Կարսի Հնոցը
Կարս նահանգը կը գտնուի Կովկաս աշխարհին մէջ: 1878 թուին, երբ հայ զօրավարներ՝ Մելիքով, Ղուկասով, Լազարեւ, կը գրաւէին Կարսը Տաճկաստանէն մեծ շահ մը կը կարծուէր հայերուն համար, այսինքն՝ եթէ ոչ ազատ Հայաստան մը, գոնէ հողազուրկ հայութեան համար տեղ եւ ասպարէզ:
Բայց ռուս զինուորական իշխանութեան հաստատումը ջնջեց հայ ինքնավարութեան երազները: Կարծես հրէշը փոխուած էր միայն եւ ուրիշ ոչ մէկ տարբերութիւն: Այս պատճառներով հոս եւս հայերը լծուեցան յեղափոխական աշխատանքի, որուն արդիւնքն էր Կարսի հնոցը:
Յեղափոխական գետնի վրայ Կարսի կարեւորութիւնը մեծ է, որովհետեւ Կարսի նահանգը վայր մըն էր, որուն յեղափոխական հնոցին մէջ նորեկ դաշնակցականները կարող էին եփիլ եւ դուրս գալ թրծուած եւ յղկուած. կամ չդիմանալով այստեղի ծայրաստիճան գաղափարական եւ սպարտական կեանքին՝ լքել յեղափոխական ասպարէզը: Հոս գործիչները կը վարժուէին գործնական եւ փորձառական կեանքին, կ՛անցնէին երկիր (Տաճկահայաստան) իրենց մասնակցութիւնը բերելու Կարս նահանգի աշխատանքներուն:
Կարսի մէջ գործունէութիւնը կ՛ըլլար գաղտնի այն աստիճան, որ յեղափոխական գործերը կը տարուէին կառավարութեան քթին տակ առանց իսկ այս վերջինին մտքին մէջ կասկած արթնցնելու: Այս գործունէութեան մասին լաւագոյն օրինակները կարելի է սեպել ժողովներու գումարումի ձեւը եւ բանտի դրութիւնը:
Ժողովները.-
Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Կոմիտէի ժողովները կը գումարուէին կեղծ հարսանիքներու ընթացքին: Ամէն անգամ որ անհրաժեշտ ըլլար ժողով մը գումարել՝ կը սարքուէր կեղծ հարսանիք մը, որուն ներկայ կ՛ըլլային մեծ մասով ընկերներ:
Բանտը.-
Դաշնակցութեան բանտը խեղճուկ հիւղակ մըն էր քաղաքին մէկ անկիւնը, դուռը առանց կղպանքի: Դատապարտեալը կ՛երթար հոն, ապահովելով իր կերակուրն ու ջուրը, անցընելու համար վճռուած ժամանակը: Դուրս չէր գար հոնկէ նոյնիսկ ոստիկաններու ստիպումով, որովհետեւ բանտարկեալը գիտէր, որ փախչելու փորձ մը միայն արդէն զինք կ՛ենթարկէր աւելի ծանր պատիժներու եւ ինչու չէ տերորի:
Կարս քաղաքը բաժնուած էր քաղաքամասերու: Իւրաքանչիւր շրջան ունէր իր խումբերը. անդամները կը ճանչնային զիրար, կանոնաւոր ժողովներ կը գումարէին, դասախօսութիւններու ներկայ կ՛լլային եւ անդամավճար կու տային: Խումբի մը անդամը չէր ճանչնար ուրիշ խումբերու անդամները: Այս աշխատանքներուն մասնակից կ՛ըլլային նաեւ կիներ, որոնք ներկայ Օգնութեան Խաչին դերը կը կատարէին եւ եկամուտի աղբիւրներ կը ստեղծէին:
Նիւթական զոհաբերութիւնը մրցակցութեան առարկայ էր եւ իւրաքանչիւր անդամ կ՛ուզէր իր ուժերէն վեր բարձրանալ:
Ուսումը պարտադիր էր եւ պէտք էր յաճախէին միայն հայկական վարժարաններ: Ռուսական դպրոցները պոյքոթի ենթարկուած էին:
Գիւղերու կազմակերպական ձեւը քիչ մը տարբեր էր:
Ենթակոմիտէ.- Գիւղի ժողովուրդը կ՛ընտրէր երեք հոգիներէ բաղկացած ենթակոմիտէ մը, որ գիւղին ամենաբարձր իշխանութիւնն էր:
Դատաստանական.- Ոչ մէկ դատ կը հասնէր ռուս պետական դատարանը: Հարցերը կը լուծուէին ենթակոմիտէի, Կոմիտէի, Կեդր.Կոմիտէի կամ գործիչի մը կողմէ:
Դպրոցական.- Ոչ-պետական դպրոցներու կողքին կային նաեւ գաղտնի դպրոցներ:
Ահա այս ձեւի կազմակերպում մը ունէր Կարս նահանգը, որ կը համարուէր ամենալաւ կազմակերպուած նահանգը յեղափոխական գործունէութեան մէջ:
Մեծ էր Կարսի արժէքը:
Շատ աւելի մեծ եւ դժուար էին նաեւ անոր բնակիչներուն վզին դրուած պարտաւորութիւնները: Պէտք էր օգնէին Թրքահայաստանին. ուղարկէին զէնք, զինամթերք եւ մարտիկներ կռուելու համար. պէտք էր նաեւ որեւէ տեսակի զոհողութիւններով պահել ազգային ինքնուրոյնութիւնը, սուրբ համարել ինչ որ ազգային էր, ոչ թէ սուրբերուն զոհ մատուցանել, այլ՝ թուրք եւ ռուս բռնակալութեան վերացման համար ոչ մէկ զոհ խնայել: «Ազատութիւնը մեզմէ բաժնուած է խոր վիհով, այդ վիհը պէտք է լեցուի թշնամիին եւ մեր դիակներով»:
Այսպէս կը մտածէին Կարսի յեղափոխականները: