Home / Ա / Նիւթեր / Պատմական / ԱՐՏԱՇԷՍԵԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

ԱՐՏԱՇԷՍԵԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

ԱՐՏԱՇԷՍԵԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ

3-րդ դարու վերջաւորութենէն, 2-րդ դարու սկիզբ (Ք.Ա.) Հայաստանի տնտեսական վիճակը հասած էր այսնպիսի մակարդակի մը, որ պետական կառոյցի մը համար կրնար ծառայել իբրեւ ամուր հիմ. բայց մանաւանդ Հայ ժողովուրդը հասած էր իր կազմաւորման աւարտին եւ ազգային տարազին հասնելու համար իրեն կը մնար թեւակոխել վերջին հանգրուանը՝ պետականութիւնը, հայկականը պատականութիւնը, հայկական պետութիւնը ստեղծուելու եւ պատմութեան թատերաբեմ մուտք գործելու համար կը սպասէր յարմար առիթի:

Հայկական Առաջին Պետութիւնը

Սելեւկեան գերիշխանութենէն ձերբազատուելու առիթը ներկայացաւ, երբ Հռոմը իր նուաճումները տարածելով մինչեւ արեւելք. քայքայեց Սելեւկեան կայսրութիւնը: Առանց ժամանակ կորսնցելու Ծոփքի մէջ Զարեհ իշխանը, եւ Մեծ Հայքի մէջ Արտաշէս անմիջապէս հիմնեցին ազատ պետութիւնները:

Արտաշէս Ա., ոչ միայն հիմնադիրն էր Արտաշէսեան հարստութեան, այլ նաեւ կարելի է զայն նկատել առաջին հիմնաւորուած եւ Միացեալ հայկական պետութեան կերտիչը. Արտաշէսի Հայաստանը կ՛ընդգրկէ հայկական բարձրաւանդակը գրեթէ ամբողջութեամբ: Արտաշէսին եւ իր յաջորդին օրով (մինչեւ Տիգրան Մեծի գահակալութիւնը) Հայաստանը կը տարածուէր Կասպից ծովի արեւմտեան ափերուն մօտէն մինչեւ Եփրատ, Վրիհայոց լեռներէն մինչեւ Տաւպոս:

Հայկական Կայսրութիւնը

Արտաշէսեան Հայաստանը, երիտասարդ կենսունակ իր մէջ կը խտացնէր կարողութիւններ եւ հնարաւորութիւններ հրաշքներ իրագործելու թարմ ուժերով, պիտի յորդէր իր սահմաններէն դուրս եւ ստեղծէր հզօր կայսրութիւն: Նոր եռանդով թափ առած պիտի արձանագրէր շատ արագ վերելք տնտեսական եւ մշակութային մարզերու մէջ եւս: 95-96 թուականին (Ք.Ա.) Հայաստանը իր գլուխը ունեցաւ ճիշդ այն ղեկավարը որ ի վիճակի էր նորաստեղծ ժողովուրդին թարմ ուժերն ու կարողութիւնները, արդիւնաւոր ձեւով օգտագործելու: Այդ բացառիկ անձնաւորութիւնը Տիգրան 2-րդ, թագաւորն էր. պատմութեան մէջ ծանօթ՝ Տիգրան Մեծը:

Տիգրան Մեծը նախ գրաւեց եւ Մեծ Հայքին միացուց Ծոփքը: Փոքր Հայքը ամբողջութեամբ չկրցաւ գրաւել, որովհետեւ հոն կ՛իշխէր Պոնտոսի Միհրդատը (113-63) 94 թ. դաշինք) Փոքր Հայքէն առնուած մաս մը յետագային պիտի կամզէր Բարձր Հայքը:

Երբ Միհրդատ կը մենամարտէր Հռոմի դէմ, Տիգրան Մեծ յաջորդաբար գրաւեց նախ այն հողամասը (70 հովիտներ), որ Պարթեւներուն զիջած էր, պատանդի իր դրութենէն ազատելու համար (հաւանաբար Պայրսկահայք նահանգը), հասաւ Ատրպատական, Մարաստան Կորդուք, Ադիաբէն) Տիգրիսի վերին հոսանքին շրջանը (Միգդոնիա) Մծբինը իբրեւ կեդրոն (Ըսրոյէն) Եդեսիոյ շրջան), Որսիրանք (Կորճայքի մէջ):

Պարթեւները համակերպեցան կատարուած իրողութեան եւ հաշտութիւն կնքեցին Տիգրանի հետ:

Դէպի հարաւ Տիգրան Մեծ մօտեցաւ Նինուէին: Այսպիսով Տիգրան Մեծ տիրացաւ Հիւսիսային Միջագետքի եւ Ատրպատականէն անցնող միջազգային առեւտուրի մայր ճանապարհներուն:

Դէպի Հարաւ-Արեւմուտք Տիգրան Մեծ գրաւեց Կոմագէնը, հասաւ Սելեւկեան թագաւորութեան սահմանը: Այս վերջինը տկարացած ըլլալով չկրցաւ դէմ կենալ Տիգրանի բանակներուն, որոնք ներխուժեցին (84-83) եւ տէր դարձան դաշտային Կիլիկիոյ եւ Անտիոքի (ունէր հաւանաբար 1/2 միլիոն բնակիչ):

Փիւնիկէի ծովեզերեայ քաղաքները թէեւ ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց տուին, բայց ի վերջոյ ինկան մէկը միւսին ետեւէն եւ Տիգրան հասաւ մինչեւ Պաղեստին:

Այսպէս մինչեւ 70 թուական, Տիգրան Մեծ ստեղծեց ընդարձակ Կայսրութիւն մը՝ Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական:

Տիգրանի Հայաստանը մեծցաւ Ծոփքով, Կորդուաց աշխարհով եւ Փոքր Հայքի մէկ մասով (Բարձր Հայք). նուաճուած մնացեալ հողամասերը շատ կարճ ժամանակ միայն մնացին հայկական իշխանութեան տակ:

Տիգրանի գահակալութեան օրով ամբողջացուած Հայաստանը, որուն սահմաններն էին՝ Կուրը, Կորդուաց, եւ Մասիուս լեռները, Եփրատ եւ Ուրմիոյ լիճը, կարելի է համարել պատմական Հայաստանի վերջնական հողամասը: Անշուշտ դարերու ընթացքին, իր սահմանները միշտ կրած են փոփոխութիւններ, կարգ մը շրջաններ որոշ ժամանակ դուրս մնացած են մայր ամբողջութենէն, սակայն վերջին հաշուով, այս հողամասը ամբողջութեամբ միշտ ալ համարուած է Հայաստան՝ աշխարհագրագէտներու եւ պատմաբաններու կողմէ:

Տիգրանի նուաճումները հսկայական հարստութիւններ բերին եւ դիզեցին Հայաստանի մէջ. դրամ, ապրանքներ, գերիներ ողողեցին երկիրը, որ երկար ժամանակի ապահովեց տնտեսական բարգաւաճութիւն: Աւելին՝ բացուելով դէպի Միջերկրական եւ ընդհանրապէս արտաքին աշխարհ, Հայաստանը, գէթ հայկական քաղաքներ, լայն բացին դուռը ընդունելու համար Հելենիստական նորութիւններ: Շատ զարգացաւ առեւտուրը, իսկ արհեստագործութիւնը մեծ համեմատութեամբ բարձրացուց իր որակն ու քանակը:

Տիգրան Հայաստանի Հարաւը կառուցեց Տիգրանակերտը: Այդ ժամանակ հաւանական է, որ Տիգրանակերտի բնակչութեան թիւը հասած ըլլայ 300 000-ի, այս բնակչութիւնը խառն էր, կային հայեր, յոյներ, հրեաներ, ասորիներ, ստրուկներ: Ասոնց մէկ մասը բերուած էր բռնի: Տիգրան ծախս եւ խնամք չխնայեց անշուշտ իր մայրաքաղաքին տալու համար տնտեսական եւ մշակութային առաւելագոյն փայլը:

Հռոմէացիներու ծաւալումը դէպի Արեւելք վերջ տուաւ ոչ միայն հայկական կայսրութեան այլեւ դարձաւ սպառնալիք հայկական անկախութեան: Պարտուած Տիգրան Մեծ ստիպուեցաւ դառնալ «Հռոմէացի ժողովուրդին բարեկամ եւ դաշնակից» Մինչ Ծոփքը կը բաժնուէր Հայաստանէն՝ ճնշումներ, հալածանքներ, ներխուժումներ, աւերումներ տկարացուցին Հայաստանը, ուր Արտաշէսեան հարստութիւնը վերջ գտաւ 1 թուականին

Արտաշէսեան Հայաստանի Վարչական Դրութիւնը

Վարչական նոյն կազմակերպութիւնը չունէին Հայաստանի կեդրոնը եւ ծայրամասերը:

Կեդրոնի Գաւառները ունէին կառավարիչներ՝ նշանակուած թագաւորի կողմէ, այս պաշտօնը ժառանգական չէր թէեւ, բայց թագաւորը կառավարիչ կը նշանակէր մեծ կալուածատէր ազդեցիկ ազնուականներ, որոնք կը ստանային «նահապետ», «տանտէր» տիտղոսներ: Ներքին գաւառներու թիւը, տարածութիւնը, կազմակերպչական ճիշդ ձեւը մեզի համար կը մնայ անծանօթ:

(Մանաւանդ կը կարծուէր որ այդ շրջանին Հայաստանը կ՛ապրէր նոր խմորուող աւատպետական կարգերու մէջ, իսկ Հռոմէացի պատմագիր Պլինիոս կը վկայէ, որ Հայաստանը բաժնուած էր ռազմական շրջաններու):

Տարբեր էր կացութիւնը Հայաստանի ծայրամասային գաւառներուն մէջ: Այսպէս Կորդուքը, նոր Շիրականը (Պարսկահայք նահանգ) Գուգարքը, Ծոփքը, Աղձնիքը թէեւ մաս կը կազմէին հայկական պետութեան, բայց որոշ չափով ինքնիշխան էին. ասոնք կը կազմէին Բդեշխութիւններ: Բդեշխութիւնը ժառանգական իրաւունք էր: Բդեշխութիններուն պարտականութիւնն էր պաշտպանել երկրին սահմանները (կը կոչուէին նաեւ սահմանապահներ). ասոնք ընդհանրապէս մեծ իշխաններ էին եւ ունէին իրենց ձեռքին տակ մեծ թիւով զինուորներ. այդ պատճառով ալ կը վայելէին մեծ վարկ:

Ընկերային Կառոյց

Արտաշէսեան հարստութեան ընկերային կառոյցը բարդ էր եւ մինչեւ հիմա մեզի համար ոչ շատ յստակ: Երկրին զանազան շրջաններուն մէջ կը տիրէին հասարակական տարբեր կարգեր: Երկրին խորերը, լեռնային առանձնացած շրջաններու մէջ դեռ կը գոյատեւէին տոհմացեղային կարգեր: Քաղաքներու ամրոցներու մէջ, որոնք անմիջական կապեր ունէին արտաքին աշխարհի հետ, մուտք գործած էին արդէն ստրուկներու ներկայութեան եւ աշխատանքին վրայ հիմնուած ընկերային եւ տնտեսական կառոյցներ: Եւ վերջապէս գիւղերու մէջ երկրագործական ընկերութիւնը իբրեւ հիմ ունէր գիւղական համայնքը:

Գիւղաբնակներ

Գիւղական համայնքին միաւորը՝ գիւղական ընտանիքը կը կոչուէր           «երդ» կամ «ծուխ» իսկ անդամները՝ «շինական» «ծուխ»ը կրնար ունենալ սեփական տուն, պարտէզ, կենդանիներ, գործիքներ: Իսկ արտերը, արօտավայրերը, անտառները, գետերը, առուները կը պատկանէին գիւղական համայնքին, որուն իրաւունքն էր անոնց օգտագործումը եւ բաշխումը ըստ իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամներուն թիւին եւ կարիքներուն:

Համայնքին տրամադրած հողը, շինակաը ծախելու կամ ժառանգ ձգելու իրաւունք չունէր: Ներքին թէ արտաքին հարցերը լուծելու եւ կարեւոր որոշումներ առնելու համար համայնքը կը գումարէր ընդհանուր ժողով, որմէ բխած կ՛ըլլար նաեւ աւագներու խորհուրդ մը:

