ԱՐՇԱԿՈՒՆԵԱՑ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆ
Առաջին դարուն սկիզբը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական կարեւոր փոփոխութիւններ:
Քաղաքական գետնի վրայ Հայաստան թեւակոխեց դժուար ժամանակաշրջան մը: Արտաշէսեաններու անկումէն վերջ, անկախութիւնը կորսուեցաւ: Հռոմէական բանակներ կ՛անցնէին Հայաստանէն արշաւելու համար դէպի Արեւելք (ճամբու վրայ երբեմն կը կողոպտէին Հայաստանը): Իսկ Պարթեւները՝ Հռոմէացիներուն մրցակիցները, Արեւելքի մէջ կը ձգտէին տիրանալ Հայկական բարձրաւանդակին: Հռոմ – Պարթեւական հակամարտութեան գետին դարձած Հայաստանը, տկարացած, յոգնած կը մաշէր եւ կը սպառէր: Տնտեսութիւնը տեղքայլի մէջ էր:
Ընկերային կառոյցը կրած էր կարեւոր յեղաշրջումներ: Ստրկատիրական կարգերը աստիճանական եւ դանդաղ ձեւափոխումով փոխարինուած էին աւատապետական կարգերով:
Արշակունեան Պետութեան Հաստատումը, Տարածութիւնները եւ Բնակչութիւնը
Առաջին դարու սկիզբը Հայաստանը թէեւ պահած էր իր պետական կառոյցը, բայց կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը: Ենթակայ էր Հռոմի: Երկիրը կ՛երթար դէպի աղքատացում եւ տկարացում: Տիրող Հռոմի դէմ ժողովրդական յաճախակի ըմբոստութիւններ եւ զանոնք ճզմող միջոցառումներ ջլատած էին երկրին ուժերը:
Պարթեւներն ալ իրենց կարգին մեծ ճիգ կը թափէին Հայաստանը դարձնելու համար ազդեցութեան գօտի: Այսպէս Հայաստանը դարձած էր Հռոմ – Պարթեւական հակամարտութեան գլխաւոր թատերաբեմը: Հայաստանի գահին վրայ փոխն ի փոխ իրարու կը յաջորդէին երբեմն, Հռոմի երբեմն Պարթեւներուն հլու կամակատար թագաւորներ: Արեւելքին կրաւորական դերի մէջ ինկած՝ Հայաստանը կ՛ենթարկուէր նաեւ արշաւանքներու, աւերումներու, տնտեսական քայքայման:
Վերջապէս Հռոմէացիք եւ Պարթեւները իրարու յաղթելէ յուսահատած, կնքեցին Հռոմէայի դաշնագիրը 64 թուականին: Պատերազմը դադրեցնելու համար պէտք եղած էր որ երկու պետութիւնները հարժարէին Հայաստանը սեփականացնելու յաւակնութենէն եւ համակերպէին զինք պահելու չէզոք դիրքի մէջ: Հակամարտ ուժերու հաւասարակշռութիւն ստեղծած այս նոր կացութիւնը նպաստաւոր էր Հայաստանին: Երկիրը շունչ քաշեց եւ սկսաւ ճամբայ կտրել դէպի անկախացում: Արշակունեաց հարստութիւնը հիմնաւորուեցաւ: Ժառանգական իրաւունքի յաջորդականութեամբ իշխող թագաւորները սկսան իշխել աւելի եւ աւելի ինքնիշխան եւ անկախ:
Արշակունիներու Հայաստանը դէպի արեւելք կը հասնէր մինչեւ Գանձակ (Ատրպատական). դէպի Հարաւ՝ կ՛երկարէր մինչեւ Կորդուաց լեռներ եւ Արեւմտեան Տիգրիս. Արեւմուտքի սահմանը կը գծէր Եփրատը եւ վերջապէս հիւսիսէն Արշակունիներու պետութիւնը կը հասնէր մինչեւ Կուր գետ:
Այս լայնածաւալ հողամասը չունէր սակայն միատարր հայկական բնակչութիւն: Սահմանային նահանգներուն՝ ինչպէս՝ Փայտակարանի, Կորդուքի, Արցախի, Ուտիքի, Գուգարքի մէջ բնակչութեան գլխաւոր տոկոսը կը կազէին Կորդուացիներ, Վրացիներ, Մարեր, Աղուաններ: Հայկական Պետութեան սահմաններէն դուրս Եփրատի արեւմուտքը՝ Փոքր Հայքի մէջ, ընդհակառակը բնակչութեան մեծ մասը հայեր էին: Մինչեւ իսկ Ատրպատականի մէջ հայերը թիւով գերադաս էին երկրին միւս բնակիչներէն:
Արշակունիներու շրջանին Հայաստանի հիմնական մայրաքաղաքները մնացին Արտաշատ եւ Վաղարշապատ:
Քաղաքական Իրադարձութիւններ Եւ Անոնց Հետեւանքներով Հողային Կորուստներ
226-ին Պարսկաստանի մէջ Սասանեաններու հաստատումը եւ Պարթեւներու անկումը Արեւելքի մէջ ստեղծեց նոր պայմաններ: Սասանեանները կ՛երազէին վերականգնել Աքէմենեան կայսրութիւնը: Հայաստանի կացութիւնը ներխուժեցին Հայաստանի կացութիւնը կրկին դժուարացաւ: Մէկէ աւելի անգամներ Պարսիկները ներխուժեցին Հայստան եւ ետ մղուեցան Հռոմէացիներու կողմէ:
297-ին Մծբինի դաշինքը, 40-ամեայ կարճ խաղաղութիւն մը ապահովեց Հայաստանի, որ սակայն ստիպուած եղաւ Հռոմի յաձնելու Ծոփքը, Անգեղտունը եւ Աղձնիքը:
Հայաստանի Բաժանումը
387-ին Հռոմը եւ Պասկաստանը իրարու հետ համաձայնեցան իրենց միջեւ բաժնելու համար Հայաստանը: Նախ որոշեցին Հայաստանէն վերջնականապէս անջատել սահմանային նահանգները՝ Ծոփքը, Կորդուքը, Պարսկահայքը, Փայտակարանը, Արցախը, Ուտիքը եւ Գուգարքը:
Կեդրոնական նահանգները բաժնուեցան հետեւեալ համեմատութեամբ 4/5-ը առաւ Պարսկաստանը 1/5-ը Հռոմը:
Պարսկաստանի եւ Հռոմի բաժանման սահմանը եղաւ Կարին- Սրմանց- Մծբին գիծը: Այս բաժանումէն վերջ, պատմութեան մէջ այլեւս երբեք Մեծ Հայքը ամբողջութեամբ հայկական միակ պետութեան մէջ կարելի պիտի չըլլայ ամփոփել:
Բաժանումը նախաբանը եղաւ պետականութեան կորուստին: Հռոմէական Հայաստանը 391-ին, Պապի որդիին – Արշակին մահէն վերջ վերածուեցաւ հռոմէական նահանգի: Պարսկահայաստանը աւելի ընդարձակ եւ բազմամարդ, կարճ ժամանակ մը եւս պահեց իր մաղուող պետականութիւնը, որ վերջ գտաւ 428-ին:
Արշակունեաց Հայաստանի Ընկերային Կառոյցը
Հայաստանի ստրկատիրական աւագանին ստիպուած եղաւ փոխելու իր գործելու եւ ապրելու ձեւը, որովհետեւ կեանքի պայմանները կրած էին կարեւոր յեղաշրջումներ՝
ա/ նախ Արշակունեաց շրջանին հայերը ի վիճակի չէին տանելու նուաճողական պատերազմներ եւ այդ միջոցաւ ձեռք փերելու ստրուկներ:
բ/ Արտադրութեան միջոցները եւ ձեւերը տեսական բարեշրջումի մէջ ըլլալով պատճառ կը դառնային, որ ստեղծուին ընկերային նոր տեսակի փոխյարաբերութիւններ:
Իրերու այս կացութեան մէջ նոր ձեւաւորուող աւատապետական դասակարգը իր մէջ համախմբեց նախկին ստրկատէրները, ցեղապետները եւ բարձրաստիճան պաշտօնները: Կղերականութիւնը, նախաքրիստոնէական շրջանի տաճարական կալուածները ժառանգելէ վերջ, իր հարստութիւնը անընդհատ մեծցնելով (մանաւադ նուիրատուութիւններով). ինքն ալ իր կարգին կազմեց ազդեցիկ եւ առանձնաշնորհեալ աւատապետական դասակարգ մը:
Արշակունեաց Հայաստանի Դասակարգերը
ա/ Ազնուականութիւնը– Այս դասակարգին գլուխը կը գտնուէին նախարարները: Նախարարները մեծ աւատապետներ էին. ունէին հսկայական կալուածներ, ամրոցներ, գիւղեր, սեփական զինանշան եւ դրօշակ:
Իրենց կալուածը երբ ձեռք ձգուած էր ժառանգութեամբ կը կոչուէր «հայրենական», գնուած ըլլալու պարագային՝ «գանձագին» եւ վերջապէս երբ նուիրուած ըլլար սիւզըրէնին կողմէ իբրեւ վարձատրութիւն մատուցուած ծառայութեան մը համար կը կոչուէր «պարգեւական»:
Նախարարը ինքնիշխան էր իր կալուածներուն վրայ, կոչումով զինուորական իր սեփական բանակին հրամանատարն էր եւ վերջապէս կը վարէր նաեւ դատական եւ վարչական գործեր: Թագաւորին, այսինքն՝ սիւզըրէնին նկատմամբ նախարարին պարտաւորութիւնները կը սահմանափակուէին նիւթական մատուցումով (թէեւ ապահարկ էին, սակայն կ՛ընէին նուէր՝ («ընծայ») եւ մանաւանդ զինուորական աջակցութեամբ:
Ամէնէն ազդեցիկ, ամէնէն մեծաթիւ զօրք ունեցող եւ մեծ կալուածատէր իշխանները, բդեշխներն էին: Արշակունեաց շրջանի Բդեշխներն էին՝ Գուգարքը, Աղձնիքը, Կորդուքը, Նուշիրականը: «Աւագ» նախարարներու ժառանգական իրաւունքն էր վարել գործակալութիւնները. բդեշխներ եւ նախարարներ թագաւորին անմիջական վասսալներն էին: Իրենք ալ իրենց կարգին ունէին վասսալներ, սակաւաթիւ զօրք ունեցող. միջակ կալուածատէր իշխաններ, որոնց նկատմամբ իրենք սիւզըրէններ էին:
Աւատապետական սանդուխին ամէնէն ցած աստիճանին վրայ կը գտնուէին «ազատները»: Ասոնք մանր հողատէրեր էին, մարզուած զինեալներ, գլխաւորաբար իրեցմէ էր կազմուած հայկական բանակին հեծելազօրքը: Ազնուական դասակարգին մեծագոյն տոկոսը կազմուած էր ազատանիէն:
բ/ Հոգեւոարականութիւնը– Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն դառնալէ վերջ Հայաստանի մէջ, հոգեւորականութիւնը ժառանգեց հեթանոսական տաճարական կալուածները իրենց բնակչութեամբ: Այս արդէն իսկ մեծ հարստութիւնը աւելի եւս մեծցաւ անընդհատ նուիրատուութիւններով: Տարածուած գրեթէ բոլոր նահանգներուն մէջ, հոգեւորականութեան կալուածները կը գրաւէին հսկայական տարածութիւն: Հոգեւորական դասը, աւատապետական դասին նման ունէր իր ներքին աստիճանակարգը: Եկեղեցականներուն սանդուխին բարձրագոյն աստիճանին վրայ կը գտնուէր կաթողիկոսը: Կաթողիկոսին պաշտօնը, նախկին քրմապետին պաշտօնին նման ժառանգական իրաւունք էր եւ մենաշնորհը առաջին կաթողիկոս՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի գերդաստանին:Լուսաւորիչին ժառանգորդները, 4-րդ դարու կէսերուն ունէին 18 գաւառներ, որոնք իրենց տարածութեամբ կը մրցէին արքունական կալուածներուն հետ:
Կաթողիկոսէն անմիջակպէս վերջ կու գային եպիսկոպոսները, թեմերու հոգեւոր պետերը: Եպիսկոպոսներն ալ ունէին մեծ կալուածներ եւ իրենց պաշտօնները եւս ժամանակի ընթացքին դարձած էին ժառանգական:
Հոգեւորականութեան սանդուխին ամէնէն ցած աստիճանին վրայ կը գտնուէին գիւցաղի քահանաները: Ասոնք գիւղերու մէջ ունէին հողամասեր եւ կը վայելէին ազատանիին հաւասար իրաւունքներ: Հոգեւորականութիւնը ձեռք դրած էր դպրոցներուն եւ դատարաններուն վրայ:
գ/ Գիւղացիութիւնը- (Անազատները) Ժողովուրդին մասսան կազմուած էր գիւղացիներէ: Գիւղացիները կ՛ապրէին գիւղերու մէջ խմբուած գիւղական համայնքի ծիրէն ներս: գիւղացիութիւնը երկրին արտադրող գլխաւոր դասակարգն էր: Իւրաքանչիւր գիւղացի կը մշակէր իր սեփական հողաշերտը եւ կ՛օգտուէր իր համայնքին պատկանող ջուրերէն, արօտավայրերէն, անտառներէն: Գիւղացին ոչ միայն արտադրող էր, այլ նաեւ շինարար: Ձրի աշխատանքով կը կառուցէր ճանապարհներ, ջրանցքներ, կամուրջներ, բերդեր, թագաւորին, աւատապետ իշխանին կամ հոգեւորականներուն հրահանգով: Պատերազմի ժամանակ կը կանչուէր զէնքի (կը կազմէր հետեւազօրքը): Եւ վերջապէս գիւղացին էր երկրին գլխաւոր հարկ վճարողը: Ան հարկ կը վճարէր միանգամայն թագաւորին, հոգեւորականին եւ աւատակապետին:
դ/ Քաղաքաբնակները– արհեստաւորներ, առեւտրականներ, նոյնպէս «անազատ» իրաւական դրութեամբ աւելի բարձր դասուած էին գիւղաբնակներէն: Արշակունիներու ժամանակաշրջանին քաղաքներու բնակչութիւնը, համեմատաբար փոքրաթիւ, մեծ դեր չէր խաղար երկրի տնտեսութեան մէջ:
Աւատապետական կարգերու ձեւակերպումը տեղի տուաւ աւատապետ իշխաններու եւ գիւղական համայնքներու միջեւ սուր պայքարներու: Իշխանները կ՛ուզէին սեփականացնել անտառները, արօտավայրերը, ջուրի հոսանքները. իսկ գիւղական համայնքները կը յամառէին ամէն գնով պաշտպանելու իրենց աւանդական իրաւունքները:
Արշակունեաց Հայաստանի Պետութիւնը Եւ Վարչական Կազմակերպութիւնը
ա/ Թագաւորը Հայկական պետութեան գլուխը կը գտնուէր թագաւորը: Թէեւ կեդրոնացած միապետութիւն, սակայն Արշակունեաց շրջանի պետութիւնը. նախորդ ժամանակաշրջանի բաղդատմամբ շատ աւելի դժուարութիւններ ունէր ինքզինք պարտադրելու: Աւատապետական կարգերու ձեւաւորումը, իրենց կալուածներէն ներս ինքնիշխան դարձած նախարարներէն ոմանց հզօրացումը, տեղի տուաւ լուրջ հակամարտութիւններու պետութեան եւ նախարարներուն եւ աւելի վերջ պետութեան եւ հոգեւորականութեան միջեւ:
«Մեծ Հայքի Թագաւոր» կամ «Թագաւոր Հայոց» տիտղոսակիր միապետութիւնը, Արշակունիներու ժառանգական իրաւունքները եղաւ Խոսրով Ա. թագաւոպին գահակալութենէն սկսած (217-238): Միեւնոյն ժամանակ սակայն, գործակալութիւնները, այսինքն պետական պաշտօնները դարձան նախարարներուն ժառանգական իրաւունքը:
Թագաւորը կը թուէր ունենալ անսահման իրաւունքներ, բայց իրականութեան մէջ այդ իրաւունքները գործածելու յաճախ ի վիճակի չէր: Նախարարներուն կալուածներուն վրայ ապրող բնակչութիւնը իրեն ուղղակիօրէն ենթակայ չէր եւ կարեւոր հարցերու լուծման համար ստիպուած էր ունենալու նախարարներուն համաձայնութիւնը:
բ/ Գործակալութիւնները
«Հազարապետութիւնը» Ամատունիներուն մենաշնորհն էր: Հազարապետը կը տնօրինէր եւ կը գանձէր հարկերը. կը զբաղէր հանրօգուտ շինութիւններով: Իրեն ենթակայ էին քաղաքապետները «շահապ» եւ գիւղական համայնքներու պետերը «գեղջաւագ»:
«Սպարապետ»ը՝ միշտ Մամիկոնեան, երկրին հեծեալ եւ հետեւակ ուժերուն ընդհանուր հրամանատարն էր:
Մարդպետունիները կու տային թագաւորին անձնական խորհրդատուն, իր կալուածներուն եւ գանձերուն պահապանը, իր զաւակներուն դաստիարակութեան եւ թագուհիին հսկողութեան պատասխանատուն: Այս կարեւոր պաշտօնը վարող կը կոչուէր «Հայր Մարդպետ» «Թագադիր»ի իրաւունքը Բագրատունիներուն իրաւունքն էր: Կը կոչուէր «Ասպետ»:
«Մաղխազի» պաշտօնը կը վարէին խոռխոռունիները: Այս պաշտօնը կը սահմանափակուէր թագաւորին անձին եւ արքունիքին պահպանումով. «Մաղխազը» թագաւորին թիկնապահ զօրքին հրամանատարն էր:
«Մեծ դատաւորի» պաշտօնը մենաշնորհն էր կաթողիկոսին:
Արշակունեաց Հայաստանի Տնտեսութիւնը
ա.-Գիւղատնտեսութիւնը կու տար երկրին ազգային եկամուտին մեծագոյն մասը: Երկրագործութիւնը ունէր իբրեւ գլխաւոր գործիք արօտը, որուն ամրացուած էր երկաթէ խոփը: Նախալեռնային եւ լեռնային շրջանները կը մշակէին ցորեն, գարի, հաճար, կորեկ, ոսպ: Համեմատաբար աւելի կրառատ շրջաններու մէջ, ինչպէս Արաքսի հովիտը, Արածանիի եւ Արեւմտեան Եփրատի հովիտները կը մշակուէր բրինձը, առատօրէն ոռոգուած դաշտերու մէջ:
Սեխը, ձմերուկը, խաղողը եւ կարգ մը պտուղներ (դեղձը եւ ծիրանը) ունէին իբրեւ գլխաւոր հայրենիք Վանայ լճին աւազանը, Արաքսի եւ Եփրատի հովիտները, Գողթան եւ Նախիջեւան գաւառները: Խաղողի եւ պտուղի բերքին մէջ աւելի բարձր լեռնալանջերուն վրայ կ՛աճէին՝ նուռը, տանձը, խնձորը, բալը, կեռասը, սալորը:
Գետահտովիտները եւ Վանայ լճին աւազանը կը մշակէին նաեւ բամպակ, վուշ, կանեփ եւ իւղատու բոյսեր:
Հայաստանի ամէն կողմը տարածուած էին բանջարեղէնները, ինչպէս վարունգը, կաղամբը, լուբիան, եւայլն:
Գարին կը ծառայէր կենդանիներուն իբրեւ կեր, կ՛օգտագործուէր նաեւ շինելու համար հացի տեսակ մը, բայց մանաւանդ հայերը անով կը պատրաստէին նշանաւոր գարեջուրը: Խաղողը կը ծառայէր շինելու քանի մը տեսակ գինիներ: Բամպակը, կանեփը, վուշը նիւթ կը հայթայթէին ջուլհակներուն եւ կը վերածուէին կերպասներու: Վերջապէս իւղատու բոյսերէն կը խաշուէին ձէթի տեսակներ:
Անասնապահութիւնը, համեմատած երկրագործութեան, նուազ կարեւոր դեր կը խաղար երկրին տնտեսութեան մէջ: Բայց եւ այնպէս անասնապահութեան արտադրութիւնը կը գոհացնէր երկրին պահանջքները, աւելին անոր մէկ մասը նաեւ կ՛արտածուէր: Բարձր լեռնալանջերու վրայ կ՛արածէին ոչխարներ եւ այծեր: Եզներ եւ կովեր կը բուծանուէին քիչ մը ամէն տեղ: Մեծ համբաւ կը վայելէին եւ կ՛արտածուէին Հայաստանի ձիերը (նշանաւոր էր մանաւանդ «նժոյգ» կոչուած տեսակը): Անասնապահութեան գլխաւոր շրջաններն էին՝ Բարձր Հայքը, մանաւանդ Սիւնիքը եւ Արցախը:
Հայաստանը ունէր եւ կ՛արտածէր նաեւ ձուկի տեսակներ. միշտ բարձր գնահատուած ձուկեր եղած են Վանայ լիճին տառեխը եւ Սեւանի իշխանաձուկը: Եւ վերջապէս յիշատակութեան արժանի էր նաեւ շերամաբուծութիւնը, տարածուած՝ Սիւնիքի, Արցախի, Նախիջեւանի, Վասպուրականի եւ Այրարատի մէջ: Արտաշատը, մանաւանդ Դուինը, յայտնի էին իրենց մետաքսեղէնի արտադրութեամբ:
բ/ Արհեստագործութիւնը
Արշակունիներու օրով Հայաստանը շարունակեց օգտագործել հանքային իր հարստութիւնները: Հայաստանի լեռնային շրջանէն կը հանքահանուէին՝ սեղանի աղ, պղինձ, կապար, զինծ, ոսկի, արծաթ, տուֆ, մարմար, եւայլն:
Մետաղաձուլումը շատ հինէն ծանօթ էր հայերուն: Մետաղները կը ծառայէին շիներու զէնքեր, գործիքներ (մանաւանդ երկրագործական). փորձառու վարպետներ էին հայ դարբինները:
Պղնձագործները եւ ոսկերիչները կը ստեղծագործէին քաղաքներու մէջ: Մեծ էր թիւը քարտաշներուն, հիւսներուն, որմնադիրներուն:
Շինարարական արուեստը, ինչպէս միշտ, Արշակունեաց ժամանակաշրջանին եւս կը պահէր իր բարձր մակարդակը: Արժանաւոր ճարտարապետներ կառուցած են կամուրջներ, ճանապարհներ, ջրանցքներ, քաղաքներ (ինչպէս Դուինը):
Շինարարութեան կը ծառայէին թրծուած աղիւսը, կղմինտրը, կաւէ խողովակները (ջուրի փոխադրութեան համար): Եւ վերջապէս ոչ նուազ ճարտարութեամբ կը շինուէին նաեւ կաւէ ամաններ, կաշիներ, ներկեր:
Ջուլհակները կ՛արտադրէին մետաքսէ, բուրդէ, բամպակէ եւ այլ կերպասներ:
Քաղաքները
Արշակունեաց Հայաստանի գլխաւոր քաղաքներն էին Արտաշատը (նախկին մայրաքաղաքը) Վաղարշապատը, Դուինը, Զարեհաւանը, Զարիշատը, Երուանդաշատը, Վանը, Նախիջեւանը: Առեւտրական միջազգային մայրուղիներու կարեւոր հանգոյց էր Արտաշատը: Կապուած էր շատ մը երկիրներու, բայց մանաւանդ Վրաստանի, Միջագետքի եւ Պարսկաստանի հետ: Քաղաքներու բնակչութիւնը կը զբաղէր արհեստներով, առեւտուրով, նաեւ (ինչ որ յատկանշական է հայկական քաղաքներուն) գիւղատնտեսութեամբ: Ամէն քաղաք ունէր քաղաքամերձ հողաշերտ մը, որ կը կոչուէր՝ «քաղաքադաշտ»: Քաղաքները ունէին ընդհանրապէս իբրեւ կեդրոն՝ միջնաբերդ մը, որուն շուրջ պարիսպներով շրջապատուած կը տարածուէր «Շահաստան»ը, այսինքն՝ առեւտրական եւ արհեստագործական թաղամասերը: Երբեմն քաղաքին պարիսպներէն դուրս ալ կ՛աճէին թաղամասեր, բնակուած աղքատ, դուրսէն եկած չքաւոր հասարակութեամբ: Մեծ մասամբ քաղաքները ամիջական ազդեցութեան տակ չէին աւատապետ իշխաններուն եւ ունէին ներքին որոշ ինքնավարութիւն: Քաղաքներէն ոմանք կառուցուած էին թագաւորի մը կամքով եւ նախաձեռնութեամբ, ինչպէս օրինակ Դուինը: Որոշ քաղաքներ ալ ստեղծուած եւ աճած էին տնտեսական պահանջներու բերումով: