ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ
Ի՞նչ է Սովորութիւնը
Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային եւ ջղային նիւթին ընդհանուր կերպով նիւթ ըսուած բանին հետ հասարակաց ունեցած անգործութեան յատկութեամբ:Ասիկա ենթադրութիւն մըն է,վարկած մը.
Բացատրութիւն
Ոեւէ նիւթի կտոր մը ինքնին իր արտաքին վիճակը չի փոխեր, եթէ կայուն վիճակի մէջ է ՝ յաւիտեան կայուն պիտի մնայ եթէ դուրսէն ուժ մը շարժում չտայ իրեն:Իսկ երբ արդէն շարժման մէջ է՝ եթէ ուրիշ պատճառ մը չկեցնէ զինք կամ իր ուղութիւնը չփոխէ յաւիտեանս պիտի շարժի անշեղ:անկենդան նիւթը անգործ է, թէեւ իր մէջ պարունակուող եւ զինք կազմող մասնիկները ունին ահաւոր զօրութիւն մը: Ուրեմն ՝ իր կայական վիճակը շարժականի եւ շարժականը կայականի փոխելու անկարող է:Եւ իր այս յատկութիւնը կը կոչուի նիւթին անգործութիւնը:
Ինչպէս երբ տեղէ մը ջուր անցնի՝ այդ տեղէն հող, աւազ, շիւղեր, մանր քարեր կը տեղափոխէ ու ճամբայ կը շինէ, յետոյ երկրորդ հոսանք մը երբ գայ՝ նախորդին բացած ճամբէն կ’ընթանայ՝ իր կարգին հողէն աւելի մասեր փոխադրելով, երրորդը հոսանքները թէ՝ աւելի կը լայնցնեն ու կը խորացնեն արդէն բացուած ճամբան եւ թէ աւելի դիւրին եւ արագ կ’անցնին այլեւս:
Այսպէս ալ ուղեղը ,քանի որ նիւթի զանգուած մըն է անգործութեան յատկութիւն ունեցող, երբ մէջը ոեւէ շարժում տեղի ունենայ՝ հետք մը կը ձգէ մասնիկներու տեղափոխութեամբ, որոնք իրենք իրենց ետ չեն գար, կը մնան այդպէս,քանի որ ուղեղը անգործ նիւթ է:
Այս հետեւութեամբ Երբ արարք մը կատարենք այդ արարքին շարժումը յառաջ բերող ջղային հոսանուտը ուղեղին մէջ հետք մը կը ձգէ որ ուղեղին անգործութեան շնորհիւ մասամբ մը կը մնայ հոն երբ երկրորդ, երրորդ եւ յաջորդ անգամներ ջղային հոսանուտը անցնի, այսինքն արարքը բազմիցս կրկնուի՝ հետքը կը խորանայ եւ հոսանուտը աւելի դիւրութեամբ եւ աւելի արագութեամբ կ’անցնի:
Սովորութեան բնութիւնը կարելի է բացատրել երկու յատկութեամբ:
-Ուղեղային նիւթին անգործութեան յատկութեամբ.
-Մեր արարքները յառաջ բերող հոգեբնախօսական զօրութեան յատուկ մղումով:
Այս ենթադրութեամբ սովորութեան կազմութեան օրէնքները կը բացատրուին այսպէս.-
Ա օրէնք թէ առաջին արարքէն իսկ սովորութեան հիմը կը դրուի՝ եւ կը բացատրուի անով որ առաջին հետք մը կը ձգէ:
Բ օրէնք թէ սովորութիւններու կազմութիւնը ուղիղ կը համեմատի արարքներու կրկնութեան հետ ՝ կը բացատրուի անով որ երբ հոսանք մը տեղէ մը անցնի բազում անգամներ հետզհետէ աւելի կը խորացնէ բացուած ճամբան:
Գ օրէնք թէ սովորութիւններու կազմութիւնը ուղիղ կը համեմատի արարքներու յաճախութեան հետ՝ կը բացատրուի անով որ եթէ շատ միջոց մնայ կրկնուած հոսանքներու միջեւ դուրսէն ուղիղ ազդեցութիւններ կրնան անոնց փոխադրած մասնիկները ետ իրենց տեղը բերել:
Դ օրէնք թէ սովորութիւններու կազմութիւնը ուղիղ կը համեմատի արարքներու զօրութեան հետ՝ կը բացատրուի անով որ երբ շատ զօրաւոր հոսանք մը անցնի՝ աւելի խոր եւ անմոռանալի հետք մը կը թողու:
Սովորութեան արդիւնքներն ալ թէ՝ գործունէական եւ թէ զգայնական տեսակէտներէն կը բացատրուի այս ուղղութեամբ:
Առաջին, թէ սովորութիւնը կը դիւրացնէ արարքները կը բացատրուի անով որ երբ առաջին անգամ հոսանք մը անցնի ուղեղին մէջէն , արդէն երկրորդ հոսանքի մը համար ճամբայ կը բանայ եւ սա առաջին ըրած ճիգը ընելու պէտք չ’ունենար,հետեւաբար աւելի դիւրին կ’անցնի :
Երկրորդ, թէ սովորութիւնը կ’արագացնէ մեր արարքները՝ կը բացատրուի անով որ հոսանքը աւելի դիւրին անցնելուն շնորհիւ աւելի արագ կ’անցնի:
Երրորդ, թէ սովորութիւնը մեքենական կը դարձնէ մեր արարքները եւ կը հեռացնէ անոնցմէ գիտակցութիւնը՝ կը բացատրուի անով որ նոր հոսանքը իր բռնելիք ուղութեան մասին չի խորհիր , իր ճամբան չ’որոշեր ան որոշած է արդէն, կանցնի առանց մտածելու առանց խելքի ,տեղին անցնիլը անհրաժեշտ կը դառնայ չի կրնար նոյն տեղէն չ’անցնիլ, ինչպէս որ ակնարկեցին թէ հողը նոր հաճոյք կամ ցաւ չ’զգար, մինջեւ այն ատեն երբ զօրաւոր նոր հոսանք մը հողէն նոր մասեր տեղափոխէ:
Սովորութեան Դերը Մեր Կեանքէն Ներս:
Սովորութիւնները շատ կարեւոր են մեր կեանքին մէջ քանի եթէ սովորութիւն չունենայինք ամէն անգամ սկիզբէն սորվիլ պիտի ստիպուէինք:
Ինչպէս բնութիւնը կ’օգտագործենք մեր գործին ու կեանքին դիւրութեան համար ճամբայ շինելով,ջրանցքներ բանալով,ելեքտրականութեան եւ հեռաձայնի գիծեր հաստատելով,այնպէս ալ մեր ուղեղին մէջ սովորութեան ճամբաներ կը շինենք, ուրկէ մեր արարքները կ’ացնին աւելի դրութեամբ եւ արագութեամբ :
Մեծ դժուարութեան առջեւ պիտի գտնուէինք եթէ չունենայինք սովորութիւն կազմելու դրութիւնը որովհետեւ Օր.Գիրք մը կարդալու համար նախ ա,բ,գ,դ, պիտի սորվէինք:Սակայն շնորհիւ սովորութեան այս տեսակ դժուարութիւններ վերացած են:նաեւ կրնան անպատեհութիւններ ունենալ,անոնք չեն գիտեր լաւն ու վատը.որովհետեւ կրնայ չար յատկութիւններ ալ սովորութիւն դառնալ: Պէտք է հսկել անոնց վրայ «Սովորութիւնը երկրորդ բնութիւն մըն է» ըսած է Արիստոտէլ: Պէտք է տերը ըլլանք մեր կազմած սովորութիւններուն եւ ոչթէ անոնց գերին: Պէտք է կամք ունենանք ջնջելու յոռի սովորութիւնները: Հետեւաբար , տանք սովորութեան միայն իր բաժինը ինչ որ կը պատկանի իրեն .իսկ մտածումը,զգացումը եւ ապրումը թողուն մեր գիտակցութեան :
Սովորութեան Հոգեբանական Արդիւնքները
Նախորդ յօդուածին մէջ միասնաբար ծանօթացանք Սովորութեան եւ անոր կազմութեան օրէնքներուն մասին:
Այժմ պիտի տեսնենք թէ հոգեբանական ինչ արդիւնքներ կ’ունենայ սովորութիւնը:Զայն պիտի նկատենք մէյ մը գործունէական տեսակէտէն, մէյ մըն ալ զգացական եւ իմացական տեսակէտէն :
Գործունէական Տեսակէտէն :
1-Սովորութիւնը կը դիւրացնէ արարքները:
Ինչ որ նախապէս մեծ դժուարութեամբ կը կատարուէր սովորութիւն դառնալով կը դիւրանայ:
Երբ ոեւէ գործի նոր պիտի սկսինք անոր նպատակին եւ զայն կատարելու միջոցներուն վրայ լարուած պիտի պահենք մեր ուշադրութիւնը եւ պիտի որոշենք նաեւ անոր յաջորդական փուլերը:
Բայց երբ այդ արարքը կրկնուելով սովորութեան վերածուի՝ կը տեսնուի որ անոր Համար ճիգը հետզհետէ աւելորդ կը դառնայ, որովհետեւ արարքին յաջորդական փուլերը ինքնաբերաբար կուգան: Սովորութիւնը գործողութեան մը զանազան մասերը իրարու կը կապէ, երբ անոնցմէ մէկը ընենք՝ ան իր ետեւէն կը բերէ երկրորդ,երրորդ եւ չորորդը:
2-Սովորութիւնը կ’արագացնէ արարքները:
Արարք մը որքան սովորութիւն դառնայ այնքան աւելի արագ տեղի կ’ունենայ, որով կը խնայուին խորհելու եւ ընտրելու ժամանակն ու ճիգը :
Օրինակ՝ դաշնամուր նուագելու վարժւող մը մեծ դժուարութիւն կ’ունենայ նօթերը տեսնելու եւ ապա ստեղնաշարը մատնահարելու: Սակայն երբ սովորութիւն կազմուի անհամեմատ կը դիւրանայ եւ կ’արագանայ գործը:Նոյնպէս կարդալու սովորութիւն ունեցող մէկը բառը տեսնելն ու արտասանելը մէկ շարժումով կը կատարէ:Մինչդեռ երբ նոր կ’սկսէր կարդալ սորվիլ ՝ նախ գիրը պիտի ճանչնար, վանկ կազմէր եւ յետոյ բառը արտասանէր:
Սովորութեամբ այս ժամանակը կը խնայուի :
3- Սովորութիւնը կը մեքենականացնէ արարքները :
Սովորութիւնը հետզհետէ յառաջ կը բերէ գիտակցութեան գաշուիլը արարքներէն: Արարք մը որքան սովորական դառնայ գիտակցութիւնը այնքան աւելորդ կը դառնայ: նուագողը երբեք չի մտածեր իր մատներուն տեղին վրայ որովհետեւ սովորութեամբ մատները ինքնաբերաբար կը շարժին եւ կ’արտադրեն պահանչուած նօթերը՝ յառաջ բերելու համար երաժշտութիւնը: Հետեւաբար սովորութիւնը մեքենական կը դարձնէ արարքները: Սկիզբը, սովորութեան կազմութեան ատեն, գիտակցութիւնը կատարելիք դեր ունէր, բայց սովորութիւնը կազմուելէ յետոյ այլեւս դեր չունի . ուստի կը քաշուի եւ շարժումը մեքենաբար կը կատարուի: Ինչպէս որ մեքենային մէջ մտածել, տրամաբանել չկայ, այնպէս ալ սովորութեան մէջ տրամաբանել չկայ: Ուրեմն կրնանք ըսել թէ սովորութիւնը մեր մէջ մեքենականութիւններ կը կազմէ: Ինչպէս մեքենան որ առանց խելքի կը գործէ բայց խելքով հնարուած է, այնպէս ալ մեր մէջ գործի մը մասերը նախապէս մտածուած եւ խորհուած են բայց կրկնութեամբ գիտակցութիւնը կը քաշուի ,որովհետեւ անոնք այլեւս կը կատարուին մեքենաբար:
Քանի որ սովորութիւնը նոյնութիւն է, գիտակցութիւնը կը մարի, կը քնանայ նոյնութեան մէջ. բայց արթուն է նորութեան եւ փոփոխութեան մէջ: Օր. Երբ դերձան մը անցնի մեր երկու մատներուն մէջէն ՝ գրեթէ չենք զգար զայն, բայց որոշ կ’զգանք եթէ հանգոյցներ ըլլան, որովհետեւ հանգոյցները նորութիւն են: Կը տեսնուի ուրեմն թէ սովորութիւնը ձեւով մը կը խնայէ գիտակցութեան ճիգը , կը խնայէ մեր մտքին լարումի եւ ստեղծումի բոլոր ճիգերը :
Մեր մէջ այսպէս կը կազմուին շատ մը մեքենականութիւններ, զորս կը կոչենք սովորութիւններ:
Ասոնք սովորութեան արդիւնքներն են ուղղակի գործունէութեան վրայ:
Զգայնական տեսակէտէն:
1-Սովորութեամբ Զգայնութիւնը կը բթանայ._Սովորութիւնը գիտակցութեան պարագայ մըն է: Սովորութիւնները կը ջնջեն գիտակցութիւնը , ուրեմն կը ջնջեն նաեւ գիտակցութեան այդ երեսն ալ՝ զգացումը: Մեր արարքներուն ընկերացող ամէնէն կարեւոր զգացումներն են՝ հաճոյքն ու ցաւը: Զգացումները գիտակցական վիճակներ են եւ մեքենականութիւնը կը հեռացնէ գիտակցութիւնը արարքներէն, ուստի կը հեռացնէ նաեւ արարքներուն յառաջ բերած ցաւը կամ հաճոյքը .այլ խօսքով՝ սովորութիւնը կը բթացնէ զգայնութիւնը: Օր. Սա ինչ արարքը կատարած ատեն ցաւ կ’զգայիր . քանի ‘ սովորական դառնայ՝ այնքան կը նուազի ցաւը , որովհետեւ, ինչպէս ըսինք , ցաւը գիտակցութեան մէկ վիճակն է: Քանի’ արմատանայ սովորութիւնը, այնքան նուազ տպաւորութիւն կ’ստանանք արարքներէն , անոնք ըլլան հաճոյական թէ ցաւագին: Ալքոլը եթէ մեր ջղային կեդրոններուն կ’ազդէ ու մենք տեսակ մը հաճոյք կ’զգանք, երբ սովորութիւն դարձնենք խմելը՝ մեր գրգռումը կը պակսի,հետեւաբար հաճոյքն ալ կը նուազի: Հաճոյքն ու ցաւը ներկայ են միայն այն ատեն, երբ մեր մէջ նոր վիճակ կ’ստեղծուին, փոփոխութիւն յառաջ կուգայ: Ցաւի մը կամ հաճոյքի մը վարժուիլ կը նշանակէ ցաւը կամ հաճոյքը հետզհետէ չզգալ:
Այսպէս է որ թատերական ներկայացում մը 3-4 անգամ որ տեսնենք այլեւս հաճոյք չենք առներ անկէ, նոյնիսկ կը ձանձրանանք.նոյնպէս երգ մը եթէ միգանի անգամ լսենք հաճոյք չենք առներ:
2-Սովորութիւնը պէտք մը կը դառնայ ._Ճիշտ է որ սովորութեամբ զգայնութիւնը կը բթանայ, սակայն ան այլեւս զգայնութեան համար պէտք մը կը դառնայ:
Սովորութիւնները մեր մէջ պէտքեր կ’ստեղծեն,օր.ալքոլամոլը երբ զրկուի խմիչքէն՝ կը տառապի ՝Ամէն սովորութիւն իր կատարուելուն ձգտումը կ’ստեղծէ: Օր.երբ մենք մեզ վարժեցնենք որոշ ժամու մը ճաշելու ու պատահի որ այդ նոյն ժամուն չկարենանք ճաշել՝ նեղութիւն կ’զգանք, որովհետեւ ճաշելու պէտքը ինքզինք կ’գացնէ անմիջապէս:
Կարելի է սովորութիւնը ջնջել ինչպէս որ զայն կազմելն ու հաստատելը մեր ձեռքն են,նոյնպէս զայն ջնջելը մեր ձեռքն է,բայց որքան ամուր ըլլայ անոր հաստատումը , այնքան աւելի դժուար կ’լլայ զայն արմատախիլ ընելը:
Հետեւաբար,զօրաւո’ր կամք պէտք է զայն ջնջելու համար:
Սովորութիւն մը կարելի է ջնջել անոր գոհացում չտալով, որ է ըսել անոր տեղ նոր սովորութիւն մը կազմելով:
Սովորութիւններու Դասաւորումը :
Կրնանք որոշել երեք խումբ սովորութիւններ .- Գործունէական, Զգայնական եւ Իմացական:
–Գործունէական սովորութիւններ են խմիչքներու, ծխախոտի ,թմրեցուցիչներու գործածութիւնը, բարեկամ մը, հարազատ մը տեսնելու համար անոր մեր այցելութիւնը:
–Իմացական սովորութիւններ են քերթուած մը, թատերական կտոր մը գոց մը սորվիլը, թուաբանական կամ գիտական խնդիրներու լուծումը դիւրութեամբ գտնիլը, չորս գործողութիւնները դիւրաւ կատարելը :
Այս բոլորը սովորութիւնները ըլլալով եւ էապէս գործունէական հանգամանք ունենալով՝ մէկուն մէջ երեւոյթները գրեթէ զուտ շարժումներ են, միւսին մէջ զգացումներ, երրորդին մէջ իմացական գործունէութիւն:
Ծերուն Գահուէճեան