Home / Ա / Նիւթեր / Քաղաքագիտական / 15 ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

15 ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

15

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Միջազգային քաղաքականութեան էութիւնն ու կառուցուածքը

Միջազգային քաղաքականութիւնը [ՄՔ] մարդկային հասարակութիւններու կենսագործունէութեան բնագաւառներէն մէկն է, որ կ՛ընդգրկէ պետական եւ ոչ պետական կազմակերպութիւններու միջպետական գործունէութիւնները:

ՄՔ-ի ակունքները ունին պատմական խորութիւն, որու ընթացքին թէեւ պարզունակ, սակայն ձեւաւորուած են անոր ձեւաչափերը: Այդ մասին կը վկայեն հին ժողովուրդներու յուշագրութիւններու մէջ պահպանուած միջպետական համաձայնութիւնները, պարտաւորութիւնները, դիւանագիտական օրէնքները, պատերազմական գործողութիւններու կանոնները, խաղաղութեան դաշինքները, նոյնիսկ արպիդրաժային գործընթացները, եւայլն:

Ստրկատիրական եւ աւատապետական հասարակութիւններուն ընթացքին եթէ անտեսուած էին մարդկային տարրական իրաւունքները, ապա դրամատիրական հասարակութիւններու ժամանակաշրջանին, մարդկային իրաւունքներն սկսած են կամաց-կամաց ներառնուիլ միջազգային պայմանագրերու մէջ եւ միջազգային իրաւունքը աստիճանաբար սկսած է արմատաւորուիլ, որպէս միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմք:

Ներկայ դարու համաշխարհային ժողովրդականացման բուռն զարթօնքի եւ համաշխարհային փոխլրացման պայմաններուն մէջ, միջպետական յարաբերութիւնները աւելի եւս կարիք ունին քաղաքակիրթ կարգաւորումներու եւ համագործակցութիւններու:

Իւրաքանչիւր գործընթաց ունի իր առարկան եւ ենթական: Այսօրուան քաղագիտութեան հասկացութիւններով քաղաքականութեան առարկայ կը համարուի այն, որուն ուղղուած է քաղաքականութեան ենթականերու տարբեր գործողութիւնները:

Միջազգային քաղաքականութեան  մէկ այլ կարեւոր տարրն է՝ ՄՔ ենթականները (դարձեալ պետութիւններ, միջպետական եւ կառավարական հաստատութիւններ կամ կազմակերպութիւններ, եւայլն), որոնց կարեւորագոյնը կը համարուի պետութիւնը, որուն ենթակաները կը համարուին մնացեալը, իսկ պետութեան գլխաւոր ենթական կը համարուի ժողովուրդը:

Պետութիւնը ՄՔԵ դառնալու համար, ըստ որոշ հեղինակներու, բաւարար  է պետութեան կայացումը, իսկ որոշ հեղինակներ հիմք կ՛ընդունին կայացումն ու մասնաւորապէս այլ պետութիւններու կողմէ անոնց ճանաչումը:

ՄՔ-ը կ՛իրականացուի պետութեան առաջին դէմքերու, դիւանագէտներու, պաշտօնական հաստատութիւններու եւ կազակերպութիւններու միջոցով, որոնց իրաւասութիւնները հաստատուած են միջազգային չափանիշներով:

ՄՔ-ի ենթականերուն մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնեն միջազգային կազմակերպութիւններն ու հաստատութիւնները՝ ՄԱԿ, ԱՊԼ (Արաբական Պետութիւններու Լիկա), ԱՊԿ(Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութիւն), ԱՀՔ(Աշխատանքի համաշխարհային համադաշնութիւն), ԱԱՔ (Ազատ Արհմիութիւններու Համադաշնութիւն), ԱՀՖ(Արհմիութիւններու Համաշխարհային Դաշնութիւն), ԴԵՀՖ (Ժողովրդավարական Երիտասարդութեան Համաշխարհային Դաշնութիւն), ԽՀԽ (Խաղաղութեան Համաշխարհային Խորհուրդ), ԿՄԴՖ (Կանանց Միջազգային Ժողովրդավարական Դաշնութիւն), ՄԱԿ-ի ՕՄՀԴ (ՄԱԿԻՆ Օժանդակող Միաւորումներու Համաշխարհային Դաշնութիւն], եւայլն:

