11
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹ
Քաղաքական մշակոյթ հասկացութիւնը եւ բովանդակութիւնը
Մշակոյթ հասկացութիւնը բազմանշանակ է եւ կ՛ընդգրկէ մարդկային կեանքի բոլոր բնագաւառները, առ այդ, գոյութիւն ունի ինչպէս հոգեւոր մշակոյթ, տնտեսական մշակոյթ, իրաւական մշակոյթ, կառավարման մշակոյթ եւայլ հասկացութիւնները, այնպէս ալ քաղաքական մշակոյթ հասկացութիւնը:
Քաղաքական մշակոյթ [քմ], որպէս հասարակական երեւոյթ, գոյութիւն ունեցած է շատ աւելի առաջ, քան որպէս ձեւաւորուած գիտութիւն:
Մշակոյթ բառը կ՛ընդգրկէ հոգեւոր մշակոյթի որոշակի մասը միայն:
Եթէ քաղաքականութեան նպատակը իշխանութեան նուաճումն ու պահպանումն է, ապա մշակոյթի իմաստը անհատի վերափոխման ու զարգացման մէջ է: Ահա եւ քկ բառի ամբողջական իմաստը:
Ընդհանրապէս մշակոյթն իր ամբողջական իմաստով, շարժընթացի մէջ է, հետեւաբար նաեւ քմ, որ փոխազդերութեան մէջ գտնուելով քաղաքական համակարգի եւ մշակութային այլ ենթաշերտերու հետ, նոյնպէս կը գտնուի մշտական շարժընթացի մէջ:
Քաղաքականութիւնն ու մշակոյթը կը գտնուին փոխադարձ կապի եւ ազդեցութեան մէջ: Ինչպէս նշուեցաւ, եթէ քաղաքականութեան իմաստը կը կայանայ իշխանութեան նուաճման եւ պահպանման մէջ, ապա մշակոյթի իմաստը կը կայանայ հասարակութեան վերափոխման եւ զարգացման մէջ: Երկուքի միասնական հասկացութիւնը քաղաքական մշակոյթ հասկացութիւնն է, որ կ՛ընդգրկէ իշխանութիւններու, կառավարութեան, հասարակական տարբեր հաստատութիւններու քաղաքական գործունէութիւնները եւ հասարակութեան քաղաքական վարքագիծերը, հասարաքաղաքական արժէքներն ու անոնց ձեւաւորման գործընթացը, եւայլն:
Հասարակութեան մէջ քմ զարգացման աստիճանի մասին կը վկայեն հասարակութեան կողմէ իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան իմացութեան, ըմբռնման եւ գործադրման աստիճանը: Իսկ իշխանութիւններու կողմէ՝ հասարակութեան օրէնսդրական իրաւունքներու յարգումը:
ՔՄ տարատեսակութիւնները (որն կախուած է բազմաթիւ գործօններէ՝ պատմամշակոյթային աւանդոյթներ, ազգային եւ հաւաքական իւրայատկութիւններ, իշխանութիւններու տեսակներ, տնտեսական համակարգեր, բնատարածքներ եւայլն) ժամանակի եւ տարածութեան մէջ, թոյլ կու տան հասկնալու որոշ քաղաքական համակարգերու անկայունութիւնն ու պարտելիութիւնը: Ուստի իշխանութիւններ իրենց օրինականութեան պահպանման առումով, պարտաւոր են հաշուի նստելու այդ ամէնուն հետ:
Քաղաքական մշակոյթի պարտականութիւնները
Վերոնշեալներէն կարելի է եզրակացնել, որ քմպ են.-
ա.-Բարձր քաղաքական գիտակցութեան տէր անհատի ձեւաւորումն ու հասարակաքաղաքական հաւաքական գիտակցութեան բարձրացումը:
բ.-Պատմական, հասարաքաղաքական կուտակուած փորձի, աւանդոյթներու եւ ազգային արժէքային համակարգի փոխանցումը յաջորդ սերունդներուն:
գ.-Քաղաքական նախկին փորձի, արժէքներու, չափանիշներու եւ հաստատութիւններու զարգացում եւ հարստացում:
Քաղաքական մշակոյթի կառուցուածքային տարրերը
ՔՄ կառուցուածքային տարրեր կը նշանակէ այն մեքանիզմները, որոնք ձեւաւորուած են պատմականօրէն եւ որոնց միջոցով կ՛իրականացնեն քաղաքական նպատակաուղղուած գործունէութիւն:
Այդ մեքանիզմները կը ներկայացնեն քաղաքական փորձը, քաղաքական աւանդոյթները, գործադրման եղանակները, քաղաքական գիտելիքները, համոզմունքները, արժէքները, նորմերը, քաղաքական հաստատութիւնները եւայլն:
Նշուածներէն կարելի է եզրականացնել, որ քմ կ՛ընդգրկէ մարդկային զարգացման նպաստող հասարաքաղաքական բոլոր գիտելիքները: Ընդհանրապէս կուլտուրան չափանշային է եւ մարդ անհատին կը պարտադրէ որոշակի նորմերու կատարում, որու կատարման պարագային միայն, տուեալ անձը կարելի է համարել քաղաքականապէս մշակուած:
Անհատի մօտ քմ դաստիարակման գործընթացին հարկաւոր է ընթացք տալ, բոլոր քաղաքացիներուն համար հաւասարապէս երկու կարեւոր արժէքային խումբերու փոխանցումով: Առաջինը՝ կարգ ու կանոնի դաստիարակումն է, որու միջոցով ենթական կրնայ կողմնորոշուիլ եւ աջակցիլ հասարակական կայունութեան հաստատման եւ պահպանման, երկրորդը՝ զարգանալու ձգտման մշակումն է հասարակական անխուսափելի փոփոխութիւններու ապահովման նպատակով:
Քաղաքական մշակոյթի դասակարգումը
Ա- ՔՄ զարգացումը հասարակութեան մէջ, կը սկսի քաղաքական գիտելիքներու իւրացումով, որ հնարաւորութիւն կու տայ քաղաքացիին անձնական իր կարծիքները կամ գնահատականները տալ քաղաքական անցուդարձերու մասին: Կարծիքը ինքնին կարելի է համարել գիտելիքի պարզ մակարդակ:
Բ-ՔՄ աւելի բարձր զարգացածութեան մասին կը հաստատէ քաղաքական գաղափարներու առկայութիւնը, որ արդիւնք է քաղաքական կեանքի օրինաչափութիւններու, իրադարձութիւններու եւ երեւոյթներու փոխկապուածութիւններու մեկնաբանման:
Գ-ՔՄ իւրայատուկ մակարդակ է արդէն քաղաքական մտածողութիւնը, որ ատակ է թափանցելու քաղաքական երեւոյթներու եւ իրադարձութիւններու էութեան մէջ եւ կատարելու նոր եզրայանգումներ:
Դ- Քաղաքական մտածողութիւնը անպայմանօրէն անհատին կու տայ ՔՄ նոր մակարդակ՝ քաղաքական համոզմունքներ եւ կողմնորոշումներ:
Ա- Քաղաքական կողմնորոշումներն ալ կը բերեն պատկանելիութեան կողմնորոշում եւ համապատասխան քաղաքական գործունէութիւն:
Քաղաքական գործառնութիւնները կրնան ըլլալ՝
ա- Կողմնորոշում դէպի քաղաքական օտարացում:
բ- >> >> >> բացասականութիւն:
գ- >> >> >> դրական գործողութիւններ՝ քաղաքական կուսակցութիւններու միջոցով:
Ամերիկացի Ռոզենպաումը առաջարկած է կողմնորոշման հետեւեալ տարբերակները.-
ա- Կողմնորոշում դէպի կառավարական կառոյցները:
բ- >> >> այլ քաղաքական համակարգեր:
գ- >> >> սեփեկան քաղաքական գործունէութիւն:
Ըստ քաղաքական փոփոխութիւններու կարելի է տարբերակել նաեւ՝
ա- պահպանողական, բ-բարենորոգչական եւ գ- յեղափոխական կողմնորոշումներ:
Ըստ արժէքներու, վարքագիծերու եւ իշխանութեան կազմակերպման եղանակներուն, կը տարբերակեն քմ հետեւեալ ձեւերը՝
ա-Նահապետական քաղաքական մշակոյթ
բ-Ենթարկման ք.մ: Ան իր մէջ կը պարունակէ նաեւ ենթամշակոյթներ՝ տարածքային, լինկիվիստական [լեզուական], հասարակա-տնտեսական, կրօնական, եւայլն:
գ- Աշխատունակ քաղաքական մշակոյթ
Դեռ աւելին կարելի է տարբերակել ըստ առաջընթացի եւ վերափոխումներու՝ փակ եւ բաց կամ առաջադիմական եւ յետադիմական Քաղաքական մշակոյթներ: Ըստ գաղափարական հիմքի՝ սոցիալիստական, սոցիալ-դեմոկրադական, ազատական եւ պահպանողական քաղաքական մշակոյթներ: Ըստ տարածքային հիմքի՝ Եւրոպական, արեւմտեան,արեւելեան, ասիական քաղաքական մշակոյթներ:
Ալմոնտը եւ Վերպը քաղաքական մշակոյթի բարձրագոյն ձեւը կը համարեն քաղաքականութեան մշակոյթը, որ յատուկ է ԱՄՆ եւ Անգլիոյ, եւ լայնօրէն կ՛արտայայտէ հասարակայնութեան ազատութիւններու եւ քաղաքական կեանքի կայունութեան օրգանական զուգակցումը: