Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԸՆԿԵՐԸ

ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԸՆԿԵՐԸ

ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԸՆԿԵՐԸ

Ուսանողական էջը, յետ այսու, իր յօդուածներուն կողքին պիտի աւելցնէ «Լաւագոյն Ընկերը» սիւնակը: Սիւնակին մէջ ուսանողներ պիտի ներկայացնեն զանազան գիրքեր, զանոնք ընթերցասէր հանրութեան ներկայացնելու նպատակաւ: Յոյսով ենք, որ մեր շարքը պատճառ կը դառնայ գրադարաններու մէջ կուտակուած գիրքերուն վրայի փոշիէն մաս մը մաքրելու:

 

Մովսէս Խորենացիի

« Հայոց Պատմութիւն »ը

 

Հինգերորդ դարու, ոսկեդարու ժառանգութենէն մնացած կարեւոր մասունք մըն է Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւն»ը: Անոր կարեւորութիւնը կը կայանայ հայ ժողովուրդի պատմութեան առաջին ընդհանրական հատորը ըլլալուն մէջ: Մովսէս Խորենացին ոչ միայն առաջին պատմիչն էր, որ արձանագրեց հայոց պատմութիւնը սկիզբէն մինչեւ իր օրերը, այլ նաեւ, առաջինն էր, որ պատմագրութեան արուեստին տուաւ գիտական- վաւերագրական ուսումնասիրութեան խորք:

Նախ, քանի մը տողով ծանօթանք հեղինակին:

Մովսէս Խորենացին ծննդեան թուականն ու վայրը յստակ չեն: Ըստ Ստ. Մալխասեանի թարգմանութեան ներածութեան (հրատարակուած Երեւան 1961-ին), ծննդեան թուական կարելի է նկատել 410-ը, իսկ վայրը՝ Սիւնիքի Հաբանդ գաւառի «Խորեա» անունով գիւղ մը: Աշակերտած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցին: Ան մաս կազմած է Ս. Մեսրոպի «Փայլուն Աշակերտներ»ու խմբակին, որոնք մեկնած են օրուայ մշակոյթի մայրաքաղաքները, լաւագոյն ուսումը ստանալու սիրոյն: Խորենացին իր ուսման շրջանը անցուցած է Ալեքսանդրիա, ուր լաւապէս տիրապետած է յունարէն լեզուին, քերթողութեան արուեստին ու ճարտասանութեան: «Հայոց Պատմութիւն»ը Խորենացիին գլուխ գործոցն է, բայց ոչ միակ աշխատանքը: Մովսէս Խորենացին Ե. դարու մատենագիրներէն միակը եղած է, որ ամբողջապէս զբաղած է մատենագրութեամբ ու թարգմանութեամբ: Դժբախտաբար, հալածանքներու պատճառաւ, իր աշխատանքներուն մեծ մասը կորսուած է եւ մեզի հասած են միայն հինգ մատեաններ:

Մովսէս Խորենացին «Հայոց Պատմութիւն»ը գրած է տարիներու աշխատանքէ վերջ, երբ «Այր ծեր է եւ հիւանդոտ եւ անպարապ ի թարգմանութեան»: Աշխատանքը գրուած է Սահակ Բագրատունի իշխանին պատուէրով ու մեկենասութեամբ:

Գիրքը բաժնուած է երեք մասի, «Հատած»ի. առաջինը՝ «Հայոց Մեծերու Ծննդագրութիւն», երկրորդը՝ «Հայոց Միջին Պատմութիւն» եւ երրորդը՝ «Մեր Հայրենիքի Պատմութեան Աւարտը»:

Առաջին գիրքը բաժնուած է 32 գլուխներու, որոնց առաջին հինգը կարելի է համարել նախաբան: Անոնց մէջ Խորենացին յիշած է իր աշխատնքի մեկենասին մասին եւ իր աղբիւրներուն մանրամասնութիւնները: Հետաքրքրական է այն գլուխը, ուր կը նշէ «Մեր Նախկին Թագաւորներուն ու Իշխաններուն Անիմաստասէր Բարքը»: Անոնք անհոգ մօտեցում ցուցաբերած են եւ չեն ջանացած արձանագրել մեր ազգի պատմութիւնը սկիզբէն, այլ բաւարարուած են միայն արձանագրելով իրենց անձնական փառքերը: Տասներորդ գլուխէն սկսեալ կը սկսի իսկական Հայոց Պատմութիւնը՝ Հայկ Նահապետով: Առաջին գիրքը կը վերջանայ Պարթեւեան Արշակ Մեծ թագաւորի Հայաստան մուտք գործելով եւ եղբայրը՝ Վաղարշակին Հայաստանի թագաւոր նշանակելով:

Երկրորդ գիրքը կը բաղկանայ 92 գլուխներէ: Կը սկսի Պարթեւներու ապստամբութեամբ Սալեկացիներուն դէմ եւ կը վերջանայ Տրդատ թագաւորին մահով, այսինքն՝ կ՛ընդգրկէ 450 տարուայ պատմութիւն:

Երրորդ գիրքը կ՛ընդգրկէ պատմիչին ժամանակակից շրջանը եւ անկէ քիչ մը առաջ, մօտ 110 տարուայ պատմութիւն: Կը բաղկանայ 68 գլուխներէ:

Խորենացիին «Հայոց Պատմութիւն»ը արժէքաւոր աշխատանք մըն է իր ներկայացուցած գիտական ու ազգային արժէքներով: Անոր էջերը թերթատելով ընթերցողը կը լսէ հայրենասէր պատմաբանին ձայնը, որ համարձակութեամբ կը ներկայացնէ իր տեսակէտը: Գիրքը զգացական աշխատանքէ մը անդին լուրջ գիտական ուսումնասիրութիւն մը կը ներկայացնէ: Գիտնական Մովսէս  Խորենացին բծախնդրութեամբ ներկայացուցած է իր թեզը: Ոչ մէկ իրականութիւն յիշուած է առանց նշելու անոր աղբիւրները եւ ոչ մէջ հաստատում կատարուած է առանց ստուգելու անոր վաւերականութիւնը:

Մովսէս Խորենացին եւ իր «Հայոց Պատմութիւն»ը դարերու ընթացքին մեր ազգին մէջ վառ պահած են ազգային գիտակցութիւնն ու հաւաքական յիշողութեան կարեւորութիւնը: Ճիշդ այս պատճառաւ, երեբեմն տարուելով անոր զգացական ազդեցութենէն, կը մոռնանք, թէ «Հայոց Պատմութիւն»ը զուտ առասպելներու եւ հեքիաթներու հաւաքածոյ մը չէ, այլ հայ ազգի պատմութիւնը վաւերագրող գիտական աղբիւր մըն է, որուն կը վստահին համաշխարհային մակարդակին ուսումնասիրութիւններ կատարող գիտնականներ:

«Հայոց Պատմութիւն»ը կը փաստէ, թէ Մովսէս Խորենացին ո՛չ միայն «Քերթողահայր» է, այլ նաեւ «Պատմահայր» է եւ արժանի է կոչուելու «Գիտական ուսումնասիրութիւններու Հայր»:

Յուշիկ Ղազարեան

 

 

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …

Leave a Reply