Այդ բոլորին մէջ ամենակարեւորը ՄԱԿն է: Անոր գերագոյն նպատակը միջազգային անվտանգութեան եւ միջազգային համագործակցութեան ապահովումն է: Ան իր առաջադրութիւնները կ՛իրականացնէ գլխաւոր ասամպլիայի, անվտանգութեան խորհուրդի, տնտեսական եւ հասարակական խորհուրդի, խնամակալութեան խորհուրդի, միջազգային դատարանի, քարտուղարութեան, մասնագիտացած խորհուրդներու եւ օժանդակ կազմակերպութիւններու միջոցով:

Միւս կազմակերպութիւններու դերերը տարարժէք են, կախուած անոնց գործունէութեան բնոյթէն եւ միջամտութիւններու տարողութենէն:

 

Միջազգային քաղաքականութեան իրաւաքաղաքական հիմքերն ու սկզբունքները

ՄՔ-ը կ՛առնչուի առնուազն երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հետ, անկախ անոնց ներքին տնտեսական, հասարաքաղաքական իրավիճակներէն: Սակայն ՄՔ-ը ունի իր հասարաքաղաքական հիմքերը՝ համաշխարհային իրավիճակը, քաղաքակրթութեան զարգացման մակարդակը, հասարաքաղաքական ուժերու յարաբերակցութիւնը եւ յատկապէս գերպետութիւններու շահերն ու համաշխարհային միտումները: Այդ պատճառով ալ կը դժուարանան առանձին պետութիւններու ձգտումները ՄՔ-ի մէջ, յատկապէս երբ այդ ձգտումները այս կամ այն չափով կը շօշափեն գերպետութիւններու համաշխարհային շահերը:

ՄՔի սկզբունքները կը սահմանուին մարդկանց կողմէ, մեկնակետ ունենալով պատմական ժամանակաշրջաններն ու համապատասխան հասարակական հանգամանքները:

ՄԻ– սկզբունքները դարձեալ սահմանուած են մարդկանց կողմէ, ժողովուրդներու եւ պետութիւններու կենսափորձի, աւանդոյթներու եւ սովորութիւններու հիմքերու վրայ:

Երկուքի նպատակը միջազգային անվտանգութեան, խաղաղութեան, ժողովուրդներու համագործակցութեան եւ զարգացման ապահովումն է:

ՄՔ-ի սկզբունքները կը բաժնուին երկու խումբի՝

Ա.Խումբը  կը վերաբերի ՄՔՍ-ի կարգավիճակներուն եւ գործունէութեան.-

1- Պետութիւններու ինքնիշխանութեան եւ հասարաքաղաքական կարգի ճանաչում:

2-Տարածքային ամբողջականութեան յարգում եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւն:

3- Պետութեան ներքին գործերուն անձեռնմխելիութիւն:

4-Միջազգային իրաւունքի չափանիշներու յարգում եւ պարտաւորութիւններու կատարում:

5-Այլ երկիրներու հետ իրարահաւասարութեան եւ փոխշահաւէտութեան սկզբունքներով համագործակցութիւն:

Բ.-Խումբը կը վերաբերի ՄՔ-ի որոշուներու կենսագործման՝ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման, իրաւահաւասարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան, ժողովուրդներու եւ ազգերու իրաւահաւասարութեան եւ ազատ ինքնորոշման, ՔՍ-երու միջեւ տարաձայնութիւնները, հակասութիւններն ու անհամաձայնութիւնները խաղաղ, ոչ բռնի միջոցներով լուծելու, խաղաղ գոյակցութեան եւ համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման, համաերկրային հիմնահարցերու համատեղ լուծման, ՄՔ-ի մարդասիրական սկզբունքներու եւ այլ հարցերու:

ՄՔ-ի իրաւական հիմքերը շարունակ ընդլայնող եւ կատարելագործուող միտում ունին:

 

ՄՔ-ի հիմքերէն կարեւորագոյնը միջազգային իրաւունքն է, որու սկզբունքներն ու չափանիշները պարտադիր են բոլոր պետութիւններուն, որ որպէս պարտադիր չափանիշներու համակարգ կոչուած է կարգաւորելու ՄՔԵ-երու յարաբերութիւնները:

ՄԻ-ը քաղաքականութեան իրաւական կարգաւորման չափանիշներու համակարգ է, որ ինչպէս նշուեցաւ՝ կը ստեղծուի ՄՔՍ-երու կողմէ, նախքին փորձի վրայ մշակուած պայմանագրերով, համաձայնութիւններով, յայտարարութիւններով, հրովարտակներով, պակտերով եւայլն: Նման համաձայնութիւններն աւելի կը դիւրանան պետութիւններու շահերու համընկման պարագային:

Պէտք է չմոռնալ որ գերպետութիւններ միշտ ալ իրենց համատեղ եւ անձնական շահերուն կ՛ուզեն համապատասխանեցնել ՄԻ-ի չափանիշները:

ՄՔ-ի եւ ՄԻ սկզբունքները սերտ կապուածութեան մէջ են իրարու հետ սակայն նոյնը չեն:

Ցանկացած պետութիւն սահմանուած կարգերով կրնայ միանալ ՄԻ-ի իրաւական ակտերուն (որոնք բաց են) եւ դառնալ անոր լիիրաւ անդամը: Պետութիւններ իրենց ազատ կամքով կրնան դադրեցնել իրենց անդամակցութիւնը կամ արտաքսուիլ, եթէ չկատարեն իրենց միջազգային պարտաւորութիւնները:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ ՄԻ-ը գերակայ է ազգային իրաւունքի նկատմամբ, եւ անոր գերակայութեան ընդունումը այժմ դարձած է միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմնական սկզբունքներէն մէկը: Միջազգային իրաւունքի եւ ազգային իրաւունքի սկզբունքները արդէն սկսած են տեղ գրաւել պետութիւններու սահմանադրութիւններուն մէջ:

Հակառակ նման գործընթացին, քիչ չեն այն դէպքերը, երբ առանձին պետութիւններ կը վիճարկեն կամ կը ժխտեն ՄԻ-ի այս կամ այն սկզբունքը, կամ առանձին իրաւական ակտերու գերակայութիւնը, նկատի ունենալով, որ անոնք չեն համապատասխաներ իրենց ազգային շահերուն եւ առ այդ կը մերժեն ստորագրել նման փաստաթուղթերու տակ:

 

Միջազգային քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ դրսեւորման ձեւերը

ՄՔ-ի հիմնական բովանդակութիւնը ընդունուած որոշումներու արդիւնաւէտ կենսագործումն է, որուն մեծապէս կը նպաստեն պետութիւններու փոխյարաբերութիւններու առաւել քաղաքակիրթ ձեւերը, միջազգային միջ-պետական հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութիւններու բարձր մակարդակը, միջազգային իրաւունքի կուռ համակարգի ձեւաւորումը, եւայլն:

Պետութիւններու եւ միջպետական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնները կը դրսեւորուին տարբեր ձեւերով եւ մակարդակներով՝

ա.- Համաշխարհային նշանակութեան քաղաքականութիւն, որ կը վերաբերի հաւասարապէս պետութիւններուն, միջպետական ու կառավարական կազմակերպութիւններուն, որոնք նպատակ կը հետապնդեն համընդհանուր արժէք ներկայացնող յարաբերութիւններու կարգաւորումը:

բ.- Առանձին պետութիւններուն վերաբերող քաղաքականութիւն, որ նպատակ կը հետապնդէ կարգաւորել տարածաշրջանային անհամաձայնութիւններն ու պատերազմներու կասեցումը:

գ.- Առանձին պետութիւններուն վերաբերող քաղաքականութիւն, որ նպատակ կը հետապնդէ առանձին երկիրներու միջեւ միջնորդներու օգնութեամբ բնական յարաբերութիւններու վերականգնումը:

դ.- Առանձին պետութիւններուն վերաբերող քաղաքականութիւն, որ նպատակ կը հետապնդէ կարգաւորելու որոշակի երկրի մը միջազգային իրաւունքի չափանիշներու կոպիտ խախտումները, որոնք ուղղուած են մարդկանց, ազգերու կամ ժողովուրդներու ազատութիւններուն դէմ:

Անկախ այն հանգամանքէն, որ ՄՔ-երը ինչ մակարդակներով կը դրսեւորուին, չմոռնանք որ ան անպայման գործ ունի ՔՍ-երու, հասարակաքաղաքական իրադարձութիւններու եւ յարաբերութիւններու հետ, հակառակ անոր, որ ՔՍ-երը կը տարբերին իրենց կարգավիճակներով, իրաւասութիւն ներով եւ ընդունած որոշումներով:

Կան քաղաքական ուղղութիւններ, որոնք պետութեան ինքնիշխանութիւնը համարելով ժողովուրդի մը կամ ազգի մը ինքնիշխանութիւնը, զայն չեն ուզեր վիճարկման առարկայ դարձնել, հաստատելով նաեւ այն միտքը, որ իրենք ազատ են որեւէ ժամանակ դուրս գալու միջազգային համաձայնութիւններու շրջագիծէն: Սակայն կան հեղինակներ, որ կը պնդեն պետութիւններու ինքնիշխանութեան վիճարկելիութիւնը, նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ միջազգային պայմանագրերը այնպայմանօրէն պիտի սահմանափակեն ինքնիշխանութեան որոշակի սահմանները:

Ամենայնդէպս պետութիւններ միանալով միջազգային գործընթացներուն, իրենց իրաւասութիւններու մէկ մասը այս կամ այն չափով կը փոխանցեն միջազգային կազմակերպութիւններուն, այդպիսով սահմանափակելով իրենց ինքնիշխանութիւնը, եւ ՔՍ-երը դառնալով ՄՔՍ-եր անպայմանօրէն կ՛ենթարկուին կարգավիճակային որակական փոփոխութիւններու:

Ըստ Յու.Մալեւի՝ Մնալով ինքնիշխան պետութիւններ, ձեռք կը բերեն խմբային ինքնիշխանութեան նոր որակ: Օր. ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներու կատարումը յաճախ կը թափանցէ պետութեան ինքնիշխան կարգավիճակը՝ նոյնիսկ ուժի գործադրումով: Այս մեծ փաստ է, որ վերազգային, վերպետական կառոյցները վեր են պետութիւններու ինքնիշխանութիւններէն եւ որ պետութիւններ ձեռք կը բերեն անպայման նոր՝ ներհամակարգային ինքնիշխանութիւն:

Այսօրուան դրութեամբ ՄՔ-ի գործընթացները կը դրսեւորուին հետեւեալ ուղղութիւններով.-

ա.-ՄԱԿ-ի մարմիններու եւ մասնագիտացած հաստատութիւններու գործունէութեան մեքանիզմներու մշակում եւ իրաւական դաշտի ձեւաւորում, միջազգային միջպետական եւ ոչ կառավարական հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութեան յստակացում եւ գործադրման հիմքերու ստեղծում:

բ.- Պետութիւններու միջեւ կապերու եւ համագործակցութիւններու ծաւալում, տարածաշրջաններու մէջ կայուն իրավիճակի ստեղծում, հասարակաքաղաքական կարգերու պահպանման օժանդակում, միջպետական յարաբերութիւններու եւ ամբողջացման գործընթացներու սատարում:

գ.-Պետութիւններու եւ միջպետական կազմակերպութիւններու միջազգային գործունէութեան համաձայնեցում ՄԱԿի տարբեր մարմիններու եւ մասնագիտացած հաստատութիւններու միջեւ: Միջպետական յարաբերութիւններու եւ տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու գործունէութեան  մեծացում եւ հեղինակութեան բարձրացում:

դ- ՔՍ-րու փոխադարձ վստահութեան կայուն հիմքերու ստեղծում, յատկապէս միջազգային պարտաւորութիւններու լրիւ կատարումով, այլապէս կը ստեղծուի անվստահութեան մթնոլորտ:

Փոխադարձ վստահութեան ստեղծումը երկարատեւ գործընթաց է եւ կը կարօտի երբեմն կեանքի գնով ձեռքբերման:

Վստահութեան վերականգնումը շատ աւելի դժուար գործընթաց է:

ՄՔ-ի մէջ մեծ նշանակութիւն ունին միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման խնդիրները: Առ այդ ՄԱԿի կանոնադրութեան 37րդ յօդուածի տակ, պետութիւններու միջեւ լուրջ տարաձայնութիւններու պարագային, առաջին հերթին կը կիրարկուին խորհրդատուութիւններ, միջնորդութիւններ, դիտորդներու ուղղարկում, փաստերու հաւաքում, խաղարարար ուժերու ուղարկում կամ զինուած ուժի գործադրում:

Միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորումն երբեմն կը պահանջէ վնասներու փոխհատուցում, տարածքային զիջումներ, եւայլն:

Հասարակական կեանքի երեւոյթներ հանդիսացող ընտրութիւնները, ցոյցերը, գործադուլները, քաղաքական սպանութիւնները, ահաբեկչութիւնները, պատերազմները, մարդկային զանգուածային տեղաշարժները, եւայլն, ՄՔ-ի եւ միջպետական յարաբերութիւններու նիւթ կը դառնան, եթէ ինչ որ չափով դուրս գալով տուեալ պետութեան սահմաններէն սկսին ազդել հարեւան երկիրներու անդորրութեան վրայ:

Միջազգային յարաբերութիւնները կը դրսեւորուին տարբեր ձեւերով՝ բանակցութիւններ, խորհրդատուութիւններ, դիւանագիտական կապեր, պայմանագրեր, համաձայնագրեր, ՄՔ-ի ենթականերու խորհրդաժողովներ, եւայլն:

Պաշտօնական բնոյթի միջազգային յարաբերութիւնները տեղի կ՛ունենան ՄՔ-ի ենթականերու միջեւ, լիազօրուած անձանց միջոցով: Ոչ պաշտօնական յարաբերութիւնները՝ ոչ լիազօրուած անձերու միջոցով:

ՄՔ-ի խնդիրներու առաջացման պատճառներն ու էութիւնը

ա.-Հիմնահարցեր, որոնք կ՛առաջանան հասարակական կեանքի բնականոն զարգացման եւ համաշխարհային փոխլրացման միտումի պատճառով՝ ջերմամիջուկային ջերմուժի, ովկիանոսի եւ տիեզերքի ուսումնասիրման հարցեր, համաշխարհային ջերմուժի եւ տնտեսութեան, համաշխարհային հասարատնտեսական բարեկեցութեան հարցեր, եւալն:

բ.- Հիմնահարցեր, որոնք կ՛առաջանան անբնականոն զարգացման պատճառնարով՝ պատերազմներ,միջազգային լուրջ վտանգ ներկայացնող միջպետական անհամաձայնութիւններ, մարդկային մեծածաւալ տեղաշարժներ, եւայլն:

գ.- Հիմնահարցեր, որոնք կ՛առաջանան ներպետական եւ միջազգային չափաձեւերու զանգուածային խախտումներէն, մարդկային իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումներէն, եւայլն:

դ.-Հիմնահարցեր, որոնք կ՛առաջանան բնակլիմայական կամ հասարակական պատճառներով, որոնք լուրջ վտանգ կը հանդիսանան շրջապատի երկիրներուն՝ երկրաշարժներ, ջրհեղեղներ, փոթորիկներ, երաշտներ, տարափոխիկ հիւանդութիւններ, եւայլն:

ե.- Հիմնահարցեր, որոնք կապուած են մարդու հասարակայնացման հարցերու հետ՝ մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութիւնը, մթնոլորտային կեղտոտման հարցերը, բնութեան արդիւնաւէտ օգտագործումը, ռատիոաքտիւ ճառագայթներու դէմ պայքարը, համաշխարհային տեմոգրաՖիկ փոփոխութիւններու կարգաւորումները, եւայլն:

զ.- Հիմնահարցեր, որոնք կ՛առաջանան արդի քաղաքականութեան      զարգացման հիմնախնդիրներու հետ կապուած՝ հասարակական կեանքի կարգաւորում, նիւթական բարիքներու ապահովում, համաշխարհային առողջապահական հարցեր, ԶԼՄ-երու կարգաւորման հարցեր, եւայլն:

About talar

Check Also

ԹՈՒՐՔՄԵՆՉԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ 10 ՓԵՏՐՈՒԱՐ1828

Հաշտութեան պայմանագիր Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Այս հաշտութեամբ աւարտած է 1826 -1828 ի Ռուս-Պարսկական պատերազմը: …

Leave a Reply