Home / Ա / Նիւթեր / Հ.Յ.Դ. եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ (Ա.ՄԱՍ)

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ (Ա.ՄԱՍ)

ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ (Ա.ՄԱՍ)

Ա-Ձարի Ընդհանուր Քաղաքականութիւնը Կովկասի Մէջ

ա-Ներածական

բ-Ձարի քաղաքականութիւնը

-Հայ Եկեղեցական Գոյքերու Գրաւման Որոշում

-Դաշնակցութեան Հակազդեցութիւնը Անոր Դէմ

 

Բ-Համառուսական Շարժումներն ու Դաշնակցութիւնը

ա-1904-ի Գ.Ընդհանուր ժողով

Դաշնակցութեան որոշումը մասնակցելու համառուսական շարժումներուն  միայն ինքնապաշտպանութեան գետնի վրայ:

բ-Կովկասեան Նախագիծ

Ինքնապաշտպանութեան Կռիւէն ուղղակի յեղափոխական գործի անցնելու որոշում

 

Ա-Ձարի Ընդհանուր Քաղաքականութիւնը Կովկասի Մէջ

ա-Ներածական

Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ, միայն մէկ դատ կը հետապնդէր, Թրքական Հայաստանի դատը: Ան կը գործէր Կովկասի մէջ, ունէր իր կազմակերպական ցանցը, իր մարմինները: Սակայն ասոնք, իրենց աշխատանքի միակ նպատակը դարձուցած էին ամէն մարզի մէջ օգնել իրենց թրքահայ եղբայրներուն: Դրամական, բարոյական, զինուորական ամէն աշխատանք ի սպաս կը դրուէր միայն ու միայն ԹրքաՀայաստանի տառապող ժողովուրդին համար: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային հակառակ Ռուս կառավարութեան բռնակալ ռեժիմին, որ պարբերաբար կը հալածէր հայ տարրը, հայ մշակոյթը, դպրոցը, լեզուն ու մտաւորականութիւնը, մինչեւ իսկ արգելքներ յարուցանելով թրքահայութեան օգնելու աշխատանքներուն, ուղղակիօրէն հալածելով Հայ յեղափոխականները:

Հակառակ այս բոլորին, Դաշնակցութիւնը չէր ուզեր կռիւ մղել Ձարի կառավարութեան դէմ միշտ այն տարրական խոհունակութեամբ, որ հակառակ բոլոր տեսակի հալածանքներուն, տուրքերուն եւ կեղեքումներուն, Հայ ժողովուրդը ընդհանուր առմամբ կը յառաջդիմէր, կը բազմանար, թէ տնտեսապէս եւ թէ մշակութապէս, գլխաւորաբար օգտուելով երկրի յարաբերական հանդարտութենէն եւ հաստատուն օրէնքներէն, եւ ասիկա մասնաւորաբար բաղդատած՝ Թրքահայաստանի վիճակին հետ:

Դաշնակցութիւնը կը գոհանար միայն իր մամուլին ընդմէջէն քննադատելով Ռուսական կարգերն ու ճնշումները, ասոր կը հանդիպինք գլխաւորաբար 1899 թուին, Ակնունիի երկար յօդուածաշարքով, որ կը կրէր «Կովկասեան Վէրքեր» խորագիրը:

          բ-Ձարի քաղաքականութիւնը

-Հայ Եկեղեցական Գոյքերու Գրաւման Որոշում

-Դաշնակցութեան Հակազդեցութիւնը Անոր Դէմ

Մինչ Դաշնակութիւնը կը շարունակէր իր այս խոհուն ընթացքը Կովկասի մէջ, միշտ հեռու մնալով ուղղակի կռիւ յայտարարելէ Ձարի դէմ, իր ուժերը կեդրոնացնելով միայն Թրքահայաստանի հարցի լուծման, յանկարծ ռուսական կայսրութեան դէմ պատերազմ յայտարարելու մեծ պատճառը կը ծագի:

Ձարը կը հրատարակէ հրովարտակ մը, որով Հայ Ազգային Եկեղեցական կալուածները պէտք էր յանձնուէին Ձարական արքունիքին:

Այս որոշումը եթէ ուզենք, ուղղակի պատճառ չէր, այլ միայն շարժառիթ, քանի պատճառները խոր էին, եւ կու գային հինէն: Այլ խօսքով, ռուսացման նոյն քաղաքականութիւնն էր որ կ՛որդեգրուէր:

Դաշնակցութեան համար յստակ էր կառավարութեան նպատակը, գիտէր թէ տրուած հարուածը այն փորձն էր խորտակելու համար հայկական ինքնուրոյնութեան վերջին թոյլ պատուարը, ինքնուրոյնութիւն մը, որ կը յատկանշուէր Հայ Ազգային Եկեղեցիով:

Հարուածը այս ձեւով կը տրուէր նաեւ գլխաւորաբար Հայ դպրոցներու, որոնք կը սնանէին Հայ Եկեղեցիին կալուածներով, որոնք իբր այդպիսին Հայ ժողովուրդի ամբողջական հոգածութեան առարկայ դարձած էին, Կովկասէն մինչեւ Արտասահման:

Կառավարութիւնը երբ հրատարակեց հրովարտակը, վստահ էր, որ որեւէ լուրջ ընդիմութեան պիտի չհանդիպի: Եւ իրապէս սկզբնական օրերուն Հայ ժողովուրդը, որ վարժուած էր բռնակալ ռեժիմին խամաճիկը դառնալու, լուռ էր, եւ որեւէ աքթ չէր կատարեր իր վրդովումը արտայայտելու: Իսկ Կաթողիկոսը «ծերացած Խամաճիկ» մըն էր կառավարութեան աչքին, որ անմիջապէս պիտի կատարէր հրամանը, սակայն անոնք կը մոռնային Դաշնակցականութիւնը: Եւ ահաւասիկ այդ նեղ վայրկեանին, Դաշնակցութիւնը հրապարակ կ՛իջնէր ժողովներ, վիճաբանութիւններ, ամէն գոյնի մարդիկ կը զգան վտանգին ծանրութիւնը, հնչակեաններ, բոլորը մէկ կ՛որոշեն դէմ կենալ Ձարին: Ամէն կողմէ կոչեր, թռուցիկներ կը հրապարակուին, միթինկներ կը կազմակերպուին, որոնք կը յորդորեն ժողովուրդը, ըմբոստանալու այս որոշման դէմ:

 

Դաշնակցութիւնը թռուցիկներով ամբողջ ժողովուրդը ոտքի կը հանէ եւ կը մղէ զայն ըմբոստանալու Ձարի որոշման դէմ: Զանազան կոչեր, ժողովուրդին կը յայտնէին թէ՝ այլեւս ժամանակը հասած է կռուի դաշտ նետուելու:

Այս տագնապի օրերուն հոն է նաեւ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմը, որ գլխաւոր կազմակերպիչը կ՛ըլլայ այս ընդհանուր շարժման:

Ռուսական կառավարութիւնը ինքզինք կը զգայ յափշտակելու Եկեղեցւոյ գոյքերը, եւ ահա կը հանդիպի Կաթողիկոսի ժխտական կեցուածքին, որ կտրուկ կեպով կը մերժէր որեւէ բան յանձնել: Այս որոշումը անշուշտ Կաթողիկոսին թելադրուած էր Դաշնակցութեան կողմէ:

Այս մերժումով ու կառավարութեան պնդումով կը սկսին համախմբումները, ցոյցերը, թափօրները, կովկասեան բոլոր քաղաքներուն, գաւառներուն ու գիւղերուն մէջ. ցուցարարներ ամէն տեղ® Ցոյցերէն շատերուն կառավարութիւնը իր ոստիկանութիւնը հրապարակ իջեցուց արգիլերու համար, սակայն այս մէկուն ալ հակադրեց ժողովուրդը եւ կարգ մը ցոյցեր վերջացան զինեալ բախումներով. զոհուողներէն մեծ մասը ժողովուրդէն կ՛ըլլար:

Մինչ մէկ կողմէ այս բախումները կը պատահէին, Ռուս ոստիկանութիւնը ներկայանալով Եկեղեցիներու գանձերու եւ գոյքերու պատասխանատուներէն կը պահանջէր յանձնումը իրենց, ինչ որ կը գտնուի իրենց տրամադրութեան տակ: Եւ անոնց մերժումին դիմաց, բռնի ծեծի, չարչարանքի տակ, կը փորձէին ձեռք ձգել ինչ որ կարելի էր: Ոստիկանութիւնը կը մտնէր Եկեղեցիները, կը ջարդէր, կը յափշտակէր ինչ որ կրնար: Սակայն ինչ որ կը հաւաքեն չնչին մէկ մասը կ՛ըլլայ իրենց ակնկալածին: Իսկ միւս կողմէ ժողովուրդը, եկեղեցականները կը մնան նոյն դիրքին վրայ, հնազանդելով Կաթողիկոսին, սակայն աւելին, վախնալով կուսակցութենէն:

Կառավարութիւնը տեսնելով թէ հարցը աւելի կը բարդանայ, կը սկսի մեղմացնել իր քաղաքականութիւնը, մանաւանդ որ բազմաթիւ ոստիկաններ, պաշտօնեաներ եւ բարձրաստիճան իշխանաւորներ կ՛ահաբեկուին Դաշնակցութեան կողմէ:

Կեդրոնական կառավարութիւնը Կովկաս կը ղրկէ փոխարքայ մը եւ բոլոր դպրոցները կը վերաբացուին, յափշտակուած բոլոր գոյքերը կը վերադարձուին Հայ ժողովուրդին: Ձարը ետ կ՛առնէ իր հրովարտակը եւ կը խաղաղի Կովկասահայութիւնը:

Բ-Համառուսական Շարժումներն ու Դաշնակցութիւնը

ա-1904-ի Գ.Ընդհանուր ժողով

Ինչպէս ըսինք, Դաշնակցութիւնը Կովկասի մէջ կը բաւականանար միայն քննադատելով տիրող կարգերը ու մասնաւոր գործօն դերակատարութիւն չէր ունենար ընդհանուր համառուսական յեղափոխական շարժումներուն մէջ:

Այսպէս կը շարունակուի մինչեւ 1904 թուականը, այս թուականին Ռուսիոյ քաղաքական կացութիւնը կը սկսի վատթարանալ, մէկ կողմէ ներքին յեղափոխական կուսակցութիւններու (Հայ, Ռուս, Լեհ, Ֆինլանտացի, եւայն) յեղափոխական գործունէութեան սաստկացումով եւ ընդարձակումով: Իսկ միւս կողմէ, արտաքին ճակատի վրայ, Ռուսիոյ մղած պատերազմը Ճափոնի դէմ, մանաւանդ երբ պատերազմը ի վնաս Ռուսերուն կ՛ըլլայ եւ Ռուսական բանակները չարաչար կը պարտուին: Այս մէկը առաւել եւս նիւթ կը մատակարարէ յեղափոխականներուն, իրենց պայքարին մէջ՝ ընդդէմ ձարիզմին:

Այս տուեալներու լոյսին տակ Դաշնակցութեան Գ. Ընդհանուր ժողովը (1904) կ՛որոշէ Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը համառուսական յեղափոխական գործին, սակայն միայն ինքնապաշտպանութեան հողի վրայ:

Այս որոշումով, Դաշնակցութիւնը կը սկսի ժողովներ գումարել միւս յեղափոխական կուսակցութիւններու հետ, ընդհանուր գործելակերպ որդեգրելու համար: Կը գումարեն բազմաթիւ խորհրդաժողովներ, գրեթէ Ձարի ընդիմադիր կուսակցութիւններու միջեւ, գործի ընդհանուր յայտարար գտնելու համար (այս առաջին գոծակցութիւնն է կուսակցութիւններու միջեւ): Այս ժողովներու ընթացքին կ՛որդեգրուին հետեւեալ բանաձեւերը.-

1-Բռնապետութեան ոչնչացում

2-Բռնապետական կարգի փոխարինումը ազատ, ռամկավարական կարգերով, հիմնուած ընդհանուր ձայնատուութեան վրայ:

3-Ազգային ինքնորոշման իրաւունք, օրէնքներով երաշխաւորուած ազգային զարգացման ազատութիւն, բոլոր ժողովուրդներուն համար:

Այս գործակցութիւնը մեծ ցնծութեամբ կ՛ընդունուի արեւմտեան ազատ աշխարհի կողմէ:

բ-Կովկասեան Նախագիծ

Յեղափոխական գործունէութիւնները ծայր աստիճան կը սաստկանան, ամբողջ կայսրութեան մէջ հարիւր  հազարներու հասնող բազմութիւններով ցոյցեր կը կազմակերպուին:

Յեղափոխական կուսակցութիւններու այս նոր ճակատը կը հակադրէ Դաշնակցութեան վերաքննելու իր ծրագիրը, աւելի պարզ եւ յստակ դարձնելու անոր քանի մը հիմնակէտերը, որոնք տարտամօրէն ձեւակերպաուած էին արդէն հին ծրագրին մէջ եւ որ պէտք էր յարմարցնել կովկասեան եւ համառուսական իրականութեան պահանջներուն:

Այս նպատակով կուսակցութեան խորհուրդը (գումարուած 1905 Ժընեւի մէջ) կը կազմէ կովկասեան գործունէութեան նախագիծ մը, որ կոչուեցաւ Կովկասեան նախագիծ:

Այս նախագծի կազմութիւնը հետեւեալ հիմնաւորումները ունէր:

ա-Նկատելով որ արդէն Գ. Ընդհանուր Ժողովը ընդունած է Դաշնակցութեան գործունէութիւնը Կովկասի մէջ, եւ այսօր, 1905-ին, նկատելով որ Կովկասի յեղափոխական գործերը մեծ ծաւալ ստացած են.

բ-Նկատելով որ բռնապետութիւնը արտաքին եւ ներքին հարուածներու տակ շատ տկարացած է.

գ-Նկատելով որ ընդհանուր համառուսական շարժման մէջ Կովկասը իր կարեւոր ձայնը ուի.

դ-Նկատելով որ այս պայմաններու մէջ կարելի չէ սպասել Դաշնակցութեան յաջորդ ընդհանուր ժողովին, որպէսզի Կովկասի գործունէութեան նախագիծ մշակէ.

ե-Նկատելով որ կռուի այս պայմաններուն մէջ կովկասեան գործունէութեան որոշ ծրագիր մը անհրաժեշտ է համաձայնութեան գալու համար գործող միւս կուսակցութիւներու հետ:

Այս ձեւով, Դաշնակցութիւնը Կովկասի մէջ, ինքնապաշտպանութիւնէն կ՛անցնի բուն յեղափոխական գործունէութեան, իր մասնաւոր քաղաքական եւ տնտեսական պահանջներով: Այս նախագիծը կը ղրկուի կովկասեան մարմիններուն, առժամեայ ձեւով ղեկավարելու համար, մինչեւ որ յաջորդ ընդհանուր ժողովը իր վերջնական խօսքը ըսէ այդ ուղղութեամբ:

Անպաշտպան հայ ժողովուրդը, միւս կողմէ, հարկ էր նաեւ ուժ տալ պարսից ազատագրական շարժումին, քանի ազատ Պարսկաստան մը ոչ միայն բարիք մըն էր Պարսկահայոց համար, այլ եւ կռուան մը թրքահայ եւ Կովկասահայ ժողովուրդի դատի համար, Պարսիկ յեղափոխականներն ալ մեծ յարգանք ունէին Դաշնակցութեան հանդէպ:

Հ.Յ.Դաշնակցութեան կողմէ Ռոստոմ կ՛անցնի Թեհրան եւ կը բանակցի պարսիկ յեղափոխաններու հետ, ուր Դաշնակցութիւնը յանձն կ՛առնէ Եւրոպայի մէջ քարոզչական աշխատանքներ կատարել ի նպաստ յեղափոխաններու, իսկ պարսիկները կը խոստանան ապահովել եւ դիւրացնել մեր խումբերու զինամթերքի փոխադրութիւնը Պարսկաստանի մէջ:

գ-Գործնական Մասնակցութիւն

Դաշնակցութիւնը սկիզբը բարոյական աջակցութիւն բերելէ ետք, 1908 Օգոստոսին, քայլ մը առաջ երթալով, կ՛որոշէ գործօն մասնակցութիւն բերել, կ՛ընդունուին Դաշնակցութեան պայմանները, ուր Դաշնակցական մարտիկներ կը բերեն իրենց զէնքերը, իսկ ռազմամթերք եւ ուտեստեղէն կը տրամադրուին պարսիկներու կողմէ, ինչպէս նաեւ Դաշնակցական մարտիկները իրենք կ՛ըլլան ղեկավարող ուժերը: Քեռին իր խումբով կ՛անցնի Թաւրիզ, եւ կ՛անցնի յարձակողականի: Շարժումը կը ծաւալի գաւառներու մէջ. միւս կողմէ՝ ապստամբութիւնը կը բորբոքի Թեհրանի շուրջ, ուր Դաշնակցական ‎ֆետայի Եփրեմ մեծ դեր կ՛ունենայ ու ազատագրելէ ետք Թեհրանի մերձակայքը, 1909 Յուլիս 29-ին կը յարձակին Թեհրանի վրայ, որ շուտով կ՛իյնայ յեղափոխականներու ձեռքը: Շահը սարսափահար կը փախչի Օտեսա: Իսկ Եփրեմ կը նշանակուի Թեհրանի ոստիկանապետ:

Եփրեմ ստանձնելէ ետք նոր պաշտօնը, կը վերակազմէ ոստիկանութիւնը աւելի ուժեղ հիմերու վրայ: Սակայն խաղաղութիւնը երկար չի տեւեր. Մեհմէդ Ալի ռուսերու աջակցութեամբ կը վերադառնայ Պարսկաստան եւ իր զինակիցներէն ու իրեն հաւատարիմ թիւրքմէններէն կը կազմէ բանակ մը, եւ Սալար Դովլէի հրամանատարութեամբ կը քալէ Թեհրանի վրայ:

Կրկին բոլորին աչքերը կը յառին Եփրեմի վրայ, որ կը նշանակուի պարսից բանակին հրամանատար: Քանի մը յաջող ճակատամարտներ մղելէ ետք Սալար Դովլէի զինուորներուն կը վիճակուի հազուագիւտ բախտը, նահատակել պարսկական ազատամարտի անպարտելի հերոսը 1912 Ապրիլ 25-ին: Եփրեմէն ետք հայ ‎ֆետայիները շարունակեցին կռիւը Քեռիի հրամանատարութեան տակ:

Այսպիսով, Պարսկաստան եւս ճաշակեց իր ազատագրական պայքարի ահաւոր գեղեցկութիւնը: Ինքնատիպ հերոսամարտ մը, որուն մէջ վճռական դեր խաղցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, որ խաւարի պատը փշրելով ազատութեան ճամբան հարթեց:

About talar

Check Also

Վարդան Շահպազ (Մինաս Տօնիկեան)

              Մինաս Տօնիկեան, ծնած է Սեբաստիոյ, Տիվրիկ շրջանի Օտուռ գիւղը, 1864ին: …