Home / Դ / ԱՅԼԱԶԱՆ / Բուժ օգնութիւն / 1 ԱՌԱՋԻՆ ԲՈՒԺ-ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՏՆԱՅԻՆ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՆԵՐԱԾԱԿԱՆԸ

1 ԱՌԱՋԻՆ ԲՈՒԺ-ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՏՆԱՅԻՆ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՆԵՐԱԾԱԿԱՆԸ

1
Առաջին Բուժ-Օգնութեան եւ Տնային Դարմանումի
Ընդհանուր Ներածականը

Սահմանում.-
Հիւանդ կամ վնասուածքի ենթարկուած անհատին օգնելու նպատակով կիրառուած անյետաձգելի եւ անմիջական դարմանումը, որմէ ետք մասնագիտական բուժում տրամադրելու նպատակով անոր հիւանդանոց կամ համապատասխան բժիշկին մօտ փոխադրելը, կը կոչուի Առաջին Բուժ-օգնութիւն: կ՛ընդգրկէ.

1-Ինքնութիւն, երբ անհատը բուժ-օգնութիւն կը կատարէ ինք իր անձին նկատմամբ:

2-Առաջին օգնութիւն՝ երբ անհատը բուժ-օգնութիւն կը կատարէ այլ անձի նկատմամբ:

Տնային դարմանումը լոկ օգնութիւն է եւ Բուժ-օգնութիւն: Ան կը կիրառուի աննշան վնասուածքներու եւ ոչ լուրջ վիճակներու ժամանակ:

Ինքնօգնութիւն

Առաջին Բուժ-օգնութեան աւանդական հասկացութիւնը կ՛ընդգրկէ բուժ-օգնողը՝ first aider-ը եւ կրաւորական ձեւով ենթարկուող հիւանդ կամ վնասուած անհատը՝ casualty-ն: Շատ յաճախ, նոյն այդ օգնութիւնը, որոշ պայմաններու տակ կը գործադրուի վնասուածքի ենթարկուած անհատի կողմէ, իր իսկ անձին նկատմամբ: Այս ձեւով ինքնօգնութիւնը կը հանդիսանայ Առաջին Բուժ-օգնութեան ուսուցման՛ բաժինէն մէկը:

Վնասուածքի ենթարկուած անձը պէտք չէ խուսափի ինքնօգնութեան դիմելէ: Որոշ պայմաններու տակ, նոյնիսկ պէտք է ապաւինի իր սեփական ուժերուն մինչեւ առաջին օգնութեան տրամադրուիլը:

Օրինակ՝ տան մէջ առաջացած ոտքի կոտրուածքի պարագային, կը ծագի երկու հարց: Առաջին՝ ինչպէ՞ս վերաբերիլ վնասուած ոտքին նկատմամբ եւ երկրորդ՝ ինչպէ՞ս օգնութիւն հայցել, յատկապէս՝ երբ առանձին է: Կարելի է պառկած մնալ գետին, որեւէ լաթով, հագուստի կտորներով եւ բարձերով անշարժացնել եւ բարձրացնել կոտրած ծայրանդամը: Հեռախօսի առկայութիւնը կը դիւրացնէ օգնութեան կանչը:

 

Բազկի կոտրուածքի պարագային, թեւը ծալած վիճակի մէջ մօտեցնել իրանին, օգտագործելով առողջ ձեռքը, որպէս յանարան:

Վիրաւորուած անհատը մատներուն ծայրով ուղղակի ճնշելով վէրքին վրայ, հնարաւորութիւն կ՛ունենայ դադրեցնելու արիւնահոսութիւնը: Այս պարզ եւ աննշան համարուած արարքը, որոշ պարագաներուն, կեանք փրկելու միջոց կրնայ ծառայել:

Անակնկալօրէն տկարութիւն եւ նուաղելու մօտ զգալու ժամանակ, ենթական գետնին երեսիվար պառկած, գլուխը միշտ ցած, ուշաթափման դիրք ընդունելով կրնայ կանխել անկման հետեւանքով յառաջացող ոչ ցանկալի բարդութիւնները:

Վէրքերը խնամելը եւ ծածկելը նաեւ կրնայ կատարել վիրաւոր անհատը, հակառակ անոր, որ օգնութիւն աղերսելը հեշտ է այս պարագային:

Կարելի է համոզում գոյացնել, որ ինքնօգնութիւնը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի Առաջին Բուժ օգնութեան մէջ եւ պիտի աշխատինք իւրաքանչիւր բաժնի մէջ պէտք եղած նշումները կատարել այդ մասին, եթէ օգտակար նախաքայլ մը ըլլալու համոզումը ունենանք:

Արկածեալը կ՛ունենայ գրգռուած եւ յուզուած տեսք. անոր դէմքը երբեմն վախ եւ սարսափ կ՛արտայայտէ: Ինքնօգնութեան նպատակով գործադրել հետեւեալը:

Երբ վնասուածքի ենթարկուած ես, աշխատէ՛ հանդարտիլ եւ կեդրոնանալ, մտածէ՛, թէ ինչպէ՞ս կրնաս օգտակար դառնալ դուն քու անձիդ: Եթէ հնարաւոր է, դիմէ՛ շրջապատէն ոեւէ մէկուն օժանդակութեան:

Առաջին Բուժ-օգնութեան նպատակն է.

1-Պահպանել կեանքը, որմէ դուրս մնացած կարիքները երկրորդական բնոյթ կը կրեն:

2-Նուազագոյնի հասցնել վնասուածքի ազդեցութիւնը:

3-Ամոքել ցաւը եւ յուսալքուած վիճակը:

4-Հիւանդ կամ վնասուած անհատը լաւ պայմաններու մէջ փոխադրել հիւանդանոց:

Հիմնական եւ շտապ Բուժ-օգնութիւն տրամադրել կը նշանակէ գործադրել այն, ինչ որ պէտք է գործադրել եւ չընել ա՛յն, ինչ որ պէտք չէ ընել, նպատակ ունենալով արագացնել հիւանդին կամ արկածեալին հիւանդանոց փոխադրութիւնը՝ անոր բարիք մը ըրած ըլլալու գոհունակութեամբ:

Օրինակ՝ անտրամաբանական է որպէս կեանքին սպառնացող վիճակ, լուրջ արիւնահոսութիւնը ձգած, ժամանակ տրամադրել ձեռքին վրայ յառաջացած աննշան վնասուածքի մը վիրակապութեան, ուշացնելով Շտաշ-օգնութեան կանչը:

Անվերապահօրէն անտեսել աննշան վնասուածքները, երբ կը դիմակայէք լուրջ վիճակ մը կամ կեանքի սպառնացող վնասուածք մը: Երբեմն ալ տրամաբանուած ձեւով արիւնահոսող հատուածին վրայ ճնշում գործադրելը եւ կամ յատուկ պարագաներուն՝ ենթական անշարժ պահելը կը հանդիսանան ամենաճիշդ Առաջին Բուժ-օգնութիւնը:

Ի՞նչ կարելի է ընել եւ ի՞նչը
անհրաժեշտ է եւ պէտք է ընել, բոլորովին
տարբեր են իրարմէ: Հիւանդանոց
փոխադրութեան ուշացումն է տարբերութիւնը
կեանքին եւ մահուան:

Պէտք է միշտ յիշել, որ հիւանդանոցը ողջեր միայն կ՛ընդունին: Ներկայիս արդիական եւ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով կեանքեր փրկելու համար շատ բան հնարաւոր է ընել: Մահացած վիճակով հիւանդանոց հասած հիւանդին կամ արկածեալին բուժում գոյութիւն չունի: Առաջին Բուժ-օգնութեան պարտականութիւնը, որոշ չափով նպաստաւոր պայմաններու մէջ, ողջ ակածեալին հիւանդանոց փոխադրութիւնն է, հեռակայ բուժման նպատակով:

 

About talar