Home / Ա / Նիւթեր / Գաղափարական / ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ 25 ՅՈՒԼԻՍ 1897.

ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ 25 ՅՈՒԼԻՍ 1897.

25 ՅՈՒԼԻՍ 1897. ԽԱՆԱՍՈՐԻ ԱՐՇԱՒԱՆՔԸ
ՇՏԿԵՑ ՀԱՅՈՒՆ ՄԷՋՔԸ

25  Յու­լիս  1897.

Յու­լիս 25ը շա­տոնց նուա­ճած է իր բա­ցա­ռիկ տե­ղը հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան խո­յան­քը մարմ­նա­ւո­րած ան­մո­ռա­նա­լի եւ յա­ւէտ պաշ­տե­լի թուա­կան­նե­րու շար­քին:

114 տա­րի առաջ, Յու­լի­սի այս օրը, Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պած ֆե­տա­յա­կան մե­ծա­թիւ ար­շա­ւա­խում­բը պատ­մու­թիւն կեր­տեց հա­յոց հո­ղին վրայ:

24-էն 25 Յու­լի­սի լուս­ցող գի­շեր­ուան կա­նուխ ժա­մե­րուն, թուրք-պարս­կա­կան սահ­մա­նը յանդգ­նօ­րէն հա­տե­ցին 253 դաշ­նակ­ցա­կան մար­տիկ­ներ, որոնց 40ը՝ ձի­ա­ւոր: Ար­շա­ւա­խում­բը ճամ­բայ ելաւ Սալ­մաս­տէն, արա­գօ­րէն կտ­րեց Արաուլ լե­րան լան­ջը եւ, լեռ­նա­յին ճա­նա­պար­հով ուղղ­ուե­ցաւ դէ­պի Վա­նայ Լի­ճին հա­րաւ-արե­ւել­քը գտ­նուող Խա­նա­սո­րի դաշ­տը:

Խա­նա­սո­րայ դաշ­տը ամառ­նա­յին բա­նա­կա­վայրն էր քր­տա­կան տխ­րահռչակ Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բին, որ իր արիւ­նար­բու աշի­րա­թա­պետ Շա­րաֆ պէ­յի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, տա­րի մը առաջ, ուղ­ղա­կի կո­տո­րա­ծի են­թար­կած էր Վա­նէն Պարս­կաս­տան անց­նող հայ մար­տիկ­նե­րը Դաշ­նակ­ցա­կան Պե­տո­յի, ար­մե­նա­կան Աւե­տիս­եա­նի եւ հն­չակ­եան Մար­տի­կի գլ­խա­ւո­րու­թեամբ աւե­լի քան երեք հա­րիւր հայ երի­տա­սարդ­ներ – մար­տիկ­ներ եւ ան­զէն տղաք – զոհ գա­ցին Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բի հա­յատ­եա­ցութ­եան:

Շա­րաֆ պէ­յը արիւ­նար­բու սուլ­թան Հա­մի­տի կազ­մած քր­տա­կան Հա­միտիէ աս­պա­տա­կա­յին զօր­քի հրա­մա­նա­տար­նե­րէն էր, որ Վա­նէն քա­ղա­քա­կան որո­շու­մով հե­ռա­ցած ու Պարս­կաս­տան ուղղուող հայ ֆե­տա­յի­նե­րու սպան­դով՝ անար­գօ­րէն իրա­կա­նաց­նել կը փոր­ձէր հայ ժո­ղո­վուր­դին յե­ղա­փո­խա­կան կո­րովն ու խո­յան­քը ընկ­ճե­լու եւ զգետ­նե­լու սուլ­թա­նա­կան ծրա­գի­րը:

Բայց հայ­կա­կան արիւ­նի այդ­պէս վա­տա­բար ու անարգ հե­ղու­մը, քիւրտ հրո­սակ­նե­րու ձե­ռամբ, ան­պա­տաս­խան եւ ան­պա­տիժ չէր կր­նար մնալ ու չմը­նաց:

Եւ Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քը եկաւ հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան այդ հա­տու պա­տաս­խա­նը խորհր­դան­շե­լու:

Եւ թր­քա­կան բռ­նա­տի­րու­թեան ծա­ռա­յա­կոչ­ուած Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բը ստա­ցաւ իր ար­դար պա­տի­ժը:

Ինչ­պէս որ Խա­նա­սո­րի մաս­նա­կից­նե­րէն եւ հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան լու­սա­ւոր դէմ­քե­րէն Գա­լուստ Ալոյ­եան պի­տի գրէր իր սր­տա­բուխ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ.-

Կար­կուտ տե­ղաց խա­նա­սո­րայ դաշ­տու­մը,

Ֆե­տա­յի­ներ Դաշ­նակ­ցա­կան, վրէժ առան հով­տու­մը

Մի ժամ­ուայ մէջ Մազ­րիկ ցե­ղը ջնջուե­ցաւ,

Խա­նա­սո­րայ Կա­նաչ դաշ­տը կար­միր ար­եամբ ներկ­ուե­ցաւ:

Հա­յեր յի­շէք նուի­րա­կան այս օրը,

Յու­լիս ամ­սոյ քսան հին­գին կա­տա­րե­ցէք մեր տօ­նը:

Ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս «Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քին եր­գը» դար­ձաւ այդ վկա­յու­թիւնը, որ ահա 114 տա­րի է, որ հպար­տու­թեամբ կը հն­չէ հա­յոց սե­րունդ­նե­րու շրթ­նե­րէն՝ Յու­լիս 25-ի յաղ­թա­կան Ար­շա­ւան­քը վե­րա­ծե­լով գա­ղա­փա­րա­կան ներշնչ­ման կե­նա­րար աղ­բիւ­րի:

Խա­նա­սո­րով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դը շըտ­կեց ստր­կաց­ման տակ կքած իր մէջ­քը: Օս­ման­եան եւ Ցա­րա­կան կայս­րութ­եանց մի­ջեւ եր­կատ­ուած ու գե­րե­վար­ուած հայ ժո­ղո­վուր­դը, քա­ջա­րի իր յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն ու­ժե­րու գե­րա­գոյն լա­րու­մով, պատ­մու­թեան թա­տե­րա­բե­մին վրայ իր ար­ժա­նի տե­ղը ու­նե­նա­լու իրա­ւուն­քը նուա­ճեց:

Մէկ օր­ուան մէջ իրա­գործ­ուե­ցաւ Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քը: Քա­նի մը ժա­մէն քիւրտ յան­ցա­գործ­նե­րու կար­միր ար­եամբ ներկ­ուե­ցաւ Խա­նա­սո­րայ կա­նաչ դաշ­տը: Բայց Յու­նիս 1896-ին գործուած Մազ­րիկ ցե­ղի ոճ­րա­գոր­ծու­թե­նէն ետք, Դաշ­նակ­ցու­թիւնը շատ եր­կար մտա­ծեց եւ նպա­տա­կա­յար­մա­րութ­եան ու յա­ջո­ղու­թեան իր բո­լոր երես­նե­րով եւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով քն­նեց ու կշ­ռա­դա­տեց պատ­ժա­կան ար­շա­ւա­խում­բի իր քայ­լը, գործ­նա­կան որե­ւէ նա­խա­ձեռ­նու­թեան դի­մե­լէ առաջ:

Հարկ եղաւ սպա­սել մին­չեւ 1896-ի տա­րե­վեր­ջին եւ 1897-ի տա­րես­կիզ­բին Թիֆ­լի­սի մէջ Հ.Յ.Դ. Ռա­յո­նա­կան Ժո­ղո­վի գու­մա­րու­մը՝ եզ­րա­կաց­նե­լու եւ որո­շե­լու հա­մար, որ այո՛, պէ՛տք էր այդ­պէս՝ մե­ծա­թիւ ար­շա­ւա­խում­բով մը քըր­տա­կան ցե­ղա­խում­բը պատ­ժել եւ, նախ, անհ­րա­ժեշտ դա­սը տալ բո­լոր անոնց, որոնք հա­յու արիւն կը հե­ղէ­ին՝ ան­պատ­ժե­լիու­թեան ապա­ւի­նե­լով: Մի­ա­ժա­մա­նակ՝ Աւե­տիս­եան­նե­րու, Մար­տիկ­նե­րու եւ Պե­տո­նե­րու նա­հա­տա­կու­թեան վրէ­ժը լու­ծել: Ու, տա­կա­ւին, հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ ջար­դա­րար Սուլ­թա­նին, թէ՛ Պի­ղա­տո­սի պէս ձեռ­քե­րը լուա­ցող Եւ­րո­պա­յին ազ­դա­րա­րել, որ այ­լեւս կա­րե­լի չէ բիրտ ու­ժով լռու­թեան մատ­նել կամ ար­եան բաղ­նիք­նե­րու մէջ խեղ­դել փոր­ձել հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ Հա­յաս­տա­նի ար­դա­րու­թեան ու իրա­ւուն­քի մար­տու­նակ ձայ­նը:

Նախ հայ ժո­ղո­վուր­դին ճա­կա­տագ­րա­կից քր­տա­կան ցե­ղա­խում­բե­րը այ­լեւս պէտք է հասկ­նա­յին, որ իրենց իսկ իրա­ւունք­նե­րուն եւ շա­հե­րուն պաշտ­պա­նու­թեան սի­րոյն զէնք պէտք չէ բարձ­րաց­նէ­ին հայ ժո­ղո­վուր­դին ու անոր յե­ղա­փո­խա­կան զա­ւակ­նե­րուն դէմ: Նոյ­նիսկ եթէ Սուլ­թանն էր քր­տա­կան ցե­ղա­խում­բե­րը զի­նո­ղը եւ քիւրտ աշի­րա­թա­պետ­նե­րուն հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ դր­դո­ղը, քր­տա­կան ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թիւնը պէտք է սթա­փէր այ­լեւս եւ տես­նէր, որ թշ­նա­մին հայն ու Հա­յաս­տա­նը չէ, այլ՝ նոյ­նինքն թր­քա­կան պե­տու­թիւնն է:

Ինչ­պէս որ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դրօ­շա­կ» պի­տի նշէր 25 Նո­յեմ­բեր 1897ի իր հա­մա­րով՝ «Ծե­ծէ քիւր­տը եւ բա­րե­կամդ կը դառ­նա­յ» առա­ծը սխալ չէր: Խա­նա­սո­րի աղէ­տա­լի պար­տու­թե­նէն ետք է, որ քիւրտ ցե­ղերն սկ­սած են հաշ­տու­թեան մա­սին խոր­հի­լ…

Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բին եւ անոր մե­ծա­ւո­րին՝ Շա­րաֆ պէ­յի օրի­նա­կով անուղ­ղայ բար­բա­րոս­նե­րուն հարկ էր տալ այն­պի­սի «հա­մո­զի­չ» դաս, որ բո­լորն ալ անդ­րա­դառ­նա­յին, թէ այ­լեւս կա­րե­լի չէ հա­յու ար­եան ու ինչ­քին հետ այդ­պէս վար­ուիլ՝ ան­պա­տիժ սպան­նել ու յափշ­տա­կել, գող­նալ ու աւե­րել:

Ապա՝ նոյ­նինքն Սուլ­թա­նին եւ անոր հիւանդ մար­դու սնա­րին շուրջ հա­ւաք­ուած, միայն Օս­ման­եան Կայս­րու­թեան «ժա­ռան­գէ­ն» առիւ­ծի բա­ժին խլե­լու կայ­սե­րա­պե­տու­թեամբ կլան­ուած եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րուն հարկ էր լսե­լի ու հասկ­նա­լի դարձ­նել մի­եւ­նոյն հա­տու պատ­գա­մը. Հա­յը այ­լեւս անց­եա­լի ռա­յան ու ստ­րու­կը չէ, այլ՝ ազ­գա­յին իր իրա­ւունք­նե­րուն, Ազ­գի եւ Հայ­րե­նի­քի ազա­տագ­րու­թեան հա­մար «Ազա­տու­թիւն կամ Մա­հ» վճի­ռով  զէնք բարձ­րա­ցու­ցած անն­կուն մար­տիկն է:

Թէ­եւ իր շղ­թա­յա­զերծ­ման առա­ջին տաս­նամ­եա­կը հա­զիւ աւար­տած էր հա­յոց յե­ղա­փո­խա­կան պոռթ­կու­մը, այ­սու­հան­դերձ՝ ար­դէն կտ­րած էր ինք­նա­հաս­տատ­ման այն­քան կա­րե­ւոր ու­ղի, որ ի վի­ճա­կի էր այդ­պէս՝ 250-է աւե­լի մար­տիկ­նե­րով ար­շա­ւա­խումբ կազ­մա­կեր­պել եւ պատ­ժել հայ ժո­ղո­վուր­դին ու հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն սպառ­նա­ցող «ցեց»ե­րը…

1897-ի տա­րես­կիզ­բին գու­մար­ուած թիֆ­լիս­եան իր Ռա­յո­նա­կան ժո­ղո­վէն եւ անոր հաս­տա­տած ա՛յս որո­շու­մէն ետք ալ, Դաշ­նակ­ցու­թիւնը շա­րու­նա­կեց յե­ղա­փո­խա­կան շր­ջա­հա­յե­ցու­թեամբ շար­ժիլ Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քի կազ­մա­կերպ­ման իր աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան քայ­լե­րուն մէջ: Մին­չեւ Յու­նիս 1897 շա­րու­նակ­ուե­ցան բուռն քն­նար­կում­նե­րը եւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րը Նի­կոլ Դու­մա­նի կող­մէ ներ­կա­յաց­ուած եւ Ռա­յո­նա­կան Ժո­ղո­վի հա­ւա­նու­թեան ար­ժա­նա­ցած պատ­ժա­կան ար­շա­ւա­խում­բի առա­ջար­կին շուրջ: Թէ­եւ ոչ ոք վի­ճե­լի կը նկա­տէր հա­յոց ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին կեն­սու­նա­կու­թիւնն ու մար­տու­նա­կու­թիւնը վե­րա­հաս­տա­տե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, այ­դու­հան­դերձ՝ կա­յին հիմ­նա­ւոր առար­կու­թիւն­ներ այդ­պի­սի մե­ծա­թիւ ար­շա­ւա­խում­բով ցու­ցա­կան քայ­լի մը ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան, նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թեան եւ, ին­չու ոչ, նա­եւ յա­ջո­ղե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թեան հան­դէպ:Ատըր­պա­տա­կան հա­ւաք­ուե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու եւ ֆե­տա­յի­նե­րու ամ­բողջ փա­ղանգ մը: Հոն էին Նի­կոլ Դու­մանն ու Վար­դա­նը (Մեհ­րապ­եան), իշ­խան Յով­սէփ Ար­ղու­թեանն ու Կա­րոն (Արիս­տա­կէս Զօր­եան, Ռոս­տո­մի կրտ­սեր եղ­բայ­րը), Յա­րու­թիւն Շահ­րիկ­եանն ու Վազ­գէ­նը (Տիգ­րան Տէ­րոյ­եան), Գուր­գէնն (Պաղ­տա­սար Մալ­եան) ու Սեւ­քա­րե­ցի Սա­քոն, Քրիս­տա­փոր Օհան­եանն ու Գա­լուստ Ալոյ­եա­նը, Փո­խիկն ու Ախ­պե­րը, տա­կա­ւին նո­րա­գիր պարզ զին­ուոր Անդ­րա­նիկն ու շատ-շա­տեր: Շուրջ երեք հա­րիւ­րի կը հաս­նէր անոնց թիւը:

Ար­շա­ւա­խում­բի գա­ղա­փա­րին հա­մա­ձայն չէ­ին  Իշ­խան Յով­սէփ Ար­ղութ­եա­նի, Վար­դա­նի եւ Վազ­գէ­նի տա­րո­ղու­թեամբ հե­ղի­նա­կա­ւոր գոր­ծիչ­ներ, որոնք Երկ­րի մէջ՝ յատ­կա­պէս Վաս­պու­րա­կա­նի տա­րած­քին, յե­ղա­փո­խա­կան առա­ջին կա­ռոյց­նե­րու եւ դաշ­նակ­ցա­կան կուռ կազ­մա­կեր­պու­թեան ստեղծ­ման ռահ­վի­րա­նե­րը եղած էին: Անոնք կը նա­խընտ­րէ­ին զի­նա­կան թէ մարդ­կա­յին ու­ժե­րը խնա­յո­ղա­բար գոր­ծա­ծել, շա­րու­նա­կել լուռ եւ անաղ­մուկ կազ­մա­կերպ­չա­կան գոր­ծը ու նոր թափ տալ Երկ­րի զին­ման եւ մար­տա­կան ու­ժե­ղաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ խու­սա­փե­լով ցու­ցա­կան քայ­լե­րէ, որոնք մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ աւե­լի ազ­դու կր­նա­յին ըլ­լալ: Մա­նա­ւանդ որ նոր պա­տա­հած էր Պոլ­սոյ մէջ Օս­ման­եան Դրա­մա­տան գրա­ւու­մը:

Բայց Նի­կոլ Դու­մա­նի եր­կա­թ­եայ տրա­մա­բա­նու­թիւնը այս ան­գամ եւս յաղ­թող դուրս եկաւ: Ան կր­ցաւ պատ­ժա­կան ար­շա­ւա­խում­բի գա­ղա­փա­րին շուրջ հա­մա­խո­հու­թիւն առա­ջաց­նել: Դու­մա­նի մօ­տե­ցում­նե­րուն ջերմ պաշտ­պանն էր Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի կող­մէ ու­ղարկուած լի­ա­զօ­րը՝ Յա­րու­թիւն Շահ­րիկ­եան, որ Թաւ­րիզ առաք­ուած էր յատ­կա­պէս Ար­շա­ւան­քին վե­րա­բեր­եալ Ռա­յո­նա­կան Ժո­ղո­վի որո­շու­մին գոր­ծադը­րու­թիւնը փու­թաց­նե­լու յանձ­նա­րա­րութ­եամբ: Հ.Յ.Դ. Ատըր­պա­տա­կա­նի Կ. Կո­մի­տէն Յու­նի­սի վեր­ջե­րուն վճ­ռա­հա­տեց հար­ցը՝ ար­շա­ւա­խում­բի կազ­մու­թիւնը արա­գաց­նե­լով եւ, զու­գա­հե­ռա­բար, Վազ­գէ­նին ու Գուր­գէ­նին յանձ­նա­րա­րե­լով, որ լա­ւա­պէս զին­ուած 30 հո­գի­նոց խում­բով մը ուղղ­ուին դէ­պի Վան ու Սա­սուն:

Նոյ­նինքն Վար­դան եւ Իշ­խան Ար­ղու­թեան նշա­նակ­ուե­ցան ար­շա­ւա­խում­բի հրա­մա­նա­տար եւ օգ­նա­կան հրա­մա­նա­տար: Հա­րիւ­րա­պետ­ներ նշա­նակ­ուե­ցան Փո­խիկ եւ Ախ­պեր: Իսկ Նի­կոլ Դու­ման, որ գլ­խա­ւոր դար­բինն էր պատ­ժա­կան ար­շա­ւան­քի գա­ղա­փա­րին, նշա­նակ­ուե­ցաւ ար­շա­ւա­խում­բի չորս յիս­նա­պետ­նե­րէն մէ­կը:

Ճշդ­ուե­ցան նա­եւ տաս­նա­պետ­նե­րը: Սեւ­քա­րե­ցի Սա­քո­յին վս­տահ­ուե­ցաւ ձի­ա­ւոր խում­բի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը: Եւ 21-էն 25 Յու­լիս 1897-ին իրա­գործ­ուե­ցաւ Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քը:

25 Յու­լիս 1897-ին Խա­նա­սո­րի դաշ­տին վրայ  գտ­նուող Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բի բո­լոր տղա­մար­դիկ ար­եամբ քա­ւե­ցին իրենց մեղ­քը: Հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը ձեռք չեր­կա­րե­ցին կա­նանց եւ մա­նուկ­նե­րու վրայ: Դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յի­նե­րու այդ վե­հանձն գա­ղա­փա­րա­կա­նու­թե­նէն օգտ­ուե­ցաւ նոյ­նինքն Շա­րաֆ պէյ, որ կա­նա­ցի հա­գուստ հա­գած կր­ցաւ ճո­ղոպ­րիլ: Սպանն­ուե­ցաւ նա­եւ անոր անձ­նա­կան հիւ­րը եղող թուրք հա­րիւ­րա­պե­տը:

Սոս­կաց քիւր­տը՝ լե­ղա­պա­տառ Մազ­րիկ­ցին,

Չէր երա­զեր ջնջ­ուել ի սպառ քաջ ֆե­տա­յու գն­դա­կէն:

– Եա­մա՛ն, Աստ­ուած, ֆե­տան եկաւ, ո՞ւր փախ­չինք,

Ըսաւ որ­դուն կրծ­քին սեղ­մած լե­ղա­պա­տառ քր­տու­հին:

– Մի՛վա­խե­նար, հան­գիստ կե­ցիր, պա­ճի ճան,

Կա­նանց եր­բեք ձեռք տա­լու չէ վրէժխն­դիր քաջ ֆե­տան:

Գա­ղա­փա­րա­կան եւ բա­րո­յա­կան այս­պի­սի՛ մօ­տե­ցու­մով Դաշ­նակ­ցութ­եան Ար­շա­ւա­խում­բը յա­ջո­ղու­թեամբ աւար­տեց իր առա­քե­լու­թիւնը, բայց դէ­պի պարս­կա­կան սահ­ման նա­հան­ջի իր ճամ­բուն վրայ ընդ­հա­րում­ներ ու­նե­ցաւ մեր­ձա­կայ լեռ­նե­րէն խու­ժած քիւրտ զին­եալ­նե­րու հետ: Մղ­ուե­ցան բուռն կռիւ­ներ, որոնց հե­տե­ւան­քով ար­շա­ւա­խում­բը ու­նե­ցաւ ծանր կո­րուստ. նա­հա­տակ­ուե­ցան քսան մար­տիկ­ներ, որոնց շար­քին հա­րիւ­րա­պե­տի օգ­նա­կան Կա­րօն (Արիս­տա­կէս Զօր­եան՝ Ռոս­տո­մի կըրտ­սեր եղ­բայ­րը, Դաշ­նակ­ցու­թեան զի­նա­գոր­ծա­րա­նին ան­զու­գա­կան վար­պե­տը), յիս­նա­պե­տի օգ­նա­կան­ներ Խա­նը, Կրե­տա­ցին եւ Սա­ղա­թէլ խան Զօհ­րաբ­եա­նը, ինչ­պէս նա­եւ տաս­նա­պետ­ներ՝ Շա­ւարշն ու Խա­չի­կը:

Այ­սօր 114 տա­րի ան­ցած է Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քի պատ­մա­կան այդ օրէն, բայց կար­ծէք նա­եւ այ­սօր­ուան մեր սե­րունդ­նե­րուն ուղղ­ուած պատ­գամ էր ար­շա­ւա­խում­բի հրա­մա­նա­տա­րին՝ Վար­դա­նի կո­չը Խա­նա­սոր ար­շա­ւող­նե­րուն.

«Ցոյց տանք մեր հա­սա­րա­կու­թեան թե­րա­հա­ւատ մա­սին, որ ըն­դու­նակ ենք յե­ղա­փո­խա­կան – թէ­եւ ան­հա­ւա­սար – կռիւը յա­ջո­ղու­թեամբ առաջ տա­նե­լու. ցոյց տանք ամ­բողջ աշ­խար­հին, որ հայն էլ գի­տէ կռ­ուել ազա­տու­թեան հա­մա­ր»: Իրա­պէս ալ, նա­եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի շար­քե­րուն մէջ, Խա­նա­սո­րի յան­դուգն ար­շա­ւան­քը կամ­քեր կռա­նեց եւ ինք­նավըս­տա­հու­թիւն ջր­դե­ղեց:

Հայ­րե­նի հո­ղին, սե­փա­կան ինչ­քին ու պատ­ուին տէր ու տի­րա­կան կանգ­նե­լու յանդգ­նու­թեամբ լե­ցուց նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու սիրտն ու միտ­քը:

Շտ­կեց կո­րա­քա­մակ մէջ­քը ստըր­կաց­ման դա­տա­պարտ­ուած Հա­յուն, ասո­րի  ար­շա­ւան­քը  շտ­կեց  հա­յուն  մէջ­քը:

About talar

Check Also

Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստեր՝ Գերմանական Վաւերագրութեան մէջ

Մինչ մեծ պետութիւնները՝ իրենց նոր յուսատու կառավարութիւններով եւ պետական կառվյցներով, տակաւին կը վիճին ցեղասպանութեան եզրի …