Քաղաքաբնակներ

Քաղաքները մեծ մասամբ կառուցուած էին թագաւորներու նախաձեռնութեամբ ուրեմն կը պատկանէին պետութեան:

Քաղաքային բնակչութիւնը կը պարփակէր ընկերային զանազան խաւեր եւ դասակարգեր: Քաղաքին մէջ կ՛ապրէին, աղքատ, ինքնաբաւ, բարեկեցիկ, հարուստ, ընդհանրապէս բոլորն ալ ազատ քաղաքացիներ, որոնք կը զբաղէին արհեստագործութեամբ, առեւտուրով, բայց նաեւ երկրագործութեամբ. իւրաքանչիւր քաղաք ունէր իր շուրջ թագաւորին կողմէ իրեն տարամադրուած հողային տարածութիւն մը, որ կը բաժնուէր քաղաքի բնակչութեան մէջ: Աղքատ քաղաքացիները անձամբ կը մշակէին իրենց հողաշերտերը, իսկ հարուստները կ՛աշխատցնէին ստրուկներ կամ վարձկան մշակներ (Հայաստանի քաղաքներուն տնտեսութեան մէջ գիւղատնտեսութեան գրաւած դերը զիրենք կը զանազանէ հելլենստական քաղաքներէն):

Հայկական քաղաքներու մէջ արհամարհելի չէր թիւը օտարներուն, որոնք երբեմն բերուած էին բռնի եւ երբենմ ալ եկած եւ հաստատուած իրենց ազատ կամքով: Այս վերջինները մեծ մասամբ վաճառականներ էին. շատ հազուագիւտ էին իրենց մէջ արուեստագէտները եւ գիտնականները:

Բռնի բերուած օտարներուն կարեւոր տոկոսը կը կազմէին ստրուկները: Ստրուկներ կ՛աշխատցուէին քաղաքներու եւ ամրոցներու մէջ. գլխաւորաբար ստրուկներ կը պահէին ոչ միայն պետութիւնները եւ տաճարները, այլ նաեւ մասնաւորները: Ստրուկները ձեռք կը ձգուէին պատերազմներով, այդ պարագային կը կոչուէին «օտարածին», իսկ իրենց զաւակները «ընդոծին»: Ստրուկներ կարելի էր ձեռք ձգել նաեւ գնումով. ասոնք կը կոչուէին «արծաթագին», «դրամագին»: Բաղդատած հելենիստական ուրիշ քաղաքներու, հայկական քաղաքներու մէջ ստրուկներու թիւը համաեմատաբար աւելի փոքր էր:

Քաղաքները ենթակայ էին թագաւորին, բայց ունէին ներքին ինքնավարութիւն: Ազատ քաղաքացիներէ ընտրուած խորհուրդ մը կը ղեկավարէր քաղաքի ներքին կեանքը: Ամէն քաղաք ունէր կառավարիչ մը «շահապ» կամ «վերակացու», նշանակուած թագաւորին կողմէ: Կառավարիչը կը հաւաքէր հարկերը եւ կը հսկէր թագաւորական հրամաններուն գործադրութեան:

Ժողովուրդին Իշխող Խաւը: Կը կազմէին ազնուականներ, հոգեւորականներ եւ թագաւորը:

ա-Թագաւորական տոհմին անդամները, որոնց ազգականները եւ նաեւ նախկին ցեղապետները դարձած պատերազմիկ ստրկատէրեր, կը ներկայացնէին ազնուական առանձնաշնորհեալ դասակարգը: Շատ մը տուրքերէ եւ պարտաւորութիւններէ զերծ, կը վայելէին բազմաթիւ իրաւունքներ: Այսպէս իրենց վերապահուած էին վարչական եւ զինուորական բարձր պաշտօնները: Ազնուականները շնորհիւ իրենց զինուորական ուժին կը խաղային քաղաքական կարեւոր դեր:

բ-Առանձնաշնորհեալ եւ իշխող դասակարգ մը կը կազմէին նաեւ հոգեւորականները: Քուրմերը, մանաւանդ բարձրաստիճան քուրմերը շատ կարեւոր անձնաւորութիւններ էին. քրմապետը թագաւորին խորհրդականն էր եւ պետութեան մեծ դատաւորը: Քրմական դասը եւս երկրին քաղաքական կեանքին մէջ գրաւած էր նախանձելի դիրք, այն ուժեղ ազդեցութեան համար որ ի վիճակի էր բանեցնելու ժողովրդական մասսաններուն վրայ: Ներքին ինքնավարութեամբ կառավարուող այս հարուստ կալուածատէր եւ ստրկատէր դասակարգը ունէր մինչեւ իսկ իր սեփական բանակը (կազմուած իրեն ենթակայ գիւղերու բնակչութենէն) եւ անընդհատ աւելի եւ աւելի կը հարստանար նուիրատուութիւններով եւ նաեւ պատերազմական աւարէն իրենց յատկացուած բաժինով:

գ-Եւ վերջապէս վարչական սանդուխին բարձրագոյն աստիճանը կը գրաւէր թագաւորը: Թագաւորը բացարձակ միապետ էր. իր ձեռքն էր օրէնսդրութեան եւ գործադիր իշխանութեան իրաւունքը. ինքն էր նաեւ բանակներուն ընդհանուր պետը: Թէեւ ունէր խորհրդականներ ընտրուած իր տոհմէն, մեծ ստրկատէր ընտանիքներէն, քրմական դասէն, սակայն իրն էր վերջին խօսքը, ինք կ՛որոշէր պատերազմը եւ խաղաղութիւնը եւ ունէր իր հպատակներուն վրայ կենաց եւ մահուայ իրաւունք:

Արտաշէսեան Հայաստանի Տնտեսութիւնը

Գիւղատնտեսութիւն:

Արտաշէսեան Հայաստանի գիւղատնտեսութիւնը կը գտնուէր նպաստաւոր պայմաններու մէջ: Երկրագործական գործիքները աւելի կատարելագործուած էին, մշակուած հողերու տարածութիւնը մեծցած էր եւ բնակչութեան աճը մեծապէս կը դիւրացնէր արտադրութեան սպառումը: Ներքին շուկային ընդլայնումը խթանած էր ոչ միայն հացահատիկներու, այլ նաեւ ճարտարարուեստական բոյսերու մշակումը: Այսպէս հացահատիկներու կողքին կը մշակուէին նաեւ իւղատու եւ թելատու բոյսեր (կանեփ, թերեւս փամպակ): Խաղողը եւ պտուղները միշտ կը պահէին իրենց կարեւորութիւնը, մանաւանդ Արարատեան դաշտին, Վանայ լիճին աւազանին, Արածանի հովիտին նաեւ Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ:

Հայերը գիտէին պատրաստել գինի, օղի, ձէթ, օշարակներ, չամիչ, չորցուած պտուղներ. գիտէին նաեւ պատրաստել անուշահոտեր քաղուած վարդերէն եւ ծաղիկներէն:

Վարելահողերուն եւ արօտավայրերուն մէկ մասը կը պատկանէր գիւղական համայնքներուն եւ կ՛օգտագործուէր շինականներու կողմէ: Վարելահողերուն մէջ բաժին ունէին նաեւ քրմական դասը, ստրկատէրերը, արքունիքը: Այս վերջինները հողը կը մշակէին ստրուկներու աշխատանքով: Ստրուկներու աշխատանքի վրայ հիմնուած տնտեսութիւնները կը կոչուէր՝ «ագարակ»: Եւ վերջապէս վարելահողէն բաժին ունէին նաեւ քաղաքները:

Արհեստագործութիւնը

Արհեստագործութիւնը շատ զարգացած էր Հայաստանի մէջ հելենիստական դարաշրջանին: Արհեստաւորները, մանաւանդ մասնագէտ արհեստաւորները, կ՛ապրէին քաղաքներու մէջ. սակայն արհեստաւորներ կային նաեւ գիւղերու եւ բնակութեան համար, ստրկատէրերու (թագաւոր, քրմական դաս կամ իշխան) կողմէ ստեղծուած գիւղեր կամ աւաններ էին: Արհեստաւորները կը գործածէին կտրող, ծակող, տաշող, հարթող գործիքներ: Գիւղերու մէջ ապրող արհեստաւորները կը շինէին գիւղաբնակներու յատուկ անհրաժեշտ իրերը, ընդհանրապէս ապսպրանքի վրայ: Քաղաքներու կամ աւաններու արհեստաւորները աւելի մասնագիտակած, կ՛արտադրէին աւելի մեծ քանակութեամբ իրեր, սահմանուած քաղաքաբնակներու, ազնուականներու գործածութեան եւ նաեւ մաս մըն ալ արտածումի համար:

Հայ արհեստաւորները ճարտար կերպով կը մշակէին Հայաստանէն հանքահանուած պղինձը, երկաթը, կապարը, անագը, ոսկին, արծաթը: Այս մետաղներով կը շինուէին գիւղատնտեսական եւ արհեստաւորական գործիքներ, տնային գործածութեան  համար իր, զէնքեր, զարդեր: Զէնքեր կը շինէին գլխաւորաբար արքունիքին եւ ամրոցներու կից եւ անոնց պատկանող «գործոց տուն»երու մէջ. ասոնք ստրկատիրական աշխատանքի վրայ հիմնուած արհեստագործական հիմնարկներ էին: Կը շինուէին եւ կը գործածուէին՝ սուրը, թուրը, նիզակը, աղեղը, վահանը, զրահը, սաղաւարտը, ռազմակառքը, թերեւս նաեւ պարիսպ քանդող մեքենան: Ոսկերիչները, ընդհանրապէս քաղաքաբնակ, կը պատրաստէին զարդեր կամ կը զարդարէին գործիքներ կամ զէնքեր (Գառնիի դամբարանէն գտնուած են արծաթագոյն մետաղէ հայելիներ):

Հայաստանի մէջ, բարձր որակի հասած էր հիւսուածեղէնը, ապակեգործութիւնը, փայտամշակութիւնը, կաշեգործութիւնը:

Առեւտուր

Հայաստանի մէջ արտադրուած գիւղատնտեսական եւ արհեստական արտադրութիւնը նիւթ կը հայթայթէ ներքին առեւտուրին, փոխանակումի հիման վրայ: Հայաստանը առեւտրական կապեր ունէր դրացի երկիրներուն հետ եւս: Միջագետքի, Ասորիքի, Պարթեւաստանի, Պոնտոսի, Կապադովկիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ ծանօթ էին հայկական (բուսական եւ հանքային) ներկերը, գինիները, ձիերը, քարերը, մետաղները: Հայաստան կը ներածէին չինական մետաքս, հնդկական համեմներ, ասորական նուրբ իրեր: Արտաքին առեւտուրի մէջ դեր կը խաղար դրամի գործածութիւնը: Հայկական հողամասեր (ինչպէս Ծոփքը) եւ թագաւորներ ունէին իրենց անունով դրամներ: Արտաքին առեւտուրը նպաստաւորած էր Հայաստանի դիրքը: Առեւտրական միջազգային ճանապարհներ կ՛անցնէին Հայաստանէն: Մարաստանէն եւ Ատրպատանակէն դէպի Սեւ ծով գացող ճանապարհը կ՛անցնէր Արարատեան դաշտէն: Այս մեծ ճանապարհին վրայ կարեւոր կայաններ էին՝ Արմաւիրը (Արկիշտիխինիլի) աւելի վերջ Արտաշատը: Այս քաղաքը կապուած էր նաեւ Փոքր Ասիա եւ Պոնտոս գացող ճանապարհներուն հետ: Եւ վերջապէս Տիգրան Մեծի կառուցած «արքունի ճանապարհը» Տիգրանակերտը կը կապէր Արտաշատին:

Առեւտուր եւ արհեստագործութիւնը խթաններ էին ստեղծելու եւ մեծցնելու համար քաղաքներ, Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ: Մեծ քաղաքներ էին Արմաւիրը, Երուանդաշատը, Զարեհաւանը, Նախճաւանը, Վաղարշապատը (Վանը, Տիգրանակերտը, Զարեշատը՝ արքունի ճանապարհին վրայ:

 

 

About talar

Check Also

Հայկական Հնագոյն Ցեղերն ու Ցեղային Միութիւնները

           Ինչպէս ամէն ժողովուրդի, այնպէս ալ հայ ժողովուրդի կազմաւորման գործընթացը ընդգրկած է երկար ժամանակ, թերեւս …