Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ, ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԲԱԺԱՆՈՒՄ ԵՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ, ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԲԱԺԱՆՈՒՄ ԵՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ, ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԲԱԺԱՆՈՒՄ ԵՒ

ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

Ժողովրդավարական կարգերու մէջ, պետական առումով գոյութիւն կ՝ունենան երեք հիմնական կառոյցներ, իւրաքանչիւրը իւրայատուկ պարտականութեամբ եւ իրաւունքով, ինչպէս նաեւ իրարու միջեւ Իշխանութեանց բաժանումով որ ճշդած կ՝ըլլայ երկրի սահմանադրութեամբ:

Այս երեք իշխանութիւններն են.-

ա.-օրէնսդիր իշխանութիւնը

բ.-գործադիր իշխանութիւնը

գ.-դատական  իշխանութիւնը

 

Ա.-Օրէնսդիր իշխանութիւն

Ինչպէս բառը ցոյց կուտայ, օրէնսդիր   իշխանութեան գլխաւոր պարտակութիւնն է օրէնքներու մշակումը ու վաւերացումը:  Օրէնսդիր իշխանութիւնը կը կազմուի ժողովրդավարական կարգերու  տակ ժողովուրդէն ներկայացուցիչներու կողմէ, որոնք իրենց հանգամանթով ենթադրուած են երկրի իշխանութեանց մօտ պաշտպանը հանդիսանալու ժողովուրդին շահերուն, ներկայ՛ացնելու անոր տագնապները եւ պրպտելու ու տալու համապատասխան լուծումները:

Ժողովրդավարական կեանքը, սկզբունքով   ներկայացուցիչութեան երկու ձեւ կը ճանչնայ:-

1.-Ուղղակի ներկայացուցիչութիւն, ուր ժողովուրդը ինք կը ներկայացնէ ինքզինք եւ իր հարցերը եւ զայն կազնող տարրերը միասնաբար կը ճշդեն որոշման կարօտ կէտերը եւ կ՝առնեն համապատասխան  որոշումներ: Այս ձեւի ներկայացուցիչութիւնը, կարելի է կիրարկել միայն փոքր հաւաքականութեանց պարագային, հաւաքականութիւն մը՝ որուն անդամները կրնան հաւաքուիլ «խօսնակի մը ձայնը լսելի եղող շրջափակի մը մէջ» ինչպէս էր պարագան հին Աթէնքի: Նման կարելիութիւններ կը ստեղծուին քաղաքներէն հեռու շրջաններու, գիւղերու կամ փոքր գաւարներու մէջ:  Անհրաժեշտ է նշել, որ ներկայիս  ներկայացուցիչութեան այս ձեւը գործնական պատճառներով դժուար կիրարկելի կը թուի:

2.-Անուղակի ներկայացուցիչութիւն, որ կը կիրարկուի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչներու ճամբով, ընտրական օրէնքի մը հիմամբ եւ համապատասխան ընտրողներու թիւին:

Ներկայացուցիչներ կրնան ընտրուիլ համայնքային դրութեամբ, աշխարհագրական հիմունքովկամ մասնագիտական-աշխատանքային մարզերու մեկնակէտով: Ներկայիս ժողովրդային ներկայացուցիչութեան այս ձեւն է ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ներկայացուցիչը սկզբունքով հազուետու է ընտրական իր երթահողի եւ իբրեւ այդպիսին իր պաշտօնավարութեան ընթացքին պարտաւոր է լաւագոյնս կատարել իրեն վստահուած պարտականութիւնը, թէ բարոյական մարզին մէջ իր հանգամանքի բերումով եւ թէ գործնական պատճառներով եթէ երբեք կ՝ուզէ ապահովել երկրորդ շրջանի վերընտրութիւնը:

Օրէնսդիր իշխանութիւնը կը կազմուի ժողովուրդին   Ներկայացուցիչներէն: Ան երկրի մը գլխաւոր շխանութիւնն է եւ աղնայարը՝ ժողովրդավարական կարգերու: Առանց օրէնսդիր ընտրուած ժողովներու, կարելի չէ խօսիլ Ժողովրդավարութեան մասին, կամ գէթ կարելի չէ խօսիլ Ժողովրդավարութեան առողջ եւ իսկական գործադրութեան մասին:

Երկրի մը օրէնսդիր իշխանութիւնը ընդհանրապէս կը ներկայանայ երկու հիմնական հաստատութիւններու կամ ժողովներու ճամբով:

Երկու այս ժողովներու դրութիւնը կուգայ կանուխ ժամանակներէ, երբ ներկայացուցիչութիւնը ունէր դասակարգային գունաւորում: Այսպէս, Անգլիոյ մէջ, ազնուականութիւնն ու բարձրաստիճան եկեղեցականութիւնը կը ներկայացուէին House of lords-ի մէջ, ասպետներն ու եկեղեցական նուազկարեւոր հաւաքականութիւն եւ քաղաքներու քաղաքային դասակարգը կը ներկայացուէին House of Commons-ի մէջ:

