ՆՈՒԱՐՍԱԿԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ
484թ.-ին պարսիկները ջախջախիչ պարտութիւն կրեցին Հեփթաղ ցեղերէն: Պարսկաստանի մէջ գահ բարձրացաւ Վաղարշը:
Նոյն թուականի աշնան Հեր գաւառի Նուարսակ գիւղին մէջ հաշտութիւն կը կնքուի հայերուն եւ պարսիկներուն միջեւ: Այս պայմանագրին համաձայն պարսիկները կը հրաժարին հաւատափոխութեան մտքէն, քրիստոնէութիւնը լրիւ կը վերականգնէ իր դիրքերը, պաշտօններ կը յանձնուի ոչ թէ ուրացողներուն այլեւ հաւատաւոր արժանիներուն: 485 թ.-ին Վահան Մամիկոնեանը կը մեկնի Տիզպոն եւ կը հաստատէ հայոց սպարապետի եւ տանուտէրի պաշտօնը: Դուինը դարձաւ Հայաստանի մարզպանի նստավայր: Յամառ պայքարի գնով Հայաստանը պահպանեց իր կիսանկախ վիճակը եւ պարսից տիրապետութիւնը դարձաւ ձեւական: