ԵՐՈՒԱՆԴՈՒՆԻՆԵՐՈՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Պատմահայր Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութեան» մէջ տեղեկութիւններ պահուած են հայոց առաջին թագաւոր ՊԱՐՈՅՐԻ մասին, որ ըստ աւանդութեան Հայկ Նահապետի սերունդէն էր: Անոր ժամանակ Մարաստանն ու Բաբելոնը դաշինք կազմած կ’արշաւեն Ասորեստանի դէմ եւ դաշինքին կը միանայ նաեւ Պարոյրը:
Ք.Ա. 612 թ. Ասորեստանի մայրաքաղաք Նինուէն գրաւելէ յետոյ Պարոյրը գահ կը ստանայ Մարաստանի թագաւորէն եւ կը դառնայ առաջին հայ թագաւորը: Որոշ ժամանակ անց Տուշպա-Վան մայրաքաղաքին մէջ կ’ամրանայ նոր հայկական արքայատոհմ, որ կը հիմնադրէ Պարոյրի ազգականներէն Երուանդ Սակաւակեացը:
Պարոյրի մահէն յետոյ Երուանդը կը միաւորէ Հայկական լեռնաշխարհի տարածքները եւ կը ստեղծէ առաջին համահայկական պետութիւնը: Հայկական թագաւորութիւնը այդ ժամանակ ունեցած է 40 հազար հետեւակ եւ ութ հազար հեծեալ զօրք:
Երուանդի որդիներն էին՝ Շաւարշը եւ Տիգրանը: Անոնցմէ Տիգրանին մեծ դեր վիճակուած էր խաղալու հայոց պատմութեան մէջ:
Պարսկական արքունիքը գնահատելով Հայաստանի ռազմական հզօրութիւնը ճանչցաւ Երուանդունիներու իշխանութիւնը:
Երուանդունիները պետութեան կեդրոնը կը տեղափոխեն Արարատեան դաշտ: Անոնք երկրի մայրաքաղաք կը հռչակեն Արմաւիրը եւ Արաքս ու Ախուրեան գետերու խառնարանի մօտ կը կառուցեն Երուանդաշատ քաղաքը: Ախուրեանի ափին կը կառուցուի մեծ քաղաք-սրբավայր՝ Բագարանը:
Երուանդականները շուտով իրենց իշխանութիւնը կը տարածեն Կոմմագենէ երկրին վրայ, որ Հայաստանի Ծոփք երկրամասէն բաժնուած էր Եփրատ գետով: Այդ երկրամասերը կը միաւորուին եւ կը կազմեն միացեալ թագաւորութիւն, սակայն կարճ շրջան մը ետք անոնք կրկին կ’առանձնանան:
Ք.Ա. 3-րդ դարուն վերջաւորութեան գոյութիւն ունէին հայկական չորս թագաւորութիւններ՝ Մեծ Հայք, Փոքր Հայք, Ծովք, Կոմմագենէ: