Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ

ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

(1874-1915)

(1915-Ի ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀ)

 

Ծնած է 1874ին- Տիգրանակերտի Սեւերեկ գաւառին մէջ, բայց երկու տարեկանին Խարբերդ փոխադրուած եւ հոն մեծցած ըլլալով՝ Խարբերդցի կը համարուի: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք Խարբերդի Ազգ.Վարժարանին մէջ, կ՛անցնի Թլկատինցիի դպրոցը եւ կ՛աւարտէ զայն:

18 տարեկանին կը նետուի ուսուցչական ասպարէզ եւ մօտ տասը տարի կրթական գործով կը զբաղի: Նախ կը դասաւանդէ Թլկատինցիի դպրոցը, ապա մօտ 3 տարի ալ Ֆրանսացի կրօնաւորներու վարժարանին մէջ: 1903ին քանի մը ուրիշ ուսուցիչներու հետ կը ձերբակալուի թուրք կառավարութեան կողմէ եւ կը բանտարկուի: Ազատ արձակուելով կը ստիպուի ապաստանիլ Պուլկարիա եւ հաստատուիլ Ֆիլիպէ քաղաքը, ուր կը հիմնէ «Ռազմիկ» թերթը (եռօրեայ) 1906ին: Խօսելով «Ռազմիկ»ի ուղղութեան մասին, Ռ.Զարդարեան հետեւեալը կը գրէ Արշակ Չօպանեանին (1905 Նոյեմ.8, Ֆիլիպէ).-

«Միակ եւ անայլայլ առաջադրութիւնս է որ «Ռազմիկ» մեր բոլոր շարքերուն մէջ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամաւորներէն մէկը ըլլայ. եղբայրատեաց կիրքերը, հանրային փրկութեան սպառնացող վէճերն ու արարքները արիւնով կը լեցնեն սիրտս. չէք գիտեր թէ անդին հայ ժողովուրդը երկրին խորերը ի՛նչ հաւատք, ի՛նչ վստահութիւն դրած է արտասահմանեան մեր գործիչներուն վրայ» (Արեւմտահայ Գրողների նամականի, Երեւան):

1908ին, Օսմ.Սահմանադրութեան տարին, Զարդարեան եւս փախստական այլ մտաւորականներու հետ, կը փոխադրուի Պոլիս: Մէկ տարի ետք, Պոլսոյ մէջ կը հրատարակուի «Ազատամարտ» մեծ օրաթերթը, որուն խմբագրապետ կը դառնայ Զարդարեան: Նոյն ատեն իբրեւ այցելու ուսուցիչ դասեր կու տայ Կեդրոնական վարժարանին մէջ:

Վարած է ազգային եւ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ: Գործածած կեղծանուններն են՝ Էժտահար, Աչք Եհովայի եւայլն:

Ամուսնացած էր եւ զաւակներու տէր, երբ 41 տարեկանին զոհ գնաց 1915ի Ապրիլեան Եղեռնին:

Զաւակներէն մէկը՝ Հրաչ Զարդարեան, այժմ Ֆրանսա, գրող է եւ հեղինակ վէպերու եւ պատմուածքներու:

*Զարդարեան սկսած է գրել 17 տարեկանին եւ աշխատակցած Չօպանեանի «Ծաղիկ»ին եւ այլ թերթերու:

1910ին, իր գրական էջերու հաւաքածոն հրատարակեց հատորով մը, որ կը կոչուի «Ցայգալոյս» (գիշերուան մէջ լոյս): Երկու տարի ետք գիրքը թարգմանեցին խումբ մը հայ գրողներ (Չօպանեան, եւայլն) «Clarte՛ Nocturne» անունով: «Ցայգալոյս»էն դուրս կը մնան «Եօթը երգիչները» (1911), «Ով որ սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ» (1913), «Եկեղեցւոյն առիւծը«, եւայլն:

Հրապարակագրութիւնը վնասած է իր ստեղծագործական կարելիութեանց եւ պատճառ դարձած, որ աւելի լայնաշունչ երկեր չկարենայ արտադրել: Այս ցաւին անդրադառնալով՝ Զ.Եսայեանին գրած  իր մէկ նամակին մէջ Ռ.Զարդարեան կ՛ըսէ.-

«Այնքա¯ն վազնէ վազ, հեւ ի հեւ ու տենդոտ կեանք մը կ՛անցընեմ: Իւրաքանչիւր ելած թերթին ետեւէն անմիջապէս յաջորդին վրայ մտածել՝ գրեթէ միս մինակդ, առանց կարեւոր ուժ մը ունենալու քեզի իբրեւ թեւընկեր: Յոգնութիւն, խոնջէնք ու մտացիր վիճակ, առանց կարենալ ամփոփուելու զուտ գեղարուեստական աշխատութեան մը վրայ» (1907, Մայիս 14, Ֆիլիպէ):

Զարդարեանի գրուածքները կրնանք բաժնել հետեւեալ խումբերու.-

1.-ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ.-«Քարացածներ». «Ծովակին Հարսը», «Ծաղիկներ, կարմիր ծաղիկներ», «Ով որ Սուլթան մը ունի իր հոգիին մէջ», «Զարնուած որսորդը», «Բռնաւորին արցունքը» եւայլն:

Զարդարեան ժողովուրդէն առնելով հեքիաթի եւ առասպելի իր նիւթերը, զանոնք մշակած է նոր ձեւով: Զարդարեանի մշակած հեքիաթները կը նկատուին շատ յաջող ստեղծագործութիւն: Իր հեքիաթներով Զարդարեան գրական նոր սեռ եւ դպրոց մը ստեղծեց: Զարդարեանի հեքիաթները շատ սեղմ են, աւելի նկարագրական քան թէ պատմողական: Ան հեքիաթը հասցուցած է բանաստեղծական գեղեցկութեան:

2.-ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ.- «Տան Սէր», «Սեւ հաւը կանչեց», «Գամբռը», «Պուտ մը ջուր», եւայլն: Քիչ են թիւով: Զարդարեան աւելի հակում ցոյց տուած է բանաստեղծական արձակին քան վիպական կառուցում ունեցող գրուածքներու: Սակայն այս քանի մը կտորն ալ, զորս գրած է իրապաշտ շարժումի ազդեցութեան տակ, վիպագիրի տաղանդ մը կը մատնեն:

3.-ԱՐՁԱԿ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.-Բնութեան նկարագրութեան նուիրուած գեղեցիկ էջեր են ատոնք, երբեմն ալ կապուած կեանքի մէկ խորհուրդին.- «Ճախարակին քերթուածը», «Գիւղին գերեզմանոցը», «Դաշտային վերջալոյս», «Կարօտներ», «Փողոցը»:

4.-ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐ.- «Մեղրագետ»ներու շարքը:

5.-ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.-Ա.Ֆրանսի «Աստուածները Ծարաւի են» եւ Սելմա ԼացերլոՖի «Երուսաղէմ Տալէ Քարլիի մէջ»:

6.-ՈՏԱՆԱՒՈՐՆԵՐ

 

«ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ» ԵՒ ԻՐ ԴԵՐԸ

 

«Ազատամարտ» քաղաքական եւ հասարակական մտահոգութիւններով քալող լրագիր մը չեղաւ միայն, այլ նաեւ մեր գրականութեան իր պարտքը հատուցանելու կոչուած թերթ մը: «Ազատամարտ» իր այդ դերը կը պարտի Ռուբէն Զարդարեանին:

«Ազատամարտ» ուզեց գրական օճախ մը ըլլալ: 1910 Յուլիս 10ին հիմնեց շաբաթական յաւելուած մը, որուն մէջ սակայն հասարակական գիծը շատ զօրաւոր եղաւ: Շաբաթական յաւելուածը մինչեւ 73 թիւ տեւեց: Փոխն ի փոխ խմբագրութիւնը ստանձնեցին Ռ.Զարդարեան, Ռուբէն Դարբինեան եւ Շաւարշ Միսաքեան: Յետոյ, 1912ին, բոլորովին գրականի փոխուեցաւ եւ առաւ նախ «Բամբիռ», յետոյ «Բագին» անունը, որ քանի մը ամիս միայն տեւեց:

«Ազատամարտ» օրաթերթն ըլլայ թէ շաբաթաթերթը, առիթ տուաւ, որ կարգ մը նոր դէմքեր յայտնուին եւ կազմուին: Յակոբ Քիւֆէճեան (Օշական) «Ազատամարտ»ով իր համբաւը սկսաւ: Սալբի հոն ըրաւ իր առաջին փորձերը, Կ.Լարեան հոն կատարեց իր մուտքը հայ գրականութեան մէջ: Գեղամ վարդապետ հոն սկսեր էր իր մտքի որոնումները:

 

ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ

«Օրաթերթ» առտուան: Հիմնուած 10 Յունիս 1909:- Արտօնատէր-խմբագրապետ Ռուբէն Զարդարեան: -Հասցէ Բերա, Համալ-Պաշի, թիւ 76: – Բաժանորդագրութեան 75-40 ղրշ.(Պոլիս): 100-50ղրշ. (Գաւառ): 30-15 ‎$ (Արտասահման): Հատը 10 բարա: – Մինչեւ 17 Նոյ 1910, հասած 441 եւ թեւակոխած 2րդ տարին:

Դժուար է «Ազատարամարտ»ի աշխատակիցներուն ու թղթակիցներուն թւումն իսկ ընել: Թերթ մը, որ աւելի քան վեց տարի շարունակուեցաւ անընդհատ՝ իր շուրջ համախմբած Պոլսոյ, գաւառի եւ արտասահմանի մեր լաւագոյն մտաւորականութիւնը, անշուշտ որ պիտի ունենար աշխատակիցներ ու հոծ թիւ մը:

 

 

About talar

Check Also

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Միջնադարեան Հայաստանի մէջ մանրանկարչութիւնը առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ. հակառակ դարերու ընթացքին մեր կրած աւերիչ …