Home / Դ / ԱՅԼԱԶԱՆ / Բուժ օգնութիւն / ԱՌԱՋՆԱՐՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

ԱՌԱՋՆԱՐՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

 

 

ԱՌԱՋՆԱՐՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

 

            Առաջնահերթութիւնը այստեղ կը նշանակէ ճիշդ գործը ճիշդ ձեւով կատարել, սկսելով անհրաժեշտէն, որ նպաստ մը պիտի հանդիսանայ անհատին՝ դիւրացնելով հիւանդանոցային բուժումը:

            Որոշ պարագաներուն ի՞նչ կարելի է ընել եւ ի՞նչ պէտք է ընել կը տարբերի իրարմէ: Առաջին Բուժ-Օգնողին, ո՞րն է առաջնահերթը, որոշում կայացնելու ամենադժուար պահն է այս: Սակայն առանձնայատուկ որեւէ արկածի պարագային առաջնահերթ օգնութիւնը ակներեւ կը դառնայ ընդհանրապէս: Կատարել ա՛յն, ինչ որ անհրաժեշտ է, աննշան վէրքերու դարմանումին ժամանակ տրամադրելով, չուշացնել արկածեալին հիւանդանոց տեղափոխութիւնը:

            Առաջնահերթութիւնը կարելի է ամփոփել.

1-Երբ վտանգաւոր արկած կայ, յաջորդ զոհը դուն մի՛ դառնար: Այս է առաջին առաջնահերթութիւնը:

2-Հեռացո՛ւր վտանգը արկածեալէն եւ կամ արկածեալը վտանգէն:

3-Կատարէ կեանք փրկող առաջին Բուժ-օգնութիւնը, ապա օգնութիւն աղերսէ: Որոշ պարագաներուն օգնութիւն պահանջէ՛, նախքան առաջին Բուժ-օգնութիւն կատարելը:

            Կեանք փրկող Առաջին Բուժ-օգնութիւնը կը կատարուի.

ա-Երբ առաջացած է շնչառութեան կանգ:

բ-Երբ կայ արիւնահոսութիւն:

գ-Երբ ենթական գիտակցութիւնը կորսնցուցած է:

 

4-Կատարէ Առաջին Բուժ-օգնութիւնը, կանխելու համար բարդութիւնները եւ վիճակի վատթարացումը: Այս կը վերաբերի՝

 

ա-Բոլոր տեսակի այրուածքներուն

բ-Յօդախախտերուն, ակներեւ ու կասկածելի կոտրուածքներուն

գ-Տարբեր բնոյթի վէրքերուն

 

            Լաւ արդիւնք կարելի է ստանալ, եթէ բծախնդիր եւ պատասխանատու մօտեցումով կատարուին տուեալ առաջադրանքները: Առաջնահերթութիւններու ուշադիր անդրադարձումով կարելի է նոյնիսկ կեանքեր փրկել: Առանձին դէպքեր, երբեմն, ձախող վերջաբան մը կրնան ունենալ:

            Փոքր եւ աննշան վէրքերուն դարմանումի տրամադրուած ժամանակով ուշացումի պատճառ չդառնալ, երբ միաժամանակ կան եւ լուրջ վնասուածքներ: Ենթական շտապ տեղափոխել հիւանդանոց, ուր անպայման բժիշկ մը կայ սպասող:

            Երբ արկածեալներու թիւը շատ է, որ ինքնին օգնութիւն պահանջելու մղող կարեւոր առաջնահերթութիւն մըն է, առաջին անգամ պէտք է որոշել թէ ի՞նչ տեսակի օգնութիւն է անհրաժեշտ՝ հրշէջներու խումբը, ոստիկանական ուժ, թէ Շտապ օգնութիւն:

            Հեռախօսով ձեր տուած հաղորդումը պէտք է ըլլայ պարզ եւ յստակ, չհեռանալ ընկալուչէն մինչեւ համոզուիք, որ ձեր հաղորդումը ճիշդ ընկալուած է:

            Ազատարարի դեր ստանձնելու ստիպողութեան պարագային, պէտք է լրջութեամբ կշռադատել կատարելիք միջամտութեան բոլոր հետեւանքները, նախքան գործնական քայլի դիմելը: Քաջութիւնը հաշուարկուած «րիսք» կը պահանջէ: Կեանքը անիմաստ տեղը վտանգելը չշփոթել քաջութեան հետ, որովհետեւ դրութիւնը աւելի կը վատթարանայ, երբ յաջորդ զոհը կը դառնայ ազատարարը:

             Օրինակ՝ երբ սենեակի մը օդը լեցուած է կենցաղային կազով՝ բիւթակազով, կեանքի սպառնացող քանակութեամբ, ոեւէ անձի մուտքը եւ այդ մթնոլորտին մէջ երկար մնալը երկրորդ զոհ մը կրնայ խլել: Ազատարարի պարտականութիւնն է կատարել արհեստական շնչառութիւն եւ շատ արագ, առանց ժամավաճառ ըլլալու, դուրս փոխարդել աղէտեալը այդ վտանգաւոր միջավայրէն: Կարելի է եւ սպասել հակակազային դիմակով զինուած այլ օգնականներու, որոնք հնարաւորութիւն ունին ապահով ժամանակ տրամադրելու:

            Զգուշացումը այս օրինակին մէջ պէտք չէ շփոթել վախկոտութեան եւ կամ ոչ քաջասիրտ արարքի հետ: Իրականութեան մէջ, այս տրամաբանուած ձեւով է, որ կ՛ուզենք թելադրել: Դիտել, մտածել եւ դատել նախքան գործի անցնիլը: Այս է ամենաճիշդ մօտեցումը:

            Քիչ չեն թերթերու մէջ նկարագրուած արկածներ, ուր ազատարարաներու շտապողականութիւնը եւ անկշռադատ արարքը աւարտած են զոհերու թիւի աւելացումով, իրենց իսկ հաշուին:

            Նախազգուշացնելով մէկտեղ, պէտք է խոստովանիլ նաեւ տրամաբանուած եւ հաշուարկուած կարգ մը հերոսական արարքներ, որոնք շատ յաջող աւարտ ունեցած են:

            Երբ կը հասնիս վտանգի վայրը, պահ մը կանգնէ՛, մտածէ՛ եւ դատէ՛: Այս առաջնահերթ արարքը կը վճռէ պատահարի բարեյաջորդ ելքը:

            Արկածի մը ընթացքին, երբ նպատակայարմար կը գտնէք դիմել ուրիշի մը օժանդակութեան՝ բժիշկ, Շտապ-օգնութիւն, ձեր հաղորդումները պէտք է ըլլան յստակ եւ ընդգրկեն.

1-Արկածեալներու թիւը

2-Վնասուածներու բնոյթը

3-Ձեր պահանջած օգնութեան տեսակը

4-Ճշգրիտ նկարագրութիւնը ձեր գտնուած վայրին

5-Ձեր տրամադրութեան տակ եղած հեռախօսի համարը

            Առաջնահերթութեան ճիշդ կողմնորոշման համար շահեկան օրինակ մըն է ստորեւ նկարագրուածը:

            Հեծիքէն ինկած, ճամբու եզրին անշունչ վիճակով գետնամած անձ մը, կապտած դէմքով, պարանոցը փքուած, գլուխը ետեւը հակած, ստորին ծնօտը վեր ցցուած, ակռաները իրար սեղմուած վիճակը մէջ: Նկարագրուածը շնչարգելութեան երեւոյթ է, շնչափողի փակուած ըլլալուն պատճառով:

            Շտապ-օգնութիւն պահանջել կը նշանակէ առաջնահերթութեան սխալ ընտրութիւն կատարել, որովհետեւ ինչպէս վերը նշեցինք, որ շնչուղիները փակ են:

            Արհեստական շնչառութեան դիմել կը նշանակէ երկրորդ սխալ ընտրութիւն կատարել, որովհետեւ ինչպէս վերը նշեցինք, որ շնչուղիները փակ են:

            Զննել բերանի խոռոչը, եթէ կան կտրտուած ակռաներ կամ ատամնաշար, դուրս հանել: Լեզուն դէպի դուրս մղելով ապահովել օդի ազատ մուտքը շնչափողէն դէպի թոք:

            Շնչառութիւնը վրականգնուած է, բայց ենթական գիտակցութիւնը կորսնցուցած է: Գլուխը միշտ ցած վիճակի մէջ, շրջել երեսնիվար, տալով անոր ուշաթափման դիրք, որու մասին մանրամասն կը խօսինք համապատասխան բաժնի մէջ: Քանի մը վայրկեան վերջ գիտակցութիւնը կը վերականգնուի եւ մինչեւ Շտապ-օգնութեան ժամանակը, հնարաւորութիւն կ՛ունենայ նոյնիսկ խօսելու:

            Ուշաթափման դիրքի մէջ, ինքզինք վերագտնելու ժամանակ, արագ զննումով մը, գլխուն վրայ կարելի է յայտնաբերել վնասուածք, որմէ ալ սկսած է ամբողջ պատահարին յաջորդական ընթացքը, հասնելով մինչեւ շնչուղիներու փակողական վիճակին, մահուան սպառնացող հաւանականութեամբ:

            Այդ դէպքէն շատ բան կարելի է սորվիլ, յիշելու համար կարեւորութիւնը առաջնահերթութիւններու ճիշդ ընտրութեան, եւ գործադրութեան, որոնք նպաստ մը պիտի հանդիսանան արկածեալին:

            Հիւանդանոց արագ եւ հանգստաւէտ փոխադրութեան շուրջ կը ծագին որոշ հարցականներ: Շատ մը արկածեալներու ինքնաշարժի բարձր արագութեամբ հիւանդանոց փոխադրելու հետեւանքով առաջացած են անհանգիստ վիճակ եւ վնասուածքի վատացում: Իսկ անդին, կեանքին սպառնացող լուրջ վնասուածքները ձգած, աննշան վէրքերու դարմանումին անիմաստ տեղը տրամադրուած ժամանակով, ուշացումով կը հասնին հիւանդանոց:

            Դժբախտաբար, դժուար է այդ առնչութեամբ  օրէնքներ սահմանել: Կը մնայ որոշում կայացնել մեկնելով իւրաքանչիւր պարագայէն եւ անոր ընթացքէն:

            Ստորեւ տրուած աղիւսակով համադրուած է արկածեալին բժշկական վիճակի յարաբերական կարեւորութիւնը կապուած արագութեան եւ հանգստաւէտութեան  հետ:

            Բերնով հեղուկներ տալու օրէնքը Առաջին Բուժ-օգնութեան մէջ

          Բերնով ոչ մէկ բան տալ, բացի այրուածքի ենթարկուած, գիտակցութիւնը տեղը անհատէն: Առաջադրուած այս պայմանը ունի իր պատճառները:

Վնասուածքներ եւ վիճակներ

Կշռադատում

Գործելակերպ

Լուրջ եւ բազմատեսակ վնասուածքներ

 

 

Կրնայ շատ դիւրութեամբ մահանալ, հաւանական կարիք ունի արեան փոխներարկման:

 

 

Գլխու վնասուածք, գիտակցութեան կորուստը երթալէն կը խորանայ:

 

Կրնայ դիւրութեամբ մահանալ:

 

Չուշանալ Անտեսէ փոքր եւ աենթական ննշան վնասուածքները, ենթական փոխադրէ հիւանդանոց՝ Շուտով:

Լուրջ արիւնահոսութիւն:

Կարիք ունի արեան փոխներարկման:

 

Թուանաւորման հետ կապուած գիտակցութեան կորուստ:

Միայն հիւանդանոցային բուժում օգտակար կրնայ դառնալ:

 

Ազդրի կոտրուածք

Արեան փոխներարկման կարիք կրնայ ծագիլ:

 

Զոյգ ոտնաթաթերու կոտրուածխ

Հանգիստը անհրաժեշտ է:

 

Զոյգ դաստակներու կոտրուածք:

Հանգիստը աւելի կարեւոր է քան շտապելը:

Գործէ՛ համապատաս-խան արագութեամբ, դարմանէ՛ փոքր վէրքերը, բայց մի՛ ուշանար: Ուշադրութիւն դարձուր նաեւ անհատի հանգիստին:

Գլխու վնասուածք, ապաքինման նշաններով:

Եթէ վատացման նշաններ կան, չուշանալ:

 

Կոնքի կոտրուածքներ:

Հանգիստը անհրաժեշտ է: Երբեմն կեանք փրկելու վիճակի կը հասնի ներքին արիւնահոսութեան պատճառով:

 

Ողնաշարի կոտրուածք:

Չշտապել, անուշադիր շարժում մը կրնայ շատ լուրջ հետեւանքներ ունենալ: Գործէ՛ դանդաղ եւ զգոյշ:

Պէտք չէ շտապել, հանգիստը անհրաժեշտ է:

 

            1-Գիտակցութիւնը կորսնցուցած, կրծքավանդակի եւ որովայնի վնասուածք ունեցողներուն բացարձակ հակացուցած է բերնով հեղուկներ տալը, որովհետեւ կրնայ պատճառ դառնալ շնչահեղձութեան եւ զանազան բարդութիւններու:

            2-Վնասուածքի ենթարկուածներէն շատերը հիւանդանոց փոխադրուելէ կարճ ժամանակ անց կ՛ենթարկուին զգայազրկման, որպէս նախապատրաստութիւն վիրաբուժական միջամտութեան: թատարկ ստամոքսով աւելի նախընտրելի է:

            3-Այրուածքներու ժամանակ տեղի կ՛ունենայ մեծ քանակութեամբ հեղուկի արտազատում այրուած մաշկի մակերեսէն, հոսքի կամ լեցուած բշտերու ձեւով: Սպառնացող վտանգը ջրագրկումն է, իր բոլոր բարդութիւններով: Անյապաղ, Առաջին Բուժ-օգնութեան թոյլատրելի չափանիշներով եւ ճշգրիտ քայլերով պէտք է լուծում մը գտնել:

            Գիտակցութիւնը պահած անհատի իւրաքանչիւր տասը վայրկեանը մէկ տալ կէս բաժակ ջուր: Չմոռնալ, որպէս օրէնք, գիտակցութիւնը կորսնցուցած արկածեալին բերնով ոչ մէկ բան տալ:           

            Այրուածքի ենթարկուած, բայց գիտակցութիւնը պահած ենթակային, իւրաքանչիւր տասը վայրկեանը մէկ, տալ կէս բաժակ ջուր:

Մէկ բրդեայ ծածկոցի օրէնքը Առաջին
Բուժ-Օգնութեան մէջ

            Մէկ բրդեայ ծածկոց բաւարար է պահպանելու համար արկածեալի մարմնի բնական ջերմութիւնը, իր գտնուած վայրին մէջ: Նպատակը յաւելեալ ջերմութիւն հաղորդել չէ, այլ արգիլել անոր կորուստը: Լուրջ վնասուածքի եւ ներքին արիւնահոսութեան պատճառով, կը նուազի շրջանառող արեան ընդհանուր ծաւալը, որու հետեւանքով աւելի առատ հոսք կը ստեղծուի դէպի մարին աշխատող գործարանները՝ ուղեղ, թոք եւ սիրտ, նուազելով մաշկի եւ վնասուած հատուածներու շրջանառութիւնը: Մաշկը կը դառնայ տժգոյն եւ պաղ, որուն զուգահեռ, հիւանդը կը մսի եւ կը դողայ: Այս բոլորը կը համարուին մարմնի պաշտպանողական գործունէութիւնը: Արիւնահոսող հատուածներէն արեան քանակի նուազիլը եւ պաղ զգալու հետեւանքով արիւնատար անօթներու կծկումը, կը նպաստեն արիւնահոսութեան դադրելուն կամ նուազելուն:

            Տաք ջուրով լեցուած շիշերը եւ գերջերուցած սենեակները հակացուցուած են: Պաղ մակերեսը կամ գետինը կարելի է ծածկել երկրորդ ծածկողով: Ցուրտ միջավայրի մէջ կարելի է աւելցնել անոնց թիւը, առանց գերազանցելու նուազագոյն չափը:

Հետեւողական Մօտեցում

            Առաջին Բուժ-Օգնութեան դիմակայած խնդիրները, հետեւողական մօտեցում կը պահանջեն:

            1-Մօտեցում

            Ինքնավստահ եւ ոչ շտապողական վարուելակերպը կը նպաստէ արկածեալին մօտ առաջացած մտահոգութեան եւ վախի մեղմանալուն: Գրգռուած եւ շփոթուած վիճակով մօտենալը երբեք հաւատք եւ վստահութիւն չի ներշնչեր, ոչ ալ կը բացայայտէ Բուժ-օգնողի կարողութիւնները: Արկածեանլին մօտենալու ժամանակ միշտ աշխատէ՛ ինքզինքդ խաղաղ պահել: Առանց վարանելու յայտարարէ, որ մարզուած Առաջին Բուժ-օգնող մըն ես, այս միջոցով վստահութիւն ներշնչած կ՛ըլլաս արկածեալին եւ քեզի օգնելու շտապող այլ անձերուն, որոնց մէջ կրնան բուժակներ եւ բժիշկներ ալ ըլլալ:

 

            2-Վիճակի գնահատում

            Տասնհինգերորդ գլխուն մէջ խօսուած է այս մասին:

 

            3-Արկածեալին վիճակի արագ գնահատումը

            Դարմանումը պէտք է ծրագրել հիմք ունենալով առաջնահերթութիւնները եւ ենթակային վիճակը՝

            ա-Կը չնչէ՞, թէ ոչ

            բ-Կ՛արիւնահոսէ՞, թէ ոչ

            գ-Գիտակցութիւնը տե՞ղն է, թէ ոչ

 

4-Արկածեալի վիճակի մանրամասն գնահատումը

            ա-Պատմագիր: Արկածեալի պատմութիւնն է, կապուած դէպքի հետ: Երբ գիտակցութիւնը տեղն է, առաջին հարցումը պէտք է ըլլայ՝ ի՞նչ կը զգաք, այսինքն ի՞նչ գանգատներ ունիք, ապա՝ ի՞նչ պատահեցաւ եւ վնասուածքը ինչպէ՞ս առաջացաւ: Փաստօրէն ենթակայէն ստացուած պատմութեան նիւթը կը հանդիսանայ վնասուածքին կամ հիւանդութեան պատմագիրը:

            Որոշ պարագաներու, երբ անհատը գիտակցութիւնը կորսնցուցած է, մթագնած վիճակ ունի եւ կամ չի յիշեր պատահածը, պատմագիրը կարելի է վերցնել ականետես վկաներէն եւ ուղեկցողներէն: Ուշադիր հաւաքելով տրուած տեղեկութիւնները, կարելի պիտի ըլլայ եզրակացնել, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ է ենթական: Ուշադիր կազմուած պատմագիրը, շատ յաճախ աւելի լիարժէք տեղեկութիւն կրնայ տալ, քան զննումը:

            բ-Զննում՝ տեսնել եւ շօշափել

            Առաջին Բուժ-օգնութեան մէջ տեսնելը եւ շօշափելը արկածեալը զննելու հիմնական միջոցներն են, զատորոշելու համար վնասուածը անվնաս մնացած հատուածներէն: Օրինակ՝ կարելի է համեմատել անվնաս մնացած ոտքը կամ ձեռքը վնասուած ձեռքին եւ ոտքին հետ: Նոյն ձեւով մարմնի միջին գծով, կարելի է համեմատել մնացած բոլոր մասերը:

            Շօշափման ժամանակ փափկութիւն զգալու կամ ցաւ յայտնաբերելու նպատակով, ենթակային յօդերէն մէկը շարժելու կամ շօշափելու ընթացքին դիտէ դէմքը եւ ոչ թէ զննած տեղդ: Հարցնելը անիմաստ է, որովհետեւ ստանալիք պատասխանը կը կարդաս անհատին դէմքին վրայ:

           

5-Աշտաճանաչումը՝ ի՞նչ առաջացած է

Ախտաճանաչումը բժշկական բառ մըն է, կը նշանակէ ինչո՞վ կը տառապի ենթական: Հաւաքել բոլոր անհրաժեշտ տեղեկութիւնները, մտածել անոնց շուրջ, որմէ վերջ միայն կարելի է գիտնալ, թէ ի՞նչ է հարցը: Տրամաբանուած եւ ճիշդ աշտաճանաչումը, ինք կ՛որոշէ ձեր ընելիքը: Լաւ պատրաստուած պատմագրով կարելի է լաւագոյն դարմանումը կատարել:

 

6-Փոխադրել

Առաջին Բուժ-օգնութենէ ետք, արկածեալը կան հիւանդը պէտք է անպայման յանձնուի բժշկական խնամքին, որովհետեւ բուժ ծառայութիւնը իր հերթին կը հանդիսանայ երկրորդ Բուժ-օգնութիւնը: Կամ որոշ նախընտրութիւններ:

 

ա-Բժիշկ հրաւիրել

բ-Ենթական փոխադրել բժիշկին մօտ, քալելով, պատահական կամ շտապ-օգնութեան ինքնաշարժով:

 

Անյետաձգելի, լուրջ եւ կասկածելի վիճակներուն, օգտագործել պատահած առաջին փոխադրամիջոցը, կամ սպասել Շտապ-օգնութեան ժամանելուն: Պէտք է ուղղուիլ ամենամօտիկ հիւանդանոցը, ուր կատարելագործուած միջոցներով մասնագիտացած անձնակազմը, ամբողջ կարելիութիւնները կրնայ գործի վերածել:

Բացատրութիւն տալ՝ տեղեկացնել

Ենթակային կամ անմիջական հարազատներուն բացատրութիւն տալ հարց է: Աւելի լաւ է քիչ բան ըսել քան իրապաշտօրէն ամէն ինչ տեղեկացենել: Աւելորդ մանրամասնութիւնները յուսահատութեան մատնելով ենթական ու հարազատները կը դժուարացնեն բժիշկին աշխատանքը:

Յիշեցում մը նուրբ շալկելու շուրջ

Շալկելու ժամանակ նուրբ վարուեցողութիւնը պէտք չէ անտեսել, յատկապէս երբ կայ լուրջ վնասուածք: Կոշտ հպումը կը սաստկացնէ ցաւերը, կը վատացնէ վնասուածքը եւ կ՛ուժեղացնէ արիւնահոսութիւնը:

Նրբութիւնը անհրաժեշտ է Առաջին-Բուժ օգնութեան բոլոր միջամտութիւններուն մէջ, օրինակ՝ զննման, հարցապնդման եւ կոտրած ծայրանդամին վրայ անշարժացնող վիրակապ զետեղելու ընթացքին:

Դարմանել անհատը այնպէս ինչպէս կը դարմանես
վնասուածքը կամ հիւանդութիւնը

          Ընդհանրապէս արկածեալը ցաւին զուգահեռ վախի զգացում կ՛ունենայ: Դարմանումի կողքին, ան կարիքը ունի նաեւ սրտապնդումի եւ ապահով զգալու: Լաւ Բուժ-օգնութիւնը իր պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին, հանգիստ եւ հոգատարութիւն ներշնչող խօսակցութեամբ, կրնայ լրացնել այդ պահանջքը:

Ինչպէ՞ս հանել ենթական փլատակներէն
եւ խորտակուած կազմածներէն

            Եթէ չես կրնար դիւրութեամբ եւ նուրբ ձեւով, առանց ցաւերը սաստկացնելու հանել ենթական իր պարփակուած տեղէն, օրինակ՝ ճզմուած ինքնաշարժի մը մէջէն, ձգէ ուր որ է, եթէ հնարաւոր է, դարմանումը սկսէ մինչեւ օգնութեան հասնիլը:

            Պարտադրաբար հանելը թոյլատրելի է, երբ յաջորդող վտանգի մըն ալ սպառնալիքը կայ: Վնասուածքին վատանալը, այս պարագային անտեսելի երեւոյթ մըն է կրկնակի արկածի մը քով: Պահանջէ բոլոր տեսակի օգնութիւններէն՝ հրշէջներու խումբ, Շտապ-օգնութեան անձնակազմ եւ ոստիկանական ուժ, առաջինը այն, որ խիստ անհրաժեշտ է: 

 

 

About talar