ՀՈԳԵԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐՈՒ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔԸ
ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
«1»
Բոլոր հոգեկան ուղղակի տրուած երեւոյթներուն հասարակաց հանգամանքը գիտակցութիւնն է:Գիտակցութիւնը էական է բոլորին: Խօսքը ոչ թէ ենթադրուած այլ ապրուած հոգեկան երեւոյթներուն համար է :Օր. Դուրս կը նայիմ ՝ կը խորհիմ,կը բաղձամ,կը յուզուիմ:եթէ ասոնք իրարու հետ բաղդատենք՝ կը տեսնենք որ անոնք ունին հասարակաց յանգամանք մը որն է գիտակցութիւնը:
Ուրեմն գիտակցութիւնը անմիջականօրէն զգացուած հասարակաց բանն է ամէն հոգեկան վիճակի մէջ:
Գիտակցութեան ինչութիւնը:
Ինչ է Գիտակցութիւնը.-Գիտակցութիւնը այն է որով ենթական կրնայ զինք իրեն,իր վիճակներն ու աշխարհը իրեն ներկայ ընել:Նոյնպէս կրնանք գործածել ծանօթութեան համար:Գիտակցութեան բառին մէջ կան գիտութիւն,գիտնալ եւ կից իմաստները:
Արդարեւ գիտցողը եւ գիտցուածը՝ գիտութիւնն ու իր առարկան իրարու կից են այնքան որ անկարելի է զանոնք զատել:Գիտցողը ես եմ գիտցուածը իմ վիճակս է, ուրեմն ես-ը իր վիճակը գիտէ:
Գիտակցութիւնը իր առարկայով երկուք է
–Մեզմէ դուրս երեւոյթի մը ծանօթութիւնը
-Մեզմէ ներս երեւոյթի մը ծանօթութիւնը
Մենք ենք որ մեզմէ դուրս եւ մեզմէ ներս եղածին ծանօթութիւն կունենանք:Ուրեմն գիտակցութիւնը գիտէ ինքզինք եւ իր շուրջ եղող առարկնները:Քնացող մարդը ես չի կրնար ըսել,թէ եւ եսը կայ մարդ մարելով թէ եւ ըստ ինքեան կը շարունակէ ապրիլ սակայն ես չի կրնար ըսել,ետքը երբ արթննայ քունէն երբ գիտակից վիճակի մէջ ըլլայ ինքզինք կը գտնէ,այս վիճակները կարելի չէ նմանցնել զայն լոյսին որ երբ մութին մէջ թափանցէ՝ հոն զանազան առարկաներ կ’երեւին,եւ երբ մարի թէեւ անոնք հոն կը մնան բայց չեն երեւիր,գիտակցութիւնը ոչ թէ արդէն,գոյութիւն ունեցող վիճակներ կերեւցնէ, ինչպէս լոյսը,այլ ինքնէ որ կը գոյացնէ զանոնք:
Այսինքն եթէ գիտակցութիւնը եթէ վերնայ (կենայ) վիճակներն ալ կը դադրին գոյութիւն ունենալէ:
Առանց գիտակցութեան չկայ հոգեկան վիճակ:Ան հոգեկան վիճակի մը գիտակցութիւնն է հոգեկան վիճակ եւ թէ գիտակցութիւն առանձնաբար գոյութիւն չունին: Անոնք անբաժան են իրարմէ,առանց հոգեկան վիճակի գիտակցութիւն գոյութիւն չունի,նոյնպէս հակարակը՝ անոնք զիրար կամբողջացնեն փոխադարձաբար: Օր.Ցաւը գիտակցական վիճակ մըն է:եթէ գիտակցութիւնը ջնջուի ցաւն ալ կը ջնջուի:
Գիտակցութիւնը այնպիսի լոյս մըն է որ անշուշտ կը բխի կեդրոնէ մը՝ ես-էն,որ անծանօթ կը մնայ: Ինչպէս դուրսի լոյսը առարկաներուն վրայ գալով զանոնք յայտնի կ’ընէ մեզի,այնպէս ալ երբ մեր կեդրոնէն այդ ուրիշ տեսակ գիտակցութեան լոյսը բխի,այն ատեն զայն բխեցնողը նախ ինքզինք կը տեսնէ «ես եմ» յետոյ վիճակները «ուրախ եմ տխուր եմ».յետոյ իր մարմինը:«ոտքս,ձայնս,գլուխս» Օր,երբ կ’ըսեմ թէ ես կը տեսնեմ իրերը,աչքս չէ որ կը տեսնէ.աչքը միջոց մըն է ,ճառագայթները կ’ընդունի ես եմ որ կը տեսնեմ երբ ներքին գիտակցական լոյսը ծագի:
Գիտակցութեան Աստիճանները:
Գիտակցութիւնը ֆիզիքական լոյսին նման,ունի իր աստիճանները,ինչպէս գիշերուան մէջ վառուած լոյս մը կրնայ մեղմ,տկար կամ զօրաւոր ըլլայ:
-Ենթագիտակցութիւն
-Ինքնաբեր կամ սովորական գիտակցութիւն
-Անդրադարձեալ գիտակցութիւն
1–Ենթագիտակցութիւն: Ամէնէն տկար աստիճանն է գիտակցութեան,չի կրնար առարկան ուղղակիօրէն զգալ, Օր:երբ նոր արթնցած ենք՝ գիտակցութեան տարտամ եւ շփոթ վիճակ մը կ’ունենանք,որ հետզհետէ կը պայծառանայ եւ կը դառնայ երկրորդ աստիճանէ ինքնաբեր գիտակցութիւն:
Մէկու մը անունը կ’ուզենք յիշել սակայն տարտամ է մեր միտքին մէջ,չունինք անոր ամբողջական գիտակցութիւն «Այո Լեզուիս ծայրն է»,բայց…..: Ասդիէն անդիէն անուններ կը տրուին,սակայն կը մերժենք անոր համար որ մասամբ մը գիտենք թէ ինչ է մեր փնտրածը սա կը կոչուի Ենթագիտակցութիւն որ կը յաջորդէ պայծառ գիտակցութիւն,առարկայի մը պէտք կ’ունենամ եւ սենեակ կ’երթամ առնելու զայն կը պատահի որ մոռնամ թէ ինչու սենեակ գացած էի եւ հարց կուտամ ես ինծի -«ի՞նչու եկայ հոս»: Յետոյ երբ գործիս վերսկսիմ եւ կրկին նոյն պէտքը ունենամ միտքս կ’ուգայ,կերթամ կառնեմ :
2-Ինքնաբեր կամ սովորական Գիտակցութիւն:
Ամէն վարկեան գիտակցութեան արթուն վիճակին կըսենք ինքնաբեր գիտակցութիւն Օր:Ակռայիս ցաւը կ’զգամ:հոս ուղղակի մեր ըրածին մէջնենք:
3-Անդրադարձեալ գիտակցութիւն:
Կայ երրորդ աստիճանի գիտակցութիւն մը,որ գիտակցութեան գիտակցութիւնն է :Օր:հիմա կը խօսիմ խօսիլս ինքնաբեր գիտակցութիւն է ,երբ անդրադառնամ խօսածիս եւ հասկնալ ուզեմ թէ ինչ է խօսածս կունենամ անդրադարձեալ գիտակցութիւն.պատուհանին առջեւ նստած կը խորհիմ եթէ յանկարծ մէկը ուսիս դպչի կամ անունս կանչէ կ’անդրադառնամ նոյնպէս երազի պարագան երբ արթննամ կանդրադառնամ:
Կենդանիները ունին ինքնաբեր գիտակցութիւն բայց չունին անդրադառձեալ գիտակցութիւն որովհետեւ չի գիտեր թէ ինք որ կենդանիներու կը պատկանի չունի «ես»,Օր: Եթէ ըսենք անգիտակից աշակերտ ըսել չենք ուզեր գիտակցութիւն չունեցող աշակերտ, այլ աշակերտ մը որ անփոյթ է իր աշխատանքէն ու պարտականութիւններուն հանդէպ չանդրադառնար թէ ինչու դպրոց կերթայ մինչ ուրիշ մը գիտէ:
Ծերուն Գահուէճեան