Երկու ժողովներու դրութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ ժողովրդավարութեան հաստատումէն ետք, մասամբ աւանդութեան եւ մասամբ այլ նկատումներով: Պարագաներ կային, ուր տուեալ հողամասեր կը վայելէին անկախութիւն, սակայն հետագային անոնք միացուեցան մէկ ազգային պետութեան մէջ \Մ. Նահանգներ, Զուիցերիա, Գերմանիա\, ուր որդեգրուեցաւ երկու ժողովներու դրութիւնը մէկը, ընդհանրական ազգային հարցերու քննարկման եւ միւսը տեղական հարցերու քննարկման համար \State interests and national interests\: Ֆրանսայի մէջ այս դրութիւնը որդեգրուած է յատկապէս հակակշռելու համար երկու ժողովներու որոշումները: Այսպէս, մինչ ծերակոյտը որ ենթարկուած է կազմուելու աւելի փորձառու, բանիմաց, տարիքաւոր անձնաւորութիւններէ կը ներկայացնէ պահպանողական թեւը, իսկ ներկայացուցիչներու Տունը, երեսփոխանական ժողովը կամ խորհրդարանը կը կազմուին նուազ փորձառու, խանդավառ, երբեմն ծայրայեղ անձնաւորութիւններէն: Այսպէս, երկու  ժողովներու գոյութեամբ, պահպանողական եւ ծայրայեղ թեւերը փոխադարձ հակակշռումով կրնան հանդիպիլ հասարակաց կէտի մը շուրջ որ կրնայ չափաւորութեամբ ներկայացուիլ:

Օրէնսդիր իշխանութեան \երկու ժողովներով թէ մէկ ժողովի դրութեամբ, պարտականութիւնները նոյնն են \ գլխաւոր պարտականութիւններն են.-

1.- Օրէնքներու մշակում եւ վաւերացում

2.- Դաշինքներու կնքում եւ վաւերացում

3.- Սահմանադրութեան փոփոխութիւն

4.- Ազգային ելեւմտական քաղաքականութեան հակակշռում եւ տուրքերու ճշդում

5.- Կարեւոր պաշօտններու նշանակում

6.- Դատական հարցերու քննութիւն \ սահմանադրութեամբ ճշդուած պարագաներ\

7.- Գործադիր իշխանութեան հսկողութիւն

 

Բ.- Գործադիր Իշխանութիւն

Գործադիր  իշխանութիւնը  երկիր մը երկրորդ կարեւոր իշխանութիւնն է որ կը բաղկանայ երկու մակարդակներէ.-

1.- Հանրապետութեան նախագահութիւն

2.- Նախարարաց Խորհուրդ

Գործադիր  իշխանութիւնը  փաստօրէն օրէնսդիր իշխանութեան կողքին այն մեքենան է որ կը ղեկավարէ պետութեան մը մէջ անհրաժեշտ նկատուող ամէն աշխատանք եւ կը գործադրէ օրէնսդիր իշխանութեան կամքը: Իր վարչական կառոյցով եւ զանազան մարզերու երթակառոյցով, գործադիր իշխանութիւնը օրէնսդիր իշխանութեան օրէնքներու մշակումէն ետք, գլխաւոր պատասխանատուն է զանոնք կիրարկելու եւ իշխանուեան կամքը պարտադրելու:

Գործադիր  իշխանութիւնը  նախարարաց խորհուրդով հաշուետու է օրէնսդիր իշխանութեան առջեւ, մինչ հանրապետութեան նախագահը ուղղակի պատասխանատուութիւն չունի այս իմաստով, այլ իր եւ վարչապետին կողմէ նշանաուած նախարարներու ճամբով միայն կրնայ պատասխանատու նկատուիլ:

 

Գ.- Դատական Իշխանութիւն

Օրէնսդիր  եւ Գործադիր իշխանութեանց համքը առկախ կը մնայ, եթէ երբեք զայն չկապենք երրորդ կարեւոր  իշխանութեան մը՝ դատական իշխանութիւնը կը ներկայացնէ երկրի մը արդարադատութեան մարզը:  Ժողովրդավարական կարգերու մէջ, իրաւ ժողովրդավարական հասկացողութիւն մը անպայմանօրէն կը պահանջէ առողջ, իրական եւ անձեռնմխելի դատական իշխանութիւն մը, լաւի եւ վատի, ճիշդի ու սխալի ամուր ըմբռնումներով կը ղեկավարէ քաղաքացիներու ազատութիւնները, կ՝արգիլէ կաշկանդումները, կը ճշդէ անհատներու  եւ հաւաքականութիւններու փոխ-յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ մարդ անհատը կ՝ապակովէ «չար» ի ոտնձգութիւններէն:

Դատական իշխանութիւնները իրենց աշխատանքներու եւ վճիռներու համար « համարատու» են միայն « արդարութեան» եւ սկզբունքով ենթակայ չեն որեւէ արտաքին ազդեցութեան:

Այս իմաստով եւ աւելի եւս անկախութիւն եւ արդարութիւն հաստատելու մտահոգութեամբ, դատաւորները ընդհանրապէս կը նշանակուին ցմահ պարտականութեամբ եւ իրենց կը տրամադրուի կեանքի ապահովութիւն խուսափելու համար վնասակար փորձութիւններէ:

Առողջ եւ իսկական ժողովրդավարական կարգերու տակ, վերոյիշեալ երեք իշխանութիւններու գոյութիւնը կիմաստաւորուի իրենց միջեւ իշխանութեանց բաժանումով ինչպէս նաեւ դատական իշխանութեանց անկախութեամբ:

Օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնները կը պահեն իրենց յարաբերական անկախութիւնը նոյն ատեն պատասխանատու ըլլալով իրենց վստահուած աշխատանքներուն:

Օրէնսդիր   իշխանութիւնը կը հակակշռէ գործադիր իշխանութիւնը, իսկ վերջինը համարատու է առաջինին:

Վերոյիշեալ սկզբունքներու գործադրութիւնը նախապայման է առողջ եւ իսկական ժողովրդավարութեան:

 

About talar

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …