Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / 13 ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

13 ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

13

ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ազգային քաղաքականութեան սկզբունքները

Ազգի բնորոշումը.-Ազգը պատմութեան ընթացքին ձեւաւորուած հասարակական կայուն ընդհանրութիւն է, որ ունի տարածքային, ծագումնային, լեզուական, հոգեկան կերտուածքի իւրայատուկ ընդհանրութիւններ, իսկ հասարակական զարգացման որոշակի մակարդակով՝ ձեռք բերած է նաեւ հասարակադասակարգային, տնտեսաքաղաքական եւ գաղափարական ընդհանրութիւններ:

Մարդկային հասարակութիւնները պատմական զարգացման ընթացքին անցած են տոհմ, ցեղ, ազգ եւ ժողովուրդ հաւաքականութեան ձեւերը: Այդ բոլոր անցման փուլերը կ՛արտայայտուին էթնոս հասկացութեամբ:

Էթնիք ընդհանրութիւնները բազմանալով եւ տարածուելով, սկսած են շփուիլ իրարու հետ, սակայն երկրագունդի բնակչութեան խտացման պատճառով, անխուսափելիօրէն ենթարկուած են գոյապաքարի օրէնքներուն, որ պատճառ հանդիսացած է իշխող եւ իշխուող ազգերու առաջացման:

Ճնշուած ազգեր, գոյապայքարի որպէս լաւագոյն միջոց, դիմած են եւ կը դիմեն իրենց ազգային լեզուի, մշակոյթի, հաւատքի, բարքերու եւ աւանդոյթներու ուժեղացման եւ արմատաւորման, որպէս պատկանելիութեան եւ գոյատեւման լաւագոյն միջոցներու:

Արտաքին ազդեցութիւններու փոփոխութիւններուն համապատասխան, ազգեր կ՛առնեն պաշտպանական որոշակի կողմնորոշումներ, որ կը խօսի անոնց էթնիք ճկունութեան եւ  կենսունակութեան մասին:

Սակայն բոլոր պարագաներուն, ազգերը կը համարուին բաց համակարգեր եւ առ այդ անպայմանօրէն շփման եւ փոխազդեցութեան մէջ կը գտնուին իրարու հետ, առանց որուն անոնք անխուսափելիօրէն կ՛ենթարկուին լճացման եւ նոյնիսկ վերջնական անհետացման:

Ազգերու բազմաբնոյթ փոխյարաբերութիւններու մէջ ամենակարեւորը կը համարուին քաղաքական յարաբերութիւնները, որոնք կը դրսեւորուի ազգամիջեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու ձեւերով:

Ազգամիջեան յարաբերութիւնները կը վերաբերին բազմազգ կարգավիճակ ունեցող երկիրներու ներքին փոխյարաբերութիւններուն, իսկ միջազգային յարաբերութիւնները՝ միջպետական յարաբերութիւններուն:

Այսօրուան դրութեամբ, համաշխարհային գոյապայքարի որպէս հետեւանք, պետութիւններու գերակշռող մասը կը գտնուի քանի մը գերպետութիւններու բացարձակ տնօրինման տակ: Ընդ որուն, գերպետութիւններ իրենց բացարձակ գերիշխանութիւնը կը պահպանեն շնորհիւ իրենց փոխհամաձայնութեան, Հարոլտ Նիքլսոնի խօսքերով ըսուած՝ «…միւս երկիրները ազատութենէ եւ անկախութենէ զրկելու համար», իսկ իշխուող պետութիւններ իրենց գոյատեւումը կը պահպանեն իրենց որդեգրած արեւելումին համեմատ:

Այսօրուան դրութեամբ, երկու հակամարտ ռազմաքաղաքական խմբաւորումներու(ներգաղութատիրութիւն, ազգային ազատագրական պատերազմներ, զարգացման ոչ դրամատիրական ուղիներ եւ այլ գաղափարախօսութիւններ, զանազան տնտեսական օգնութիւններ, քաղաքական դաւադրութիւններ ու կեղծ երկպառակութիւններ) տակ կը ստրկացուին ազգերն ու ժողովուրդները, իրենց ինքնուրոյնութիւնը լրիւ կորսնցնելով:

Ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը, զոր քաղաքակրթութեան բարձրագոյն նուաճումն է, մնացած է թուղթի վրայ:

 

Ազգային գաղափարախօսութեան դերը քաղաքականութեան մէջ

Ոեւէ ազգի ուրոյն գաղափարախօսութիւնը, կը ներկայացնէ անոր ազգային արմատական շահերը, որ կը ձեւաւորուի ազգի քաղաքական շահերը ներկայացնող անհատ մտաւորականներու, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ պետութեան կողմէ, որոնք կը կազմակերպեն եւ նպատակասլաց ուղղութիւն կու տան ազգի գործունէութիւններուն:

Գերիշխող ազգերու գաղափարախօսութիւնները, որոնք սկիզբ առած են հազարամեակներ առաջ, հիմնապէս քօղարկուած են արդարութեան, մարդասիրութեան եւ այլ կեղծ սկզբունքներով,  նպատակ կը հետապնդեն մէկ կողմէ արդարացնելու իրենց նուաճողական նպատակները, միւս կողմէ թուլացնելու տկար ազգերու ազգային գաղափարախօսութիւնները:

Գերիշխողներու գաղափարախօսութիւններէն կարելի է թուարկել, հռոմէական ճորտատիրական կարգերէն սկսած մինչեւ դրամատիրական կարգերու հաստատումը, քրիստոնէութիւնը իր ուղղափառ, կաթոլիկ եւ բողոքական յարանուանութիւններով: Դրամատիրութեան ժամանակաշրջաններուն՝  ռասիզմը, Ֆաշիզմը (իր տարբերակներով՝ Ճէոբոլիդիկ, Բանգերմանիզմ, Բոցիալ դարվինիզմ, Շովինիզմ) եւ Համայնավարութիւնը, Բանթուրամնիզմը ապա Բանիսլամիզմը, իսկ այսօրուան դրութեամբ՝ համաշխարհայնացումը:

Այդ բոլորին դէմ, որոշակի ազգեր, որպէս հաւաքական պաշտպանուածութեան միջոց, նոյնիսկ հազարամեակներ առաջ ստեղծած են իրենց կենսաիմաստասիրութիւններն ու գաղափարախօսութիւնները, ինչպիսին են ազգային նացիոնալիզմն ու սիոնիզմը

Մարդկութեան պատմութիւնը կերտողները ոչ թէ տիրակալներու կողմէ ներկայացուող Նաբոլիոններն ու Հիթլերներն են, այլ իրենց ազատութեան ու անկախութեան համար մարտնչող շարքայինները:

About talar

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …

Leave a Reply