Home / Ա / Նիւթեր / ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ / ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ / 11-12 տարեկան / ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

ՎԱՆ

Վանը աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն է: Ան պատմութեան յայտնի է շարք մը անուններով՝ Տուշպա, Տոսպ, Վանտոսպ, Երուանդական, Շամիրամ:

Սարդուրի Ա.թագաւորը արքունիքը Վան կը տեղափոխէ եւ զայն կը հռչակէ մայրաքաղաք:

Արաբական տիրապետութեան շրջանին քաղաքը անկում կþապրի: Բայց 10-11-րդ դարերուն, երբ Վանը Վասպուրականի թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր կրկին կարեւոր քաղաք կը դառնայ:

1895-1915 թուականներուն թուրքերու կողմէ կը կազմակերպուի Վանահայերու ջարդը:

ԱՐՄԱՒԻՐ

Վանի թագաւորութեան ծաղկուն քաղաքներէն մէկուն՝ Արգիշտիխինիլիի մէջ, յատկապէս անոր արեւելեան բլուրին վրայ, երուանդունիները կը կառուցեն իրենց նոր մայրաքաղաք՝ Արմաւիրը:

Արմաւիրի մէջ էին հեթանոս հայերու մեհեանները, Արտեմիսի եւ Ապոլոնի պղնձաձոյր, ոսկեզօծ արձանները:

Քաղաքի արհեստաւորներու ձեռակերտերը կը հասնէին մինչեւ Կովկաս, Իրան, Միջագետք, Ասորիք, Միջերկրականի եւ Սեւ Ծովու ափերը:

ԵՐՈՒԱՆԴԱՇԱՏ

Երուանդ վերջին թագաւորը Արարատեան նահանգի Երասխաձոր գաւառին մէջ (ուր Արաքսը եւ Ախուրեանը կը միախառնուին) բլուրի վրայ կը կառուցէ մայրաքաղաք Երուանդաշատը: Մայրաքաղաքի տեղափոխման հիմնական պատճառը Խորենացին  կը համարէ Արաքսի հունի փոփոխումը, որու հետեւանքով քաղաքի բնակիչները զրկուած էին ջուրէն:

ԱՐՏԱՇԱՏ

Արտաշատը բուռն զարգացում կ՛ապրի յատկապէս Տիգրան Մեծի որդի՝ Արտաւազի օրով:

Երկար դարերու ընթացքին Արտաշատը երկրի ոչ միայն քաղաքական, այլեւ տնտեսական, առեւտրական ու արհեստագործական կեդրոնն էր:

ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ

Տիգրան Բ.-ը Ն.Ք. 80-ական թուականներուն Աղձնիքի մէջ Արեւմտեան Տիգրիսի ձախակողմեան վտակ վտակին մօտ կը հիմնադրէ Տիգրանակերտ քաղաքը:

1045-1058 թուականներուն  Տիգրանակերտը հարաւային Հայաստանի ամենամեծ քաղաքներէն էր:

Մոնկոլական արշաւաներէն յետոյ, Տիգրանակերտը կը դառնայ գիւղաքաղաք, որ լետագային կ՛աւերուի:

Այսօր Թուրքիոյ Ֆարկին գիւղի մօտ կարելի է տեսնել Տիգրանակերտի պարիսպներու ու այլ շինութիւններու մնացորդացը:

ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏ

Քաղաքը եղած է այսօրուան Էջմիածնայ տեղը:

Երուանդ Սակաւակեաց թագաւորը այնտեղ կը հիմնէ Վարդգէսաւանը:

Վաղարշ Ա. թագաւորը պարսպպատելով Վարդգէսաւանը կը վերանուանէ Վաղարշապատ եւ կը հռչակէ մայրաքաղաք:

Քրիստոնէական կրօնի գլխաւոր կեդրոնը ըլլալու շնորհիւ վաղարշապատը դարեր շարունակ երկրի համար ունէր հոգեւոր մշակութային խոշոր նշանակութիւն:

Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ այնտեղ կը հիմնեն իրենց դպրոցը:

1945-ին վաղարշապատը կը վերանուանուի Էջմիածին:

ԴՈՒԻՆ

Հիմնադրուած է 4-րդ դարու 30-ական թուականներուն, երբ Հայոց Խոսրով Կոտակ թագաւորը արքունիքը Արտաշատէն կը տեղափոխէ այնտեղ եւ կը յայտարարէ այնտեղ նոր մայրաքաղաք:

Արշակունիներու անկումէն յետոյ դուինը մարզպանական Հայաստանի կեդրոնը կը դառնայ:

1203-ին Դուինը կը տրուի Իվանէ Զաքարեանի որպէս սեփականութիւն եւ քաղաքը կրկին կը բարգաւաճի:

1235-ին Դուինը կ՛իյնայ թաթար-մոնկոլներու ձեռքը եւ իր գոյութիւնը կը պահպանէ այս թուականէն մինչեւ մէկ դար:

ԲԱԳԱՐԱՆ

Բագարանը բագրատունիներու մայրաքաղաքն է, կը գտնուի Արշարունիք գաւառին մէջ, Ախուրեանի աջ ափին: Այնտեղ էին ոչ միայն Բագրատունիներու ապարանքները այլեւ տոհմական դամբարանը:

Անցեալ դարասկիզբին Բագարանը ունէր մօտ 800 բնակիչ:

Ան վերջնականապէս կ՛աւերուի առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն:

ՇԻՐԱԿԱՒԱՆ

Կը գտնուի Շիրակի մէջ, Անիէն ոչ հեռու, Ախուրեանի աջ ափին, որտեղ բնակավայր եղած է Ք.Ա. 3-2-րդ դարերուն:

Շիրակաւանը սմբատ ա.-ի եւ Աշոտ Երկաթի արքայանիստն էր եւ ապահովուած էր ռազմական տեսակէտէն:

Շիրակաւանի բնակչութիւնը տեղահանուած է 1920-ին:

ԱՆԻ

Անին երկրի կարեւորագոյն բերդերէն է: 961-ին Աշոտ Ողորմածը Անիի մէջ կ՛օծուի Հայոց Թագաւոր:

Անիի թագաւորութիւնը տր հզօրութեան կը հասնի Գագիկ Ա.-ի օրով:

1131-ին Անիի մէջ երկրաշարժ տեղի կ՛ունենայ եւ կը կործանէ քաղաքը:

Զաքարեաններու աշխատանքին շնորհիւ Անին կրկին դարձաւ բարեկարգ քաղաք, բայց 1236-ին թաթա-մոնկոլներու արշաւանքէն յետոյ Անին մահացու հարուած ստացաւ:

ԿԱՐՍ

Քաղաքի վերելքը կապուած է Բագրատունեաց թագաւորութեան ստեղծման հետ:

11-13-րդ դարերեուն Կարսը արհեստագործութեան եւ առեւտուրի խոշոր կեդրոն էր:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Կարսը Կովկասեան ռազմաճակատի յենարաններէն էր:

1918-ին  Բրեստի պայմանագրով Կարսը կը գրաւեն թուրքերը եւ բնակչութեան իսկական սպանդ կը կազմակերպեն:

1919-ին Կարսը կը միանայ Հայաստանի Հանրապետութեան, նոյն տարուան Հոկտեմբերի 30-ին թուրքերը նորէն կը գրաւեն Կարսը:

1921-ին Կարսը կ՛անցնի Թուրքիոյ:

ԵՐԵՒԱՆ

Երեւանը Հայաստանի 12-րդ մայրաքաղաքն է: Հանրապետութեան արդիւնաբերական, մշակութային, գիտական կեդրոնը, երկաթուղային, օդային, խճուղային ճանապարհներու կարեւոր հանգոյցը:

Քաղաքի գեղատեսիլ ձորով կը հոստ Հրազդան գետը:

Երեւանի հին անունը եղած է Էրեբունի, որ կառուցուած է Ք.Ա. 782-ին Արգիշտի Ա. թագաւորին կողմէ:

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …

Leave a Reply