Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ՅՈՒՆԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐԸ

ՅՈՒՆԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐԸ

 ՅՈՒՆԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ
ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐԸ

            Քաղաքական հարցերու քննարկումը Աթենացիներուն համար հանրայայտ
իրականութիւն է: Հանրային մտահոգութիւնները եւ հասարակական գործերու ընթացքը իրենց
հետաքրքրութեան գլխաւոր առանցքը կը կազմէին: Բերանացի քննարկումներն ու վէճերը եղած
են իրենց խորհրդածութեանց գլխաւոր եղանակը: Զիրենք շրջապատող խնդինրները առհասարակ
եղած են բազմազան եւ բազմատեսակ: Յունական աշխարհի ողջ տարածքին գոյութիւն ունեցած
է տարբեր չափերու եւ տեսակներու քաղաքական հիմնարկներ, բոլորն ալ քաղաքապետութիւն ըմբռնողութեամբ,
սակայն նոյն ատեն մեծ տարբերութիւններով: Տարբերութեանց տարողութիւնը եղած է համեմատական,
իսկ այդ համեմատութեան երկու հակադիր կողմերուն վրայ գտնուած են Աթէնքն ու Սպարդան,
առաջինը՝ իբրեւ յառաջդիմական եւ երկրորդը իբրեւ պահպանողական պետութիւններ, կամ իբրեւ
ժողովրդական եւ արիսթոքրատ (ազնուապետական) կարգեր:

Յունաստանէն դուրս, դէպի արեւելք, գոյութիւն ունէր Պարսկաստանը
իբրեւ նախնական եւ մասամբ «բարբարոս» պետութիւն: Աւելի հեռու, Եգիպտոսը, Միջերկրականի
արեւմուտքը, Քարթէժը եւ դեռ Ասիական բարձրաւանդակի ցեղախումբերը:

Վերոյիշեալ քաղաքական բովանդակութեամբ իրողութեանց գոյութիւնը
եւ այդ իրականութեանց տարբերութիւնները կը մղէին Աթենացի քաղաքացիները որպէսզի իրենց
խորհրդածութեանց նիւթ դարձնէին պետութեանց բաղդատական իրավիճակը: Այս բաղդատածութեան
ընթացքին տեղ կը գտնեն ոչ միայն քաղաքական այլ նաեւ ընկերային, տնտեսական, կենցաղային
ինչպէս նաեւ մարդկային արժէքներու, սովորութիւններու եւ հաւատալիքներու հետ կապուած
հարցերը:

Նման բաղդատական մը լաւագոյնս ներկայացուած է Հերոտոթոսի գրքին
մէջ, որ հակառակ իր կարգ մը ոչ իմաստասիրական հաստատումներուն կուտայ փաստը յոյներու
քաղաքական «հասունութեան», (այնքան ինչքան կարելի է ըմբռնել տուեալ ժամանակի ընթացքին)
ու բաղդատութեան ճամբով լաւագոյնը ընտրելու եզրակացութեան հասնելու կարողութեան:

Այս եզրակացութիւններէն կարելի է յիշատակել

ա.- միապետը կը վերածուի բռնակալի.

բ.- ժողովրդավարութիւնը բոլոր մարդիկը հաւասար կը դառձնէ օրենքի առջեւ.

գ.- լաւագոյն անհատներով կառավարութիւն մը նախընտրելի է, նկատի ունենալով որ ժողովրդավարութիւնը
կրնայ վերածուիլ ամբոխային կառավարման.

դ.- Լաւագոյն միակ անհատի մը ղեկավարութիւնը
յարմարագոյն ձեւն է.

Հերոտոթոսով արտայայտուած այս մտքերը, վերջին հաշուով արդիւնք
են յունական ժողովրդային մտածողութեան մը, որ աւելի ուշ Պղատոնի կամ Արիստոտելի մօտ

կրնայ հասարակ տեղիք հաստատումի մը վերածուիլ:

Մինչ Սպարդայի մէջ քաղաքական իմաստով կայունութիւն մը նկատելի
է, Աթէնքի մէջ քաղաքական մտածողութեան զարմացման իբրեւ արդիւնք արդիւնք փոփոխութիւններ
կը յայտնուին: Առաջինին «կայունութիւնը» կարելի չէ կայունութեան դրական իմաստով առնել
իսկ երկրորդին «անկայունութիւնը»՝ ժխտական իմաստով: Ընդհակառակն Աթէնքի մէջ նկատուած
մտքերու ու կարծիքներու բախումէն յառաջ կու գար քաղաքական մտածողութեան եւ քաղաքական
տեսութեան նորարարութիւն որ կ՛անդրադառնար քաղաքական արդիւնաւոր հիմնարկներու հաստատման
վրայ:

Ե. եւ Զ. դարերուն, Աթէնքն ու առհասարակ յունական քաղաքական
կեանքը տնտեսական-դասակարգային իմաստով պայքար մը կը ճանչնար: Հողային սեփականութիւններով
օժտուած ազնուական ու հին ընտանիքներու եւ առեւտուրով զբաղով եւ ծովային ուժին հաւատացող
ընտանիքներու միջեւ այս պայքարը, ինչքան ալ պատճառ դառնար անկայունութեան, ըստ էութեան
սակայն կը զարգացնէր ու կ՛ամրացնէր ժողովրդավարական հասկացողութիւնները ու յառաջ կը
բերէր սահմանադրական արագ փոփոխութիւններ:

Աթենական ժողովրդավարութեան ծայրայեղ արտայայտութեան մէկ օրինակը
կարելի է նկատել ընկերային փոփոխութեան գաղափարները որոնք հսկայական վէճերու դուռ բացած
են: Կնոջ իրաւունքներ, ամուսնութեան ջնջում, անծնողք զաւակներ, բախդախաղի, գողութեան
ջնջում, հարցեր են որոնք դրուած են յունական քաղաքական մտածողութեան մէջ եւ նկատուած
արմատական ժողովրդավարութեան մէկ արտայայտութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի պնութեան եւ ընկերութեան հետ առընչութեանց,
նախքան այս հարցերուն շուրջ իմաստասիրական լուրջ աշխատասիրութեանց արդէն իսկ գոյութիւն
ունեցած են արտայայտուած մտքեր կամ մտածումներ: Առաջինը, որուն անդրադարձած ենք արդէն
պետութեան շուրջ գոյութիւն ունեցող հասկացողութիւնն է: Պետութիւնը նկատուած է իբրեւ
կեանքի ներդաշնակութիւն մը պետութեան բոլոր անդամներուն վրայ բաշխուած: Սողոն, որ կը
նկատուի յունական օրէնսդրութեան կարեւոր դէմքերէն, այս հասկացողութիւնը վերածելով օրէնքի
փորձած է ներդաշնակութիւն մը ստեղծել հարուստի եւ աղքատի միջեւ, ուր իւրաքանչիւրը կը
ստանայ իր արդար իրաւունքը: Ներդաշնակութեան այս գաղափարը ինքզինք տեւաբար պարտադրած
է յունական մտածողութեան մէջ ոչ միայն քաղաքական հարցերու կապակցաբար այլ նաեւ կեանքի  այլ երեւոյթներու մէջ եւս (գեղեկութիւն, պաղ, չար
եւ այլն): Ներդաշնակութիւն հասկացողութիւնը անշուշտ պէտք է ըմբռնել իր ընդհանրական
իմաստին մէջ իբրեւ արդարութիւն, գոյակցութիւն, ազատութիւն եւ հաւասարութիւն:

 

 

About admin

Check Also

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

  common application essays ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ Ինչ է Սովորութիւնը ? Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային …