ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑՆ ՈՒ ԳՐԵՐՈՒ ԳԻՒՏԸ
Մեսրոպ Մաշտոց ծնած է Տարօն գաւառի Հացեկաց գիւղը 361 թուին: Ան ուսման տարիներուն սորված է յունարէն եւ ասորերէն լեզուներ, ապա ծառայութեան գացած է հայոց արքունիքը՝ Վաղարշապատ:
Մաշտոց եղած է նաեւ զինուոր: Ան հրաժարելով աշխարհիկ կեանքէն կը դառնայ հոգեւոր եւ քանի մը աշակերտներու հետ կ’երթայ Քրիստոնէութիւնը քարոզելու՝ Հայաստանի Գողթան գաւառին մէջ:
Այնտեղ ունեցած գործունէութեան ընթացքին Մաշտոցը կը համոզուի, որ քրիստոնէութիւնը տարածելու եւ ամրապնդելու համար քարոզը բաւարար չէ, այլ անհրաժեշտ է հայերէնի թարգմանել Աստուածաշունչը եւ ունենալ սեփական գիր: Հայոց այբուբենը անհրաժեշտ էր նաեւ դարերու ընթացքին ստեղծուած ու կուտակուած բանաւոր աւանդութիւնները, երգերն ու ժողովրդական այլ ստեղծագործութիւնները գրի առնելու համար:
Մեսրոպ կը վերադառնայ Վաղարշապատ Սահակ պարթեւ կաթողիկոսին մօտ եւ անոր կը յայտնէ իր միտքը: Կը պարզուի, որ Սահակ պարթեւ եւս այս ուղղութեամբ կը մտածէր:
Անոնց կ’օգնէ հայոց Վռամշապուհ թագաւորը:
Թագաւորը կը յայտնէ թէ Դանիէլ ասորի եպիսկոպոսի մօտ կան հայոց նշանագրերը: Սահակ պարթեւ բերել կու տայ այս գրերը սակայն գործը կը ձախողի, որովհետեւ այդ Դանիէլեան գրերը չէին համապատասխաներ հայերէն լեզուի հնչիւնաբանութեան:
Թագաւորի խորհուրդով Մեսրոպ Մաշտոց իր աշակերտներուն հետ կը ճամբորդէ Ասորիկ եւ շրջանի քաղաքները, որ եւ գիտական կեդրոններ էին: Այստեղ ան կը խորհրդակցի տեղւոյն գիտուններուն հետ եւ կը յաջողի ստեղծել հայոց գրերը 406 թուին:
Այբուբենի երեսունվեց գիրերը կը համապատասխանեն հայերէն լեզուի հնչիւնաբանութեան:
Մաշտոցն ու իր աշակերտները կը թարգմանեն Աստուածաշունչը եւ այս թարգմանութիւնը կը կոչուի Թագուհի Թարգմանչաց:
Վաղարշապատի մէջ Մաշտոցի եւ անոր աշակերտներուն կը դիմաւորեն ցնծութեամբ, Մաշտոցի աշակերտներէն Կորիւնը կը գրէ իր ուսուցիչին կենսագրութիւն եւ գիրքը կը կոչուի «Վարք Մաշտոցի»:
Կը սկսի նորաստեղծ այբուբենի ուսուցման գործը: Կը բացուին ազգային հայկական դպրոցներ:
Մաշտոցը կը մեկնի հայկական գաւառները եւ այդտեղ դպրոցներ կը հիմնադրէ, իսկ Սահակը կը մեկնի արքունիք եւ վերնախաւին հայերէն գրերը կը սորվեցնէ:
Մաշտոցն ու իր աշակերտները յունարէնէն եւ ասորերէնէն հայերէն կը թարգմանեն հին աշխարհի նշանաւոր հեղինակներու գրքեր:
Կը յառաջանայ հայոց գրաւոր լեզուով ազգային պատմութիւնն ու գրականութիւնը:
Մաշտոց գտած է վրացերէն եւ աղուաներէն գրերը:
Մեսրոպ Մաշտոց մահացած է 440 թուականին եւ թաղուած Օշականի մէջ: