Home / Գ / ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ / ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄՆ ՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ԿԱՌՈՅՑԸ:

ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄՆ ՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ԿԱՌՈՅՑԸ:

ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ
ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄՆ ՈՒ ՆԵՐԿԱՅ ԿԱՌՈՅՑԸ:

            Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմինընթացքին, Գերմանիա-Իտալիա-Ճափոն առանցքին դէմ
պատերազմող Դաշնակիցները Միացեալ Ազգերու յայտարարութիւն մը կատարեցին ընդդէմ Առանցքին
եւ ի նպաստ աշխարհի խաղաղաութեան: Այդ յայտարարութիւնն է սկզբնական հունտը Միացեալ
Ազգերու Կազմակերպութեան:

Բուն ծրագիրը սակայն, առաջին անգամ, Մոսկուայի մէջ 1943 Հոկտեմբերին գումարուող
արտաքին գործոց  նախարարներու ժողովին կողմէ
գծուեցաւ, ուր կ՝ըսուէր, թէ անհարժեշտ էր, անմիջապէս որ կարելի ըլլար, միջազգային կազմակերպութիւն
մը առաջացնել , «հիմնուած բոլոր խաղաղասէր պետութեանց գերիշխանութեան համահաւասար իրաւունքին
վրայ: Կազմակերպութիւն մը, որուն պիտի կարենային մաս կազմել բոլոր խաղաղասէր մեծ կամ
փոքր պետութիւնները, որպէսզի միջազգային խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը կարելի ըլլայ
պակպանելով»:

Հետաքային, 1945 Փետրուարին, Եալթայի ժողովին մէջ որոշուեցաւ 1945 Ապրիլ 25ին,
Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հրաւիրել Միացեալ Ազգերու համաժողով մը, զբաղելու համար Միացեալ
Ազգերու Կազմակերպութեան ստեղծման հարցով:

ՄԱԿը ծնունդ առաւ 1945Ապրիլ 25էն Յունիս 26, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ գումարուած ժողովի
ընթացքին: Այդ ժողովէն բխող դաշնագիրն է, որ կը կոչուի ՄԱԿի Ուխտագիր եւ որ ի զօրու
դարձաւ 24 Հոկտեմբեր 1945ին: Պատրաստական յանձնախումբ մը գործի անցաւ Լոնտոնի մէջ եւ
1946 Յունուարին ՄԱԿի գլխաւոր օրկանները արդէն գործել սկսան:

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ուխտագիրը 111 յօդուածներէ եւ 70 յաւելուածներէ
կը բաղկանայ, որոնք կը վերաբերին Միաջազգային Արդարութեան Ատեանի մը կեդրոնավայրը ճշդուած
չէր. Հետագային, 1946 Փետրուարին է , որ, բազմաթիւ կարելիութիւններու մէջէն, ընտրուեցաւ
Նիւեորքը, իբրեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան նստավայր:

1942ի առաջին յայտարարութիւնը ստորագրող պետութիւնները թիւով 47 էին: 1945 Ապրիլին,
Սան Ֆրասիսքոյի համաժողովին կը մասնակցէին 50 պետութիւններ: 1955ին ՄԱԿի մաս կազմող
պետութեանց թիւը 60 էր եւ տարեվերջին բարձրացաւ 76ի, 1956ի վերջաւորութեան՝ 80 էր,
1958ի վերջաւորութեան՝ 82, 1961ի վերջաւորութեան՝105 էր անոնց թիւը, ներկայիս 180ը
անցած է: \75-է\:

ՄԱԿը ընկերկցութիւնն է պետութիւններու, որոնք յանձն կ՝առնեն միջազգային ապահովութիւնն
ու խաղաղութիւնը պահպանել եւ գործակցիլ ազգերու քաղաքական, տնտեսական հարցերու լուծման
եւ բոլորին միջեւ բարեկամական կապերու հաստատման ի խնդիր:

ՄԱԿը հիմուած է անդամ պետութիւններու հաւասարութեան եւ գերիշխանութեան սկզբունքին
վրայ: ՄԱԿի անդամ պետութիւնները պարտաւոր են յարգելու ՄԱԿի Ուխտագրէն բխող բոլոր պարտաւորութիւնները:
Խաղաղ միջոցներով լուծել իրեն միջեւ ծագած տարակարծութիւնները, միջազգային ապակովութիւնն
ու խաղաղութիւնը չվտանգելու համար: Այլ երկիրներու հետ իրենց յարաբերութեանց մէջ խուսափիլ
սպառնալիքներու եւ ուժի գործածութենէն: Մեժել օժանդակութիւն ընծայել ոեւէ ազգի, որուն
դէմ ՄԱԿի կողմէ մեղադրական կամ կանխազգուշական միջոցառումներ որոշուած են: Ազգերու
միջեւ բարեկամակսն կապեր զարգացնել, հիմնուած ժողովուրդներու իրաւունքներու հաւասարութեան
սկզբունքին եւ անոնց ինքնորոշնամ իրաւունքին վրայ: Կարելի չէ անշուշի ՄԱԿի ուխտագիրը
կապել ներկայիս աշխարհը երկուքի բաժնող այս կամ այն գաղափրաբանութեան հետ, բայց եւ
այնպէս, հոն կարելի է գտնել կարգ մը սկզբունքներու յիշատակումը, որ քաղաքական որոշ
փիլիսոփայութեան մը արտայայտութիւնն է. Օրինակ՝ «մարդոց հիմնական իրաւունքներուն հանդէպ,
մարդկային անձի արժէքին եւ արժանապատուութեան իրաւունքներու հաւասարութեան մասին» կատարուած
յայտարարութիւնը. Կամ «արդարութեան պահպանում», «ընկերային յառաջդիմութիւն», «աւելի
ազատ պայմաններու մէջ, աւելի կեանքի պայմաններ», «ժողովուրդներու իրաւունքը՝իրենց ճակատագիրը
անձամբ որոշելու», «գերիշխանութեանց հագասարութեան սկզբունքը», «ժողովուրդներու քաղաքական
ձգտումները», «քաղաքական ազատ հաստատութեանց աստիճանական զարգացումը», եւ նման յայտարարութիւնները,
որոնք մաս կը կազմեն Ուխտագրին:

Ներկայիս ՄԱԿը իր մէջ կ՝ամփոփէ աշխարհի գրեթէ բոլոր պետութիւնները, բոթոր տեսակի
քաղաքակրթութիւնները, ընկերային եւ քաղաքական բոլոր տեսակի վարչաձեւերը. Ուստի ներկայիս
միակ յատկանշական իտէալը գոյակցութեան իտէալն է, միջազգային համագործակցութեան իտէալը:

ՄԱԿը սակայն տակագին ամբողջովին համաշխարհային կազմակերպութիւնմը չէ , քանի որ
դեռ անլոյծ կը մնան բաժանուած երկիրներու հարցերը (երկու Քորէա- երկու Վիեթնամ,երկու
Գերմանիա, երկու Չինաստան):

ՄԱԿը ունի 1.- ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ մը, որուն կը մասնակցի ՄԱԿի անդամ բոլոր պետութիւնները
մէկ ձայնով եւ առաւելագոյնը հիմգ ներկայացուցիչներով: Ընդհանուր ժողովը կը քննէ հետեւեալ

հարցերը եւ յանյձնարութիւններ կ՝ընէ.- խաղաղութեան եւ միջազգային ապահովութեան պահպանում,
զինաթափութեան կամ զինումի հարցերը ներառեալ. Միջազգային համագործակցութիւն, միջազգային
օրէնսդրութիւն, մարդկային իրաւունք եւ հիմնական իրաւունքներու հանդէպ յարգանք, առողջապահական,
մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային մարզերու մէջ միջազգային գործակցութիւն:

Ընդհանուր ժողովը կ՝ընտրէ Ապահովութեան Խորհուրդի 10 ոչ-մնայուն անդամները եւ ՄԱԿի
ընդհանուր քարտուղարը:

Ընդհանուր ժողովի քարտուղարը կ՝ընտրուի ամէն նստաշրջանի եւ փոխն ի փոխ միշտ նոր
մը, պայմանով որ Ապահովութեան Խորհուրդի 5 մնայուն անդամներէն մէկը չըլլայ: Ընդհ. Ժողովը
կ՝ընտրէ նաեւ 13 փոխ նախագահներ:

2.-ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ, ուր կը դադրի ազգերու հաւասար իրաւունքը: Ապահովութեան
Խորհուրդը հիմնուած է ազգերու քաղաքական անհագասար կարեւորութեան սկզբունքին վրայ:
Իր անդամներէն 5ը մնայուն են եւ վեթոյի իրաւունք ունին,-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները,
Ռուսիա, Մեծն Բրիտանիան,Ֆրանսան եւ Չինաստանը: Միացեալ10 անդամները կ՝ընիրուին ՄԱԿի
Ընդհ.ռողովին կողմէ, երկու տարուան համադ եւ քուէներու երկու երրորդով:

Ապահովութեան Խորհուրդի պարտաւորութիւններն են խաղաղութիւնն ու միջազգային ապահովութիւնը
պահպանել, քննութիւններ կատարել ամէն անգամ երբ նոր կացութիւն մը կ՝առաջանայ, որ կրնայ
վտանգել աշխարհի խաղաղութիւնը:

Զինում կարգաւորում եւ կանոնագորումամ
համար ծրագիրներ առաջարկել: Նախայաձական պետութեան մը դէմ կամ նախայաձակման
մը առաջքը առնելու համար հրաւիրել ՄԱԿի անդամները, որ տնտեսական պատժամիջոցներու դիմեն:

Ընդհանուր ժբղովին առաջարկել նոր թեկնածուներու ընդունումը իբրեւ ՄԱԿի անդամ:

Ապահովութեան Խորէհուրդի որոշումները գործադրելի են միայն այն ատեն, երբ 15 անդամներուն
9ին համաձայնութեամբ կը տրուին եւ երբ այդ թիւին մէջ կը գտնուին անպայման մնայուն բոլոր
հիմգ անդամներն ալ: Ուստի, երբ մնայուն անդամներէն մէկը դէմ քուէարկէ առաջարկի մը,
ինքնին մերժուած կ՝ըլլայ ան, եթէ նոյնիսկ մնացեալ 12 անդամներուն քուէն ստանայ:

3.- ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ կը բաղկանայ 27 անդամներէ, որոնք կ՝ընտրուին
Ընդհ. Ժողովին կողմէ: Ան կոչուած պահանջելու եւ
իրականացնելու հիմնական ազատութըանց եւ մարդկային իրաւունքի գործադրութիւնը
բոլոր պետութեանց կողմէ: Ան  կրնայ միջազգային
խորհրդաժողովներ հրաւիրել եւ պատրաստել համաձխյնագրերու նախագիծեր իր մարզերուն մէջ
ինկող հարցերու վերաբերմամբ:

4.- ԽՆԱՄԱՏԱՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸկը բաղկանայ այն պետութեանց ներկայացուցիչներէն ,որոնց
հոգածութեան յանձնուած են ՄԱԿի հսկողութեան տակ գտնուող երկրամասեր. Ինչպէս նաեւ Ապահովութեան
Խորհուրդի այն անդամներէն , որոնց խնամատարութեան յանձնուած են ՄԱԿի հակակշռին տակ
գտնուող երկրամասեր: Այս ձըւով առաջ եկած անդամներու թիւին չափ աի ՄԱԿի Ընդհ.Ժողովը
կ՝ընտրէ երեք տարին անգամ մը:

Խորհուրդի պարտաւորութիւնն է քննել տեղեկագիրները այն պետութիւններուն, որոնք կը
վարեն խնաշատարութեան  յանձնուած երկիրները
եւ պարտին այցելել այդ երկիրները՝ հաստատելու համար ձեռք բերուած յառաջդիմութիւնները:

5.- ԸՆԴԿԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՈՒԹԻՒՆ.- Ընդհանուր քարտուղարը կ՝ընտրուի 5 տարուան համար
եւ վերընտրելի է : Ընդհանուր քարտուղարը իրաւունք չունի պահանջելու կամ ընդունելու
ոեւէ պետութեան կամ ոեւէ այլ իշխանութեան հրահանգները: Նոյն պրտագորութեան տակ կը գտնուին
ՄԱԿի բոլոր պաշտօնեաները:  Ընդհանուր քարտուղարութիւնն
է , որ Ապահովութեան Խորհուրդի ուշադրութեան կը յանձնէ խաղաղութեան սպառնալիք կազմող
խնդիրները եւ տարեկան տեղեկագիր մը կը ներկայացնէ ՄԱԿի Ընդհ.ժողովին:

6.- ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՏԵԱՆԸ, որուն կեդրոնը Լահէյ կը գտնուի:

ՄԱԿի մասնագիտական հաստատութիւնները.

1)  L.L.O.-
Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան:

2)  F.A.O.- Սննդառութեան եւ գիւղատնտեսագիտութեան
կազմակերպութիւն:

3)  U.N.E.S.C.O. (Իւնեսքօ)- ՄԱԿի մշակութային,
կրթական եւ գիտական կազմակերպութիւն:

4)  U.N.I.C.E.F. (Իւնիսէֆ)- Մանուկներու
օգնութեան հասնող միջազգային կազմակերպութիւն:

5)  U.N.C.T.A.D.- ՄԱԿի առեւտուրի եւ
տնտեսական զարգացման համաժողով:

6)  U.N.I.D.O.- ՄԱԿի ճարտարուէստական զարգացման  կազմակերպութիւն:

7)  U.N.C.O.F.- ՄԱԿի դրամագլուխի շահագործման հիմնադրամ:

8)  U.N.E.P.T.A.- ՄԱԿի թեքնիք օժանդակութեան կազմակերպութիւն:

9) W.H.O.- Առողջապահութեան միջազգային
կազմակերպութիւն:

10) I.B.R.O.- Վերակառուցցման եւ զարգացման
միջազգային դրամատուն:

11) I.M.F.- Դրամատուն միջազգային հիմնադրամ:

12) I.R.O.- Գաղթականական
միջազգային կազմակերպութիւն:

13) I.S.C.C.- Անջրպետային
հաղորդակցութեան միջազգային կազմակերպութիւն:

14) I.A.E.A.- Հիւլէական
ուժի յանձնախումբ:

15) I.C.A.O.- Քաղաքական
օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութիւն:

 

About admin

Check Also

ԱՐԺԷՔԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԺԷՔԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ essay on love ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ   Արժէքներու իմաստասիրութիւնը քննութիւն է մարդուն իր գործերուն եւ շատ …