Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / 14 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔՈՆՖԼԻՔԴՆԵՐ (ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)

14 ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔՈՆՖԼԻՔԴՆԵՐ (ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)

14

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔՈՆՖԼԻՔԴՆԵՐ (ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)

Անհամաձայնութիւններու ծագումն ու էութիւնը

Անհամաձայնութիւնները (այլ հասկացութեամբ՝ հակասութիւնները) կողմերու միջեւ (պետութիւններ, կազմակերպութիւններ, եւայլն) որոշակի հասարակական անհամատեղելի յարաբերութիւններ են, որոնք անպայման կը յանգեցնեն պայքարի, հակառակորդ կողմերու միջեւ:

Անհամաձայնութիւններու ուսումնասիրութեամբ մարդկութիւնը սկսած է զբաղիլ շատ հին ժամանակներէն, որպէս բնութեան կամ նիւթի անբաժանելի իւրայատկութիւններէն մէկը: Այդ մասին կը վկայեն հին չինական եւ յունական իմաստասիրական դպրոցներու փնտռտուքները:   Հերոկրիդը օրինակ, իրերու եւ երեւոյթներու շարժումը կը դիտէր որպէս հակադրութիւններու պայքար: 18-19 դարերու հեղինակները անհամաձայնութեան հարցը դիտած են միայն իբրեւ իշխանութիւններու եւ ենթականերու յարաբերու թիւններու հարց: Հեգելը՝ ներհասարակական անհամաձայնութիւններու հիմնական պատճառը համարած է հասարակական բեւեռացումը: Սփենսերը զայն  նկատած է որպէս հասարակական զարգացման խթան,   Մ. Վեպերը՝ հասարակական զարգացման խթան, ուրիշներ՝ իշխանութեան ձգտում եւայլն:

19րդ դարէն սկսեալ հեղինակներ սկսած են խօսիլ միջպետական անհամաձայնութիւններու մասին որպէս քաղաքականութեան հիմնական տարր, որպէս մրցակցութիւններու կամ համագործակցութիւններու միջոց:

Քաղաքական վերնախաւերը հասարակական տարբեր ոլորտներու մէջ (միջցեղային, միջհամայնքային, միջկրօնական, տարածաշրջանային եւայլն) անհամաձայնութիւնները կ՛անտեսեն, համարելով զանոնք արհեստականօրէն ստեղծուած երեւոյթներ, զորս կը փորձեն կարգաւորել անտեսելով զանոնք իսկական արմատները, անհամաձայնութիւնները մտցնելով փակուղի եւ զայն հասցնելով յեղափոխական իրավիճակներու:

ֆԱնհամաձայնութիւնները կողմերու միջեւ կրնան ըլլալ արմատական, երբ կողմերու միջեւ չկան ընդհանուր շահեր (կամ մասնակի), այլ կան ընդհանուր շահեր:

Անհամաձայնութեան կողմերը իրենց հնարաւորութիւններով կրնան ըլլալ հաւասար կամ անհաւասար:

Անհամաձայնութեան յաճախականութիւնը կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ անոր տեւողութեան եւ խորութեան վրայ:

Անհամաձայնութիւնները միաժամանակ պատճառ կրնան հանդիսանալ քաղաքական համաձայնութիւններու, դաշինքներու, նաեւ հակառակ դիրքորոշումներու:

Անհամաձայնութիւնները ընդհանրապէս կրնան ըլլալ հասարակական կամ ոչ հասարակական բնոյթի:

Անհամաձայնութիւններու պատճառով առաջացող առճակատումներու պատճառներն կրնան ըլլալ.-

ա.-Քաղաքական ենթականերու կարգավիճակներու անհաւասարութիւն իշխանութեան նկատմամբ, ռեսուրսներու պակաս, եւայլն:

բ.- Հասարակական տարաձայնութիւններ՝ արժէքներու, իտէալներու կամ ռազմավարութիւններու նկատմամբ:

գ.- Քաղաքացիական  իրաւունքներու անտեսում:

 

Անհամաձայնութիւններու դասակարգումը

Ըստ քաղաքագիտական վերջին տուեալներուն, անհամաձայնութիւնները կը բաժնուին.-

ա.-Ըստ դրսեւորման՝ արտաքին եւ ներքին քաղաքական անհամաձայնութիւններ:

բ.-Ըստ չափանշային կարգաւորման մակարդակի եւ բնոյթի՝ կազմակերպչական ձեւաւորում ստացած կամ դուրս մնացած անհամաձայնութիւններ:

գ.-Ըստ որակական բնութագրման՝ անհամաձայնութեան կարգաւորման մէջ մարդկանց ներգրաւուածութեան աստիճանը:

դ.- Ըստ կողմերու մրցակցութեան հրապարակայնութեան աստիճանի՝ բաց քաղաքացիներու զանգուածային մասնակցութեամբ, կամ փակ:

ե.-Ըստ անհամաձայնութեան տեւողութեան՝ երկարատեւ կամ կարճատեւ:

զ.-Ըստ վարչակազմի կազմակերպչական յարաբերութիւններու՝ ուղղահայեաց՝ կառավարման մարմիններ, կամ հորիզոնական՝ նոյն աստիճանի ենթականեր:

Անհամաձայնութեան գործընթացքի փուլերը

Առաջին փուլը կը սկսի կողմերու միջեւ լարուածութեան դրսեւորումով:

Երկրորդ փուլը՝ կողմերու ռազմավարական ձեւերու ընտրութեամբ:

Երրորդ փուլը՝ կողմերու շարքերու նորանոր կողմնակիցներու համալրումով:

Չորրորդ փուլը՝ պայքարի թէժացումով, որ կրնայ հասցնել համազգային խոր ճգնաժամի:

Հինգերորդ փուլը՝ կողմերէն մէկուն ուժի գործադրման անցումով, որ սկիզբը կը կրէ ցուցադրական բնոյթ, հակառակ կողմին զիջումներ պարտադրելու նպատակով:

Վեցերորդ փուլ՝ զինուած ընդհարումներով:

Բոլոր փուլերն ալ յաղթահարելի են, եթէ կարելի ըլլայ վերացնել դրդապատճառները:

Եթէ անհամաձայնութիւնը վարչաձեւի եւ հասարակութեան միջեւ է, ապա զայն կ՛անուանեն քաղաքական ճգնաժամ, որ հիմնապէս կ՛առաջանայ, երբ իշխանութիւնները անընդունակ են իրականացնելու իրենց Ֆունկցիաները:

Քաղաքական ճգնաժամերը նոյնպէս կ՛ընթանան փուլերով՝

ա.-Նախաճգնաժամային փուլ, երբ անհամաձայնութիւններն այնքան են սրած, որ հնարաւոր չէ լուծումներ գտնել:

բ.- Բուն ճգնաժամի փուլ, երբ քաղաքական ենթակաները չեն կրնար քաղաքական մեթոտներով լուծել անհամաձայնութիւնները:

գ.- Ճգնաժամի սրման փուլ, երբ կը սկսին քայքայիլ քաղաքական հիմնական կառոյցները՝ առաջացնելով անիշխանութիւն:

Քաղաքական ճգնաժամի ծագման կամ լուծման մէջ մեծ նշանակութիւն ունի տուեալ երկրի ժողովրդավարութեան զարգացման աստիճանը, հասարակական ապահովուածութիւնը, եւայլն:

 

Ներքաղաքական ճգնաժամերը կրնան ըլլալ համազգային եւ մասնաւոր:

Մասնաւոր ճգնաժամ են կառավարական, խորհրդարանական կամ սահմանադրական ճգնաժամերը, երբ կառավարութիւնը, խորհրդարանը կամ սահմանադրական իշխանութիւնները կը կորսնցնեն իրենց հեղինակութիւնները եւ համապատասխան վերադիրներ կը պահանջեն անոնց լուծարումը:

Իշխանութիւններու համար սակայն ամենավտանգաւորը համազգային ճգնաժամերն են, երբ վերինները չեն կրնար կառավարել երկրի հիմքային հաստատութիւնները:

Յամենայնդէպս ճգնաժամերը կը հանդիսանան քաղաքական նոր համակարգերու թեւակոխման փուլ:

 

Անհամաձայնութիւններու յաղթահարման ուղիները

Անհամաձայնութիւններու յաղթահարումը կը պահանջէ մեծ ջանքեր եւ ուժեր, նոյնիսկ ոչ շահախնդիր կողմերու միջամտութեամբ:

Ով ալ ըլլայ անհամաձայնութիւնը կառավարող ենթական, հարկաւոր է, որ.-

ա.-Փորձէ սահմանափակել անհամաձայնութեան ընդլայնման միտումերը,  քանի որ ուշացումը աւելի մեծ ջանքեր կը պահանջէ:

բ.- Բացայայտէ չվերահսկուող անհամաձայնութիւնները, խուսափելու համար անկառավարելի գործընթացներէն:

 

Անհամաձայնող կողմերու հաշտութիւնը կրնայ ընթանալ՝

ա.-Կողմերու միջեւ ելակէտային դիրքորոշումներու պահպանումով՝ փոխզիջումնային համաձայնութեամբ:

բ.-Կողմերու հարկադրական հաշտեցմամբ, մէկնումէկուն շահերու անտեսումով, որ կրնայ զայն հասցնել մինչեւ լիակատար ոչնչացում:

 

Գոյութիւն ունին նաեւ անհամաձայնութեան յաղթահարման միջոցներ կամ եղանակներ.-

ա.-Խուսափման միջոց, այս կամ այն քաղաքական գործիչի երկրէն հեռացումով, որ վերջնական լուծում չէ:

բ.-Ժխտման կամ փոխարինման միջոց:

գ.-Բախման միջոց, երբ անհամաձայնութիւնները անյաղթահարելի են:

դ.- Անհամաձայնութեան լուծման յետաձգման միջոց, կողմերէն մէկուն զիջումով, ուժերու վերականգման առումով:

ե.-Կողմերու հաշտեցման միջոց, երրորդ կողմի միջամտութեամբ:

զ.- Արպիդրաժի միջոց, երբ հարցի արդար լուծումը կ՛առաջարկուի երրորդ կողմի առաջարկութիւններով, որ կը հիմնուի միջազգային համաձայնութիւններու, չափանիշներու, պայմանագրերու եւ օրէնքներու վրայ եւ որու որոշումներուն համաձայն պէտք է ըլլան հակառակող կողմերը:

է.- Բանակցութիւններու միջոց, երբ կողմերու միջեւ գոյութիւն ունին նուազագոյն համընկնող շահեր:

ը- Հասարակական յեղափոխութիւն:

թ- Հասարակական վերափոխումներ, որ կը պահանջէ կողմերու համաձայնութիւն՝ որոշակի զիջումներով:

Բանակցութիւններու յաջողութեան համար հարկաւոր են պահպանել որոշակի կանոններ.-

ա.-Կարելի եղած չափով յստակացնել անհամաձայնութեան սահմանները:

բ.- Հաշուի առնել կողմերու յուզականութեան աստիճանը:

գ.- Մասնակցող կողմերու արհետավարժութեան աստիճանը:

դ.-Բանակցութիւններու ընթացքին մասնակիցներու տրամադրութիւնները, վարքագծերը, բնական կամ ցուցադրական հոգեվիճակները:

ե.-Աշխատանքային ծրագիրը՝ ժամանակը, տեղը, ծառայութիւններու քանակն ու որակը:

ՓրոՖ. Ի.Քերթոնի կարծիքով, անհամաձայնութիւնները յաղթահարուած կը համարուին երբ վերացուած են անհամաձայնութիւններու պատճառները եւ վերջ տրուած է ուժի գործադրումին:

 

 

About talar

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …

Leave a Reply