Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ (1)

 

ՍՈՎՈՐՈՒԹԵԱՆ ԲՆՈՅԹԸ

Ինչ է Սովորութիւնը ?

Սովորութիւնը կարելի է բացատրել ուղեղային եւ ջղային նիւթին ընդհանուր կերպով
նիւթ ըսուած բանին հետ հասարակաց ունեցած անգործութեան յատկութեամբ: Ասիկա ենթադրութիւն
մըն է,վարկած մը.

Բացատրութիւն

Ոեւէ նիւթի կտոր մը ինքնին իր արտաքին վիճակը չի փոխեր, եթէ կայուն վիճակի
մէջ է ՝ յաւիտեան կայուն պիտի մնայ եթէ դուրսէն ուժ մը շարժում չտայ իրեն:Իսկ երբ արդէն
շարժման մէջ է՝ եթէ ուրիշ պատճառ մը չկեցնէ զինք կամ իր ուղութիւնը չփոխէ յաւիտեանս
պիտի շարժի անշեղ:անկենդան նիւթը անգործ է,թէեւ իր մէջ պարունակուող եւ զինք կազմող
մասնիկները ունին ահաւոր զօրութիւն մը: Ուրեմն ՝ իր կայական վիճակը շարժականի եւ շարժականը
կայականի փոխելու անկարող է: Եւ իր այս յատկութիւնը կը կոչուի նիւթին անգործութիւնը:

Ինչպէս երբ տեղէ մը ջուր անցնի՝ այդ տեղէն հող,աւազ,շիւղեր,մանր քարեր կը
տեղափոխէ ու ճամբայ կը շինէ,յետոյ երկրորդ հոսանք մը երբ գայ՝ նախորդին բացած ճամբէն
կ’ընթանայ՝իր կարգին հողէն աւելի մասեր փոխադրելով,երրորդը հոսանքները թէ՝ աւելի կը
լայնցնեն ու կը խորացնեն արդէն բացուած ճամբան եւ թէ աւելի դիւրին եւ արագ կ’անցնին
այլեւս:

Այսպէս ալ ուղեղը ,քանի որ նիւթի զանգուած մըն է անգործութեան յատկութիւն
ունեցող ,երբ մէջը ոեւէ շարժում տեղի ունենայ՝ հետք մը կը ձգէ մասնիկներու տեղափոխութեամբ,որոնք
իրենք իրենց ետ չեն գար,կը մնան այդպէս,քանի որ ուղեղը անգործ նիւթ է :

Այս հետեւութեամբ Երբ արարք մը կատարենք այդ արարքին շարժումը յառաջ բերող
ջղային հոսանուտը ուղեղին մէջ հետք մը կը ձգէ որ ուղեղին անգործութեան շնորհիւ մասամբ
մը կը մնայ հոն երբ երկրորդ, երրորդ եւ յաջորդ անգամներ  ջղային հոսանուտը  անցնի,այսինքն արարքը բազմիցս կրկնուի՝ հետքը կը
խորանայ եւ հոսանուտը աւելի դիւրութեամբ եւ աւելի արագութեամբ կ’անցնի:

 Սովորութեան բնութիւնը կարելի է բացատրել երկու յատկութեամբ:

-Ուղեղային նիւթին անգործութեան յատկութեամբ.

-Մեր արարքները յառաջ բերող հոգեբնախօսական զօրութեան յատուկ մղումով:

Այս ենթադրութեամբ սովորութեան կազմութեան օրէնքները կը բացատրուին այսպէս.-

Ա օրէնք  թէ առաջին արարքէն
իսկ սովորութեան հիմը կը դրուի՝ եւ կը բացատրուի անով որ առաջին հետք մը կը ձգէ:

Բ օրէնք թէ սովորութիւններու կազմութիւնը ուղիղ կը համեմատի
արարքներու կրկնութեան հետ ՝ կը բացատրուի անով որ երբ հոսանք մը տեղէ մը անցնի բազում
անգամներ հետզհետէ աւելի կը խորացնէ բացուած ճամբան:

Գ օրէնք  թէ սովորութիւններու կազմութիւնը ուղիղ կը համեմատի
արարքներու յաճախութեան հետ՝ կը բացատրուի անով որ եթէ շատ միջոց մնայ կրկնուած հոսանքներու
միջեւ դուրսէն ուղիղ ազդեցութիւններ կրնան անոնց փոխադրած մասնիկները ետ իրենց տեղը
բերել:

Դ օրէնք թէ սովորութիւններու կազմութիւնը ուղիղ կը համեմատի
արարքներու զօրութեան հետ՝ կը բացատրուի անով որ երբ շատ զօրաւոր հոսանք մը անցնի՝
աւելի խոր եւ անմոռանալի հետք մը կը թողու:

Սովորութեան արդիւնքներն ալ թէ՝ գործունէական եւ թէ
զգայնական տեսակէտներէն կը բացատրուի այս ուղղութեամբ:

Առաջին, թէ սովորութիւնը կը դիւրացնէ արարքները կը բացատրուի
անով որ երբ առաջին անգամ հոսանք մը անցնի ուղեղին մէջէն , արդէն երկրորդ հոսանքի մը
համար ճամբայ կը բանայ եւ սա առաջին ըրած ճիգը ընելու պէտք չ’ունենար,հետեւաբար աւելի
դիւրին կ’անցնի :

Երկրորդ, թէ սովորութիւնը կ’արագացնէ մեր արարքները՝ կը բացատրուի
անով որ հոսանքը աւելի դիւրին անցնելուն շնորհիւ աւելի արագ կ’անցնի:

Երրորդ, թէ սովորութիւնը մեքենական կը դարձնէ մեր արարքները
եւ կը հեռացնէ անոնցմէ գիտակցութիւնը՝ կը բացատրուի անով որ նոր հոսանքը իր բռնելիք
ուղութեան մասին չի խորհիր , իր ճամբան չ’որոշեր ան որոշած  է արդէն , կանցնի առանց մտածելու առանց խելքի ,տեղին
անցնիլը անհրաժեշտ կը դառնայ չի կրնար նոյն տեղէն չ’անցնիլ, ինչպէս որ ակնարկեցին թէ
հողը նոր հաճոյք կամ ցաւ չ’զգար, մինջեւ այն ատեն երբ զօրաւոր նոր հոսանք մը հողէն
նոր մասեր տեղափոխէ:

 Սովորութեան Դերը Մեր Կեանքէն Ներս:

Սովորութիւնները շատ կարեւոր են մեր կեանքին մէջ քանի
եթէ սովորութիւն չունենայինք ամէն անգամ սկիզբէն սորվիլ պիտի ստիպուէյինք:

Ինչպէս բնութիւնը կ’օգտագործենք մեր գործին ու կեանքին
դիւրութեան համար ճամբայ շինելով,ջրանցքներ բանալով,ելեքտրականութեան եւ հեռաձայնի
գիծեր հաստատելով,այնպէս ալ մեր ուղեղին մէջ սովորութեան ճամբաներ կը շինենք, ուրկէ
մեր արարքները կ’ացնին աւելի դրութեամբ եւ արագութեամբ :

Մեծ դժուարութեան առջեւ պիտի գտնուէինք եթէ չունենայինք
սովորութիւն կազմելու դրութիւնը որովհետեւ Օր.Գիրք մը կարդալու համար նախ ա,բ,գ,դ,
պիտի սորվէինք:Սակայն շնորհիւ սովորութեան այս տեսակ դժուարութիւններ վերացած են:նաեւ
կրնան անպատեհութիւններ ունենալ,անոնք չեն գիտեր լաւն ու վատը.որովհետեւ կրնայ չար
յատկութիւններ ալ սովորութիւն դառնալ:Պէտք է հսկել անոնց վրայ «Սովորութիւնը երկրորդ
բնութիւն մըն է» ըսած է Արիստոտէլ:Պէտք է տերը ըլլանք մեր կազմած սովորութիւններուն
եւ ոչթէ անոնց գերին:Պէտք է կամք ունենանք ջնջելու յոռի սովորութիւնները:Հետեւաբար,
տանք սովորութեան միայն իր բաժինը ինչ որ կը պատկանի իրեն .իսկ մտածումը,զգացումը
եւ ապրումը թողուն մեր գիտակցութեան :

About admin

Check Also

ԱՐԺԷՔԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԺԷՔԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ essay on love ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ   Արժէքներու իմաստասիրութիւնը քննութիւն է մարդուն իր գործերուն եւ շատ …