղացիները կ՛այրեն անոնց խրճիթները եւ կը փճացնեն անոնց ցանքը: Բանակի այս վատ վարմունքը մէկ կողմէն, եւ կերիլլաներուն բարի կեցուածքը միւս կողմէն պատճառ կը դառնան, որ գիւղացիները արդարութիւն ձեռք բերելու համար ու պաշտպանելու համար դիմեն Ֆօքօին:

Այսպիսով ձեռք բերելով թէ՛ քաղաքի եւ թէ գիւղի բնակչութեան համակարգն ու գործակցութիւնը, Ֆօքօն կը ստանայ շատ կարեւոր դեր զանգուածներու զօրահաւաքի գործին մէջ, ընդդէմ պետութեան: Որով, կերիլլական կռիւը աճելով՝ կը վերածուի ժողովրդական-զանգուածային կռիւի մը, որուն յառաջամարտիկն է Ֆօքօն:

ՖՕՔՕՆ ՈՐՊԷՍ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Յեղափոխական դրութեան ենթակայ պայմաններու յառաջացման գործին մէջ յաջողելու համար, պարզ է, որ Ֆօքօն իր գործունէութիւնը պէտք է համադրէ այն ուժերուն հետ, որոնք նոյնպէս կը պայքարին այդ ռէժիմին դէմ: Յեղափոխութիւնը պէտք է ժողովրդական զանգուածային թափ ստանայ ու ներառէ քաղաքի ու գիւղի ուրիշ խումբերն ու կազմակերպութիւնները, այլապէս՝ կը նմանի փոքր խմբակի մը:

Այլ ուժերու հետ համադրելու խնդիրը առաւել կարեւորութիւն կը ստանայ մանաւանդ Ֆօքօի կազմակերպութեան սկզբնական շրջանին, երբ դեռ Ֆօքօն որոշ ժամանակի մը համար կախեալ կը մնայ քաղաքի կազմակերպութիւններու օգնութիւններէն, սակայն երբեք չ՛ենթարկուիր որեւէ կազմակերպութեան:

Կերիլլական կռուի դասական մօտեցման համաձայն, ինչպէս նաեւ Մաօ Ցեթունկի, Ջիափի եւ Հօ Շի Մինի մօտ, կերիլլական կռիւը կը տարուի խումբ մը բարձր նուիրում ունեցող կռուողներու միջոցով, որոնք իրենց յստակ հրահանգներն ու կարգադրութիւնները կուսակցութենէն կը ստանան, իսկ կուսակցութեան ղեկավարութիւնը՝ քաղաքական շարքերը հեռու են կռուի դաշտէն: Այլ խօսքով կերիլլական խումբը յեղափոխութեան յառաջամարտիկն է, բայց յեղափոխութեան կեդրոնը չէ: Յեղափոխութեան կեդրոնը, ուր որոշումները կը տրուին՝ կուսակցութիւնն է:

Չէ Գէվարայի մօտեցումը ամենեւին տարբեր է: Ըստ Գէվարայի, Ֆօքօն ոչ միայն յեղափոխութեան յառաջարմարտիկը պիտի ըլլայ, այլեւ՝ յեղափոխութեան ռազմա-քաղաքական կեդրոնը: Ֆօքօն թէ՛ գործադրող է, թէ՛ որոշող: Տիրող ռէժիմին հակադրուող այլ ուժերը կրնան հաւաքուիլ այս միջուկի շուրջը, բայց նախաձեռնութիւնը, որոշելու կարողութիւնը, կռուի ուղղութեան, ռազմավարութեան ու մարտավարութեան ճշդման գործը, ամբողջովին ու բացարձակապէս կեդրոնացած է Ֆօքօի ձեռքը:

Ուժի կեդրոնացումը Ֆօքօի մը ոչ թէ վարչական նպատակայարմարութեան, այլ՝ սկզբունքային տրամադրութիւններու հետեւանք է:

Գէվարան Ֆօքօն կը նմանցնէ յեղափոխութեան մը մանրաշխարհին: Անոնց համար, որոնք Ֆօքօէն դուրս կը գտնուին, Ֆօքօն արագացուցիչ մըն է որ կը յառաջացնէ զանգուածային շարժման պայմանները, իսկ անոնց համար, որ Ֆօքօին մէջ են, Ֆօքօն յեղափոխականներու իսկական դպրոց մըն է: Եւ իրականութեամբ, երբ դրսեցիներուն համար յեղափոխութիւնը չ՛սկսիր մինչեւ որ ուժը գործնականապէս չ՛անցնի Ֆօքօի ձեռքը, ներսիններուն համար յեղափոխութիւնը կը սկսի այն րոպէէն, երբ կազմուած է Ֆօքօն:

Ինչպէս հետագային, յեղափոխութիւնը կը ստեղծէ իր գաղափարախօսութիւնը, ռազմավարութիւնը, մարտավարութիւնն ու ղեկավարութիւնը, որոնք ըստ երեւոյթին ամենայարմարն են այդ յեղափոխութեան հոլովոյթին համար, եւ չ՛ընդունիր օտար, արտաքին կարգաւորութիւններ ու հրահանգներ, նոյնպէս ալ Ֆօքօն, որպէս յեղափոխութեան մանրաշխարհ, չ՛ընդունիր որեւէ այլ խմբակի կամ կազմակերպութեան կարգադրութիւններն ու հրահանգները:

Քաղաքի ու գիւղի բոլոր այլ խմբակներն ու կազմակերպութիւնները պէտք է ենթարկուին Ֆօքօի քաղաքական ու զինուորական ղեկավարութեան:   

 

About talar

Check Also

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (1)

ՀԱՅ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Արդիական իմաստով հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ծնունդ առած են միայն 19րդ դարու վերջին շրջանին: …

Leave a Reply